ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 5՝ ՀԱՅ «ՈՒՍՈՒՑՉԻ ՕՐ»

Տարիներէ ի վեր, գեղեցիկ աւանդութեան եւ օրէնքի վերածուած սովորութեան համաձայն, Հայաստանէն ներս, հոկտեմբերի առաջին կիրակին, յատուկ ձեւով եւ նոյնքան ալ պատշաճ, կը նշուի «Ուսուցիչի օր»ը: Այդ օր, լաւ առիթ է, որ երախտագիտական, շնորհակալական ու մեծարանքի խօսքեր կ՚ուղղեն հանրապետութեան բոլոր հին ու նոր ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն: Գնահատական խօսքեր եւ սրտաբուխ արտայայտութիւններ, որոնք առօրեայ հոգերը կը փորձեն մոռցնել տալ:

Հայ ժողովուրդի տօնացոյցին վրայ, իր արդար տեղը գրաւած ընթացիկ թուական մը չէ, որ կը նշուի: Պարզապէս երախտագիտական արտայայտութիւններ, որոնց շնորհիւ մեր ժողովուրդը, իր պատմութեան մէջ նոր էջ մը բացաւ: Եւ իսկապէս պատահական չէ, որ աշխարհի զանազան ժողովուրդներ տարուան մէջ, օր մը անպայման կը պատուեն եւ կը փառաբանեն իրենց սերունդներու հին ու նոր դաստիարակները: Այլ խօսքով՝ իրենց ուսուցիչները: Մեծ ու փոքր կրթական մշակները: Յիշենք, որ համաշխարհային «Ուսուցչաց տօն»ը կը նշուի սեպտեմբերի 5-ին: Իսկ Միացեալ Նահանգներու մէջ, 1984-էն ի վեր՝ մայիսի 3-ին:

Քիչ մը հետաքրքրական պատմութիւն.- Տարիներ առաջ, Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Ռուզվելթի տիկինը՝ Էլոնոր, գիտակցելով եւ մեծապէս գնահատելով ուսուցիչի, կրթական մշակի եւ դաստիարակի դերն ու պարտականութիւնը, զոհաբերումն ու յանուն նոր սերունդի ապագային տարած անսակարկ աշխատանքը, անձնապէս Քոնկրէս ներկայանալով, յայտնած էր ուսուցիչը մեծարելու իր գաղափարը: Սակայն տարիներ ետք միայն, իբրեւ տօն ընդունուած էր իր երկրի տարածքին: Ապա, անկէ ետք, իւրաքանչիւր նահանգ, ինք որոշած էր ուսուցիչը մեծարելու իր թուականը: Իսկ մեր հայրենիքի մէջ, 1994-էն ի վեր այս նշումը կը կատարուի հոկտեմբերի 5-ին:

Իբրեւ ուսուցիչ, համեստօրէն յայտնեմ, որ ինծի համար ուսուցիչին նուիրուած այս օրը, նաեւ ուրախութեան տօն է: Կրկնութեան գնով նաեւ ըսեմ, որ մեր անհատական եւ ազգային կեանքէն ներս, ուսուցիչին եւ յատկապէս հայ ուսուցիչին դերը, բացառիկ տեղ ունեցած է եւ մինչեւ այսօր ալ ունի: Մեծ դերակատարութիւն՝ ապագայ մեր սերունդներու կերտումին: Որովհետեւ, հայ ուսուցիչի պարագային, ըլլայ ան «պարոն», «տիկին» կամ «օրիորդ», կամ ինչպէս որ սովոր է մեր հայրնիքէն ըսել՝ «ընկեր», անոր շնորհիւ է, որ հայ աշակերտը նախ կը սորվի Մեսրոպեան տառերը, ապա անոնցմով հիւսուած բառերն ու տողերը, հայու ոգին ու հոգին, երգերն ու իր ազգին պատմութիւնը: Անոր համար է, որ աշխարհի վրայ ամէն դպրոցական, ամբողջ իր կեանքի ընթացքին անպայման իր յիշողութեան մէջ պահ դրած կ՚ըլլայ իր առաջին ուսուցչուհիին կերպարը, որուն շնորհակալ աշխատանքին շնորհիւ, ան առաջին անգամ ըլլալով ճանչցած էր իր լեզուի տառերն ու թիւերը, ապա կամաց-կամաց անոր հետ կապուած ամէն «բան»:

Իբրեւ հայեր, մեզի համար հայ ուսուցիչը, հայ դպրոցի սիւնն ալ է: Որովհետեւ մենք զինք կ՚ընդունինք թէ՛ իբրեւ դասատու եւ թէ՛ դաստիարակ: Հայուն համար, առանց հայ ուսուցիչի, չկայ ընդհանրապէս հայեցի կրթութիւն: Այս բոլորը, իր առաքելութիւններով եւ պարտականութիւններով սորված կամ ժառանգած ենք մեր առաջին ուսուցիչ՝ Մեսրոպ Մաշտոցէն:

Չեմ կարծեր, որ այս տողերը մեր ընթերցողին համար նորութիւններ ըլլան:

Բայց այս հայու «օրուան» նշումին առթիւ, պարտաւոր ենք լոյսին բերել այս բոլորը՝ յանուն արժեւորման, գնահատանքի ու երախտագիտութեան: Որովհետեւ բոլորս ալ կը հաւատանք, որ ազգի մը ներկայացուցած արժէքը իր ունեցած ուսուցիչներն են: Անոնք, ի գին ամէն դժուարութիւններու, դաստիարակած են մեզ: Ուստի եւ անկասկած արժանի են մեծարանքի: Անհրաժեշտ է, որ ամէն առիթով արժեւորենք, իրենց այս նուիրական զոհողութիւնը: Մեծարենք: Իսկ մեծարել հայ ուսուցիչը, գնահատել անոր կատարած գործը, կը նշանակէ մեծարել ժողովուրդը, հայրենիքը, մայրենին, որքան ալ երբեմն ապերախտ դառնայ իր կատարած գործը:

Ուսուցանելը, գիտութիւն ու արուեստ ըլլալով հանդերձ, կոչում մըն է: Սրբազան նուիրում մը: Ու համեմատաբար այլ ազգերու ուսուցիչներու, հայ ուսուցիչին դերակատարութիւնը կրկնակիօրէն կարեւոր է, որովհետեւ հայ ուսուցիչը ընդհանրապէս, իսկ սփիւռքահայ ուսուցիչը մասնաւորաբար, ունի շատ աւելի մեծ պարտաւորութիւններ, քան ուրիշներ: Սփիւռքահայ ուսուցիչը լեզուի մատուցման կողքին, նաեւ հայ աշակերտին կը ներշնչէ հայու ոգի: Անոր մարդակերտումի աշխատանքին կը նպաստէ: Անոր համար ան, մարդկային արժէքներու դաստիարակ եւ խոնարհ հերոս մըն ալ է: Բոլորս կը գիտակցինք, եւ պէտք է այսպէս մնանք:

Ճիշդ է, որ ներկայիս աշակերտներուն զբաղումները շատ են: Մենք կը գտնուինք շատ մեծ մարտահրաւէրներու առջեւ: Հետեւաբար պէտք է բոլորս՝ դպրոց-աշակերտ-ընտանիք, ձեռք-ձեռքի տալով, օգնենք իրարու, որպէսզի միասնաբար պայքարինք եւ վերջ տանք ամէն օր մեզ ազգովին ցնցող նման դժուարութիւններուն: Ես կը կարծեմ նաեւ, որ այս անտարբերութեան եւ անպատասխանատուութեան աճման պատճառներէն մեծագոյնը կը հանդիսանայ աշակերտին տան մթնոլորտը: Պատկերասփիւռ, համացանց, «փլէյ սթէյշըն», «այ ֆոն»ներ եւ արտադպրոցական զբաղումներ, որոնք մեծ դերեր կը խաղան:

Գալով ինծի, իբրեւ աւելի քան կէս դարու վրայ երկարող հայ լեզուի ուսուցիչ եւ տակաւին պատնէշի վրայ մնացող համեստ դաստիարակ հայ, այս առթիւ ըսեմ, որ իսկապէս գնահատանքի արժանի են մանաւանդ այն բոլոր մարդիկը, որոնք իրենց երախտագիտութիւնը կը յայտնեն ուսուցիչներուն եւ իրենց խորազգած խորհուրդներով եւ անսակարկ անոնց կը մատուցեն յարգանքի իրենց տուրքը:

Այս առթիւ, նաեւ ջերմապէս կը շնորհաւորեմ բոլոր իմ հայ գործընկեր կրթական մշակները, իրենց այս մեծ ծառայական առաքելութեան օրուան նշումին, եւ կը մաղթեմ համբերութիւն ու յարատեւութիւն:

Բոլորին՝ վարձքը կատար:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

bedig43@aol.com

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2021