«ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՐԴԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ». ԴԱՍԱԳԻՐՔ - ՍԿԻԶԲԻՑ ՄԻՆՉԵՒ 18-ՐԴ ԴԱՐՈՒ ՎԵՐՋԸ - ԵՐԵՒԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ 1975
ԻՆՉՈ՞Ւ ՉՀԵՏԵՒԻԼ ՇԻՏԱԿ ՕՐԻՆԱԿԻՆ
Գնահատելի էր «Պայքար»ի վերջին համարին մէջ կարդալ Վարդգէս Գուրուեանի արդար եւ ուղիղ մտահոգութիւններով շահեկան յօդուածը Երեւանի մէջ կատարուած կամ կատարուելիք դասագիրքերու ինքնակամ ու թերի, միակողմանի եւ ոչ-ակադեմական հապճեպ աշխատանքին որպէս պատասխան։
Երբ այս օրերուն Հայաստանի մէջ դպրոցական դասագիրքերու պատրատութեան հրատապ հարցը բորբոքած է յատկապէս սփիւռքի հայութեան գիտակցութեան մէջ, անհրաժեշտ է, որ Կրթական նախարարութիւնն ու նախաձեռնողները վերոյիշեալ 34 գլուխներէ բաղկացած ստուար հատորը նկատի ունենան, որ 1975 թուին հակառակ Սովետական անպատեհ ճնշումներուն՝ իր վաւերական, ճշգրիտ եւ ամբողջական մանրամասնութիւններով որպէս դասագիրք կը գործածուէր հայրենի դպրոցներէն ներս։ Տիտղոսաթերթին վրայ ուղղակի կը կարդանք «Թոյլատրուած է ՀՍՍՀ բարձրագոյն եւ միջնակարգ կրթութեան որպէս դասագիրք», հեղինակութեամբ պատկառելի ուսուցչապետներու Հայկազ Գ. Ժամկոչեանի, Աշոտ Գ. Աբրահամեանի, Ստեփան Տ. Մելիք-Բախշեանի, Սերոբ Պ. Պօղոսեանի եւ Թադէոս Խ. Յակոբեանի, խմբագրութեամբ Ստեփան Մելիք-Բախշեանի։ Տողերս գրողը երջանիկ պատեհութիւնը ունեցած է անձամբ ճանչնալու փրոֆ. Աշոտ Աբրահամեանը եւ լսելու իր բանախօսութիւնը Անանիա Շիրակացիի մատենագրութեան մասին, երբ կ՚ուսանէր Դպրեվանքին մէջ։
Հեղինակները իրենց միջեւ հաւասարապէս բաժնած են գլուխները՝ որպէս իսկական հեղինակներ առանձին իրենց կատարած գիտական ու բանասիրական հրատարակութեանց լոյսին տակ։ Հրատարակութենէն ի վեր իմ մօտ կը գտնուի հատորը, զոր յաճախ օգտագործելու բարիքը վայելած եմ։ Հոն հայ ժողովուրդի հնագոյն շրջաններէն մինչեւ ԺԸ. դար կը փայլին բոլոր նախապատմական ու պատմագրական, աշխարհագրական ու քաղաքական, մշակութային ու հին եւ նոր կրօններու յատուկ ամէն տեղեկութիւն հակիրճ մանրամասնութիւններով, հին միջազգային յարաբերութիւններով եւ հայ ինքնուրոյն պետական դրութիւններով, յատուկ շեշտադրութեամբ նաեւ հայ ժողովուրդի մշակութային եւ ազգագրական վաւերական տուեալներով՝ հիմնուած մեր տասը դարերու երկայնքին աճած պատմագրութեամբ։ Այս բոլորը պարզ, ստորաբաժանեալ եւ հասկնալի ոճով՝ յատուկ նախակրթարանի ուսանողութեան։
ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐԸ
Կասկածելի կը գտնեմ նոյնիսկ եթէ մեր ներկայ հայրենի մտաւորական դասագիրքեր պատրաստողները իրենց «չափորոշիչներով» տեսած կամ կարդացած ըլլան յիշեալ պատկառելի դասագիրքը։ Ճիշդ է, զայն ընդօրինակելու կարիքը պիտի չունենային, այլ ժամանակին համեմատ բարեփոխեալ «Հայ ժողովուրդի պատմութեան» դասագիրք մը պատրաստելու ճամբուն վրայ անպայման նկատի ունենային վերոյիշեալ մեծ գիտնականները ու անոնց գործը արժանի բարեփոխութիւններով, ի հարկին ամփոփելով, վերահրատարակէին, մանաւանդ ամբողջացնելով զայն մինչեւ մեր օրերը։
ԴԱՍԱԳԻՐՔԻՆ ՅԱՏԿԱՆԻՇՆԵՐԸ
