ԱՌԱՋԻՆ ԴԱՍԱՊԱՀԸ
Յանկարծ զրոյցը փոխեց իր սովորական հունը, չես գիտեր ինչպէս:
- Ուրեմն, այդպէ՛ս… պարոն… համաձայնեցանք, - վերջապէս ըսաւ տարիքոտ եւ քիչ մըն ալ նիհարակազմ մարդը, - երկուշաբթի առաւօտ, Աստուած ուզէ, նախ կը մտնէ՛ք տնօրէնի գրասենեակ եւ ապա ձեր դասացուցակը վերցնելէ ետք, կ՚անցնի՛ք ձեր դասարանը…, ձեր գործին…, հ՞ը…եղա՞ւ…:
Ու առանց պատասխանի մը սպասելու, նոյն այդ սպիտակ մազերով եւ լայն ճակատով մարդը, որ նաեւ դպրոցի հոգաբարձական կազմի ատենապետն ալ էր, եւ որուն փոքր ակնոցին ետեւէն խոր փոսը ինկած մանր աչքերը սկսած էին աջ-ձախ վազել, այս եւ նման բառեր արտասանելէ ետք, ոտքի ելաւ, գրպանէն հանեց ճերմակ թաշկինակը ու երեսն ու ծոծրակը սրբելէ ետք, լայն ժպիտ մըն ալ գծեց դէմքին վրայ: Յստակ էր, թէ օրուան այդ պահուն, վարժարանին նոր ուսուցիչ մը վարձելու յատուկ հարցազրոյցով խառն այս գործը յաջողութեամբ իր աւարտին հասած էր: Ապա, բոլոր սովորական, անհրաժեշտ ու ճշմարիտ ցուցմունքները, աւանդական դարձած բառերով, ասացուածքներով եւ հանդարտ հոգածութեամբ շաղախուած տողերով համեմելէ ու արտասանելէ ետք, որոշ անկեղծութիւն մը մէջը պահած, յաղթանակ տարած սպարապետի մը քայլերով, տնօրէնի սեղանէն հեռացաւ ու անմիջապէս ինքզինք տեղաւորեց ճիշդ անոր մօտը գտնուող աթոռին վրայ:
Գործը աւարտած էր: Ո՛չ, ո՛չ. գործը «գլուխ հանած էր», ինչպէս սովոր էր ըսել, հանդարտօրէն եւ համոզիչ, առանց «ալիքի»: Անաղմուկ եւ սահուն համաձայնութիւն: Կրցած էր վարժարանին ապահովել հայերէն լեզուի նոր ուսուցիչ մը: Մաքուր տպաւորութիւն: Ներշնչող իրականութիւն մը, նոր յոյսին բացուող միտքերով ճոխացած: Էականը: Նշանակալիցն ու կարեւորը:
Վայրկեանին, երեք ներկաներուն դէմքերուն վրայէն կարելի էր կարդալ նորածին յարգանքի մը կողքին, նաեւ մեծ մտահոգութեան մը եւ թերեւս ալ անոր հետ կապուած մութ բառերու եւ խօսքերու խառնուրդի անէացումն ալ: Այդ փոքր եւ գեղեցկօրէն կահաւորուած տեսչարանէն ներս, թուղթերով եւ նամակներով խճողուած տեսուչի սեղանին ետեւէն, իր կարգին, տնօրէնն ալ «այո՛, այո,՛… ինչո՞ւ չէ… այդպէ՛ս…»ով մը, ուզեց բաներ մը աւելցնել եւ կարծես այսքանով ալ գոհացաւ: Յստակ էր, թէ երեքն ալ կը հաւատային հայ վարժարանի սրբազան առաքելութեան եւ մանաւանդ հայ ուսուցիչի պարտականութիւններուն, անոր իւրայատուկ եւ ազգային ջիղին, նաեւ անոր ապագայակերտ կեցուածքին, որ ուրիշներու մօտ կարելի չէր գտնել: Ապա, ուսուցչական պաշտօնին համար հրաւիրուած թեկնածուն, որ երիտասարդ տղայ մըն էր եւ որ տակաւին քանի մը տարիներ առաջ ընթացաւարտ եղած էր իր նոյն այս վարժարանէն, ոտքի ելլելով, ինքն ալ շատ քաղաքավար եւ կակուղ ժպիտով մը, ձայնին մէջ ալ ճոխութիւն դնելով, շնորհակալութիւն յայտնեց, մէկ առ մէկ ձեռնուեցաւ ու իրեն համար պատրաստուած պայմանագիրն ու իր վկայագիր-վկայականը սեղանին վրայէն իր հետ վերցնելով, հնազանդ աշակերտի նման «ցտեսութիւն… երկուշաբթի կը տեսնուինք» մը ըսելով՝ դուրս եկաւ սենեակէն:
