ԱԶԳԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ, ՈՐ ԹԱՐԳՄԱՆԻ ՍՐԲԱՊՂԾՈՒԹԻՒՆ
Ընթերցողը այս գրութեան ընկերակցող նկարը տեսնելով պիտի հասկնայ կամ փորձէ հասկնալ սոյն գրութեան վերնագիրին դրտապատճառը: Ուրիշներ, շատ բնական պիտի համարեն նկարին մէջ տեղ գտած երեւոյթը: Պիտի գտնուին ոմանք ալ, որոնք պիտի քննադատեն կամ դատապարտեն սոյն գրութիւնը, զայն համարելով չափազանցութիւն: Բոլորին կարծիքներն ալ յարգելի են, սակայն ճշմարտութիւնները պէտք չէ քօղարկել մեր կարծիքներով կամ մեր ընկալումներով, մանաւանդ երբ այդ կարծիքներուն եւ ընկալումներուն հիմքը մեր զգացումներն են, ազգային ըլլան անոնք կամ մշակութային, կամ կեղծ հոգեւոր: Ժամանակն է այլեւս քիչ մը նախանձախնդրութիւն ցուցաբերելու մեր սրբութիւններուն, արժէքներուն ու սրբազան աւանդներուն ու գանձերուն նկատմամբ:
Արդարեւ, անցնող կիրակի, 19 սեպտեմբեր 2021-ին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին մանաւանդ Սփիւռքի մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, ինչպէս եղած է տարիներու աւանդութիւնը, կատարեց Հանրապետական Մաղթանք ի բարօրութիւն, ի պանծացումն եւ ի հզօրացումն Մայր Հայրենիքին՝ Հայաստանին, Մայր Հայաստանի անկախացման տօնին առիթով:
Այս ծիրէն ներս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ գործող հայկական եկեղեցիներէն մէկուն մէջ մատուցուած Սուրբ Եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, Սուրբ Սկիհը՝ որու մէջ կը դրուին մեր Տէր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Մարմինն ու Արիւնը, Եռագոյն դրօշով պատրաստուած ծածկոցով մը ծածկուած էր…
Բնական միտքը անզօր կը մնայ արտայայտուելու…
Այս ո՞ւր հասած ենք, Եկեղեցին ակումբի՞, թէ՞ մշակութային հանդիսասրահի մը վերածած ենք:
Այս ի՞նչ անյարգալից վերաբերմունք է Անոր նկատմամբ՝ Որուն տան մէջ կը գտնուինք:
Այս ի՞նչ լպիրշ կեցուածք այն Սրբութեան նկատմամբ, որ մեր յաւիտենականութեան, մեր անմահութեան գրաւականն է:
Այս ի՞նչ ամօթանք մեր քրիստոնեայ կոչումին, մեր՝ Քրիստոսի անունը կրելուն:
Այս ի՞նչ քաղքենիութիւն, որ քաղքենիութենէ աւելի անպատկառութիւն է:
Այս ի՞նչ «ազգասիրութիւն»՝ ազգասիրութիւնը նսեմացնող:
Ազգասիրութի՞ւն կ՚ուզենք խաղալ, ապա ո՛չ մեր Տէր ու Փրկիչին մեզի համար զոհագործուած Մարմինով եւ Արիւնով:
Ազգասիրութի՞ւն կ՚ուզենք խաղալ, ապա ո՛չ Եկեղեցւոյ սրբազան խորաններէն… Արդէն բաւարար է, թէ ինչքանով մեր եկեղեցիները եկեղեցիներէ աւելի ակումբներու վերածած ենք…
Ազգասիրութի՞ւն կ՚ուզենք խաղալ, ապա ազգասիրութիւնը այսպիսի երեւոյթներով չէ՛ որ ի յայտ կու գայ, այսպիսի երեւոյթները պարզապէս վրդովմունք ու արգահատանք կը յառաջացնեն:
Ազգասիրութի՞ւն կ՚ուզենք խաղալ, ապա փոխանակ նմանատիպ իմաստակութիւններով զբաղելու, հայրենադարձութեամբ զբաղինք՝ դառնալով այդ գործընթացին ռահվիրաները:
Ազգասիրութի՞ւն կ՚ուզենք խաղալ ի վերջոյ, երթանք մեր երկրի սահմանները պաշտպանենք, մեր զինուորներուն կողքին կանգնինք, ո՛չ թէ նման երեւոյթներով մեր սրբութիւնները անպատուենք եւ ապականենք:
