ՄԷԿ ՏԱՐԻ ԵՏՔ ԿԱՄ ՀԱՐԻՒՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄ

Իմ տասն տարուան Հայաստանը այլեւս նոյնը չէ։

2020 թուականի 27 սեպտեմբերի առաւօտը շատ բան փոխեց մեր կեանքէն։

Այդ առտուն էր, որ բոլորս վազեցինք պաստառներուն առջեւ՝ իմանալու համար, որ ի՛նչ կայծերով եւ ինչ տեսակի լուրերով պիտի ընթանայ Ատրպէյճանի կողմէ շղթայազերծուած պատերազմը։

Մեծ հաշուով, մեզմէ շատ-շատերուն մէջ կար արեւոտ յոյս մը, թէ յաջորդող ժամերուն «լուծում» մը պիտի ըլլար եւ ինչպէս միւս անգամներուն՝ պիտի աշխատէր Մոսկուայի «կարմիր հեռախօս»ը՝ զսպելու համար նոր պատերազմի օրագրին մէջ կլանուած կողմերը։ Ատրպէյճան կը յարձակէր գրաւելու նպատակով՝ իմանալով, շատ հաւանաբար տեղեակ ըլլալով, որ իր օդային առաւելութիւնը ընդհանրապէս անկասելի է եւ Արցախի բանակին, նաեւ Հայաստանի կողմէ մարտադաշտ մղուող ուժերը անկարող են զսպելու 5-րդ սերունդի կարողութիւններով օժտուած իր բանակը։

Գրուած է, որ պատերազմներու առաջին զոհը ինքն է՝ նորին վսեմութիւն ճշմարտութիւնը, որ, սակայն, այս պատերազմին այլ մակարդակի մը վրայ կը մորթուէր ու անոր մարմինը՝ որպէս բզիկ-բզիկ եղած մեր գարուն հասակի տղոց աճիւններով նոր մարմին մը կը զգենուր։ Ցաւը մեծ էր յար եւ նման աշխարհաքաղաքական շարժերուն, որոնք մինչեւ այս պահը տակաւին չեն հանդարտած ու կը շարունակեն տարածուիլ այս անգամ Հայաստան-Ատրպէյճան ողջ սահմանին երկայնքով։ Այդ մեծ շարժերուն զուգահեռ՝ մեծ էր նաեւ հայկական կողմին անգիտութիւնը, թէ իր ողջ «գունագեղութեամբ»՝ մասնաւորապէս պատերազմի առաջին երկու շաբաթներուն, շղարշ կը դառնար ռազմերու ու հարուածներու ողջ աղէտին վրայ։

Կը պահուէր պատերազմի իրական ընթացքը եւ հայկական զանգուածային լրատուութեան միջոցները՝ սնուելով Հայաստանի պաշտօնական տուեալներով, միաբերան արար աշխարհին առջեւ կը տարածէին մեծ սուտ մը, որ կերպարանք կը ստանար «պիտի յաղթենք» եզրոյթով։ Յաղթանակը, սակայն, ըսուածին պէս մօտիկ չէր, ոչ ալ հեռու էր, որովհետեւ որեւէ պատերազմ մեծ հաշուով վնասակար է կողմերուն համար, ալ ուր մնաց՝ երբ կողմերէն մին ունէր բազմակիօրէն խոցելի կէտեր, մեծ անկարողութիւն եւ նոյնիսկ դաւի մակարդակին հասնող մեծ վրիպումներ։

Հետեւանքները այս պատերազմին տակաւին երկար պիտի «կրենք»։ Հողի, տարածքի, մշակութային կամ կրօնական կառոյցներու կորուստները տակաւին երկար կրնանք սգալ՝ հակառակ անոր, որ նոյնիսկ պատերազմի ամենադաժան օրերուն կային մարդիկ, որոնք ոտք-ոտքի նետած Երեւանի սրճարաններու ծուխերուն մէջէն «խելացի» խօսքեր շռայլելով կը քննարկէին հայութեան մեծ օրակարգը։ Քննարկումները կը տեւէին երկար ու ամէնօրեայ դրութեամբ ընթացող մարտերը կը շարունակէին «հնձել» մեր դեռատի ու մատղաշ սերունդին հասակները... Շատեր կ՚առարկէին, որ «հայրենիքի համար մեռնիլը փառք է», ուրիշներ լուրեր կը գրէին, որ Երեւանի տարբեր զօրակայաններուն առջեւ հերթեր գոյացած են ու երիտասարդ տղաք պատրաստ են ճակատ մեկնելու... Այս պատկերին զուգահեռ՝ մեծ ներուժով ընթացք առած մամուլի պատերազմը կ՚ընթանար յաճախ աւելի մեծ սոսկումի աղաղակ հանելով ու մերթ ալ աղերսելով ողջ աշխարհին, որպէսզի գայ եւ օգնութեան ձեռք մեկնէ վիրաւոր Արցախին։

