«ՎԱ՛Զ ԱՆՑԻՐ ԵՂԲԱՅՐ» «ՀԱԶԻՒ ՀԱԶ»
«ՎԱ՛Զ ԱՆՑԻՐ»
Երկու հայերէն հասարակ արտայայտութիւններ, որոնք երբեմն թրքաբանութիւն կը նկատուին, մանաւանդ առաջինը։ Մինչդեռ «վազ անցնիլը» երկու հայերէն «վազել» եւ «անցնիլ» բայերու արմատներն են իրարու միացած բացայայտելու համար այսինչ գործին չձեռնարկել, հրաժարիլ, ինչպէս բոլորս գիտենք, նկատի ունենալով գործին հաւանական շփոթը եւ կամ առնուելիք քայլերուն անվստահելի ու վտանգաւոր ըլլալը։ Այդ տեսակ կասկածելի գործառնութենէ «վազէ ու անցիր», մի՛ միջամտեր եւ կամ այդ գործին մի՛ խառնուիր։ Ուրեմն «վազք» բառը հայերէն բառ է եւ արմատն է «վազել» բային, ուր թրքաբանութիւն չկայ։
«ՀԱԶԻՒ ՀԱԶ»
Հակառակ անվերջ գործածութեան, հոս եւս շատերուն յայտնի չէ մեր գիտցած «հազիւ» բառին ինքնութիւնը, որ կը շեշտէ, օրինակի համար, «վերջին րոպէին հասայ դուռը բանալու»։ Բառին արմատն է «հազ» եւ բայն ալ «հազալ», որ այնքան հարազատ է բոլորիս։ Բոլորս կը հազանք, կոկորդի եւ կամ կուրծքի նեղութեան հետեւանքով, որ րոպէ մը կը տեւէ, կը կրկնուի, եւ հազերու միջեւ ու անոնց շարքին ամենակարճ տեւողութիւնն է, որ կը գոյանայ։ Ուրեմն յայտնի կը դառնայ, որ «հազիւ» բառը գործիական հոլովն է «հազ» բառին, այսինքն «հազով» եւ կամ «հազալով»։ Իսկ ի՛նչ նպատակ ունի բառին գործածութիւնը, որ «հազ» մըն ալ կ՚աեւլցնէ շեշտելու համար ահազանգը, նպատակը պէտք է տեսնել երկու հազերուն ամենակարճ տեւողութեան մէջ։
ԵՐԿՈՒՔՆ ԱԼ ՀԱՅԵՐԷՆ ԲԱՌԵՐ ԵՆ
Եզրակացութիւնն այն է, ուրեմն, որ այս երկու շատ հասարակ եւ առօրեայ գործածութեան մաս կազմող արտայայտութիւնները հայերէն արմատներէ կազմուած են, նոյնիսկ գնահատելի որպէս «անկարեւոր» եւ սակայն շատ գործածելի, հայերէն խօսակցական լեզուին մաս կը կազմեն։ Հայերէն գրական լեզուին մաս կը կազմե՞ն անոնք, մեր պատասխանն է ոչ, միայն խօսակցական լեզուի հասարակ խօսակցութեան կը վերաբերին երկուքն ալ՝ թէ՛ «վազ անցնիլ»ը եւ թէ «հազիւ հազ»ը։
ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