«ԱՊԱԳԱՅԻ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՀԱՒԱՏՔԻ ԿՈՐՈՒՍՏ»

Հայաստանի հանրային գործիչ Սուրէն Սահակեանի հետ ունեցանք հարցազրոյց մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։

*

-Պր. Սահակեան, վերջերս գրի առած էիք ուշագրաւ յօդուած մը, որու մէջ անդրադարձած էիք հասարակութենէն ներս ձեւաւորուող բաւականին մտահոգիչ խմորումներու։ Ինչի՞ մասին է խօսքը, կրնաք փակագծերը բանալ։

-Այն, ինչ տեղի ունեցաւ խորհրդարանին մէջ, հանրային տրամադրութիւններու դրսեւորումն է։

Ընդ որում, անհնար է պարզել, թէ որ մէկը միւսէն կը բխի՝ քաղաքական խմբակներու «յարձակողականութի՞ւնը» հանրութեան վիճակէն, թէ՞ հանրութեան արձագանգը՝ քաղաքական խմբակներու անհանդուրժողականութենէն։ Այնուամենայնիւ, կը կարծեմ՝ քաղաքական խմբակները լրացուցիչ խթան ունին ատելու կառավարող ուժը եւ պատերազմին պարտութեան անոնց օրակարգը ստորադաս է հարստութիւնը պահելու, զայն ապօրինի կուտակելու համար չդատուելու եւ, յաջողութեան պարագային, բազմապատկելու այդ ունեցուածքը։ Ամէն պարագայի հանրութեան մէջ ալ, նոյնիսկ փողոցը, երթեւեկութեան մէջ նկատելի է բռնութեան ձգտման, իրարու նկատմամբ անհանդուրժողականութեան, հարցերը բռունցքներով լուծելու մղումը։ Այդ նաեւ ստեղծուած վիճակը, աղէտի ամբողջ ծաւալը չհասկնալու եւ ապագայի նկատմամբ հաւատքի կորուստի վիճակի դրսեւորումներ են։ Շատ-շատեր կրկին կը մտածեն արտագաղթելու մասին․ ի վերջոյ ծանր է ապրիլ անորոշութեան պայմաններու մէջ։ Այս վիճակ մըն է, ուր բացառուած է ծանր պարտութեան պայմաններուն մէջ հանրային համերաշխութեան հասնիլը, եւ միասնական նպատակները ի մի բերելով այդ աղէտալի վիճակէն դուրս գալը։ Պահանջուածին ճիշդ հակառակը, կայ մեծ ներուժ ճգնաժամը աւելի խորացնելու, որովհետեւ հանրութեան իւրաքանչիւր անդամ իր կապը չի տեսներ միւսին հետ։ Հասարակութիւնը վերածուած է ճամբարներու, որոնցմէ ոչ մէկը գոնէ կարճաժամկէտ ապագային իր ուզածը առարկայականօրէն կրնայ ստանալ։

-Մեր ժողովուրդի մասին յաճախ ըսուած է, որ այն կը միաւորուի տագնապներու ժամանակ։ Արցախի վերջին պատերազմը ոչ միայն աղէտալի էր, այլ անոր հետեւանքները մինչեւ այս պահը տակաւին մեզ «կը հալածեն»։ Ըստ ձեզի, ի՞նչ է պատճառը այս պառակտումներուն եւ ի՞նչ է լուծումը։

-Մարդիկ կ՚ապրին այսօրուայ օրով, առանց ապագայի նկատմամբ վստահութեան եւ իրարու նկատմամբ ոչ մէկ պարտաւորութիւն կը զգան, չեն ձգտիր կարգաւորուած յարաբերութիւններու։ Շարքային քաղաքացիին համար կայ այսօրը, իր ընտանիքը, մերձաւորները ու ոչ մէկ հաւատք վաղուայ լաւ օրուայ նկատմամբ։ Մնացած բոլոր պարագաներուն կարելի է ապրիլ անտառի օրէնքներով։ Միւսներու հանդէպ, առաւել եւս մասնաւորապէս քաղաքական որեւէ երեւոյթի նկատմամբ եթէ չըսեմ թշնամական, գոնէ անհանդուրժող վերաբերմունք մը կայ։ Չեմ կարծեր, որ հիմա կարելի է խօսիլ վաղուայ միասնական աշխատանքի հնարաւորութեան մասին։ Այդպիսի հնարաւորութեան յոյս կար մինչեւ խորհրդարանական ընտրութիւնները, բայց արդիւնքները սպաննեցին այդ յոյսերը։ Ընտրութեան արդիւնքները հիմա կ՚երեւին Ազգային ժողովի «քաղաքական» բանավէճերու մակարդակին վրայ։

