ՊԵՇԻՐ ԺԸՄԱՅԷԼ. ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԻ ՄԱՀԸ

Տակաւին չեմ հասկցած, թէ ի՛նչ պատճառով 1982 թուականի սեպտեմերի 15-ին քեռայրս՝ Անդրանիկը լացաւ։

Խիստ մարդ, անունին տէրը մարդ, բարակ ու խիտ պեխերով, հատու հայեացքով ու «էնֆիէ»ի տուփը ձեռքին, որուն վրայ ամէն անգամ թըք-թըք կը զարնէր ու կը շրջէր հայեացքը դէպի մեզ՝ տեսնելու համար, թէ արդեօք կազի շիշը տարի՞նք, թէ ոչ։

Այդ օրերուն կար նաեւ Խաչօ մը՝ հեզ ու բարի հոգի մը, որուն նմանները կը ծուարէին Պուրճ Համուտի ամենահեռու ծայրամասերուն վրայ, հատնումի տեղերուն մէջ, մերոնց եւ «ֆալստինցի»ներուն միջեւ եղած սահմանագիծերուն վրայ։

Խաչոն կերպար մըն էր, իսկակա՛ն կերպար մը. կարծես հոն եկած էր պատմական Հայաստանէն ու դեռ նոր հասած էր. ո՛չ մէկ բառ՝ հայերէն, ո՛չ մէկ երգ՝ հայերէն, միայն «այո» մը ըսել գիտէր, այն ալ՝ Անդրանիկ քեռայրիս, ու «արապան» քաշելով «հայտէ՜» մը կը գոչէր ու կազի շիշերը մէկիկ-մէկիկ կը շարէր խանութին մէջ։

Կազի տագնապի օրեր չէին, բայց կային մեծ ձայները հրթիռներու, որոնք ամէն յետմիջօրէի կ’իյնային Արեւմտեան Պէյրութի ամբողջ տարածքով:

Իսկ խանութին վրան կախուած մնացած էր թիթեղեայ «աֆիշը» նկարով կազ բաժնող մարդուն, որուն պեխերը դարձեալ Անդրանիկ քեռայրիս պեխերուն պէս էին, միայն թէ անոր ձեռքերուն «էնֆիէի»ի թիթեղեայ տուփը չկար։

*

Տարիներ անց Անդրանիկ քեռայրիս լացի տեսարանը քանի-քանի անգամներ աչքերուս կրկին կ՚երեւնար։

Մեր զգացումը զարմանքէն աւելին էր, որ այդ մարդը, մեզի համար «երկաթեայ» մարդը, որ կեանքի ամենատաք ու պաղ ժամանակները տեսած է, տեսած է Լիբանանի դէպքերը, տեսած ու ապրած է Պէյրութի եղբայրասպան պատերազմի ամբողջ անդոհանքը, տեսած ու ապրած է Հնչակեան Մարտիկի եւ իր՝ որպէս դաշնակցան Անդրանիկի, ֆութպոլի մեծ ճակատումները ու յետոյ ալ դարձած է ՀՄԸՄ-ի լաւագոյն ռմբարկուներէն մին, պիտի գար օրը եւ պիտի լար...

Գուցէ իր էութեան ամենէն խիտ երանգներով գրուած էութեան վրայ սառ ջուր կը թափէր այն արցունքը, որ մարդուն սիրտէն կ՚իջնէր։

Պատճառը լացին՝ Պեշիր Ժըմայէլի մահն էր։

Օրը հիմակուան պէս կը յիշեմ. հրէշաւոր օր էր եւ Լիբանանի 7-րդ նախագահ Պեշիր Ժըմայէլը իր շքախումբով կը դառնար զոհ պայթումի մը՝ դառնալով Լիբանան փոքրիկ երկրի մեծ խորագիրը՝ «Պեշիր Ժըմայէլ եւ իր ընկերակիցները սպաննուեցան»։

Մեծ իրադարձութիւն մըն էր դէպքը, որ մինչեւ հիմա ալ կենդանի է լիբանանցիներէն շատերու մտքին մէջ, մանաւանդ անոնց, որոնք ապրեցան Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ողջ ընթացքը, տեսան սեւ ու կարմիր օրեր, տեսան զոհեր, հողին տուին իրենց հարազատներէն շատեր, նաեւ ականատես եղան, թէ Պէյրութ՝ սիրուն հարս քաղաքը, ինչպէս կը ճմռթկի ջուրերուն վրայ նետուած իր ոտքերուն արանքները եւ կը շողայ մահէն ու տառապանքէն անդին։

Զարմանալի քաղաք է Պէյրութս, մէջը բիւրեղ սիրտեր պահող, մէջը սիրոյ տառապանքին համար բանաստեղծներուն մեծ ցաւը խեղդող, մէջը Աբրահամ Ալիքեանի ոսկեայ սիրտը պահպանող, մէջը մեծ նահատակներու շիրիմները ամրացնող, մէջը մանկութեանս խաղերը, իմ հարեւան Կարպիս Մելքոնեանին բարի յիշատակը ամրացնող, մէջը մեր վաղ պատանեկութեան Ֆուլի եւ համոսի առաւօտները բացող, մէջը միանգամեայ գայլիկի տարազս եւ «Զաքար» փուռէն պանիրով պէօրէկս պահող։

