ԱՅՐԻ ԿՆՈՋ ԼՈՒՄԱՆ…

Նշած էինք, որ Հոկտեմբեր ամիսը մեր ժողովուրդի առօրեայ կեանքին մէջ յայտարարուած է որպէս մշակոյթի ամիս: Անցնող մէկ-երկու շաբաթներու ընթացքին մի քանի գրութիւններ հրատարակեցինք մշակոյթին հետ կապուած: Այսօր, մեր ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնենք մեր Օրաթերթին հաւատարիմ եւ հարազատ անդամներէն՝ Արժանապատիւ Տէր Մաշտոց Քահանայ Գալփաքճեանին մէկ գրութիւնը մշակոյթի մասին, որ լոյս տեսած է մեր Օրաթերթին մէջ՝ երեքշաբթի, 31 հոկտեմբեր 2006-ին:

*

«Ամէնքն ալ իրենց աւելորդէն ձգեցին, իսկ ան՝ իր չքաւորութենէն՝ ձգեց այն ամէնը ի՛նչ որ ունէր, իր ապրուստը՝ եղածին չափ» (ՄԱՐԿ. ԺԲ 44):

Հոկտեմբերի այս մշակոյթի ամիսին, վերոյիշեալ Աւետարանի համարով կը պարզուի այն տեսութիւնը, թէ հոգեւոր նուիրումը ամբողջական պէտք է ըլլայ, եւ ո՛չ մասնական։

Ընդունելի չէ Աստուծոյ միայն միտքի, կամ լոկ սիրտի, եւ կամ միմիայն այս կամ այն կարողութեան կամ յօժարութիւններու ընծայաբերութիւնը. մարդս պէտք է քաջութիւնը ունենայ ողջակիզուելու իր պաշտած իտէալին համար։ Ասիկա, որքան անհատի, նոյնքան ալ ճշմարիտ է ժողովուրդի մը համար։ Ո՛չ թէ իր քիչ կամ շատ ունեցածէն մաս մը միայն, այլ ամբողջ ունեցածը տայ մարդու բարի նպատակներուն, եւ այս է ճշմարիտ բարոյականին պահանջը:

Այդ կինը, սկիզբէն իսկ Աւետարանի մէջ, դարերէ ի վեր իր անկորնչական տեղը ունի քրիստոնէական բարոյականին, գրականութեան եւ նոյնիսկ արուեստներու պատմութեան մէջ, իբրեւ հոյակապ դէմք մը` այլեւս խորհրդանշանի վերածուած:

Թէ ի՞նչ է կապը, որ կը միացնէ Թարգմանչաց տօնը այրիին լումային գաղափարին հետ:

Այլաբանական ոգին Ս. Գիրքի մեկնաբանութեան ջիղը եղած է առաքելական ժամանակներէն. առանց չափազանցուած ծայրայեղութիւններու՝ Ս. Գիրքը կեանքով ու պատմութեամբ, իսկ կեանքն ու պատմութիւնը՝ Ս. Գիրքով բացատրուած են:

Աւետարանը գանձանակն է, որուն առջեւէն անցան աշխարհի հին քաղաքակիրթ գրեթէ բոլոր ազգերը, որոնց մէջ քարոզուեցաւ Քրիստոսի խօսքը։ Ամէնքն ալ իրենց ունեցածէն, ամէնքն ալ, ոմանք իրենց գրականութենէն, ուրիշներ իրենց մտաւոր կեանքէն, ուրիշներ իրենց խօսքերէն եւ աւանդութիւններէն, իրենց քաղաքական կամ ընկերային կեանքի ազդեցութիւններէն բան մը անպատճառ տուին անոր։