Ստեփանակերտը կը դատարկուէր իր բնակիչներէն։ Լրագրողներէն շատ-շատեր, որոնք գալիքը նախատեսած ըլլալու հեռատեսութեամբ հասած էին Շուշի եւ նկարուած Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ դիմաց, կը քաշուէին դէպի ետեւ՝ այս անգամ Գորիսը ընտրելով իբրեւ դարպաս եւ «աշխատավայր»։

Արաբական, ֆրանսական, իտալական, թրքական եւ ամերիկեան կայաններ լրագրական նիւթեր կը պատրաստէին պատերազմական իրավիճակին մասին։ Մինչ հայկական կողմը անվիճելիօրէն կը շարունակէր տարածել «Յաղթելու ենք» յանկերգ-լոզունգը, անդին եւ ի մասնաւորի «Twitter»ի վրայ շատ մեծ արագութեամբ կը տարածուէին Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ տարածուած տեսանիւթերը, ուր կ՚երեւէին, թէ ինչպիսի ահագնութեամբ եւ ինչպիսի ահռելիութեամբ հայ զինուորները մէկիկ-մէկիկ կ՚իյնային «Պայրաքթար»ներու հարուածներու տարափին տակ։ Զոհերը կ՚աւելնային եւ միւս կողմէ ալ աւելիով կ՚աճէր պատերազմի հռետորաբանութիւնը՝ աշխարհը իրար անցընելով, հայ-թուրք թնճուկին մասին տեղի-անտեղի խօսքեր տարածելով, նոյնիսկ Եւրոպայի Թուրքիոյ կողմէ գրաւուելու մասին «մարգարէութիւններ» լսելի դարձնելով։ Այդ «մարգարէութիւններ»ու գլխաւոր հեղինակը, անշուշտ, Նիկոլ Փաշինեանն էր, որ աւելի ուշ պիտի ընդունէր, թէ սխալներ գործած էր, սակայն այդ սխալներուն համար երբեք ալ պարտաւոր չէր զգար լքել իշխանական աթոռը։

Մեծ աղմուկներու, անորոշութեան եւ վախի մթնոլորտի մը մէջ յետմիջօրէ մըն ալ (հաւանաբար նոյեմբերին) արդէն լսելի կը դառնար՝ մինչ այդ բերդաքաղաք համարուող ու անկէ ետք ալ «տժգոյն», հետեւաբար «անպէտք» քաղաք Շուշիի անկման լուրը։ Յետոյ նոյեմբեր, ստորագրութիւն՝ եռակողմանի ձեւաչափով, ներքին լարում, թէժ գիշեր... Վիրաւորներ եւ դարձեալ նոր առաւօտ։ Փաշինեան, որ պատերազմի «ծանրութիւն»ը չէր զգացած կամ հաւանաբար ուզած էր ցոյց տալ, որ չէր զգացած, իր հրանօթները կը լարէր դարձեալ դէպի ներս՝ բանալով նոր ռաունտը ներքին քաղաքական լարումի մը, որ շատ հաւանաբար գալիք օրերուն ալ մարմին կրնայ ստանալ։ «Ձեր մօտ այդ մէկը լաւ կը ստացուի...»։ Խօսքը եգիպտացի լրագրողինն էր, որ հասած էր Երեւան լուսաբանելու համար փողոցի շարժումը, ցոյցերը եւ մեծ լարումները։ Իսկ անոր ակնարկածը, շատ հաւանաբար, այն մասին էր, թէ մենք՝ հայերս աւելի ընդունակ ենք «զիրար յօշոտելու», քան այս պարագային մեր տան «ծակեր»ը աղիւսով պատելու ու աւելին՝ մեր արիւնոտ վէրքերը սպիացնելու։

