ԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Եթէ օր մը ձեզի հարց տրուի, թէ «ի՞նչ է ազգային գիտակցութիւն» ըսուածը կամ այդ ի՞նչ ըսել է... ի՞նչ պիտի պատասխանէիք: Կարծես մեր ժողովուրդը կարօտ մնացած է այս խօսքին: Ինքնաբերաբար պիտի սիրես հայ կեանքը: Պիտի կախուիս անոր թելերէն:

Սփիւռք ենք: Հարիւր եւ աւելի տարիէ ի վեր հոս կ՚ապրինք: Հայրենի հողէն զրկուած եւ ամէնօրեայ մտահոգութեան բազմատեսակ ալիքներուն անձնատուր: Այս նոյն հայ սփիւռքն է, որու «ծնունդի» առաջին օրէն կը կարծէին, թէ  ժամանակաւոր էր: Իսկ այս օրերուն, իսկ հիմա, կամայ թէ ակամայ, ան դարձած է մնայուն: Ու այս մասին կանգ առնելու եւ մտածելու ժամանակ նոյնիսկ չկայ: Սակայն եւ այնպէս, ամէն առիթով կը փորձենք վերատեսութեան ենթարկել մենք զմեզ, մեր ապրելակերպը, մեր վարմունքն ու կեցուածքները, մեր մօտեցումներն ու մտածումները, մեր էութիւնն ու ինքնութիւնը, որպէսզի յետոյ համրանք չդառնանք:

Ներկայիս աշխարհի տնտեսական, քաղաքական եւ ընկերային հարցերը, մեզ ալ ազգովին կլանած են արդէն: Ահա թէ ինչու հայապահպանման հոլովոյթն ալ  դժուարացած է: Տեսնուած է, նաեւ որ սփիւռքեան գաղութներու մէջ մեր երազները զարնուած են դժուարութիւններու եւ դժբախտութիւններու ալիքներուն, որոնք կը խորտակեն մեր յոյսերը: Ամէն տեղ արժէքները փոխուած են: Աւանդութիւնները դարձած են ձեւականութիւն: Եւ տակաւին շարքը շատ ու շատ երկար է: Բայց եւ այնպէս, միշտ ալ մտահոգ մարդիկ երկար եւ հեւասպառ կը մտածեն ստեղծուած մթնոլորտին մէջ փոխանցել հայու եւ հայութեան սէրը, գուրգուրանքը, յարգանքը՝ հանդէպ մայրենիին եւ ազգային միւս բոլոր արժէքներու:

Նման մտածումներու անթիւ փշրանքները, արդէն լեցուցած են մեր միտքերը: Իսկ հիմա անմեղ հարցումը.- Ձեզի համար ի՞նչ է «ազգային գիտակցութիւն»ը:

Բայց նախ պարզենք, թէ մեզի համար ի՞նչ ըսել է «ազգային գիտակցութիւն» եւ ի՞նչ կը նշանակէ զայն ունենալ:

Արդեօք գաղափարախօսութի՞ւն է, որ ծնած է մեր հոգերուն հետ: Գիտենք, որ իւրաքանչիւրս մեր ապրած սփիւռքներուն մէջ, տեսակ մը նոր ինքնութիւն ընդօրինակած ենք, եւ կամաց-կամաց, առանց զգալու, աստիճանաբար, տեղի տուած մեր հայկական ինքնութենէն:

Եւ որպէսզի այս բոլորը պարզ մենախօսութիւն չդառնան, էական է լայն «բանալ» մեր միտքերու պահարանները կամ փորել մեր մտածումի «ակօսները», պատրաստելու համար ենթահող մը, որու ծոցէն պիտի բարձրանայ մեր ազգի ապագայ հեռանկարը:

Արդեօք այս գիտակցութիւն ըսուածը մեզ դէպի մեր լինելութեան քաշող ու տանող հեռանկար մը չէ՞: Կամ՝ մեր կեանքի «խաւարը» լուսաւորող յոյսն ու լոյսը չէ՞, որուն ցարդ շատեր ծանօթ չեն:

Կը կարծեմ, թէ ներկայ մեծ եւ սարսափազդու «հոսանքներուն» դէմ արդար ճիգ եւ միաժամանակ թիավարում է: Նոր ածուներ ոգեւորողն է, որ պիտի պահէ ներդաշնակութիւնը մեր հոգիին եւ ազգային մեր լաւատեսութիւնը պիտի բիւրեղացնէ:

Ահա հո՛ս է մարդկային եւ ազգային մեր բազկերակը:

Ասկէ առաջ ամէն բան ըսուած է: Բայց հոգս չէ: Տոկալ եւ տեւել կարենալու համար դարձեալ կ՚ուզեմ այս «ամէն բան»ն ու «բաներ»ը կրկնել: Յիշեցնել: Որովհետեւ կը հաւատամ, որ ազգային գիտակցութիւնը իր մէջ ամփոփած է մեր ազգային բոլոր արժէքները:

