«ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԱՅՔԱՐ» (ՊԱԻՍԻՈՍ ԱԹՈՍԱՑԻ)

ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ ՔՄԱՀԱՃՈՅՔՆԵՐԸ ՉՀԱՆԳՍՏԱՑՆԵՆՔ [ՉԱՐԴԱՐԱՑՆԵՆՔ]

Միակ օգտակար բանը, զոր կ՚որդեգրեմ մարդոց խնդիրները լուծելուն, այն է, որ ո՛չ ոք կ՚արդարացնեմ երբեք, նոյնիսկ եթէ յանցաւոր ալ չըլլայ: Կիներ կու գան եւ կը գանգատին ընտանեկան դժուարութիւններէ, եւ այդ դժուարութիւններուն պատճառը իրենց այրերուն վրայ կը դնեն. կը յանդիմանեմ զիրենք: Ամուսիններ ալ կու գան ու իրենց կիներու վերաբերմունքէն կը գանգատին, զանոնք ալ կը յանդիմանեմ: Անոնց միտքերը չեմ հանգստացներ, այլ՝ անոնց կը յայտնեմ իրենց սխալները: Անոնցմէ իւրաքանչիւրին ցոյց կու տամ, թէ ի՛նչ բանի կարիքն ունին՝ օգնութիւն ստանալու համար: Հակառակ ասոր, իւրաքանչիւրը հանգստացած կը մեկնի տուն եւ զիրար կը մեղադրեն, որով գժտութիւն եւ անհասկացողութիւն կը ծագի: Ո՛չ մէկուն քմահաճոյքը կը հանգստացնեմ, ընդհակառակն, շատերը խիստ կերպով կը յանդիմանեմ, որով կը հեռանան՝ իրապէս հանգստացած:

-Եառոնտա. քու յանդիմանած մարդիկը հանգստութիւն կը զգա՞ն:

-Այո. ես չոր կերպով չեմ յանդիմաներ: (Խնդիր ունեցողին) կը յայտնեմ իր ունեցած դրական կողմերը՝ որպէսզի աճեցնէ զանոնք, եւ սխալները՝ որպէսզի սրբագրէ զանոնք: Իրականութիւնը չյայտնելը խենթութեան կրնայ առաջնորդել այն վայրկեանին, երբ գովասանք կը տրուի տուեալ մարդուն:

ՅՈՒՍԱՀԱՏՈՒԹԵԱՆ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐԸ ԴԻՄԱԳՐԱՒԵԼ

Անգամ մը երիտասարդ մը եկաւ մօտս, որու դէմքին տխրութեան նշաններ կային, ու ըսաւ ինծի.

-Ո՛չ մէկ միջոց ունիմ սխալներէն ձերբազատուելու, որովհետեւ անոնք ժառանգական են, ըստ խոստովանահօրս ներկայացուցածին:

Յուսահատութիւնը տիրած էր անոր վրայ: Երբ ոեւէ մէկը իր խնդիրը կը յայտնէ ինծի, կը յստակեցնեմ անոր պատճառը ու կը թելադրեմ, որպէսզի այս, այս, այս բաները ընէ: Եթէ մէկը մտածումէ մը կը չարչարուի եւ հանգիստ չի քնանար ու հանգստացնող եւ ցաւազրկիչ դեղեր կ՚օգտագործէ, անոր չեմ խրատեր դեղերը դադրեցնել, այլ՝ ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնեմ ձեռբազատուիլ զինք տանջող մտածումէն, եւ ապա միայն դեղերը մէկ կողմ դնել: Ի՞նչ օգուտ դեղերը դարդեցնելէ, երբ տանջող մտածումը գլուխին մէջ կը բնակի տակաւին:

Անգամ մը երիտասարդ մը իր նշանածին հետ կոպիտ վարուած էր ու անոր խիստ խօսքեր ըսած, որով ինքնաշարժ նստած էր ու խենթի նման սկսած էր քշել, որով վթարի պատճառով իր կեանքը կորսնցուցած էր: Երիտասարդը յանցաւոր զգացած էր իր նշանածին մահուան պատճառը ըլլալուն համար եւ որոշած էր անձնասպան ըլլալ: Երբ մօտս եկաւ պատմելու, թէ ինչ պատահած էր իր հետ, մխիթարեցի զինք եւ ուշքի բերի: Որոշ ժամանակ մը ետք այդ երիտասարդը բնականոն վիճակէն դուրս եկաւ եւ անտարբեր դարձաւ՝ կարծես բան պատահած չըլլար, եւ ուրիշ աղջիկի մը սիրահարուեցաւ: Երբ երեք տարի ետք այցելութեան եկաւ ինծի, խստութեամբ յանդիմանեցի զինք ինքնաճանաչումը կորսնցնելուն համար:

-Չե՞ս հասկնար, ոճրագործութիւն գործած ես եւ գլխաւոր մեղաւորն ու պատճառն էիր նշանածիդ մեռնելուն:

Եթէ այս երիտասարդը ճիշդ վարուէր, ապա ցաւակից կը մնար ու աստուածային մխիթարութիւնը կը ստանար ու այս անտարբերութեան վիճակէն կը հեռանար: Հետեւաբար պէտք է ուշադիր ըլլալ: Մէկը մեղք մը կը գործէ եւ յուսահատութիւնը կը տիրէ անոր վրայ: Այդ պահուն կարելի է մխիթարել զինք, սակայն պէտք է իր անձնուրացութիւնը ի գործ դնէ:

Անգամ մը քովս եկաւ երիտասարդ մը, որ մարմնական մեղքի մէջ ինկած էր եւ այլեւս չէր յաջողած ձերբազատուիլ այդ քմահաճոյքէն, որով յոյսը կորսնցուցած էր: Դիմած էր երկու հոգեւոր հայրերու, որոնք իրենց օգնութեան մէջ շատ խիստ գտնուած էին՝ հասկցնելու համար իր կատարածին անարգութիւնն ու ծանրութիւնը, որով ա՛լ աւելի յուսահատած էր եւ որոշած էր Աստուծոյ հետ իր կապը կտրել: Երբ լսեցի անոր խնդիրը, ցաւեցայ անոր համար ու ըսի անոր.