Ամենագէշ զոհը այս պատերազմին, անշուշտ, ճշմարտութեան մահն էր։ Անոր գալուստը տակաւին երկարօրէն պիտի յամենայ՝ մանաւանդ, որ քաղաքական դաշտի առկայ խաղացողներէն ոչ ոք պատրաստ է ճանապարհ բանալու, իրաւացիօրէն ու անկեղծօրէն խօսելու ու ներկայացնելու, թէ ի՛նչ հանգամանքներու բերումով հայկական կողմը կրեց այսքան ցաւոտ ու այսքան աննկարագրելի մեծ պարտութիւն մը։ Հասկնալի է, անշուշտ, Հայաստանի ընդդիմութեան մօտեցումը, թէ մինչեւ այս պահը չկարողացաւ ընկալել, որ ի՛նչ պայմաններու եւ ի՛նչ իրական պատճառներու հետեւանքով պարտութիւն կրեց անցեալ յունիսի ընտրութիւններուն մէջ։ Սակայն, հասկնալի չէ ու նոյնիսկ անբացատրելի է՝ գործող իշխանութեանց ու Փաշինեանի շուրջ համախմբուածներուն ամէն գնով իշխանական աթոռէն կառչած մնալու մօտեցումը, որ բոլոր առումներով ալ խորթ է, եթէ հաշուի նստիլ փորձենք պատերազմին թողած հետեւանքներուն ու մեծ արհաւիրքին հետ։

Բոլոր առումներով ծանր, սեւ, ցաւոտ պատերազմի մասին գրելու պահուն անկարելի է չխօսիլ հայկական կողմի, Հայաստանի, նաեւ սփիւռքի վերցուցած հռետորաբանութեան դրօշակին մասին։ Այդ հռետորաբանութիւնը երեսուն տարուան մեծ ձախողութիւններուն հանրագումարն է։ Հռետորաբանութիւն, որ այսօր աւելի քան որեւէ ժամանակ լեցուն է մեծ վտանգներով ու ականադաշտի վերածած է մեր ամէնօրեայ կեանքը։ Ի վերջոյ դէպի ո՞ւր պիտի վազենք մենք։ Ո՞ւր պիտի նետուին մեր քայլերը եւ մինչեւ ո՞ւր բարեկամն ու թշնամին պիտի մեղադրենք, որ այսպիսի ծանր օրուան մը հասանք։

Ծանր վիշտը փարատող, ամոքող, մաքրող վէրքերը բուժող հոգեբանական ազդակ է։ Մենք այդ վիշտէն չենք ուզեր սորվիլ։ Ծանր կորուստը, հեռացումը, կարօտը, մեզ կոփող, մեզ պատրաստող, մեզ ոտքի պահող ներուժ մը ունի։ Այդ կորուստներէն, սակայն, սորվելու ընդունակութիւնը վաղուց անտես ըրած ենք։ Ծանր դասը, ապտակը, հարուածը, բոլորն ալ սթափեցնող երեւոյթներ են, սակայն, մենք չենք սորված պատմութեան ապտակներէն ու մեր փրկութեան լաստը կամրջած ենք «հայու վերջին խելք» համարուող րոպէական տրոփիւններով, որոնց արդիւնքը հետեւաբար նաեւ քաղցրութիւնն ու ապահովութիւնը կրնան շատ արագ մաշիլ։ Հոգեմաշ վիճակի մէջ ենք այսօր, որովհետեւ այն սարսափը, որ մենք ապրեցանք ու այն մահը, որուն համար մեր ձեռքերով տուինք դեռատի կեանքեր, տակաւին կը հալածէ մեզ։ Ոտքի չենք, շուարած ենք, անհանգիստ ենք ու ամենակարեւորը՝ կորսնցուցած ենք կայմը պահելու ընդունակութիւնը։ Ռուսը, թուրքը, իրանցին եւ ատրպէյճանցին պաշարած են մեզ՝ կը հաւատանք, սակայն, մոռցած ենք, թէ մեր հոգին պաշարողը եւ մեր միտքը բանտարկողը, մեզ սպառողը եւ մեզ ներսէն «ուտող»ը, այո՛, մենք ենք։

Լուծումներ ունի՞նք այս բոլորին համար։  Հաւանաբար ունենանք։ Լուծումներ կրնա՞նք յօրինել։ Այո՛, կրնանք՝ պայմանաւ, որ նորէն մտածենք, նորէն «ապրինք» այդ մեծ ցաւը, նորէն վերյիշենք ու ամենակարեւորը՝ նորէն սորվինք։ Ժամանակը մեր կողքին չէ, մեր հոգիի քղանցքներուն է իսկ մենք հրեշտակներու սեռը ճշդելու փոխարէն գէթ այս անգամ ճանչնանք, թէ ո՛վ ենք մենք, ի՛նչ կ՚ուզենք եւ դէպի ո՛ւր կը քալենք։

Այլապէս...

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2021