«ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԱՅՔԱՐ» (ՊԱԻՍԻՈՍ ԱԹՈՍԱՑԻ)

-Եառոնտա. ինչպէ՞ս կարելի է օգնել անկիրթի մը, որ կը յառաջանայ իր անկրթութեան մէջ, որովհետեւ ուշադրութիւն կը դարձնեն անոր:

-Եթէ իմ սէրս չօգնէր անոր եւ հոտառութիւնս անոր նկատմամբ արդիւնք չի տար, ապա կապս կը կտրեմ անոր հետ եւ կը ստիպուիմ անոր հետ գործ չունենալ: Սովորաբար, երբ առաքինի վարք ցոյց կու տան քեզի, կը փոխուիս ու կը փափկանաս. անցեալին այդպէս պատահեցաւ մէկու մը հետ: Սկիզբէն ստիպուեցայ -իրեն օգնելու համար- անոր պատմել մի քանի աստուածային դէպքեր, զորս ապրած էի: Սակայն, փոխանակ խոնարհելու եւ Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնելու այս մխիթարութեան համար, անկրթութեամբ վարուեցաւ: Այն ատեն խիստ կեցուածք որդեգրեցի անոր նկատմամբ, ու որոշեցի հեռուէն՝ աղօթքով օգնել անոր: Այդ մէկը ըրի՝ զինք սիրած ըլլալուս համար, նկատի ունենալով, որ միակ կերպն էր անոր օգնելու:

-Եառոնտա. իսկ եթէ հասկնայ իր սխալը ու ներողութիւն խնդրէ:

-Այդ պարագային կրնանք հասկացողութեան գալ, հակառակ պարագային կապս կը կտրեմ անոր հետ: Առաքինի եւ խոնարհ մարդը անկրթութեամբ չի՛ վարուիր: Սկիզբը բոլորին հետ հանգստութեամբ եւ պարզութեամբ կը վարուիմ: Կաշկանդուած չեմ վարուիր, վախնալով որ դիմացինիս ուժ կու տամ, որով կը վնասեմ զինք: Սիրոյ մթնոլորտի մը մէջ կ՚օգնեմ ուրիշին, որ առիթ կու տայ անոր ներքնապէս աճելու եւ ապա կը թուեմ իր սխալները: Ուրիշը եղբայր, հայր կամ մեծ հայր կը նկատեմ՝ նայած տարիքին: Կը փորձեմ դուրս հանել միջատները, կարիճներն ու օձերը իրենց բոյներէն եւ կ՚օգնեմ անոր, որպէսզի սպաննէ զանոնք: Այս միջատները, կարիճներն ու օձերը այն քմահաճոյքներն են, որոնք կը տիրեն մարդուն: Իսկ եթէ անտարբերութիւն եւ ո՛չ յարգալից վերաբերմունք նկատեմ վերաբերմունքին նկատմամբ, կամ շահագործում՝ սիրոյ եւ պարզութեանս, եւ եթէ անոր վերաբերմունքը անկրթութեամբ դրսեւորուի, ապա հանդարտութեամբ կը քաշուիմ…

Անգամ մը, Սդոմիոյ վանքին մէջ երիտասարդ մը որդեգրեցի օգնելու եւ սորվեցնելու համար անոր ատաղձագործութիւն: Զինք եղբայր նկատեցի եւ լաւ վերաբերմունք ցուցաբերեցի անոր նկատմամբ: Սակայն, նկատեցի որոշ բաներ, որոնք անհանգստացուցին զիս: Անգամ մը հարցուցի անոր.

-Ժամը քանի՞ է:

Պատասխանեց.

-Ուղեղիդ շնորհիւ ժամը շուտ կ՚անցնի:

Այն ատեն ես ինծի ըսի.