Բայց, ո՞վ պիտի կարենար ժխտել ժողովուրդներու այդ տողանցութեան մէջ գտնուեցաւ մէկը, ժողովուրդ մը կամ ազգ մը, իր թիւով եւ երկրաւոր կեանքի միւս պայմաններովը այդ բոլորէն աւելի փոքր ու նուազ ժողովուրդ մը, որ ինչպէս այրին՝ Տաճարին գանձանակին, նոյնպէս ինքը, Աւետարանին նուիրեց, ինչ որ անոր իսկ շնորհիւ ստացեր էր իբրեւ ազգ իր ամբողջ ունեցածը. գիրը կամ գրականութիւնը, այսինքն՝ ազգային գիտակցութեան զգացումը ամբողջովին. այսինքն՝ գոյութեան ուժը, յիշատակին զգացումը, մտաւոր կեանքին աղօթքը՝ աստուածայինին խորհուրդը, եւ երգը՝ արուեստին ամենէն կենդանի քնքշութիւնը։ Այդ ամէնը, գուցէ ազգային եւ հոգեկան ե՛ւ անհատական կեանքին սակաւամասն էր, բայց կեանքին հարստութիւնը, որ «ապրուստն է՝ եղածին չափ»: Զոհաբերեց ինքզինք Աւետարանին, որ կը նշանակէ, թէ համակ քրիստոնէական եղան իր գրականութիւնը եւ զայն կազմող բոլոր տարրերը՝ դիւցազներգութիւնը, ոգին, փիլիսոփայութիւնը եւ գեղարուեստը: Ուրիշ բառով՝ քրիստոնեայ դարձան իրենց հոգիով եւ անոր բոլոր մասերովը`միտքով, սիրտով, խիղճով, բոլոր իմացական եւ բարոյական ճգնակեցութիւններով ու ձգտումներով, սիրովը բովանդակապէս, ամէն բարի եւ ազնիւ հրայրք եւ յօժարութիւն սրբագործելով Աւետարանին շունչով:

Հազիւ արդէն փոքր ի շատէ միայն ծանօթ իր նախաքրիստոնէական կեանքին՝ իրենց համար մասնաւոր բերկրութիւն նկատեցին Աւետարանի ծնունդ ճանչնալ իրենց իրօք եւ իրաւամբ իւրացնելով խաչին բարոյականը ազգովին՝ նոյնացուցին իրենց ազգութիւնը քրիստոնէութեան հետ: Տուին ամէն ինչ, որ ունէին եւ կրնային ունենալ՝ Իրեն, այսինքն՝ Անոր, որ տեսաւ, թէ «չքաւոր այրին» ի՛նչպէս իր ունեցածը ամբողջ դրաւ գանձանակին մէջ, եւ երանեց զայն հոգեւին։

Երանե՛ց, որովհետեւ տեսա՛ւ զայն։

Ի՞նչ երջանկութիւն արդարեւ իրեն՝ այդ հէք կնոջ համար, եթէ գիտցած ըլլար, թէ ո՞վ էր ան, որ տեսաւ զինք, եւ եթէ կրցած ըլլար հասկնալ, թէ ի՛նչ օրհնութիւն էր այն, որ կ՚իջնէր իրեն՝ անոր նայուածքէն միայն ու շունչէն։

Կրնա՞ր միթէ վրիպիլ որեւէ բան Քրիստոսի ամենատես նայուածքէն, որ գիտէ թափանցել եւ քննել նոյնիսկ մինչեւ երիկամունքներուն խորը:

Ըսինք, որ Աւետարանը գանձանակն է, որուն առջեւէն անցան աշխարհի հի՛ն քաղաքակիրթ ազգերը, որոնց մէջ քարոզուեցաւ Քրիստոսի խօսքը, եւ տեսաւ Քրիստոս ամէնքը։ Զոր օրինակ, հրեաները, ասորիները, եգիպտացիները, յոյները, հռովմէացիները, հնդիկները, պարսիկները, եւ այլն։ Ամէնքն ալ իրենց ունեցածէն, ամէնքն ալ, ոմանք իրենց գրականութենէն, ուրիշները իրենց մտաւոր կեանքէն, իրենց ընկերային կեանքի ազդեցութիւններէն բա՛ն մը անպատճառ տուին...։

Հրեան անոր տուաւ իր կրօնքէն, հաւատքի գիրքէն, իր պաշտամունքի կանոններէն եւ կերպերէն։

Ասորին՝ իր մտաւորական այն ձգտումներէն, որոնք յետոյ իր հայրախօսական գրականութիւնը առանձնաւորեցին։

Եգիպտացին՝ իր ներհայեցողական կեանքի այն միտումներէն, որոնք իրենց քրիստոնէական վանականութիւնը կազմակերպեցին Նեղոսի անապատներուն մէջ։

Յոյնը՝ իր փիլիսոփայական միտքի այն լոյսերէն, որոնցմով յետոյ քրիստոնէական դաւանութիւններու ուղղափառութիւնը պիտի բանաձեւուէր։

Հռովմէացին՝ օրէնքի եւ վարչական դրութեան այն ըմբռնումներէն, որոնցմով յետոյ եկեղեցական իշխանութեան եւ կարգապահութեան ոգին պիտի կազմակերպուէին։