Մեր Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Մարմինն ու Արիւնը՝
- ո՛չ թէ ազգասիրութեան կամ հայրենասիրութեան առարկայ են, այլ՝ փրկութեան եւ յաւիտենական կեանք մուտք գործելու անցագիր:
- ո՛չ թէ ազգասիրութեան կամ հայրենասիրութեան միջոց են, այլ՝ մեղքերու քաւութեան ու թողութեան:
- ո՛չ թէ ազգասիրութեան կամ հայրենասիրութեան գործօններ են, այլ՝ բարօր կեանք մը ապրելու երաշխիք՝ հեռու ամէն տեսակի աշխարհիկ խժդժութիւններէ:
- ո՛չ թէ ազգասիրութեան կամ հայրենասիրութեան ազդակներ են, այլ՝ ինքնաքննութեան, ինքնաճանաչողութեան եւ ինքնամաքրումի գրաւականներ:
Վերոնշեալները ճիշդ կերպով ըմբռնելէ ու կեանքի կոչելէ ետք է միայն, որ ինչո՞ւ չէ, մեր Տիրոջ Սուրբ Մարմինն ու Արիւնը մեր ազգասիրութեան ու հայրենասիրութեան տարբեր իմաստ ու նշանակութիւն կը հաղորդեն:
Սուրբ Սկիհին ծածկոցը պէտք է ըլլայ արժան եւ իրաւ այն Սրբութիւններուն, որոնք տեղ գտած են այդ սրբազան սպասքին մէջ:
Սուրբ Սկիհին ծածկոցը վայել պէտք է ըլլայ Անոր՝ որ Սուրբ Սկիհին մէջ կը հանգչի:
Սուրբ Սկիհին ծածկոցը դրօշներ՝ որեւէ մէկ երկրի ցուցադրելու կամ այդպիսի արարքով մը զգացումներ շարժելու առիթ ու դրդապատճառ պէտք չէ ըլլայ:
Իւրաքանչիւր տուն ի՛ր օրէնքներն ու սրբութիւնները ունի, եւ մարդիկ պարտաւոր են հնազանդելու ու յարգելու տուեալ տան օրէնքներն ու սրբութիւնները: Այս պարագային, տունը՝ Արարիչ Աստուծոյ տունն է, եւ առ այդ, մեզմէ իւրաքանչիւրը պարտաւոր է յարգել տան Տիրոջ, հնազանդիլ ու յարգել այդ տան օրէնքներն ու սրբութիւնները, իսկ նմանատիպ երեւոյթներով, այսօր եռագոյն դրօշակը, վաղը Արցախինը, միւս օր Ամերիկայինը, մէկ ուրիշ օր մըն ալ Լիբանանինը, եւ այսպէս շարունակ… ո՞ւր կը հասնինք, այդքա՞ն դատարկուած ենք մեր արժէքներէն, այդ ե՞րբ այսքան անյարգալից ու անկիրթ դարձած ենք մեր սրբութիւններուն նկատմամբ:
Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին սպասարկող սարկաւագը երբ Սուրբ Սկիհը խորհրդարանէն կը հանէ, վեր կը բարձրացնէ դէպի հիւսիս նայելով ու կ՚ըսէ.
«Արեւին մէջ Ան Իր վրանը լարեց, իսկ Ինք՝ ըսես փեսայ մը ըլլայ, որ առագաստէն կ՚ելլէ» (Սղ 18:6):
Դէպի արեւելք դառնալով՝ կ՚ըսէ.
«Ճանապարհ բացէք Անոր համար, ով երկինքներու երկինքին մէջ կը նստի, արեւելեան կողմը» (Սղ 67:34):
Յետոյ հարաւային կողմը հասնելով՝ կ՚ըսէ. «Աստուած հարաւէն կու գայ եւ Սուրբը՝ Փառան լեռնէն. բոլոր ապրողները, իրենց գործերը մէկ կողմ ձգելով, թող օրհնեն Տիրոջը» (Բ. Օր 33:2):
Երբ վերաբերումին թափօրը Սուրբ Սեղանին առջեւ կը հասնի, սարկաւագը կը մօտենայ անոր՝ քօղարկուած Սկիհը բարձր բռնած: Պատարագիչը Սուրբ Սեղանը եւ Սկիհը խնկարկելէ ետք, սարկաւագին հետ փոխն ի փոխ, երկու անգամ փառաբանական սաղմոս կ՚ըսէ:
Նախ՝ սարկաւագը կ՚ըսէ.
«Ո՛վ իշխաններ, ձեր դռները վեր բարձրացուցէք եւ յաւիտենական դռները թող վեր բարձրանան, ու փառքերու Թագաւորը պիտի ներս մտնէ» (Սղ 23:7):
Պատարագիչը խնկարկելով կը հարցնէ.
