«ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԱՅՔԱՐ» (ՊԱԻՍԻՈՍ ԱԹՈՍԱՑԻ)

ԽՈՍՏՈՎԱՆԱՀԱՅՐԸ ԻՆՔ Կ՚ՈՐՈՇԷ, ԹԷ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼԸ Ե՛ՐԲ ՊԷՏՔ Է ՀԱՂՈՐԴՈՒԻ

-Եառոնտա. ոմանք աստուածային Խորհուրդին չեն մօտենար ու կը բաւարարուին միայն Ս. Պատարագէն ետք Մասի օրհնութեամբ:

-Մարդ ինքնին չ՚որոշեր, եթէ պիտի հաղորդուի կամ ոչ, որովհետեւ այդպիսով սատանային առիթ կը տրուի օգտագործելու այդ վիճակը: Յաճախ կը կարծենք, թէ արժանի ենք, մինչ իրականութեան մէջ այդպէս չէ: Ընդհակառակը, մենք -ըստ Օրէնքին- անարժան կ՚ըլլանք, սակայն ըստ Սուրբ Հայրերու հոգեւորութեան կարիք ունին աստուածային փոփոխութեան, առողջանալու համար, ինչպէս նաեւ [կարիք ունին] աստուածային մխիթարութեան, քանի որ զղջումէն յառաջացած մեծ խոնարհութեան պատճառով, կրնայ ըլլալ որ սատանան յանկարծակի գայ եւ մեզ յուսահատութեան մէջ ձգէ:

-Հետեւաբար, մարդ ե՞րբ պէտք է մասնակցի աստուածային խորհուրդներուն:

-Մարդ երբ պէտք է հաղորդուի, եւ թէ ի՜նչքան ժամանակ պահք պէտք է պահէ նախքան հաղորդուիլը, երկու իրողութիւններ են, որոնք որոշ սահման մը չունին: Խոստովանահայրը ի՛նքն է, որ կ՚որոշէ, թէ երբ պիտի ըլլայ հաղորդութիւնը եւ ինչպէս պէտք է պահք պահել, այդ ալ ըստ անհատի տոկունութեան ու զօրութեան: Միաժամանակ, զինք կը մղէ հոգեւոր պահեցողութեան եւս, հեռու մնալ քմահաճոյքներէ, այդ ալ ըստ իր հոգեւոր զգացողութեան, եւ նկատի առնելէ ետք այն չարիքը, որ թշնամին կը գործադրէ, զգայուն հոգի մը յուսահատութեան մէջ ձգելու համար:

Օրինակ մը առնենք.

Մարմնական սայթաքումները պատիժ կը պահանջեն՝ քառասուն օր զրկուիլ Սուրբ Հաղորդութենէն: Նախքան պատիժին աւարտը, կրնայ ըլլալ, որ սատանան կրկին անգամ այդ հոգին կը սայաքեցնէ: Եւ եթէ դարձեալ քառասուն օր պատժուի, ապա սատանան կը հաւաքուի անոր վրայ, կը յոգնեցնէ զինք եւ յոյսէն կը դատարկէ: Նմանօրինակ պարագաներու, խոստովանահայրը «պատիժի առաջին շրջանը աւարտելէն ետք-, կրնայ ըսել անոր.

-Զգուշացիր ու ուշադիր եղիր մէկ շաբաթ եւ ապա մօտեցիր աստւածային խորհուրդներուն:

Ատկէ ետք հաղորդութիւնը կը կրկնուի իւրաքանչիւր պատարագի ընթացքին՝ հոգիի առողջացումին եւ սատանայի հեռացումին համար:

Հոգեւոր կեանքով ապրող մարդը աստուածային Հաղորդութեան կը մօտենայ՝ զգալով անոր անհրաժեշտութիւնը եւ ո՛չ թէ սովորութեան ուժով, իսկ այս մէկը կը կատարուի խոստովանահօր օրհնութեամբ:

ՊԱՏԻԺՆԵՐՆ ՈՒ ԶՐԿԱՆՔՆԵՐԸ

-Եառոնտա. մանրամասնութեամբ Աստուծոյ պատուիրանները գործադրելը կ՚օգնէ՞ զԱստուած զգալուն:

-Ո՞ր պատուիրանները. Մովսէսի Օրէնքի՞ն:

-Ո՛չ. Աւետարանին:

-Մանրամասն գործադրութիւնը չ՚օգներ, քանի որ կրնայ ըլլալ, որ մարդ սխալ կերպով գործադրէ զանոնք: Հոգեւոր կեանքին մէջ կարիքը եւ անհրաժեշտութիւնը կայ աստուածային արդարութեան եւ ո՛չ թէ օրէնքի մը, որ չոր ու ցամաք կը գործադրուի:

Սուրբ Հայրերը խօսեցան սուրբ կանոնները գործադրելու մասին՝ ձեւով մը, որ հսկայ զատորոշում ունի իր մէջ: Սուրբ Մեծն Բարսեղը, Եկեղեցւոյ ամենէն խիստ հայրերէն մէկը եւ ամենէն խիստ կանոններու գիրք պատրաստողը, օրէնք մը կը յիշէ, որ մեղքերուն առընչութիւն ունի, սակայն մէկ նախադասութեամբ կը հանէ զայն. «Մի՛ քններ զղջումին ժամանակը, այլ՝ ձեւը, որով զղջաց»: Կրնայ ըլլալ, որ երկու մարդիկ նոյն սխալը գործեն, սակայն խոստովանահայրը «անոնցմէ իւրաքանչիւրին զղջումին համձայն-, կրնայ մէկուն պարտադրել կանոնով մը, երկու տարի զրկուի հաղորդութենէն, իսկ միւսին՝ երկու ամիս:

-Եառոնտա. զրկանքը կ՚օգնէ՞ մարդուն, որեւէ մէկ քմահաճոյք կտրելու համար:

-Պէտք է հասկնայ, որ զրկանքը գոյացաւ օգնելու համար, այլապէս մարդ ի՞նչ կրնայ ըսել: Եթէ փորձեցիր ոեւէ մէկը գաւազանով ուղղութեան բերել, ոչինչով պիտի յաջողիս: Դատաստանին օրը Յիսուս մօտդ պիտի գայ եւ պիտի հարցնէ քեզի այն մարդուն մասին՝ որուն հետ գաւազանով վարուեցար. Դուն Տիոկղիտիանո՞սն ես: Պէտք է խեղդե՞նք մէկը, որպէսզի զինք դրախտ ղրկենք: Ընդհակառակը, պէտք է օգնենք անոր, որպէսզի ինքնաբերաբար ճգնողական գործ մը կատարէ, եւ ուրախանայ՝ որովհետեւ կ՚ապրի, ինչպէս նաեւ ուրախանայ՝ որովհետեւ պիտի մեռնի:

Զրկանքը մէկ հատ չէ, խոստովանահայրը ինքն է, որ կը սահմանէ զայն՝ մեծ զատորոշութեամբ: Արդարեւ, ով որ սառնասրտութեամբ կը մեղանչէ, պէտք է խիստ զրկանք կրէ: Իսկ ան որ կ՚իյնայ, կը զղջայ, կը խոնարհի եւ ամչնալով թողութիւն կը խնդրէ, ապա պէտք է օգնել անոր, որպէսզի կրկին անգամ Աստուծոյ մօտենայ: Այսպէս վարուեցան բազմաթիւ սուրբեր:

Սուրբ Արսանիոս Կապադովկիացին խոստովանահայր ըլլալով պատիժներ չէր սահմաներ մարդոց: Կը փորձէր շարժել անոնց զգացումները, որպէսզի գիտակցին իրենց մեղքերը եւ կամաւորաբար՝ իրենց ազատ կամքով խնդրեն իրմէ ճգնութիւն եւ ողորմութեան գործեր ընել, կամ նշանակէ արդար գործ մը՝ զոր կատարեն՝ արտայայտելու համար իրենց զղջումը: Իսկ եթէ սատանայէ բնակուած կամ կաղ երեխայ մը տեսնէր ու հասկնար, թէ անոր ծնողներն են մեղաւոր անոր այդ վիճակին՝ իրենց մեղքերուն պատճառով, նախ այդ երեխան կ՚առողջացնէր, ապա կը պատժէր անոր ծնողքը, որպէսզի ուշադիր ըլլան եւ լաւ վարք ու բարք ունենան ապագային:

Ոմանք կ՚ըսեն. «Այսինչ խոստովանահայրը աւանդապահ ու շատ խիստ է, խելացի եւ զօրաւոր յիշողութեան տէր է, Ուղղափառ Եկեղեցւոյ կանոնները անգիր գիտէ». այդ մէկը լաւ է, բայց պէտք է միշտ զգուշանայ, որովհետեւ այն հայրը, որ կանոնները բառացի կերպով կը գործադրէ՝ առանց ուսումնասիրելու եւ զանազանելու իւրաքանչիւր դէպք, ապա Եկեղեցիին կը վնասէ:

Երեւակայէ խոստովանահայր մը, որ իր ձեռքին մէջ Ալպեզալիոնը (Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Կանոնագիրքը) կը բռնէ ու կը սկսի.

- Ի՞նչ մեղք գործեցիր:

- Ի՞նչ գրուած է ատոր մասին գիրքին մէջ:

- Երկու տարի զրկում Հաղորդութենէն:

- Իսկ դուն ի՞նչ ըրիր:

- Այսինչ մեղքը:

- Ի՞նչ գրուած է ատոր մասին:

- Հետեւեալ զրկանքը [կամ պատիժը]…

-Հետեւաբար մարդ պէտք է բազմաթիւ պարագաներ ի նկատի՞ ունենայ:

-Այո՛, յատկապէս ներկայ դարուս: Կարելի չէ եկեղեցական կանոնները խստութեամբ գործադրել՝ առանց զատորոշման: Այլ, խոստովանահայրը պէտք է անձնուրացութիւն աճեցնէ մարդոց մօտ, ինքն իր վրայ աշխատի՝ որպէսզի կարենայ ուրիշներուն օգնել, այլապէս ան գլուխներ կը ջախջախէ:

«Ալպեզալիոնը» -այսինքն՝ ղեկը-, այդպէս կոչուած է, քանի որ մարդը կ՚առաջնորդէ դէպի փրկութիւն, անգամ մը ձեւով մը, ուրիշ անգամ մը՝ այլ ձեւով. նաւավարին ըրածին նման, երբ ղեկը անգամ մը աջ եւ անգամ մըն ալ ձախ կը տանի, խուսափելու համար արգելքներէն եւ նաւը ապահովութեամբ ծովեզերք հասցնելու համար: Եթէ ուղիղ կ՚ընթանայ եւ անհրաժեշտութեան պարագային չի՛ թեքուիր, ապա նաւը կրնայ զարնուիլ ծայռի մը, կործանուի, իսկ նաւին մէջ եղողները կը խեղդուին: Եթէ խոստովանահայրը կանոններու բառացիութեան կը հետեւի առանց զատորոշելու, թէ ի՛նչը կը համաձայնի մարդուն եւ անոր կատարած զղջումին, ապա այդպիսով կը մեղանչէ եւ փոխանակ հոգիները բժշկելու՝ կը կործանէ զանոնք:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 49

8 օգոստոս 2021, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 9, 2021