Լացի չափ զուլալ եւ ապրումի պէս մեր սէրերուն մօտեցնող, արաբական մեր հացի կտորներուն, մեր գաղթի աթոռներուն եւ կիլիկեան մեծ ու սեւ դարպասներուն մեզ մօտեցնող։

Շշմելու սիրառատ քաղաք է Պէյրութը, որուն քաղաքական սպանութիւնները դեռ չեն անցած ու վէրքի պէս են մեր տանջուած ու երազկոտ ձեռքերուն վրայ: Այն ձեռքերը, որոնք դրամ հաշուելէ առաջ սորված էին գրիչ բռնել ու ապրեցնել 70-ականներու սերունդի մեծ երազը: Այդ երազը չէր անցներ Ճիւնիի սրճարաններէն կամ պաղեստինցի ղեկավարներու կանաչ հագած, կանաչ վառող, կապոյտ դարձող երազներէն...

Մէկ Պէյրութ մը, հազար ու մէկ խորհրդանիշներով, նախշուած ֆիլմի մը պէս։

Նետուած Համրայի մերձ տեղ մը անմոռաց, ուր Մարկ Նշանեանի անորոշ հայեացքը կը յամենայ, ուր Վահէ Օշականի մեր ուսին դրած ափը տակաւին կը կայմէ մեզ։

Հոն ուրիշ տեսարաններ ալ կան. կայ Յարութը երրորդ յարկի, Իսքանտարը կայ՝ յառաջդիմական թերթի վերջին պոէտը (հիմա չեմ ալ գիտեր ուր հասաւ), կան ուրիշներ՝ Փարիզէն ու Գանատայէն «ներածուած» բանաստեղծները կան իրենց գրամոլ ականջներով, բամբասելով ու անիծելով բոլոր ժամանակներուն մէջ լքուած ու անտէր քաղաքի վերադարձին սպասող մոհիկաններ։

Այս բոլորը նշեցի՝ հասկնալու համար, թէ ի՛նչ քաղցր պատանեկութիւն ապրած է մեր սերունդը՝ ժպտելով պատերազմին մէջ, յոյս տեսնելով ամէն այգի, չվախնալով-չընկրկելով։

Այս օրերուն, երբ դարձեալ քամիները կը հարուածեն մեր այդ կողմերը, մեր հոգիները կը ճմլուին, կը յոգնին յաճախ, կը յոգնին մարդիկ, որոնց համար այդքան տհաճ է այս բոլորին մասին խօսիլ դուրսէն։

Իրենք հիմա «ներս»ն են, իսկ մենք «դուրս»ը։

Բայց Պէյրութը ապրեցնող ներս ու դուրս չունի։ Չունի տարբաղադրում, չունի սուրբերու դարակ, չունի սպեղանի, չունի տարածութիւն, աշխարհագրութիւն, բաժանում, հանում, սահմանափակում:

Պէյրութը մենք ենք, մենք բոլորս, մեզ պարփակող, մեզ գրկող, մեզ պահող ու մեզ յաւերժացնող։

***

Պեշիր Ժըմայէլը լիբանանցիներուն որոշ մէկ հատուածին համար, որու մէջ էր նաեւ քեռայրս՝ Անդրանիկը, խորհրդանիշ էր։

Ան Պէյրութի արեւելեան հատուածին վրայ հաստատուած քրիստոնեաներուն համար կռուեցաւ, կազմեց ռազմական ուժեր, իրմով ընթացք առաւ «Լիբանանեան ուժեր» շարժումը։ Մեծ մարտավար դարձաւ, պատերազմը զինք կոփեց, մօտեցուց միջին խաւի պարզ ու մաքուր լիբանանցիներու մեծ երազանքին, որ է ապրիլ անկախ ու «մաքուր» Լիբանանի մը մէջ։

Քրիստոնէական արժէքներ խառնեց իր արժեհամակարգին ու անոր վրայ ալ կերտեց արիւնով կեռ խաչին պատկերը։

Հազար անգամ սխալեցաւ, բայց սուղ էր ժամանակը, չսորվեցաւ իր սխալներէն։ Իր իսկ կերտած միլիսները ահաւոր սխալներու վրայ կառուցեցին իրենց գաղափարի տունը, որ ամէն ռազմէ ետք նորէն դատարկուեցաւ։

Ձեռքը երկարեց Իսրայէլին: Անոր ռազմիկները կրակ բացին քրիստոնեայ խաւի ամենէն ազնիւ մարդոց վրայ, պարզ ու հեզ քաղաքացիներէն հարկ պահանջեցին, կրակ բացին նոյնիսկ հայերու վրայ։