Որպէսզի ամէն ինչ վերադառնայ ի շրջանս իւր, միասնական գաղափար պէտք է․ գոնէ այնպիսի նուազագոյն պայմաններով, որու շուրջ հաստատ միաբան են բոլորը։ Այդ գաղափարը պէտք է կառավարութենէն գայ, այլ տարբերակ այս պահուն չկայ, որովհետեւ գործուն, կարող քաղաքական միաւորները ջախջախուած են ընտրութեան հետեւանքով։ Իսկ անոնք որոնք ներկայացուած են Ազգային ժողովին մէջ, ունին լրիւ այլ օրակարգեր, որոնց մասին խօսեցայ նախորդ հարցումի պատասխանիս մէջ։ Կառավարող ուժը, իր հերթին, չունի միասնական գաղափար մշակելու եւ ներդնելու կարողութիւն։ Ըսածս կը հիմնաւորուի անով, որ անցեալ երեքուկէս տարուան ընթացքին ոչ մէկ էական գաղափար մշակուած է ու սկսած իրագործուիլ։ Անցած տարիները, յատկապէս մինչեւ պատերազմը ինկած շրջանը ատոր համար իտէալական պայմաններ կ՚ապահովէին, սակայն ոչ մէկ քայլ առնուեցաւ, եղածներն ալ այնքան աննշմար էին, որ ծաղրուծանակի ենթարկուեցան։

Պէտք է առաջարկուի տնտեսութեան նոր ձեւաչափ, ուր հանրային բարիքը աւելի արդար կը վերաբաշխուի, նաեւ ընկերային նոր քաղաքականութիւն մը վարուի, որպէսզի Հայաստանի մէջ կեանքը գրաւիչ դառնայ։ Պէտք է փտածութեան դէմ իրական պայքար տարուի։ Ատոր հնարաւորութիւններն ալ կը պակսին, քանի որ իշխանութիւնը իր ներկայութիւնը ապահովելու համար յաճախ կառավարութիւնը ստուերային ծառայութիւններու կարիք կը զգայ, որ պէտք է համապատասխանաբար ալ «վարձատրուի»։ Այս մոտելը կրնայ Հայաստանը ետ տանիլ նախկին քաղաքական համակարգի բարքերուն։ Բայց ամենակարեւորը՝ ինչէն կը բխի այս ամէնը. մինչեւ կուտակուած սեփականութեան հարցերը սահմանադրական մակարդակի վրայ չլուծուին, այս հարցերուն մէջ շատ դժուար պիտի ըլլայ յառաջընթաց ապահովել։

-Բոլորս ակնդէտ կը հետեւինք Հայաստանի Ազգային ժողովի աշխատանքներուն։ Ազգային մեծ խայտառակութիւն մըն է պատահարը, որ ցոյց կու տայ, թէ երկու ուժերը՝ իշխանութիւն եւ ընդդիմութիւն ոչ միայն պատրաստ չեն միասնաբար ճանապարհ կտրելու, այլ նաեւ կ՚երեւի, որ Ազգային ժողովէ ներս ոչ մէկ դրական տեղաշարժ պիտի ըլլայ։ Ի՞նչ կը մտածէք այդ մասին։

-Ինչպէս արդէն նշեցի, խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցողը ապօրինի սեփականութեան պահպանման հետ կապուած երեւոյթներ են, որոնք մէկ պարագայի կը վերանան՝ երբ լուծուին սեփականութեան օրինականութեան եւ օրինական սեփականութեան երաշխաւորուած պահպանման հարցերը։ Կը սխալին բոլոր անոնք, որոնք միամտաբար կը կարծեն, թէ սա պատերազմին պարտութեան հետեւանքներն են։ Պատերազմը, անոր ծանր հետեւանքները ընդամէնը առիթ է, որ միակն էր՝ ապահովելու ապօրինի սեփականութիւն կուտակածներու մուտքը Ազգային ժողով։

Հանրութիւնը որքան շուտ հասկնայ, թէ ինչ կը կատարուի իր խորհրդարանին մէջ, այնքան հանրային օրակարգերը աւելի կը յստակեցուին։ Քանի դեռ Ազգային ժողովի մէջ առճակատումներու իրական շարժառիթները քօղարկը-ւած են, հանրային օրակարգերն ալ սխալ պիտի ըլլան եւ լուծումները պիտի ուշանան։

-Ինչպէ՞ս կը գնահատէք խորհրդարանէն դուրս առկայ քաղաքական ուժերու ներկայութիւնը կամ ազդեցիկութիւնը։ Այնտեղ կա՞յ լուրջ ներուժ։

