ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ԱՌԻԹՈՎ
Իւրաքանչիւր տարի սեպտեմբերի 1-ին Հայաստանի մէջ տօնական մթնոլորտ մը կը տիրէ: Այդ օրը, ամառնային արձակուրդը աւարտած երեխաները, պատանիներն ու երիտասարդները կը վերադառնան իրենց յաճախած դպրոցները, համալսարաններն ու ուսումնական կաճառները, կը վերադառնան իրենց գրասեղաններուն, գիրքերուն, կը վերադառնան հանդիպելու իրենց ուսուցիչներուն ու դաստիարակներուն՝ ուսումնական նոր տարիի մը ճանապարհորդութիւնը ազդարարելով: Անդին, նոյն այդ օրը, սեպտեմբերի 1-ին, կեանքի նոր հան-գըրւանի մը ոտք կը դնեն վեց տարեկան դարձած մանուկներ, նոր հանգրուան մը, որ զիրենք պիտի առաջնորդէ դէպի նոր հորիզոններ, դէպի նոր երազներ ու տեսիլքներ:
Անցեալ դարերուն եւ այսօր կրթութեան, ուսումի, դպրոցի հասկացողութիւնը բաւական փոխուած է: Անցեալին եթէ կրթութիւնն ու ուսումը յատուկ էր որոշ խաւի մը, կամ որոշներու՝ որոնք հնարաւորութիւն ունէին ուսում ստանալու, այսօր, սակայն, ուսումն ու կրթութիւնը համընդհանուր տեսք ստացած են, այլ խօսքով, այսօր ուսումն ու կրթութիւնը կը ջամբուին գրեթէ բոլորին՝ առանց խտրութեան: Բնականաբար կեանքի մէջ տեղ գտած անհատական զարգացումերն ու ունեցուածքները որոշակի զատողութիւն կամ զանազանութիւն կը դնեն ուսանողներուն մէջ, բայց ուսման ու կրթութեան առումով բոլոր ուսանողները կը ստանան միեւնոյն ուսումն ու կրթութիւնը:
Այսօր, ուսումը մեծ կարեւորութիւն ունի ընկերութեան իւրաքանչիւր անհատի համար: Այսօրուան կեանքին պայմաններուն, գոյատեւումի գործօններուն ու ազդակներուն համար աւելի քան անհրաժեշտութիւն են ուսումը, կրթութիւնը, գիտելիքը: Այսօր, մարդը որպէսզի կարենայ բարօր կեանք մը ապրիլ, տեղեկացուած ըլլայ, կարիք ունի ուսումի, գիտելիքի, կրթութեան: Բնականաբար երբ ուսում, գիտելիք ու կրթութիւն կ՚ըսենք, նկատի չունինք մի միայն չոր ու ցամաք ձեւը, այլ՝ կեանքով, փորձառութեամբ լեցուն ձեւը: Անգիր, այսինքն՝ բառացիօրէն ստացած ու իւրացուցած կրթութիւնը գիտուն եւ խելացի անհատներ չեն տար ընկերութեան, ընդհակառակը՝ պարզապէս մեքենաներ, որոնք սպիտակը սեւէն չեն կրնար զանազանել: Մինչ, երբ ուսումն ու կրթութիւնը կեանքով ու փորձառութեամբ, մանաւանդ սիրով, այսինքն՝ տրուածը ընդունողին համար պէտք է դիւրըմբռնելի, հասկնալի ու պարզ ըլլայ, որպէսզի արդիւնք տայ, այլապէս տրուածը կ՚անհետանայ ու անիմաստ կը դառնայ:
Մեր ժողովուրդի պատմութեան հանգրուանները, յատկապէս յետքրիստոնէական ժամանակաշրջանը հարուստ եղած է ուսեալ եւ գիտուն անհատներով: Մեր գրաւոր գիրի սկզբնաւորութիւնը գեղեցիկ կերպով կապուած է ուսման ու կրթութեան գաղափարին: Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց գիրերու գիւտէն ետք առաջին նախադասութիւնը, որ կը թարգմանէ հայերէնի, Սողոմոն Իմաստունի Առակաց գիրքին առաջին նախադասութիւնը կ՚ըլլայ՝ «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ». «Իմաստութիւնն ու խրատը գիտնալու համար, հանճարին խօսքերը հասկնալու համար, իմաստութեան կրկնութիւնը ընդունելու համար, այսինքն՝ արդարութիւնը, դատաստանը եւ ուղղութիւնը՝ միամիտներուն սրամտութիւն տալու համար ու երիտասարդներուն՝ գիտութիւն եւ հանճար: Իմաստունը թող լսէ ու իր իմաստութիւնը աւելցնէ ու հանճարեղ մարդը խոհեմութիւն ստանայ: Առակն ու նմանութիւնը հասկնալու համար, նաեւ իմաստուններուն խօսքերը ու անոնց խրթնաբանութիւնները» (Առ 1.2-6): Ուսումի, գիտութեան եւ կրթութեան ներբող մըն է Սողոմոն Իմաստունին վերոնշեալ տողերը, որոնք ուսանողները իւրաքանչիւր ուսումնական տարեշրջանի ընթացքին պարտաւոր են բազմիցս ընթերցել, մտածել եւ խորհրդածել այնտեղ գրուածներուն մասին:
Ընթերցողը նկատած պիտի ըլլայ, որ յաճախակի կերպով կրկնեցի ուսում եւ կրթութիւն բառերը, երբեմն ալ անոնց միացնելով գիտութիւնը: Այդ մէկը պատահական չէ. պէտք է յստակ կերպով զանազանութիւն մը դնենք ուսումին ու կրթութեան միջեւ, որովհետեւ տարբեր հասկացողութիւններ են: Առանց մէկուն միւսը թերի կը մնայ, այլ խօսքով՝ մէկը միւսը կ՚ամբողջացնէ, որով կը դառնան հզօր միութիւն մը:
Ուսումը, ըստ իս, գիտելիքն է, որ ուսուցիչներուն միջոցով կը տրուի ուսանողներուն, իսկ կրթուիւնը այդ տրուած գիտելիքը՝ ուսումը ճիշդ կերպով ընկալելն ու կեանքի կոչելուն ճանապարհն է, ուղին է, որ եթէ ուսանողը յաջողի ըմբռնել, ապա իր կեանքը կը վերածուի ծաղկեալ անդաստանի մը, ուր բազմաթիւ տեսակի արդիւնքներ կրնայ տալ, Աւետարանական հասկացողութեամբ մէկի փոխարէն երեսուն, վաթսուն եւ հարիւր (տե՛ս Մր 4.1-9):
Ոմանք ուսում եւ կրթութիւն ջամբելու գործը սեփականութիւնը դարձուցած են ուսուցիչներուն, մոռնալով կամ անգիտանալով սակայն, որ Տէր Թոդիկեան ժամանակները ի սպառ անցած են՝ անվերադարձ: Ուսում ջամբելու գործին մէջ բնականաբար առիւծի բաժինը կ՚իյնայ ուսուցիչներուն, սակայն առանց ծնողներու գործակցութեան եւ ուսանող-զաւակներու համագործակցութեամբ, ուսումը աննպատակ կը դառնայ, իսկ կրթութիւնը՝ ցանկալի երազ մը, որուն ինչքան կը փորձես մօտենալ, այդքան կը հեռանայ եւ կը հեռանայ… Այդ պատճառով այս եռամիասնութեան համագործակցութիւնը՝ ուսուցիչ, ծնող եւ ուսանող-զաւակ կը կազմէ գրաւականը ուսման ու կրթութեան ճիշդ եւ նպատակային ջամբումին ու ակնկալուած արդիւնքներուն, այլապէս այդ բոլոր տարիները կը դառնան լոկ ժամավաճառութիւն, որ յետագային վերականգնելը կամ դարմանելը եթէ հնարաւոր չըլլայ, անկարելի իրողութիւն մը կը դառնայ: Առ այդ, այս գիտակցութեամբ պէտք է մօտենանք ուսումի եւ կրթութեան նուիրական գործին՝ եթէ կ՚ուզենք ունենալ փայլուն ու լուսաւոր սերունդներ, որոնք գիտեն յարգել ու սիրել իրենց ծնողներն ու ուսուցիչները, որոնց ընդմէջէն բնականաբար նաեւ կը սորվին սիրել ու յարգել իրենց նմանը, Հայրենիքը, Եկեղեցին-հաւատքը, պատմութիւնն ու մշակոյթը, լեզուն եւ գրականութիւնը, եւ այն բոլորը, որոնք կը կազմեն տուեալ ուսանողին միջավայրը, ուր կ՚ապրի:
Ուսումի եւ կրթութեան մասին կան բազմաթիւ մտածումներ ու կարծիքներ, որոնք այսպէս կամ այնպէս կը շեշտեն ուսումի եւ կրթութեան կարեւորութիւնը: Այստեղ ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնեմ այդ մտածումներէն փունջ մը:
Ներսէս Եպիսկոպոս Դանիէլեան հետեւեալ թելադրութիւնը կու տայ ծնողներուն.