Այսպէս, իբրեւ պատնէշ եւ պարիսպ, իբրեւ թումբ մեր ազգին սպառնացող վտանգներուն, սկսելով մեր մայրենիէն, հասնելով մինչեւ քաղաքական եւ լեզուական անկախութեան ու լեզուի ազատագրումին, ապա՝ առողջ ղեկավարութիւն ունենալու երազին, քաղաքական իմաստութիւն եւ ազգային հաւատարմութիւն ունեցող քաղաքացիին: Այլ խօսքով, հաւատալ ազգային արժէքներ պահող կեանքին եւ անոր ազնիւ ու գեղեցիկ արժէքներու յաղթանակին: Խղճամիտ տրամադրութեամբ, թէ՛ պայքարելու եւ թէ՛ վերապրեցնող պատրաստակամութեամբ տէր ըլլալու եւ տէր կանգնելու հայրենի երկրին, հողին ու անոր ժառանգութեան: Կարճ խօսքով՝ գիտակցութիւն եւ գուրգուրանք ազգային ոգեկանութեան: Քաջալերել հայ գիրը, գրականութիւնն ու մշակոյթը եւ անոնց համեստ սպասարկուները: Նաեւ չմոռնալ, որ անցեալի գիտակցութիւնն ալ ազգային մեր գոյութեան հիմնական պայմաններէն մէկն է: Այս բոլորը որպէսզի հայու ոգին ջերմ մնայ: Ոգին արդէն բաւարար է, որ մեր ակունքն ու մեզ մնայուն պահէ, միաժամանակ նորոգելով հաւատքի մաշած մեր ոտնանմանները:

Ասոնք նաեւ մտահոգութիւն ալ են: Եւ մտահոգութիւնը ահազանգ ալ է:

Լաւատեղեակ ենք, թէ բոլոր հին ու նոր հարցերը մեզ մաշեցուցած են արդէն եւ մեր պատմութիւնը: Լաւ յիշենք.- մենք կառուցող ժողովուրդ ենք: Կը քանդենք՝ կը կառուցենք: Մենք նաեւ մեծ քաղաքակրթութեան արժանի ազգ ենք: Այս չի՛ նշանակեր որ ամէն բան բախտին պէտք է ձգենք:

Հայրենի հողին եւ գիրին ու մշակոյթին ներշնչած սէրն ու լոյսը պէտք է լուսաւորեն մեր բոլորի միտքերն ու հոգիները: Մենք ոչ միայն առողջ միտքերու հոսքի կարիքն ունինք, այլ նաեւ՝ իմաստուն եւ հեռատես ղեկավարներու, հոգիի մեծութեամբ արդարամիտներու, արթուն զանգուածներու եւ գիտակից պատասխանատուներու, հզօր բանակի կողքին:

Ինչպէ՞ս հայ կեանքի պայքարին մասնակից դարձնել բոլոր անոնք, որոնց գիտակցութիւնը ցամքած կ՚երեւի: Շատեր չեն զգար էականութիւնն ու կարեւորութիւնը այս բոլորին: Անձնասիրութիւն եւ քմահաճոյք ու մանաւանդ փող «աշխատելու» հոգեբանութիւն: Այս է իրենց նպատակը:

Մեզի համար այս օրերուն հայ մարդու թա՛փ է պէտք: Եւ տակաւին՝ իր ազգին գլխաւոր ձգտումներով մտահո՛գ հայ մարդ է պէտք: Միասնական ղեկավարութի՛ւն է պէ՛տք, որպէսզի որոնելով մեր ինքնութիւնը, մեզ բոլորով եւ միատեղ, մասնակից դարձնէ 21-րդ դարու մեր հայ կեանքի առողջ պայքարին:

Վերջապէս, որպէսզի մենք երազին յաղթենք, մեզի նոր առաքելութիւն է պէտք՝ կեանքի նոր բանալիներով: Կուռքեր ստեղծելու ժամանակը շատոնց անցած է: Շատեր նման հարցերու արմատներէն հեռու են: Ստեղծագործական արժանիքներու եւ ազգային արժանապատուութեան գիտակցութիւնը ժողովուրդի ինքնահաստատ ապրելու նախապայմանն է:

Հաւատացէ՛ք առանց այդ գիտակցութեան, կարելի է անմռունչ ձուլուիլ, անմռունչ կրել ստրկութեան լուծը, նոյնպէս անմռունչ ալ կորսուիլ այս աշխարհի պատմութենէն:

Ահա՛, ազգային գիտակցութիւն ունենալու էականութիւնը:

Ազգային փրկարար դեղատոմս մը:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

bedig43@aol.com

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 17, 2021