Պարսիկն ու հնդիկը, չափով մը եւ կարճ ժամանակի մը համար միայն, մին իր տօներուն խորհրդաւորութենէն, միւսն իր ճգնողական ունայնացումի կերպերէն, ամէնքն ալ տուրքի մը բաժինը, իրենց ունեցածէն մաս մը միայն բերին քրիստոնէութեան, ամենամեծ մասամբ պահելով դարձեալ իրենց նախկին ամբողջը, իրենց ցեղային ինքնութիւնը եւ ազգային նկարագիրը, եթէ ոչ ընդմիշտ, այլ գէթ այն ժամանակին մէջ կամ այն դարաշրջանին, ուր ընդունեցին Աւետարանի կրօնքը, քրիստոնէութիւնը:

Բայց, գտնուեցաւ մէկը, որ Աւետարանին նուիրեց իր ամբողջ ունեցածը։ Եւ ինչպէս ըսինք, այդ ամէնը, ամբողջ հոգեկան կեանքին հարստութիւնը զոհաբերեց Աւետարանին՝ հայ ժողովուրդը եւ քրիստոնեայ դարձաւ իր հոգւովն ու միտքովը, սիրտովը եւ իր խիղճովը: Անո՛ր համար է, որ հաւաքուած յաւիտենական այն մատեանին առջեւ, որուն էջերէն հաճեցաւ Ան ուղղակի խօսիլ ժողովուրդին հետ, յիշատակին առջեւ այն սուրբ մարդոց, որոնք գիտցան ա՛յնքան իմաստութեամբ եւ բարութեամբ առաջնորդել ժողովուրդը իր ճշմարտութեանը ճամբուն մէջ, կու գան իրենց բոլորանուէր սիրոյն, յոյսին եւ հաւատքին տուրքը մատուցել Անոր անունին եւ կամքին։

Եւ Խաչին Խորհուրդը հայ ժողովուրդը զա՛յն կը պաշտէ ո՛չ միայն խաչի տօներուն, երբ կ՚երկրպագէ խաչին պատկերին եւ անով խորհրդանշուած «վիշտ»ի եւ «քաջութեան» մտածումին առջեւ, ո՛չ միայն Աւագ շաբթուան ընթացքին, երբ «Խաչի ճառին արեամբ լուսաւորուած» էջերը կը բացուին ժողովուրդին հաւատքին առջեւ, եղերականօրէն տխուր եւ աստուածայնօրէն վսե՛մ իրադարձութիւններու յաջորդականութեան մը մէջէն, այլ մասնաւորաբար Յարութեան մեծ Տօնը կանխող ապաշխարութեան օրերու քառասնորդական շրջանին, որ Մեծ պահքն է։ Եւ հաւատացեալը Խաչին Խորհուրդով՝ վիշտով, աշխատութեամբ, տառապանքով ու փորձութիւններով կ՚երազէ երկինքը։ Միակ կազդոյրը զոր կ՚ունենայ ան հոն, իրեն կու գայ իր հոգեկան արժէքին զգացումէն եւ ա՛յն մտածութենէն մանաւանդ՝ թէ անհուն բարութիւնը, աստուածային սէրը, որ գաղտնիքն է տիեզերական կեանքին, չի՛ կրնար իր կորուստը ուզել։ Եւ հաւատացեալը կը ջանայ եւ կը յաջողի այսպիսի խոկումներով, այսպիսի ներշնչումներով, այսպիսի յօժարութիւններով եւ յանձնառութիւններով մշակել իր մէջ ներքին կեանքը, պիտի զգայ ընդհուպ ազդումը իր մէջ հոգեկան զօրութեան մը, որ գալուստն է իր մէջ աստուածային ճշմարտութեան, եւ որուն ի տես՝ կը բերկրի միայն հոգին։ Այսպէս է ահա խաչին ճիշմարիտ եւ գաղափարական ճամբան, լի՝ տաժանքներով։

Խաչը՝ մահու պատիժը գործադրելու պարզ գործիք մըն էր, սակայն Փրկիչին Խաչը՝ խորհրդանշանը եղաւ Քրիստոնէութեան մէջ, Արդարութեան եւ Փրկութեան։

Այս իսկ ըմբռնումով է, որ քրիստոնէական հին եկեղեցիներ Խաչը փառաւորեցին, եւ խաչի յատուկ տօներ՝ թանկագի՛ն եղան երկիւղած հոգիներու, հաւատացեալներու համար։

