ՎԵՐՅԻՇԵԼՈՎ ԻՐԱՔԱՀԱՅ ԲԵՄԱԴՐԻՉ՝ ԱՐԱ ԵՍԱՅԵԱՆԸ

Վերջին անգամ Արա Եսայեանին հետ խօսած էի անցեալ ապրիլին։ Այդ օրերուն էր նաեւ, որ իմ բարեկամ Արան խանդավառուած Հռոմի Ֆրանսիսքոս Պապին Իրաք եւ մասնաւորապէս Մուսուլ տուած այցելութենէն, ինք եւս մեկնած էր այդ քաղաքը, մօտէն ծանօթանալու այնտեղ տիրող իրավիճակին, մանաւանդ որ հայութեան համար ալ Մուսուլը ունէր իւրայատուկ դիրք ու պատմականօրէն կը համարուէր իրաքահայութեան գլխաւոր ոստաններէն մին։

Հիմակուան պէս կը յիշեմ, թէ ինչ փութկոտութեամբ զրուցեցինք, արագօրէն պատմեց քաղաքին մէջ տիրող վիճակը, նաեւ խոստացաւ անմիջապէս թարմ լուսանկարներ ուղարկել Մուսուլի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ (կիսաքանդ եղած՝ «ԻՇԻՊ»ի հարուածներէն) եկեղեցիէն։

Լուսանկարները, սակայն... տեղ չհասան։ Ու աւելի ուշ ալ Արայի ձայնը ընդհանրապէս կտրուեցաւ ու լռեց։

Այդ լռութենէն օրեր անց ստացայ ծանր բօթը։ Սիրելի Արան, որ իմ հետ խօսած պահուն կը դժգոհէր ծանր հազ մը ունենալու մասին, մահացաւ։ Ան զոհ դարձաւ հրէշաւոր քորոնաժահրի վարակին, այդպիսով մեծցնելով ցուցակը աշխարհով մէկ տարածուած այն երախտաւոր հայերուն, որոնցմէ իւրաքանչիւրը դեռ տալիք ունէր մեզի։ Տալիք ունէր մարդկութեան, տալիք ունէր հայութեան եւ տալիք ունէր իր հարազատներուն։

Արա միացաւ իր ծննդավայր՝ Պաղտատի հողին. երկիր որ շատ սիրեց, երկիր, որուն մշակոյթը տարածեց եւ երկիր, որուն անունով հանդէս եկաւ, դարձաւ մշակոյթի «դեսպան» ու նուիրական գործիչ։

Այս առթիւ ու վերստին յիշելու համար զինք ու ապրեցնելու համար իր խօսքն ու գործը՝ իմ այս սիւնակով մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնեմ Արա Եսայեանին հետ իմ ունեցած հարցազրոյցը։ Այս հարցազրոյցը կատարած եմ 2019 թուականին ու կարծէք «պահոց»ին մէջ կը սպասէր իր հերթին, թէեւ շատ պիտի փափաքէի, որ Արայի կենդանութեան հրապարակուէր այս զրոյցը, որ իրաքահայութեան մասին տեղեկութիւններ ներկայացնելու տեսակէտէն անժամանցելիութեան բոլոր հիմունքները ունի...

Բարի յիշատակ՝ Արա Եսայեան, բարի ճամբայ՝ դէպի յաւերժութիւն...։

*

-Պրն. Եսայեան կը պատմէ՞ք ձեր մասին:

-Ծնած եմ Պաղտատ, երկար տարիներ աշխատած եմ մշակոյթի ոլորտին մէջ։ Փոքր տարիքէս եղած եմ պարի խումբի անդամ եւ հիմնած եմ «Մասիս» պարախումբը, որ աշուղական երգեր եւ հայկական պարեր կը ներկայացնէ, նաեւ՝ իրաքեան պարեր: Եղած եմ պալէի պարող, դերասան, պարադիր, նորաձեւ պարերու մասնակցած եմ, զբաղած եմ հագուստներու ձեւաւորմամբ, եղած եմ բեմի եւ շարժանկարի բեմադրիչ, երկար տարիներ Պատանի երկսեռ երիտասարդաց միութեան վարչական եղած ու աշխատած եմ տարբեր յաձնախումբերու մէջ, ահագին արուեստի գործեր ունիմ:

Կարեւոր մասնակցութիւն բերած եմ Պաղտատի մեծ ճանաչում ունեցող «Բաբելոնի փառատօն»ին. ներկայացուցած եմ «Շահրայար», «Շահրազատ», «Սինտիպատ», «Կիլկամէշ» օփերաները, որոնք աւելի ուշ ներկայացուցած են արաբական աշխարհի, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի եւ Ամերիկաներու մէջ :

Ներկայիս Իրաքի «House of Fashion»ի տնօրէնն եմ, որ հագուստի ձեւաւորմամբ զբաղող մշակութային թիւ մէկ գրասենեակն է Պաղտատի մէջ: Հարկ կը համարեմ նշել, որ 2013-ին, երբ Պաղտատը հռչակուեցաւ «Արաբական մշակոյթի մայրաքաղաք», ներկայացուցի «Իրաքի իրականութեան օփերեթ»ը, որ ընդունուեցաւ որպէս լաւագոյն արաբական օփերեթ, որուն համար 2014-ին Անգլիայէն մրցանակ ստացայ, որպէս համաշխարհային բեմադրիչ։ Անցեալ տարի եւս օփերեթ մը տուի՝ «Մութանապպի սթրիթ» խորագրով, որ Պաղտատի մէջ նշանաւոր փողոց է, վերջերս տուի նաեւ Երեւանի 2800-ամեակին առիթով օփերեթ մը, Երիտասարդաց միութեան բեմին վրայ: Կը յուսամ, որ այդ օփերեթով պիտի ներկայանանք Հայաստան, այդ ուղղութեամբ ջանքեր կը տանինք:

-Ինչպէ՞ս պատահեցաւ, որ շարժանկարի աշխարհ մտաք:

-Իմ հիմնական մասնագիտութիւնը բեմն է. 2014-ին ուզեցի շարժանկարի ճիւղին հետեւիլ եւ այդպիսով երկրորդ մասնագիտութիւն մը ունեցայ ու դարձայ շարժապատկերի բեմադրիչ։

-Որո՞նք են, ձեր բեմադրած գլխաւոր շարժանկարները։

-Իմ ժապաւէնները կարճամեթրաժ են: Ունիմ քանի մը շարժանկար, որոնք առաջնութիւն շահած են, անոնցմէ մէկն է «No One»ը, որ կը պատմէ տոքթոր Ռաղուան Մաքքիի մասին։ Այս ժապաւէնով դարձեալ ուրիշ երկիրներու մէջ մրցումներու պիտի մասնակցիմ, յոյս ունիմ, որ ան արժանի կը դառնայ մրցանակներու։ Ունիմ նաեւ երգիծական բնոյթի երկու ժապաւէն։

-Գիտենք, որ ծանր փուլերէ կ՚անցնի Իրաքը: Ի՞նչքանով եւ ի՞նչպէս պատերազմը ազդեց ձեր վրայ, ձեր հոգեբանութեան, ձեր աշխարհահայեացքին վրայ։

-Իրաքի վիճակը հիմա բաւական բարելաւուած է, դէպի լաւը կ՚երթանք, սակայն տարիներ առաջ անտանելի դժուար էր Իրաքի մէջ ապրիլը: Այսօր ժողովուրդը աւելի արթուն է, մտերիմ են իրարու հետ, կ՚ուզեն պահպանել իրենց երկիրն ու անոր բազմազանութիւնը, որ ինքնին հարստութիւն է։ Կառավարութիւնն ալ կարեւոր գործունէութիւն կը ծաւալէ իրավիճակը բարելաւելու համար։ Անշուշտ, Իրաքի մէջ հիմնական մտահոգութիւնը անվտանգութիւնն է։ Բոլորին գլխաւոր նպատակն է Իրաքը իր նախապատերազմեան վիճակին վերադարձնել։

