ՀԻՒՐԱՆՈՑՆԵՐՈՒ ԲԱԺԻՆ
Պատրիարքարանի մէջ երէկ երեկոյեան ժամերուն տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը։ Ինչպէս ծանօթ է, Պատրիարքարանի պատմական համալիրէն ներս վերջերս տարուեցան շինարարական աշխատանքներ, որոնց արդիւնքին ստեղծուեցան չորս հիւրասենեակներ, ընդարձակուեցաւ գրադարանը, նաեւ պարտէզի ետեւի մասի բաժանմունքը վերանորոգուեցաւ ընդհանրապէս։ Այս բոլորին արդիւնքը ծանօթացնելու նպատակով կազմակերպուեցաւ երէկուան հաւաքոյթը, որ նախատեսուած էր անմիջական շրջանակի մը համար։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի տանտիրութեամբ սարքուած ընդունելութեան պատուոյ հիւրն էր Ֆաթիհի քաղաքապետ Մուսթաֆա Տէմիր, որու աջակցութեամբ կեանքի կոչուած էր շինարարական աշխատանքը։ Նորին Սրբազնութեան կողքին էին Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, վեղարաւոր հայրեր եւ քահանայից դասէն անդամներ։ Հրաւիրեալներու շարքին էին նաեւ ծրագրին բարերարները, նաեւ ճարտարապետ Գէորգ Էօզգարակէօզ։
Ընդունելութեան ընթացքին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ երախտագիտութեամբ արտայայտուեցաւ Մուսթաֆա Տէմիրի վերաբերմունքին համար եւ իրեն յանձնեց յուշանուէր մը։ Ան միեւնոյն ժամանակ բարձր գնահատեց մեր բարերարներուն կողմէ Պատրիարքական Աթոռին նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութիւնը, նաեւ Գէորգ Էօզգարակէօզի դրսեւորած ծառայութեան ոգին՝ բոլորին յանձնելով օրհնութեան գիրեր։
Այս փուլէն վերջ Ընդհանուր Փոխանորդին առաջնորդութեամբ շրջայց մը կատարուեցաւ նոր բաժիններէն ներս եւ բոլորը գոհունակութեամբ վկայեցին, թէ իսկապէս կատարելապաշտ մօտեցումով մը տար-ւած էին աշխատանքները, իսկ արդիւնքը եղած էր Պատրիարքական Աթոռին վայել, ընդունուած չափանիշներուն համապատասխան եւ ողջունելի։
Այս հանգրուանէն վերջ քաղաքապետն ու իր ընկերակիցները հրաժեշտ առին Պատրիարքարանէն, եւ Նորին Սրբազնութիւնը բարձր տրամադրութեան մթնոլորտին մէջ միջոց մը եւս զրուցեց ներկայ ազգայիններուն եւ հոգեւոր հայրերուն հետ։
Պատրիարքարանի նոր չորս հիւրասենեակները առաջին հերթին նախատեսուած են արտասահմանէն փութալիք հիւր հոգեւորականներուն համար։ Իսկ գրադարանի յաւելեալ բաժինը որոշ չափով կը դիւրացնէ ընթացիկ աշխատանքը, սակայն ներկայ ընդարձակեալ վիճակով իսկ սահմանափակ կը մնայ Պատրիարքական Աթոռի մտաւոր հարստութիւնը ամբարելու համար։
Թրքահայ կեանք
- 11/30/2024