Դասագիրքին աւելի մօտէն ծանօթանալով կը տեսնենք, թէ ինչպիսի արժեւորումով գիտնական այդ հեղինակները ընդգրկած են ու հակիրճ ենթավերնագիրներու տակ ամփոփած հայոց պատմութեան հեռաւոր եւ մերձակայ դէպքերն ու դէմքերը յատուկ ուշադրութեամբ, անշուշտ օրուան գաղափարախօսութիւնն ալ նկատի ունենալով եւ տուրք մըն ալ վճարելով։
Քրիստոնէութեան ի Հայաստան մուտքին տրուած են հարկ եղած պատմական տուեալները եւ անոր հետեւանքով Գիրերու գիւտն ու մատենագրութեանց սկիզբը, որոնք դարերու ընթացքին ուսման վառարաններու կենսունակութիւն մատակարարեցին։ Այս բոլորը համեմուած քաղաքական ենթահողին վրայ, ինչպէս Արտաշէսեան, Արշակունեաց, Արծրունեաց, Բագրատունեաց եւ Կիլիկեան հայ թագաւորութիւններն ու անոնց թողած կնիքը հայ ժողովուրդի կենցաղին վրայ։ Եւ սակայն միւս կողմէն յայտնի կը դառնայ Քրիստոնէութեան ընդունման առիթով մեհեաններու քանդումը եւ անոր վրայ դրուած անհարկի շեշտը։ Այլապէս Վարդանանց հերոսամարտը կը ներկայացուի որպէս ազգային հպարտութիւն եւ անփոխարինելի դիմադրութիւն։
Որպէս յայտնի մատենագէտներ դասագիրքին հեղինակները լայնօրէն մշակած են հայ հին մատենագրութիւնը, ուր կրօնականն ու իմացականը զիրար կը լրացնեն։ Շատ կը հանդիպինք եկեղեցաշինութեանց դարաւոր եւ մնայուն արգասիքին։ Մէկ խօսքով հայ ժողովուրդի պատմութիւնը լիովին կը գտնենք այս դասագիրքին մէջ եւ ուսանողը իրազեկ կը դառնայ անոր։
Չորրորդ գլուխը, օրինակի համար, նախաքրիտոնէական հայոց պատմութիւնը կ՚ամփոփէ ուսանելի մանրամասնութիւններով՝ հիմնուած Մովսէս Խորենացի պատմահօր տուեալներուն վրայ, ուր Երուանդունիներու հարստութիւնը կ՚անուանէ «Հայկազանց» եւ Ուրարտական պետութեան աշխարհագրական սահմանները գծելով՝ Վասպուրականէն Աղձնիք, Կորճայքէն Մոկաց աշխարհ, Տարօնն ու Ծոփքը, Այրարատն ու Սիւնիքը, Արցախն ու Ուտիքը։ Դասագիրքը անոնց կը կցէ հայերու պայքարը ընդդէմ Մարաստանի, հայոց ապստամբութիւնը Աքեմենեան Պարսկաստանի դէմ, անցնելով Հայաստանի գիւղատնտեսութեան եւ արհեստներու աճման ընթացքով։
Աւելի ուշ դարերու պատմութիւնը քննելով մեր հեղինակները նրբագոյն հետազօտութեամբ Ոսկեդարեան ու Միջնադարեան պատմիչներու հիմամբ ուսանողին համար յատկապէս գրած են գրական եւ ակադեմական անուանի հաստատութեանց մասին եւ նախաքրիստոնէական եւ յետքրիստոնէական հայաշխարհի միջեւ կամուրջներ կերտած, որպէսզի ուսանողը չկորսնցնէ ամբողջութիւնը իր նախնիքներու պատմութեան եւ ինք չկորսուի անծանօթ ոլորտներու մէջ։ Այս բոլորը յիշեալ դասագիրքին մէջ են ու մեզ կը պարտաւորեցնեն կարդալ զանոնք, նոյնիսկ մեր սերունդի մարդիկ, ինքս ներառեալ։
Եթէ այդ դժուար ժամանակներուն անոնք կրցան լիարժէք ու վաւերական դասագիրք մը խմբագրել, անկախութեան այս օրերուն միայն հրաշքներ կ՚ակնկալուին եւ ոչ թէ չափորոշիչներ, բովանդակալից արժէքները ի յայտ կը բերուին եւ ոչ թէ կամայական հետազօտութիւններ։ Մեր թելադրութիւնը պիտի ըլլայ անցեալին կարեւորութիւն տալ ներկան ապահովելու համար։ Այժմու հեղինակներ թող պահ մը սերտեն վերեւ յիշուած դասագիրքը եւ ապա ձեռնարկեն աշխատանքի, տեսնելու համար մեր ազգային պատմութեան լիիրաւ ընթացքը, շաղախուած քաղաքական, կրօնական եւ մշակութային մեծարժէք ոլորտներով։
ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