Ինչ կը վերաբերի պատերազմի ազդեցութեան, պատերազմը ընդհանրապէս աշխարհի մէջ, քարուքանդ ընող բան մըն է։ Նոյնիսկ երբ երկու անձերու միջեւ վէճ ըլլայ, երկուքն ալ կը վնասուին, տարակարծութիւնը, որ աւելի ուշ հակամարտութեան կը վերածուի, վնասաբեր է, նոյնիսկ յաղթող կողմին համար։ Ինչ կը վերաբերի արուեստի ոլորտին, բնականաբար այն եւս անմասն չմնաց պատերազմի աւերներէն։ Հիմա բարելաւման ժամանակն է, բայց գիտէք, որեւէ արուեստի զարգացում նիւթական յենարան կը պահանջէ եւ այս առումով որոշ դժուարութիւններ ունինք։ Այսօր մեր մշակոյթի նախարարը շատ լաւ աշխատանք կը տանի եւ մեզի նեցուկ կը կանգնի։ Արուեստագէտները, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, կ՚աշխատին աշխոյժ պահել ոլորտը. մշակութային ձեռնարկներ, բեմադրութիւններ, շարժանկար, օփերեթներ կ՚ըլլան, բայց նորէն կ՚ըսեմ, նիւթականն է որ յենարան պիտի ըլլայ։ Իսկ թէ պատերազմը ի՞նչ տուաւ. պատերազմը տուաւ վնաս, տուաւ գաղթ, պատմական արժէք ներկայացնող հնութիւնները քանդուեցան եւ մեր երկիրը քարուքանդ եղաւ: Իրաքի ժողովուրդը պայքարող է, կը փորձէ վերանորոգել իր երկիրը, շինարարական աշխատանքները սկսած են եւ նոյնիսկ արուեստի գործերը սկսած են բարելաւուիլ:

-Գիտենք, որ պատերազմին հետեւանքով իրաքահայութեան թիւը բաւական նուազեցաւ։ Հաշուի առնելով այդ փաստը, արդեօք Իրաքի հայ գաղութը ապագայ ունի՞։

-Իրաքահայութեան մեծամասնութիւնը գաղթեց զանազան երկիրներ՝ Սուրիա, Յորդանան, Ամերիկա, Հոլանտա, Շուէտ եւ այլուր, նաեւ Հայաստան։ Սակայն ինչպէս կան գաղթողներ, այնպէս ալ կան մինչեւ այսօր Իրաքին կառչած մնացող հայեր, որոնք կը սիրեն Իրաքը, մնացին հոս եւ կը շարունակեն պայքարիլ. մենք կը շարունակենք պահել մեր մշակոյթը, մեր լեզուն, մեր գաղութը։ Այս խօսքիս որպէս ապացոյց պարտիմ ըսել, որ այսօր մասնաւորապէս Պաղտատի մէջ կը շարունակեն գործել մեր միութիւնները. ունինք երիտասարդաց միութիւն, ՀՄԸՄ, որուն հիմնադիրը Պաղտատի մէջ եղած է իմ հայրս՝ Արշակ Եսայեանը, Տիկնանց մշակութային միութիւն, ՀԲԸՄ եւ բոլորս ալ միասնաբար, համագործակցաբար կ՚աշխատինք, սիրով կը պահենք մեր ժողովուրդը: Կ՚ուզեմ ըսել, որ հայութիւնը կայ եւ կը մնայ Իրաքի մէջ:

Իսկ գաղթողներու պարագային, պիտի ըսեմ, որ գաղթը՝ անկախ պատերազմական վիճակէն, ամէն տեղ կայ, ամէն անձ երբ ինքզինք վտանգուած զգայ, կը փորձէ իր զաւակը, իր ընտանիքը ապահովել, մանաւանդ հայերս, որ դառն փորձառութիւն ունեցած ենք, ուշադիր ենք։ Ուշադիր ենք, որ նոր արհաւիրքներու զոհ չդառնանք...։