Հայ ժողովուրդը քրիստոնէական մաքուր ջերմեռանդութեամբ տօնեց դարերէ ի վեր Խաչը եւ երգեց Արդարութեան եւ Փրկութեան յաղթանակը՝ իր կրօնական կեանքին մէջ։ Համակերպութեան ողջ եւ զօրեղ գիտակցութեամբ, հայերը կեանքի անխուսափելի դառնութիւններն ու դժուարութիւնները նմանցուցին Խաչին եւ միշտ սիրով եւ համբերութեամբ տարին զանոնք, ընդունելով թէ՝ «աս իմ խաչս է, պէ՛տք է տանիմ», կամ «եղբայր քու խաչդ շատ ծա՛նր է», եւ այլն։ Արդարութեան Խաչը թեթեւ չէ. սակայն պէտք չէ՛ վհատիլ, պէտք չէ յուսահատիլ։ Այս չէ՞ երկիւղած հոգիներու հաւատացեալներու բաժինը: Համբերութեամբ պէտք է տանիլ խաչը՝ կարեկից սիրտերու ընկերակցութեամբ։ Խաչով՝ ոչ միայն քաջ է հաւատացեալ երկիւղած հոգին, այլ նաեւ՝ լի է անբիծ հաւատքով։ Անտանելի կրնայ ըլլալ Խաչը, բայց այդ Խաչէն է, որ պիտի բխի Արդարութեան վճիռը, եւ այդ Խաչով է, որ պիտի կնքուի Փրկութիւնը:

Խաչի տառապանքներուն մէջ է ուրեմն իր քաջալերիչ եւ յուսալի խորհուրդն ու յիշատակը: Ո՛չ թէ տօնել Խաչը, այլ՝ համբերութեամբ վերցնել, որ Խաչին յաղթանակն է։

Երբ «խաչ» կ՚ըսենք, առաջին անգամ նկարագրուած Քրիստոսի խաչին ձեւը կը հասկնանք։ Իսկ «Հայկական Խաչ»ը չորս թեւերը հաւասար ունենալէն զատ, թեւերուն կազմած չորս անկիւններէն ճառագայթներ ունի, որ չորս թեւերուն մէջտեղները կը դրուին, խաչին թեւերուն մէջ ճառագայթելով խաչ մը կազմելով, եւ ամէնքը մէկտեղ սեռակի մը շուրջը սփռուող անիւի ճառագայթներուն նմանութիւնը բերելով: Այդ իմաստով կը մեկնուի «սեռակնաձեւ» անունը, որ կը նշանակէ ձեւովը ամէն դի նայող, չորս դին տարածեալ. բոլորակ եւ քուէի՝ կիվոս, խորանարդի ձեւով. ամէն դի մէկ:

Եւ կը բացատրուի Խաչին ճառագայթարձակ լուսաւորութիւնը։ Եւ ըստ այսմ «սեռակնաձեւ» բառը Հայ Եկեղեցւոյ ընդունած Խաչին պաշտօնական անունը կ՚ըլլայ։

Խաչին ձեւին նկատմամբ գլխաւոր խըն-դիր մըն ալ վրան խաչեալ Քրիստոսի պատկերը գտնուիլն է։

Այս խնդրին մասին Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեան կ՚ըսէ. «Երբ պարզապէս խաչ կ՚ըսենք, լոկ քառաթեւը կ՚իմանանք առանց Քրիստոսի պատկերին:

Արարողութեան մէջ աւելի գործածուած խաչն եկեղեցւոյ պաշտօնեաներուն ձեռքը բռնած խաչն է, որուն վրայ Քրիստոսի պատկերը պիտի չգտնուի, բայց սեղաններու վրայ յատկապէս դրուած ու Ս. Պատարագի մատուցման համար էական սեպուած խաչերը՝ սովորաբար Քրիստոսի պատկերովն են, բայց չենք կրնար պնդել, թէ այսպէս է մեր եկեղեցւոյն ծիսական կանոնը»:

Խաչերը սովորաբար կիրառութեան մէջ արծաթէ են կամ պղինձէ, եւ այս անոնց տոկունութիւնը ապահովելու համար, որովհետեւ ըստ ծիսական օրէնքներու ամէն Խաչ որ եկեղեցիի պաշտամունքի մէջ պիտի գործածուի եւ պիտի յարգուի, պիտի օրհնուի եւ հինգ տեղէն պիտի օծուի, այսինքն կեդրոնը եւ չորս թեւերը, կամ ուրիշ անուններով՝ «Ակն»ը, «Թագ»ը, «Բուն»ը, «Աջ թեւ»ը եւ «Ձախ թեւ»ը։