Առիթ չփախցուցին, ժամանակը սուղ էր ու պէտք էր անպայման հասնիլ նոր Լիբանանի մը կերտման, անհաշիւ, հարեւանցի, իր շրջապատի մեծ խաղերէն կտրուած, առանց հասկնալու, որ նոյն արեւմուտքը ինչպէս թեւեր կու տայ իր զոհին ու կամաց-կամաց կ՚ուտէ անոր թեւերը։

Ի՛նչ խաղերու մէջ մտաւ Պեշիր Ժըմայէլ եւ ինչ էր անոր վերջին նախագիծը, որ յետոյ եւ մինչեւ օրս կը շարունակէ տեղ մը ծուարած մնալ աջակողմեան դասու քրիստոնեաներու հոգիներուն մէջ։

Պեշիր Ժըմայէլ զո՞հ էր, թէ՞ դահիճ։ Շատերուն համար այս մեծ հարցում է, որ մինչեւ հիմա ալ պիտի գրգռէ անոնց յիշողութիւնները, մինչեւ հիմա ալ պիտի տանջէ անոնց վիրաւոր հոգիները։

Թերեւս Լիբանան մը առանց քրիստոնեայի, -այդպէս կը մտածէին Լիբանան ներխուժած ձախակողմեան պաղեստինցիները, յետոյ այդ գաղափարը մեծցաւ, աճեցաւ, լափեց բոլորը ու լափեց նաեւ անոնք, որոնք բարի տեղ մը Թալ Զաաթարի բլրակին կամ նոյնիսկ Արեւմտեան Պէյրութի գաղթակայաններուն մէջ ապահով երդիք մը կապած էին։

Իսկ միւս կողմէ՝ Լիբանան մը միայն քրիստոնեաներու ուժով. «Մենք պէտք է իշխենք այս երկրին, որովհետեւ մեր պապերն են, որ կերտեցին այս երկիրը։ Մենք այս երկրի աղը չենք միայն, մենք վէմն ենք»,- ըսին ու Անթիլիասէն մինչեւ Ժըմայէլներու օրրան հանդիսացող Պիքֆայա՝ բոլոր պատերուն փորագրեցին «Ալլահ, ուաթան, աիլաթ» (հայերէն՝ Աստուած, հայրենիք, ընտանիք), ցոյց տալով, որ իրենց էութիւնը բարի է ու սպիտակ, այդ բոլորին մէջ միախառնելով պատերազմի ողջ ոխը, ատելութիւնը եւ գարշանքը։

Մինչ ձախերուն համար՝ պաղեստինցիներուն, իսլամներուն, տիւրզիներուն եւ շիիթներուն համար թշնամութեան ուղղութիւնը ունէր մէկ սլաք. այդ սլաքը կը հասնէր մինչեւ «Ալ քայան ալ Իսրայիլի ալ ղասէպ» (Իսրայէլ, որպէս արհեստական եւ եկուոր, անարդար «ներցանուած» մարմին), քրիստոնեաներուն համար մեծ հաշուով գաղափարական հումքը Արեւմուտքն էր։

Արեւմուտքը սակայն պիտի մեռնէր։ Ան եղած էր ոչ թէ մեր փրկութիւնը ապահովելու համար, այլ քրիստոնեաները ոտնակոխելու համար, ճմլելու համար, անոնց ոսկիները եւ պահուած գանձերը թալանելու համար։

Պեշիր Ժըմայէլի մահով Արեւմուտքը ինք իր ոտքերով կը մօտենար եաթաղանին ու ինքզինք հլու մարդու մը պէս կը կախէր։

Իսկ անոնք, որոնք չտեսան Արեւմուտքի մեծ մահը, դեռ մինչեւ հիմա ալ կը սպասեն, որ ամերիկեան եւ բրիտանական նաւերը, նաեւ մանաւանդ՝ ֆրանսական փայփակոտ եւ քրուասան կերած գործիչները գան ու փրկեն գողտրիկ Պէյրութս։

Արեւմուտքը մեռաւ Պէյրութի մէջ եւ ան պիտի չյառնի։

Եթէ ապրիլ է պէտք, այդ կեանքը պէյրութցիք միասին պիտի կիսեն։

Եթէ ապրում ու պահ է պէտք, պէյրութցիք մինչեւ հիմա պիտի հասկնային, որ ինչո՞ւ զոհուեցաւ Պեշիր Ժըմայէլը, ինչո՞ւ սպաննուեցաւ Ռաֆիք Հարիրին, ինչո՞ւ Սուրիան քար ու քանդ եղաւ եւ ինչո՞ւ այսօր Իսրայէլի թանքերը կը սարսափին «Հիզպուլլահ»ի մարտիկներէն։

Եթէ այս բոլորը հասկնան, գոնէ այս բոլորը հասկնան, այդպիսով Պեշիր Ժըմայէլի յիշատակը յարգած կ՚ըլլան։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 11, 2021