ԺԱՆՍԵՄԻ ԳՈՐԾԵՐԸ ՊԻՏԻ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԻՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Ե­րե­ւա­նի «Ա­րա­մէ» պատ­կե­րաս­րա­հը պի­տի ցու­ցադ­րէ ֆրան­սա­հայ հռչա­կա­ւոր նկա­րիչ Ժան­սե­մի (Յով­հան­նէս Սէ­մէր­ճեան) ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը։ Պատ­կե­րաս­րա­հի «Մաշ­տոց» մաս­նա­ճիւ­ղին մէջ նա­խա­տե­սուած է այս ցու­ցա­հան­դէ­սը։ Փա­րի­զի «Նոր Յա­ռաջ» թեր­թի հա­ղոր­դում­նե­րով, 5-25 Յու­նիս թուա­կան­նե­րուն Ժան­սե­մի անկրկ­նե­լի գոր­ծե­րը պի­տի ներ­կա­յա­ցուին Ե­րե­ւա­նի մէջ։

Ցու­ցա­հան­դէ­սը պի­տի ընդգր­կէ 12 իւ­ղա­ներկ կտաւ, 13 գծագ­րու­թիւն եւ 20 վի­մագ­րու­թիւն։ Եր­կա­րա­տեւ նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տան­քի մը ար­դիւն­քը պի­տի ըլ­լայ այս ցու­ցա­հան­դէ­սը, ո­րու շրջագ­ծով ներ­կա­յա­ցուե­լիք գոր­ծե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը հայ ա­րուես­տա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան դա­տին պի­տի յանձ­նուի ա­ռա­ջին ան­գամ։ Ի­րենց ամ­բող­ջին մէջ, այդ գոր­ծե­րը ո­րոշ պատ­կե­րա­ցում մը կու տան Ժան­սե­մի բո­լո­րած ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ու­ղիի զա­նա­զան հանգ­րուան­նե­րուն եւ իւ­րա­յատ­կու­թիւն­նե­րուն մա­սին։

 

 

 

 

 

Չորեքշաբթի, Յունիս 3, 2015