-Ուշադիր եղիր ո՜վ օրհնեալ մարդ, մի՛ սկսիր պայքարի մը, որ քու կարողութիւններէդ վեր է, այլ՝ պայքար մը, որ կրնաս կատարել: Կրնա՞ս ամէն կիրակի եկեղեցի երթալ:

Պատասխանեց.

-Այո՛, կրնամ:

-Կրնա՞ս ամէն չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերը պահք պահել:

-Կրնա՛մ:

-Կրնա՞ս հիւանդներուն այցելել եւ կարօտեալներուն օգնել եկամուտիդ տասանորդէն:

-Կրնամ:

-Ամէն իրիկուն կրնա՞ս աղօթել ու ըսել. «Տէ՜ր իմ, փրկէ՛ զիս»:

Պատասխանեց.

-Այդ ալ պիտի ընեմ:

Ըսի անոր.

-Հետեւաբար, այսօրուընէ սկսէ ընել այս բաները՝ զորս կրնաս, եւ Արդար ու Ամենակարող Աստուածը Ինք կը լուծէ այն բաները, զորս դուն չես կրնար ընել:

Խեղճը հանգստութիւն զգաց եւ սկսաւ կրկնել.

-Շնորհակալ եմ, ո՜վ հայր:

Անձնուրացութիւն ունէր եւ Արդար Աստուածը օգնեց անոր:

ԽՍՏՈՒԹԻՒՆ ԱՆԿԻՐԹՆԵՐՈՒՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ  ԵՒ ԴԻՒՐԻՄԱՑՈՒԹԻՒՆ ԱՆՁՆՈՒՐԱՑՆԵՐՈՒՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ

Եթէ մարդ դրական միտումներ ունի եւ փոքր եղած ժամանակ օգնութիւն չէ ստացած, ապա անոր մէջ եղող դրական կէտերուն վրայ կեդրոնանալը կը հանգստացնէ զինք եւ կը փոխուի, որովհետեւ արժանի է աստուածային օգնականութեան: Մէկու մը ըսի.

-Դուն լաւ մարդ մըն ես եւ քեզի չի՛ վայելեր այս բաները ընելը:

Տեսայ անոր լաւ պարտէզը եւ գէշ սերմերը՝ զորս ցանած էր: Ներքին բարութիւն-լաւութիւն տեսայ, եւ գէշ բաները, ինչ որ արտաքնապէս կը գործէր: Այդ պատճառով ըսի անոր.

-Դուն լա՛ւ մարդ ես, որպէսզի արթնցնեմ իր անձնուրացութիւնը եւ օգտակար ըլլամ իրեն:

Կարգ մը հոգեւոր հայրեր կ՚անտեսեն այն շնորհքները, զորս ոմանք ունին, վախնալով որ կը հպարտանան ու իրենք իրենց կը վնասեն: Այս պարագային մարդը կը յուսահատի իր մէջ եղող չարութենէն՝ որ կը գործէ, ինչպէս նաեւ կը յուսահատի իր մէջ եղող բարութենէն-լաւութենէն, որով անզօր կը դառնայ պայքարելու: Իսկ եթէ իր մէջ եղող լաւ կողմերը ցոյց տանք իրեն եւ անոր մէջ անձնուրացութեան ու ազնուութեան ոգին արթնցնենք, ապա ան կ՚աճի ու կը յառաջանայ:

Երբ մէկու մը մօտ պարգեւ մը կը տեսնեմ, ապա ատոր վրայ կը կեդրոնանամ, իսկ երբ սխալ մը կը նկատեմ, խոնաւ տախտակի կտոր մը կ՚առնեմ: Չեմ մտածեր անձին հասնող վնասին մասին, որովհետեւ երկու պարագաներուն ալ սէրն է, որ կ՚առաջնորդէ վերաբերմունքս:

Եթէ քոյր մը սրբապատկեր մը գծէ՝ կը գնահատեմ իր աշխատանքը, եւ եթէ նկատեմ,  որ ան կը հպարտանայ եւ անկրթութեամբ կը վարուի, խստութեամբ կը յանդիմանեմ զինք եւ կը զգուշացնեմ այդ սխալ ընթացքէն, որովհետեւ հպարտութիւնը զինք պիտի մղէ ծաղրանկարներ գծելու, որով խիստ յանդիմանութիւն պիտի ստանայ: Եթէ խոնարհի, ապա լաւ գործ մը պիտի կատարէ, ինչ բանին համար գնահատանք պիտի ստանայ:

Ծուռումուռ բաները չեմ կրնար տանիլ, ինչպէս նաեւ հիւանդ իրավիճակներն ալ չեն հանգստանցեր զիս, այդ պատճառով անդադար պիտի բուժեմ զանոնք՝ մինչեւ որ ուղղուին:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 51

23 օգոստոս 2021, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2021