• Կրթէ՛, դաստիարակէ՛ զաւակդ ժամանակի ու դարուս պահանջմանց համեմատ, օծէ՛ անոր մանուկ հոգիին ալքերը հայրենական սուրբ ու մաքուր զգացումներով, կերտէ՛ անոր մէջ բարոյական բարձր կեանքի մը սկզբունքները, սորվեցուր անոր ամէն պատահական ու անակնկալ չարիքներուն հանդէպ պատրաստ գտնուիլ ու կուրծք տալ արիաբար։ Սորվեցուր անոր սիրել արդարութիւնն ու ճշմարտութիւնը, կատարել նախ պարտքը եւ ապա պահանջել իր իրաւունքը։ Մի՛, մի՛ մոռնար ըսել ու յանձնարարել զաւկիդ, թէ աշխարհի վրայ՝ չարերը, ստախօսները, խարդախները, գինեմոլները, խաղամոլները, բարոյապէս ինկածները, իր ազգը ուրացող ու դաւաճանողները՝ չեն կրնար երջանիկ ապրիլ, կամ իբր պատուաւոր մարդ՝ ճակատաբաց երեւիլ մարդկային ընկերութեան մէջ։ Վերջապէս սորվեցուր անոր՝ ինչ որ ազնիւ է ու կ՚ազնուացնէ մարդը. ինչ որ պատուաւոր է ու կը բարձրացնէ մարդը։ Լաւ համոզուած եղիր, որ առանց բարոյականի, առանց մաքուր ու տոկուն նկարագրի ո՛չ մէկ մարդ, ո՛չ մէկ ընտանիք ու ազգ կրնան երջանիկ ըլլալ կամ լաւագոյն ապագայի մը վրայ յոյս ունենալ ու կանգուն մնալ։ Երկչոտ, վատասիրտ ու թուլամորթ մի՛ մեծցներ զաւակդ, այդ կարգի սերունդ մը իրաունք չունի՛ աշխարհի վրայ ապրելու։
Պսակ Ծայրագոյն Վարդապետ Խորէնեան հետեւեալ մտածումները ունի ուսման մասին.
• Դպրոցէն մինչեւ գերեզմանին եզերքը կը հասնի ուսումը։ Մինչեւ հոն ալ, աշակերտ է մարդ։ Միշտ սորվելու բան մը կրնայ գտնել փնտռողը։
• Գիտէք որ առանց ուսման եւ զարգացման չկայ կատարեալ մարդկութիւն, եւ անհնար է իբր մարդ ապրիլ սա քաղաքակիրթ դարուն մէջ՝ առանց զարգացումի։
• Կրթութիւնն առանցքն է քաղաքակրթութեան, որ զոհողութիւն կը պահանջէ։
Զարեհ Արքեպիսկոպոս Ազնաւորեան ծնողներուն ուղղելով իր խօսքը՝ կը գրէ.
• Ծնողներ բնաւ պէտք չէ մոռնան մէկ բան, թէ իրենց զաւակին դաստիարակը ո՛չ դպրոցն է, ո՛չ ուսուցիչը եւ ոչ քահանան, այլ իրե՛նք իսկ։ Անոնք կրնան օժանդակ ըլլալ պարզապէս. իրենք կը մնան տիրականը։ Ոեւէ զաւակի դաստիարակը ծնողքը ինքն է։
Լուսահոգի Սրբազանին այս խօսքերը այսօր ա՛յնքան արդիական են, որովհետեւ մեր ներկայ ընկերութեան մէջ ու մեր առօրեայի ընթացքին բազմաթիւ է թիւը այն ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները դպրոց ղրկելով՝ կը կարծեն իրենց պարտականութիւնը լիուլի կատարած են, իրենց բաժին ինկած աշխատանքը այդքանով աւարտած է… բայց միթէ՞ այդպէս է, կամ միթէ՞ կրնայ այդպէս ըլլալ, եթէ մանուկը, պատանին, երիտասարդը իր ծնողէն չսորվի, իր ծնողէն ուղղութիւն եւ աջակցութիւն չստանայ, ինչպէ՞ս պիտի յաջողի կեանքի ընթացքին իր դիմաց բարձրացած բազմաթիւ դժուարութիւններն ու արգելքները: Պէտք է նաեւ ի մտի ունենալ, որ ցանկացած օժանդակ իրողութիւն, չի՛ կրնար ԻՍԿԱԿԱՆին, ՀԻՄՔին կատարելիքը ընել, կամ կեանքի կոչել, այլ՝ պարզապէս կրնայ յաւելեալ նպաստ մը, օժանդակութիւն մը ըլլալ ԻՍԿԱԿԱՆին, ՀԻՄՔին աւելի թիւրութեամբ հասնելու ցանկալի արդիւնքին:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
6 սեպտեմբեր 2021, Վաղարշապատ