-Այսպէս շարունակելը ո՛չ մէկ իմաստ ունի: Պէտք է կամաց-կամաց «ուղեղս» հաւաքեմ, քանի որ անոր օգուտ չի՛ տար:

Եթէ այս երիտասարդը անձնուրաց ըլլար, ապա պէտք է ան խոնահ դառնար իմ ցուցաբերած վերաբերմունքէս, սակայն ան չհասկցաւ զիս, եւ ինքն իրմէ հեռացաւ ու չստիպուեցաւ վռնտել զինք:

Տեսա՞ր. համբերութիւնն ու սէրը անկիրթը աւելի անկիրթ կը դարձնեն, իսկ անձնուրացը՝ աւելի անձնուրաց:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՉԶՂՋԱՑՈՂ ՄԱՐԴՈՒՆ ԿԸ ՎՆԱՍԷ

-Եառոնտա. կը յիշեմ, անգամ մը խստութեամբ յանդիմանեցիր զիս…

-Նոյնը պիտի կրկնեմ, եթէ անհրաժեշտ ըլլայ, որպէսզի միասնաբար դրախտ երթանք: Ուշադիր եղիր. սկիզբը ենթահող կը պատրաստեմ, որպէսզի դիմացինս հասկնայ յանդիմանութեան կարեւորութիւնը, եւ ապա կը յանդիմանեմ զինք:

Երբ կը տեսնեմ, որ մէկը մեծ սխալ մը կը գործէ, կը յադիմանեմ զինք եւ վատ մարդ կ՚ըլլամ: Սակայն, բոլոր մարդոց քմահաճոյքները պէտք է հանգստացնեմ, որպէսզի յարաբերութիւնս անոր հետ լաւ ըլլայ ու բոլորս դժոխք երթանք: Խիղճս չի՛ տանջեր զիս երբեք, երբ ոեւէ մէկը կը յանդիմանեմ կամ անոր նկատողութիւն մը կ՚ընեմ, քանի որ ինչ որ կ՚ընեմ սէրէն մղուած է եւ այդ մարդուն բարիքին համար: Այդ պատճառով խղճահարութիւն չեմ զգար եւ կ՚երթամ ու Սուրբ Խորհուրդներուն կը մասնակցիմ առանց կարիք ունենալու խոստովանութեան: Ընդհակառակը, կը զգամ ուրախութիւն եւ մխիթարութիւն, որոնք հոգիին փրկութիւնն են:

-Եառոնտա. կը թուի ինծի, թէ մխիթարութեան ոճով կը խօսիս հետս. ատոր պատճառը խօսքի մէջ խստութեան չկարենալ դիմանալս է, կամ ինձմէ խնդրած ես գործ մը կատարել, սակայն չեմ գործած զայն, ու ատոր համար ալ զիս իմ կամքիս ձգեցիր:

-Ո՜վ օրհնեալ հոգի, հոգիիդ փրկութեան հե՞տ պիտի խաղամ: Երիտասարդը փորձեր կը կատարէ, իսկ ծերը համբերութիւն ունի եւ իմաստութիւն: Հանգիստ եղիր: Եթէ սխալ մը նկատեմ քու վրայ, պիտի չլռեմ այդ մասին:

Երբ կը տեսնեմ գերզգայուն կամ անհանգիստ հոգի մը՝ որ յանցաւոր կը զգայ, կը մխիթարեմ զինք՝ արգիլելու համար անոր յուսահատութեան մէջ իյնալը: Իսկ եթէ քարի նման կարծր սիրտ մը տեսնեմ, ապա խստութեամբ կը խօսիմ անոր հետ, որպէսզի դաժանութեամբ ցնցեմ զինք:

Որճրագործութիւն գործած չե՞մ ըլլար, երբ տեսնեմ մէկը, որ դէպի անդունդ կ՚երթայ, ու ես անկէ խնդրեմ, որ շարունակէ իր յառաջանալը: Ինչպէ՞ս անտեսեմ գէշ բան մը, առանց ուշադրութիւն դարձնելու ատոր: Ինչպէ՞ս արտօնեմ ես ինծի մարդու մը դժոխք երթալը, առանց զգուշացնելու կամ ազդարարելու զինք: Պատասխանատուութիւնը երբեմն քեզ կը մղէ գոռալու: Ինծի համար աւելի լաւ է լուռ մնալս, սակայն պատասխանատուութիւնը կ՚արգիլէ զիս այդ բանը ընելէ:

Եթէ վատութեամբ վարուիս հետս, կը ներեմ քեզի: Եթէ դարձեալ կրկնեցիր նոյն վատութիւնը, դարձեալ կը ներեմ քեզի: Կը ներեմ քեզի՝ որով կը հանգստանամ, սակայն եթէ չուղղուիս այս ներելու համար, ապա ատիկա ծանր բան մըն է: Իսկ եթէ վերջնականապէս անկարող դառնամ այդ հարցին մէջ, այդ ուրիշ պարագայ է: Փորձէ ինչքան կրնաս ուղղութեան գալ:

Մարդ կրնայ մեղանչել, սակայն կը զղջայ, կու լայ ու ամչնալով ներողութիւն կը խնդրէ եւ կը պայքարի, որպէսզի ուղղութեան գայ. այստեղ կը կայանայ ինքնագիտակցութիւնը: Եւ խոստովանահայրը պէտք է ներէ անոր: Իսկ եթէ չզղջայ ու շարունակէ նոյն ընթացքով, ապա խոստովանահայրը չի՛ կրնար խնդալ անոր երեսին, քանի որ լաւ վերաբեմունքը կը վնասէ չզղջացող մարդուն:

ՈՒՐԻՇԻՆ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՐԳԵԼ

-Եառոնտա, կրնա՞յ պատահիլ, որ մէկը իր մեղքերէն մէկը ծածուկ պահէ իր խոստովանահայրէն:

-Այո. ենթադրենք, որ խոստովանահայրը իմացաւ այդ մեղքի մասին, ո՛չ մէկ օգուտ կայ զայն յայտնելէն: Շատ յաճախ մէկու մը վարմունքէն կը հասկնամ, թէ ան բան մը ըրած է եւ կամ որոշ ձեւով վերաբերած է բանի մը, ոչինչ կ՚ըսեմ անոր՝ առ ի յարգանք, եւ անոր ազատութիւն կու տամ, որպէսզի անձնապէս խոստովանի: Ո՛չ մէկուն պիտի չյայտնեմ իր գործած մեղքին մասին, զոր ինք չ՚ուզեր յայտնել, որովհետեւ այդ բանը անարգանք կը համարեմ: Ինչպէ՞ս կրնանք ուժ գործադրել ուրիշին նկատմամբ. այս պարագային ի՞նչ կը նշանակէ ազատութիւնը: Կը միջամտեմ այն պարագային, երբ կը նկատեմ, որ վտանգ մը կը սպառնայ այդ մարդուն եւ ուրիշ միջոց չկայ այլ մարդէ մը օգնութիւն ստանալու, որով ձեւ մը կը գտնեմ զգուշացնելու եւ ազդարարելու: Աւելի լաւ է, որ այնպէս ընես, որպէսզի դիմացինդ հասկնայ իր յանցանքը, եւ ինքնաբերաբար իր հին մարդուն զարնէ, որով աւելի քիչ կը ցաւի:

Երեխան որ գետին կ՚իյնայ՝ կու լայ, սակայն անոր լացը ա՛լ աւելի կ՚աւելնայ, երբ իր իյնալուն պատճառը այլ երեխայ մը ըլլայ: Ոչ մէկուն որեւէ մէկ բան մի՛ ըսեր, որպէսզի ընէ՝ եթէ դուն ըսածդ չես ըներ: Ընդհանրապէս մարդոց ինչ որ կ՚ըսեմ որ ընեն, ըսածիս կրկնապատիկին կրկնապատիկը կ՚ընեմ, ու միշտ կը մտածեմ, թէ ինչ ըսի:

Յանդիմանութիւնը միշտ քեզի մտերիմ կամ ծանօթ մարդու մը հետ պէտք է ըլլայ: Խոստովանահայրը պէտք է տեսնէ, թէ ի՛նչ իրաւունք տուած է իրեն իր դիմացինը եւ ի՛նչ պատասխանատուութիւն ունի անոր նկատմամբ, եւ ըստ այնմ գործի անցնի: Երբ այդ հոգիին պատասխանատուութիւնը կը վերցնէ, կրնայ յանդիմանութեան դիմել, սակայն պէտք է զանազանութիւն դնէ անձի մը եւ ուրիշ անձի մը միջեւ: Եթէ դիմացինդ իրաւունք չտայ քեզի, ապա պէտք չէ յանդիմանես զինք ու վարպետի դեր խաղաս: Կը նմանի այն մարդուն, որ խուցս կը մտնէ եւ առանց հարցնելու ինծի իրերս ամբողջութեամբ իրար կ՚անցնէ:

ԽՈՍՏՈՎԱՆԱՀՕՐ ՍԷՐԸ ԽՈՍՏՈՎԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԻՄՈՂԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ

Խոստովանահայրը, որ Աստուծմէ շնորհք ստացած է, կը սիրէ հոգին ու կը ցաւի անոր համար, որովհետեւ գիտէ անոր մեծ արժէքը: Կ՚օգնէ անոր զղջացած ընթացքին ու կ՚ազատագրէ զինք խոստովանութեամբ, կ՚ազատէ զայն մտահոգութենէն ու դէպի դրախտ կ՚առաջնորդէ: Խոստովանահայրը պէտք է ըլլայ իրական հայր մը, որ սիրով եւ գուրգուրանքով կը խրատէ, ուրիշներուն ցաւերը կը զգայ ու կ՚ապրի եւ ինքզինք անոնց ցաւած իրավիճակին մէջ կը դնէ: Մարդիկը, արդարեւ, մանաւանդ այս դարուս, կարիք ունին զուլալ ջուրի եւ ո՛չ թէ լեղի քացախի:

Իսկ երբ մարդիկ աւելի դիւրութեամբ սատանայական ազդեցութիւնները կրեն ու չընդունին խրատը կամ նկատողութիւնը, խոստովանահայրը պէտք է մեղքը յայտնէ մեղմ կերպով ու ժպտիով, եւ յանդիմանէ կատակով, իմաստութեամբ ու սիրով:

Սէրը մարդուն կը սորվեցնէ, իսկ քմահաճոյքները կը դաւաճանեն ու կորուստի կը մատնեն զինք: Սիրոյ բացակայութեամբ դիմացինը դիմադրութիւն ցոյց կու տայ խրատին ու նկատողութեան դէմ՝ մարդկային գործօն նկատելով այդ բանին մէջ: Այդ պատճառով յանդիմանութիւնը պէտք է սիրով ու ցաւով ըլլայ, որպէսզի դիմացինը վիրաւորանք չզգայ, այն ալ խոր վիրաւորանք:

Խոստովանահայր մը կը ճանչնամ, որ ախորժակով կ՚ուտէ՝ որով գիրցաւ, սակայն կը ցաւի ու կը խոնարհի, քանի որ ճգնութիւն չ՚ըներ, բայց, շատեր կը հանգչին անոր, քան ճգնող խոստովանահայրի մը:

Այն խոստովանահայրը որ պատրաստակամութիւն չունի ի սէր իր հոգեւոր զաւակներուն դժոխք իջնելու, այդպիսին խոստովանահայր չէ:

Եւ Երկնաւոր Հօր թագաւորութիւն, կարողութիւն եւ փառք,
Իր Միածինին,
Եւ Սուրբ Հոգիին հետ: Ամէն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 52 եւ վերջ

30 օգոստոս 2021, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 30, 2021