Է՜հ, աշխարհ: Հիմա ինքն ալ ուսուցիչ էր: Իր դպրոցական եւ ուսանողական տարիներուն ինքն ալ ունեցած էր «տեսակաւոր» ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ: Ծերեր, երիտասարդներ: Խիստեր, խստապահանջներ եւ թուլամորթներ, որոնցմէ շատ քիչերէն միայն կրած ազդեցութիւնները, երբեմն որոշ ակնածանքով կը յիշէր: Հաստատապէս ասոնք էին, որ իր միտքը բացին, իր հոգին ազնուացուցին եւ մարդկային ու ազգային արժէքներ դրոշմեցին անոր մէջ: Ապա եկան ուրիշներ եւ իրեն վսեմին ու բարիին տենչալ սորվեցուցին: Անժխտելի իրականութիւններ էին ասոնք, անկասկած: Ու ինք, այս «բոլորին» երախտապարտ մնացած էր միշտ: Այսօր՝ այս վայրկեանէն սկսեալ ի՛նք պիտի գրաւէր անոնց տեղը, կամ պիտի «գործէր անոնց կողքին, եւ իր բոլոր կարելիութիւններով, պիտի փորձէր շարունակել անոնց հետ ազգային դրօշարշաւը, որպէսզի շարունակուէր նաեւ հայապահպանման պատնէշի շինութիւնը: Օրին, այսպէս որոշած էր:
***
Տեսչարանի սեմին, նախ երկար շունչ մը քաշեց եւ որոշեց դէպի որ ուղղութեամբ մեկնումը: Ուղղակի՝ տուն: Ապա դպրոցի բակէն արագ մը դուրս փողոց ելաւ: Անմիջապէս մօտէն անցնող «թաքսին» կեցուց ու ներս նետուեցաւ: Ու մինչեւ տուն հասնիլը, ամբողջ ճամբու ընթացքին, մտովի սկսաւ ինքնիրեն խօսիլ, ինքզինք դնելով խոստովանութեան նոր աթոռի մը վրայ:
«Պատասխանատու գործ», շշնջաց, ու բառերը կարծես ինքնաբերաբար ուռեցան: Այդ վայրկեանին, բացի մեքենավարէն, եթէ մէկը զինք տեսնէր, կամ դիտէր, անպայման պիտի ըսէր, «հէ՜յ վախ, այս տղան ալ, իր այս տարիքին, խելքը թռցուցած է»: Խենթ մը: Պարզ, անվնաս խենթ մը։ Ինքնախօսութեան հաճելի պահ: Ինչ կ՚ուզէ՛ք, ըսէ՛ք: Ի՛նք հիմա ուսուցիչ նշանակուած էր: Հայերէն լեզուի ուսուցիչ: Նոր ճշմարտութիւն: Կեանքի նոր էջ մը, նոր երազի նման բացուած՝ ճակատագրի մէկ խաղով: Ու այդ պահուն ո՛չ ոք կրնար որոշել այս մակդիրին իսկական կշիռը, կամ պատասխանատուութիւնը: Միայն, ի՛նք գիտէր: Ի՛նք… նորանշանակ այս հայ ուսուցիչը, որ հիմա ամէն բանէ առաջ եւ անհամբեր տուն կ՚ուզէր հասնիլ: «Այո՛, եւ հաստատապէս, փոխուած էին ժամանակները, նոյնպէս պայմանները», կը կրկնէր մտովի շարունակ: Բան մը արդարացնելու ճիգ մը պարզապէս:
Իրեն համար հայ ուսուցիչ ըլլալ կը նշանակէր բաց միտք եւ բաց ականջ ունենալ: Այսինքն, ուսուցանելու արուեստի տիրապետում: Անսակարկ զոհողութիւն: Նաեւ նուիրում: Հայ աշակերտը իր արմատներուն կապող կրթական մշակ: Հայ նոր սերունդի «զանգուածները» կապելու, մաքուր եւ հարազատ բանալի: Վերանորոգ շունչ ու թափ տալու խոստումով ու երաշխիքով՝ պաշտօնեայ: Ուրեմն, ուսուցչութիւնն ալ գործ մըն էր, կոչում ըլլալէ առաջ: Ու այս օրերուն հայերէն լեզուի ուսուցիչը, բոլոր միւսներուն նման, պարզ պաշտօնեայ մըն էր: Բայց, չէ՞ որ հայ ուսուցիչը տարբեր էր այդ միւսներէն: Չէ՞, որ հայ ուսուցիչը չէր կրնար ապրիլ առանց հայ դպրոցի եւ հայ աշակերտի…: Ուրեմն ի՞նչ… ուրեմն յստակ տարբերութիւն մը կար, ըլլալու էր անպատճառ «անոնց» եւ «ասոր» միջեւ: Ուսուցչութիւնը, մանաւանդ հայերէն լեզուի ուսուցիչի պաշտօնն ու դիրքը իրեն համար կը տարբերէր միւս ասպարէզներէն:
Եւ այսպէս բազմաթիւ միտքեր, կարծես խօսքերնին մէկ ըրած, չէին հրաժարեր եւ կամ չէին կանգ առներ: Բայց ինք, միւս կողմէ, եւ յամառօրէն, կ՚ուզէր իր միտքը ազատել այն բոլորէն, որոնք փուշի նման խռած են իր գլխուն մէջ: Յաճախ ցաւագին միտքեր, որոնք բարձր եւ անկեղծ տրամադրութիւնը կու գային խանգարել: Վերջապէս սակայն կը հաւատար, որ իրեն հրամցուածը պատասխանատու գործ էր:
Ինք երկիւղած պաշտամունք ունէր հայերէն լեզուին: Մայրենիին: Հայ գիրին ու գրականութեան: Հայ մշակոյթին: Վերջապէս, լուսաւորեց երեւակայութիւնը: Ուրեմն, ինքն իրմէն պիտի պահանջէր յաւելեալ զգաստութիւն, վստահութիւն, հայեցի շունչով յագեցած մթնոլորտ, ջերմութիւն եւ գուրգուրանք: Այլ խօսքով, հայերէնը սիրցնել եւ այս գծով ալ երկարաձգել հայու կեանքը: Հայ աշակերտին մտքին ու հոգիին հաւատքի տաճար դառնալ:
Որովհետեւ, հայերէն սորվիլը եւ կամ հայ մնալը ինքնանպատակ չէր: Ոգին եւ մայրենիին տիրանալու գաղտնիքը փոխանցել կը նշանակէր: Նաեւ ամենէն էականը, տարածել էր:
***
Նոր երազներով եւ նման հոսանք-ալիքներով, ճամբու ամբողջ ընթացքին, փոխադրակառքին մէջ, կրկին ապրեցաւ վիճակներու անօրինակ եւ սակայն հաճելի ու քաղցր անկեղծութեամբ լի խառնուրդ մը:
Վերջապէս հասաւ տուն: Մտաւ ներս: Բարեւեց ծնողքը, ժպտուն դէմքով: Ապա փորձեց ինքզինք բացատրել: Չէր ուզեր սովորական աղօթքի նման խօսիլ կամ բառերով արտայայտուիլ: Մէջը նոր աշխարհ մը բացուած էր, անոր համար կ՚ուզէր շուրջիններն ալ բաժնեկից դարձնել: Հայ մտքի համադրում: Ուրախութենէն չհասկցուող բառերու հեղեղ մը կը թափէր բերնէն: Բառերը, թէեւ բերնին մէջ արագօրէն կը հալէին, սակայն միւս կողմէ ալ իր ձայնին ճոխութիւնը զինք դէպի պատանեկութիւն կը տանէին:
Ապա վերջը, առանձնանալ ուզեց: Քաշուեցաւ իր սենեակը: Սիրելի իր մենարանը: Ինքզինք նետեց իր անկողնին վրայ, ու դէմքը առաստաղին, սկսաւ դարձեալ երկար ու ծանր մտածել: Հարցը լուրջ էր: Կատակ չէր: Հայերէն լեզուի ուսուցիչ ըլլալը իրապէս, որ «կատակ» չէր: Պարզ աչքով կարելի չէր դիտել նման պաշտօնը: Իրեն համար սովորական գործ մը չէր, մանաւանդ, որ տակաւին կրթական նոր տարեշրջան սկսելու հոգեկան պատրաստութիւնն ալ կար: Ու կամաց-կամաց յիշեց իր կանաչ օրերը, որոնք նոր եւ անօրինակ մտածումներով սկսած էին գլխուն մէջ օրօրուիլ, որոնք միաժամանակ նոր մտածումի ու երազանքի մը կարմիր հորիզոնները բացին իր դիմաց: Ու ի՜նչ հաճելի էր այս զգացումն ու անոր հետ շաղախուած պահը:
Գիտէր, որ փոխուած էին ժամանակներն ու պայմանները, կը շարունակէր միտքը: Ուրեմն, ի՞նչ պէտք էր, որ ըլլար հայ ուսուցիչին հիմնական դերը աշակերտի կեանքին մէջ: Ահա հիմնական հարցերէն մէկը: Դարձեալ, սիրտը լեցուն գուրգուրանքով, վերաքաղ մը փորձեց ընել: Իր ձեռքը չէր: Ինք հիմա նորանշանակ «մշակ» մըն էր, հայ արժէքներ մեկնող եւ ժառանգութիւն փոխանցող: Գիտէր, որ հին մեթոտը, բաւարարութիւն պիտի չտար նոր սերունդին: Ուստի նորարարութիւն էր պէտք: Մտքի: Ձեւի: Փոխանցման: Եւ որովհետեւ ուսուցիչ մը կը պատկանի իր բոլոր աշակերտներուն, ինք միայն ամպիոնէն պիտի չդիտէր իր շուրջը: Իր ուսերուն պիտի իյնար մանաւանդ լայն բանալ աշակերտներուն համախոհութեան մտքի դռները, լուծումներ որոնել, ազգային ինքնութեան պահպանման կողքին:
Ուսուցիչը այն մարդը չէ, որ կը սորվեցնէ, այլ՝ այն անձը, որմէ աշակերտը կը սորվի։ Այսպէս թելադրած էին տակաւին քիչ առաջ, իր ծնողքը: Ահա սրբազան պատգամ մը: Ինք արդէն, իր անմիջական շրջապատէն ներս իր լեզուին մտահոգ հայ մըն էր եւ պաշտամունք ունէր հանդէպ մայրենիին եւ նոյնքան ալ համոզումներ՝ իր ազգն ու մարդկութիւնը հետաքրքրող ու տագնապեցնող հարցերու շուրջ։ Իրեն համար հայերէն լեզուի ուսուցման կողքին, հայ ոգին բաւարար կը նկատէր կեանքի ազգային հունը մնայուն պահելու։ Ահա եւ իր մեծ գաղտնիքը: Իր գիտակցութեան առջեւ ունենալով իր էութիւնը, ամբողջ շաբաթավերջը անհամբեր սպասեց իր պատմական սկիզբի օրուան:
Ու երկուշաբթի առաւօտ, ժամանակէն առաջ, մտաւ դպրոց: Տնօրէնէն ստացաւ իր դասացոյցը եւ ինքնածին ուրախութեամբ ու մանաւանդ անժամանակ սրտատրոփով, իր շուրջը երկար դիտեց: Նայեցաւ: Ուզեց շուրջիններուն եւ բոլորին բառեր արտասանել, բայց շրթունքները անկարող եղան թարգմանելու կամքը: Արդէն մօտ չորս-հինգ տարի տեւած էր այս վարժարանէն իր բացակայութիւնը: Իսկ հիմա ինք պիտի կենար անոնց դիմաց: Իր մտքին մէջ ամրօրէն պահած էր հայ կեանքը առողջ պահելու հեւքը, որպէսզի կատարելապէս պաշտպանէր մայրենի լեզուի իշխանութիւնը:
Ու դասարանի դուռը զարկաւ, հաստատ եւ ինքնավստահ: Եւ ապա ինքզինք կրկին շտկելէ ետք, մտաւ դասարան: Այդ վայրկեանէն, արդէն սկիզբ առած էր պատմական իր մուտքը, դէպի այս նոր ու սրբազան «ասպարէզը»:
Ու ինքզինք դարձեալ երջանիկ կը զգար:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