-Ի՞նչ ծրագիրներ ունիք ապագայի հետ կապուած:

-Իմ ապագայի ծրագիրները շատ են։ Ծրագրած եմ հինգ գործեր, որոնցմէ մին շարժապատկեր մըն է, որ ես գրած եմ, անունը՝ «Շահպանտար քաֆէ», որ գոյութիւն ունեցող 120 տարուան սրճարանի մը մասին է։ Մութանապպի յայտնի փողոցին վրայ գտնուող այս սրճարանը անցեալէն ի վեր, ժամադրավայրը եղած էր Իրաքի մտաւորականութեան եւ ազդեցիկ դէմքերուն։ 2007-ին ահաբեկչական պայթում մը եղաւ եւ այս սրճարանի տիրոջ հինգ զաւակները մահացան, ինք դեռ ողջ է եւ մինչեւ օրս կը շարունակէ գործել...։ Իմ գործովս փորձած եմ հանդիսատեսին այս մարդուն կամքի ուժը եւ ապրելու յոյսը ցոյց տալ։ Ունիմ նաեւ մի քանի օփերեթներ, որոնք պիտի ներկայացուին իմ հանդիսատեսի դատին։

-Հայստանի մասին ի՞նչ կը մտածէք:

-Հաւանական է, որ այս տարի Երեւան այցելեմ: Երեւակայեցէք, որ մինչեւ օրս ես Հայաստան գալու առիթ չեմ ունեցած։ Տարիներ առաջ (2000-2001), երբ հայ աշուղական երգի եւ պարի մեծ ելոյթ մը տուինք, Իրաքի մօտ Հայաստանի դեսպանը հարցուց, թէ ես Հայաստանի որ թատրոնին մէջ մասնագիտացած եմ. երբ ըսի՝ շատ կը ներէք, ես Հայաստան չեն եղած, զարմացաւ, որ ինչպէս այսքան հայկականութիւն կար գործիս մէջ, առանց նոյնիսկ Հայաստան այցելած ըլլալու. ես բացատրեցի, որ այդ բոլորը իմ կամքիս շնորհիւ էր, որովհետեւ կը հաւատամ, որ որպէս հայ, պէտք է ոչ միայն սորվիմ երգս ու պարս, այլ սերունդներուն սորվեցնեմ։ Առիթով մը ողորմած Վանոյշ Խանամիրեան ներկայ եղած էր իմ օփերեթիս, ուր ես Սինտիպատը կը մարմնաւորէի, ըսաւ, թէ ներկայացման սկիզբէն կը մտածէր, որ բեմը ելած Սինտիպատը հայ է:

-Այս բոլորէն անդին, երբեւիցէ մտածած է՞ք Իրաքէն հեռանալու մասին։

-Ներկայիս Իրաքէն հեռանալու ծրագիր չունիմ, չնայած անոր, որ իմ բոլոր եղբայրներս Իրաքէն վաղուց հեռացած են, բայց ես ճանչցուած անձ եմ Իրաքի մէջ, իմ կերտած պատմութիւնս ունիմ, դժուար է ինծի համար մէկ օրուան մէջ ձգել այդ ամէնը եւ երթալ, նոր կէտէ սկսիլ: Միեւնոյն ատեն ունիմ լաւ շրջապատ մը, մարդիկ կը յարգեն զիս, լաւ աչքով կը նային, որովհետեւ կը սիրեն արուեստս, կը գնահատեն հայերուս աշխատանքները։ Մենք Իրաքի մէջ բազմաթիւ արուեստագէտներ, յայտնի անուններ ունեցած ենք ու այդ պատճառով ալ պէտք է պահենք մեր աւանդը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան 

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 16, 2021