-Ընտրութեան արդիւնքները ամայացուցած են ամբողջ քաղաքական դաշտը։ Ընդհանրապէս, 2021-ի խորհրդարանական ընտրութիւններու ծանր հետեւանքները մենք դեռ շատ երկար պիտի զգանք։ 2018 թուականի քաղաքական փոփոխութիւններու հետ փոխուեցան նաեւ քաղաքական կուսակցութիւններու մօտեցումները, գործելաոճը։ Հիմա, երբ ամէն ինչ դանդաղօրէն կը վերադառնայ նախկին հուն, շատ դժուար է դարձեալ վերակազմակերպուիլ՝ չկորսնցնելով դէմքը։ Միաժամանակ, նախկին քաղաքական համակարգի համեմատութեամբ, շատ մանրամասնութիւններ փոխուած են։ Նոր իրավիճակը դեռ շատերու համար անհասկնալի ու անկանխատեսելի է։ Ատոր համար յառաջացած է քաղաքական դատարկութիւն, ուր շատ դժուար է կողմնորոշուիլ, թէ ինչպէ՛ս եւ ո՛ր ուղղութեամբ պէտք է շարժիլ։ Ցաւօք, քաղաքական մտածողութիւնը կը կաղայ քաղաքական կոչուող անձանց մեծամասնութեան ու խմբակներու մօտ եւ մեծ յոյս չկայ, թէ այդտեղ կրնան ծնիլ նոր գաղափարներ, որոնք կը պարտադրուին կառավարութեան։ Յոյս կայ առանձին անհատներու միաւորման եւ միտքի արտադրիչ (ծնանող) դառնալով սեփական քաղաքական խումբեր ձեւաւորելու մէջ։ Բայց այդ կրնայ ամիսներ ու տարիներ տեւել, եթէ նոյնիսկ պարարտ հող պատրաստուի նման գործունէութեան համար։ Հանրային այսպիսի յարաբերութիւններու պայմաններուն մէջ, երբ քաղաքական որեւէ խօսք կը լռեցուի տարբեր ճամբարներէ հնչող հայհոյանքներու տարափին տակ, այդպիսի հնարաւորութիւններն ալ նուազագոյն կը դառնան։

-Շատ կը խօսուի նաեւ այն մասին, որ Փաշինեանի առաջնորդած կառավարութիւնը ունի «ծածուկ» համաձայնութեան ծրագիր, որուն մէջ կան «անընդունելի» զիջումներու ծրարներ։ Որեւէ տեղեկութիւն ունի՞ք այս մասին։

-Կը կարծեմ՝ ինչ կայ, հրապարակային արտայայտուած է, իսկ եթէ ծածուկ բան կայ, ապա այդ Հայաստանի մէջ չի ձեւաւորուիր։ Շատ դժուար է գնահատել, թէ ինչ իրավիճակ պիտի ստեղծուի տարածքաշրջանին մէջ եւ թէ այդ իրավիճակին մէջ ովքեր պիտի ըլլան մեր դաշնակիցները, ովքեր՝ մեր պետական շահերուն հակադրուողները։ Ըստ այդմ ալ պարզ կ՚ըլլայ, թէ ինչ համաձայնութիւններու տակ պէտք է իր ստորագրութիւնը դնէ Հայաստանը։ Շատ հնարաւոր է, որ այդպիսի համաձայնութիւններ դեռ չկան, իսկ եթէ կան, ապա անոնց բովանդակութեան նոյնիսկ Փաշինեանը ամբողջութեամբ տեղեակ չ՚ըլլար։

-Յստակ է, որ Ռուսաստան իր գործընկերոջ՝ Թուրքիոյ հետ ունի Կովկասի մէջ նոր դրութիւն մը ստեղծելու մօտեցում։ Ձեր կարծիքով՝ կա՞յ այդպիսի բան եւ մենք ո՞ւր կանգնած ենք։

-Այն, որ տարածքաշրջանային զարգացումներուն մէջ Ռուսաստանն ու Թուրքիան կը փորձեն համագործակցուած լուծումներ գտնել, ակնյայտ է։ Դեռ ակնյայտ չէ, թէ որքանով կը յաջողին ատոր մէջ եւ թէ որքան անկախ են անոնցմէ իւրաքանչիւրը, թէ միջազգային հանրութիւնը անոնց որքան ազատութիւն տուած է տարածքաշրջանային հարցերը իրենց պետական շահերու տիրոյթին մէջ լուծելու, ցոյց կու տայ ժամանակը։ Պէտք է նաեւ հասկնալ, որ անոնք միակ գերտէրութիւնները չեն, որ մեր տարածքաշրջանին մէջ շահեր ունին։ Աւելի՛ն, կը կարծեմ՝ աշխարհը դանդաղօրէն կը պատրաստուի Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան նոր աշխարհաքաղաքական հակադրութեան եւ փոքր ու մեծ տարածքաշրջաններու մէջ տեղի ունեցողը նաեւ ատոր հետ սերտ առընչութիւններ ունի։ Այստեղ վերջին դերը չի կատարեր նաեւ մեր անմիջական միւս հարեւանը՝ Իրանը։ Տարածքաշրջանային զարգացումներուն մէջ Ռուսաստանի ու Թուրքիոյ յարաբերութիւնները վերլուծելու զուգընթաց՝ պէտք է նաեւ քիչ մը լայն հորիզոն ընդգրկել։

Ամէն պարագայի մենք պէտք է միշտ աչքի առաջ ունենանք Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ վերջին մի քանի դարերու համագործակցութեան դառն հետեւանքները Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի համար։ Անոնց բախումներէն ետք կնքուած իւրաքանչիւր համաձայնագիր նոր աղէտ դարձած է հայ ժողովուրդի գլխուն։ Առանց անցեալը յիշելու մենք ապագայ չենք կրնար ունենալ։ Պէտք է զանազանել ռիսքերը եւ նոյն փոցխի (խոտ հնձելու երկաթեայ գործիք, որ նման է սանտրի) վրայ հերթական անգամ չկանգնիլ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 4, 2021