«Ո՞վ է այս փառքերու Թագաւորը, զօրութիւններու հզօր Տէրը, պատերազմի մէջ զօրեղ Տէրը» (Սղ 23:8): Այսպէս երկու անգամ կը կրկնուի, իսկ երրորդ անգամ սարկաւագը, Սկիհը քահանային յանձնելով՝ կը պատասխանէ.
«Սա Ի՛նքն է փառքերու Թագաւորը»:
Պատարագիչը Սկիհը սարկաւագէն վերցնելով՝ վեր կը բարձրացնէ, կ՚օրհնէ ժողովուրդը՝ «Օրհնեալ եկեալ անուամբ Տեառն, օրհնութիւն ի բարձունս» խօսքերով կը խաչակնքէ ու ապա զգուշութեամբ եւ երկիւղածութեամբ՝ ահով ու դողով Սուրբ Սեղանին վրայ կը դնէ:
Կը պատկերացնէք ի՜նչ սրբազան վայրկեաններ են, ի՜նչ սրբազան ու խորհրդաւոր խօսքեր են, որոնցմով կը փառաբանուի «փառքերու Թագաւորը», «տէրերու Տէրը», «աստուածներու Աստուածը», «զօրութիւններու հզօր Տէրը» եւ «պատերազմներու մէջ զօրեղ Տէրը»: Ի՜նչ նուիրական պահ, երբ սարկաւագը իր մահկանացու ձեռքերով կը բարձրացնէ Անմահ Թագաւորին Սուրբ Մարմինն ու Սուրբ Արիւնը, եւ բերելով կը յանձնէ պատարագիչ քահանային, որ «երկիւղածութեամբ, ահով ու դողով Սուրբ Սեղանին վրայ կը դնէ»:
Ընթերցողը հիմա թերեւս կրնայ հասկնալ ու ըմբռնել այս գրութեան պատճառը եւ թէ ինչո՞ւ համար այսքան ընդվզումով ու վրդովմունքով է, որ կ՚արտայայտուիմ: Միւս կողմէ, ներող թող ըլլան առարկողները, որոնք կը փորձեն ըսել, թէ Եռագոյնը այս բոլորը չի՛ կրնար խանգարել: Պահ մը դուք ձեր ներքին անձին հարցուցէք, եւ փորձեցէք գէթ մէկ անգամ անկեղծ ըլլալ, մէկդի ձգելով ամէն տեսակի զգացողութիւն կամ զգայութիւն: Եռագոյն դրօշակը ո՛չ միայն կը խանգարէ, այլ՝ հաւատացեալներուն՝ Սուրբ Պատարագին մասնակից, ուշադրութիւնը ամբողջութեամբ կը շեղէ, ու անուղղակի կերպով եւ ակամայ հաւատացեալները անարգելու ու անպատուելու մեղքին մէջ կը նետէ, որովհետեւ Ճշմարիտը, Յաւիտենականը, Անմահը ձգած ժամանակաւորին ու անցաւորին մասին կը մտածենք ու մեր ուշադրութիւնը ամբողջութեամբ այն կողմ կը կեդրոնացնենք:
Այս երեւոյթը ո՛չ միայն անարգանք է մեր Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսին, այլեւ նոյնինքն մեր Եռագոյն դրօշակին: Ինչպէս վերը նշեցի, իւրաքանչիւր տուն ունի իր օրէնքներն ու սրբութիւնները, ու այս առումով Եռագոյն դրօշակին տեղը Սուրբ Սկիհին վրայ չէ, Եռագոյն դրօշակը արժէք է այն ժամանակ, երբ իրեն պատշաճ ու յարմար տեղը կը գործածուի, այլապէս կը վերածուի անարժէք եւ անկարեւոր կտորի մը, որ իր վրայ գոյներ կը կրէ:
Դժբախտաբար մեր տգիտութիւնն ու անհասկացողութիւնը Ազգային Եկեղեցի յորջորջումին, մեզ անդունդի եզրին հասցուցած է եւ եթէ լուրջ ու խիստ արձագանգ չստանայ այս երեւոյթը, կրնայ ընդհանրանալ եւ դուռ բանալ բազմաթիւ այլ անյարգալից երեւոյթներու: Ազգային Եկեղեցի «ըլլալու» հանգամանքը դեռ եւս չի՛ նշանակեր, որ մեր եկեղեցիները վերածենք ակումբներու, հանդիսասրահներու, մշակութային կեդրոններու: Խօսքս չի՛ վերաբերիր բոլոր այն ձեռնարկներուն, որոնք մեր եկեղեցիներէն ներս կը կատարուին պարտ ու պտաշաճ կերպով, առանց պատշաճութեան սահմաններն ու կարմիր գիծերը անցնելու: Խօսքս կը վերաբերի ա՛յս ու նմանատիպ ամօթալի երեւոյթներու, որոնք ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ սրբապղծութիւն, անյարգալից վերաբերմունք թագաւորներու Թագաւորներուն եւ աստուածներու Աստուածին, մեր Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսին նկատմամբ:
Անձնական քմահաճոյքի դրսեւորումները պէտք չէ՛ պատճառ ու առիթ հանդիսանան գայթակղութիւններու եւ մարդոց ակամայից մեղքի ճիրաններուն մէջ նետելու, պէտք չէ առիթ հանդիսանան, որ արժող ու չարժող մարդիկ սկսին քարկոծել մեր Սրբազան Եկեղեցին, որ բազմահազար եւ նոյնիսկ միլիոնաւոր նահատակներու արեամբ է օծուած ու դարեր շարունակ գոյատեւած՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսի շնորհքով ու օրհնութեամբ:
Զգաստանանք, ուշքի գանք «ազգայնամոլութեան» այս խոր թմբիրէն եւ մեր սրբութիւնները շուներուն չտանք, ու մեր մարգարիտները մեր ձեռքերով խոզերուն դիմաց չնետենք (տե՛ս Մտ 6.6):
Ի վերջոյ այս երեւոյթը ազգասիրութիւն չէ՛, հայրենասիրութիւն չէ, Հայրենիքին նկատմամբ յարգանքի ու ջերմեռանդութեան դրսեւորում չէ, այլ՝ պարզապէս ՍՐԲԱՊՂԾՈՒԹԻՒՆ է, այն ալ գերագոյն աստիճանի սրբապղծութիւն:
Յ. Գ. Այստեղ ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնեմ մի քանի մտածումներ Սուրբ Հաղորդութեան ու Սուրբ Սկիհին մասին, որ ա՛լ աւելի յստակ ու պարզ դառնայ այս երեւոյթին անդրադառնալուս դրդապատճառները:
- Սուրբ Գրիգոր Նազիանզացին կ՚ըսէ. «Այնպէս մօտեցիր Ս. Հաղորդութեան՝ ահաւոր Սկիհին, որ կարծես թէ կը խմես Յիսուսի կողէն»:
- Սուրբ Մակար Մեծ այսպէս կ՚ըսէ. «Ան որ թեթեւութեամբ կը վարուի այս Խորհուրդին (Սուրբ Հաղորդութեան) հետ, արդարեւ խաւարային ուժերը կ՚ազդեն իր վրայ, որով ինքն իր կամքով Կեանքէն կը հեռանայ»:
- Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ կ՚ըսէ. «Տիրոջ մարմինին ու արեան միջոցով տանջանքներէն պիտի ազատուինք՝ արքայութեան ժառանգորդ պիտի ըլլանք»:
- Սուրբ Կիպրիանոս Կարթագենացին այսպէս կ՚ըսէ. «Միասին հաւաքուած, աղցուած եւ հնձուած սերմնահատիկները մէկ հաց կը կազմեն: Այդպէս է նաեւ պարագան Քրիստոսի, որ Երկնաւոր Հացն է. մենք մէկ մարմին կը տեսնենք, որու մէջ կապուած եւ միացած է մեր բազմութիւնը»:
- Սուրբ Յովհան Մանդակունի Հայրապետ կ՚ըսէ. «Տէրունական Սուրբ Մարմինին մօտենալը սուրբերուն համար լոյս է, որ կը լուսաւորէ հոգիով մօտեցողները, իսկ պիղծերուն համար՝ կրակ է, որ կ՚այրէ ու կ՚ապականէ մեղքով մօտեցողները»:
- Սուրբ Եփրեմ Ասորին կ՚ըսէ. «Քու խօսքդ Տէ՛ր, թող բանայ կուրցած աչքերս։ Իմ Փրկի՛չ Աստուած, լուսաւորէ՛ մեր սիրտի աչքերը՝ սիրելու Քեզ եւ միշտ սիրով Քու կամքդ կատարելու։ Ահաւասիկ Քու արեանդ ահաւոր բաժակը լոյսով ու կեանքով լեցուն է։ Մեզի իմաստութիւն եւ լուսաւորութիւն շնորհէ՛, որպէսզի հաւատքով, սիրով ու սրբութեամբ մօտենանք անոր, եւ անիկա մեզի համար մեղքերու թողութիւն ըլլայ ու Դատաստանին Օրը դատապարտութիւն չըլլայ»:
- Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին կ՚ըսէ. «Ո՛չ միայն աղօթել պէտք է Սուրբ Պատարագի ընթացքին, այլ նաեւ հաղորդուիլ փրկական խորհուրդով. որովհետեւ, հաղորդուողներուն մեղքերու թողութիւն տուաւ եւ ոչ թէ՝ չհաղորդուողներուն»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
21 սեպտեմբեր 2021, Վաղարշապատ