Փայտէ խաչեր կիրառութեան մէջ չեն ընդունուիր սովորաբար, եւ օծուելու յարմար չեն սեպուիր. թէեւ կտաւի վրայ ալ նկարուած պատկերները օծելէն ետքը փայտէ շինուած խաչերը օծելը դժուարութեան տեղի պէտք չէ տայ։

Խաչի տեսակներուն «Ձեռաց Խաչ»ը պիտի ըլլայ սեռակնաձեւ քառաթեւ, որուն վարի մասը «բուն» մը եւս աւելցուած է, որպէսզի հոնտեղէն բռնուի միշտ բռնիչո՛վ մը։

«Սեղանի Խաչ»ը մեծկակ քառաթեւ մըն է, որ սեղանին մէջտեղը բարձրակէտ պիտի դրուի։

Ըստ Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեանի, Սեղանի խաչը, թէեւ միշտ Հայ Եկեղեցւոյ սեփական ձեւով պէտք էր ըլլար, սակայն շատ աւելի ընդհանրացած է լատինական խաչի ձեւով եւ Քրիստոսի պատկերով Խաչեր գործածել։

«Բազմոցի Խաչ» կը կոչուին զանազան մեծութեամբ խաչեր, որ հանդիսաւոր օրերը, քանի հատ ալ ըլլայ, իբր զարդ կը դրուին սեղանին վրայ։

Իբր «շքանշան» կուրծքի վրայ կախուելու խաչը «Լանջախաչ»ը կուրծքէն կախուելու խաչ մը իբր շքանշան կամ պատուոյ նշան շնորհուած եկեղեցականներուն: Երկու տեսակ լանջախաչ կայ. մէկը «քահանայական» եւ միւսը «վարդապետական»: Քահանայական խաչը պարզ ոսկեզօծ արծաթէ խաչ մըն է իբր 10 սանթիմեթր երկար, քիչ մը զարդարուն, որ ոսկեզօծ շղթայով մը վիզէն կախուած կուրծքին վրայ կը կրուի ամէն զգեստներուն վրայէն:

Վարդապետական խաչն ալ նոյնչափ կամ քիչ մը աւելի մեծ խաչ մըն է, որուն մէջ խաչելութեան նկարէն պատկեր մը կայ, շուրջանակի սուտ ադամանդներով զարդարուած, վրայի կողմը թագ մը Ռուսերու կայսերական թագին ձեւով եւ վարի մասը պզտիկ զարդ մը կախուած։ Այդ իսկ պատճառաւ «Ականակուռ» ալ կը կոչուի վարդապետական խաչը, որ շատ ցանցառ կերպով արժանաւորագոյն քահանաներու ալ կը տրուի։ Լանջախաչը անծանօթ էր հայ եկեղեցիին յիշատակութիւններուն մէջ եւ հայ եկեղեցիին մէջ մուտ գտաւ միայն ռուսերու հետեւողութեամբ, եւ նախորդ դարուն սկիզբները միայն կիրառութեան մտաւ:

Լանջախաչը կը շնորհուի ուղղակի Ամենայն Հայոց Հայրապետէն, բայց տարադէպ չէ անոնց կարծիքը, որ մասնաւոր կաթողիկոսներու եւ պատրիարքներու ալ լանջախաչ շնորհելու յարմարութիւնը կամ իրաւունքը կը ճանչնայ։

Լատիններու մէջ լանջախաչը եպիսկոպոսական նշան է, զոր կը կրեն նաեւ հայ-հռովմէականներու եպիսկոպոսները։

Հինէն մնացած երկու լանաջախաչերու օրինակներ կային, մին Մայր Եկեղեցւոյ մէջ պատրիարքներու համար, միւսը Արմաշի մէջ վանահայրերու համար, եւ կրնայ մտածուիլ, թէ օտարներու նմանութեամբ շինուած են:

Լանջախաչը կը գործածուի ամէն հանդիսաւոր պաշտօնական պարագաներու մէջ։

Իսկ Խաչը, որ իբր յատուկ առարկայ մը, այլ ուրիշ առարկաներու վրայ դրուած նուիրական նշան կը գտնենք ամէն տեղ:

Խաչով պէտք է նուիրագործուին եկեղեցւոյ ամէն սպասները եւ զգեստները։ Զգեստներու վրայ ալ միշտ Խաչի նշաններ պիտի ըլլան, սարկաւագին ուրարը հինգ՝ գոնէ երեք տեղէն...:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2021