ՓԱՓԱՔՆ ՈՒ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Ինչպէս Արցախի պատերազմի «ամենատաք» օրերուն, այնպէս ալ այս օրերուն հայկական քաղաքական մտքին համար կը շարունակէ միակողմանիօրէն բանիլ հարեւաններուն միջեւ պատերազմ կամ գերլարում «տեսնելու» հին-նոր գաղափարը։

Անշուշտ շատ բնական է, որ Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը այսօր Իրանի կողմէ առնուած քայլերը, ռազմափորձերը, յաճախ ալ այդ երկրի պատասխանատուներու շուրթերէն արձակուած հրձիգ յայտարարութիւնները մեծապէս արժեւորեն ու այդ ձեւաչափերէն սնունդ ստանալով իրենք զիրենք ապահով զգան։ Սա բնական երեւոյթ է, եթէ հաշուի նստինք այսօր առկայ մեր անմխիթար իրավիճակին, պարտութեան եւ համատարած ընկճախտին հետ։

Սակայն փափաքը փափաք, իսկ «ռէէլ փոլիթիք»ը այլ բան։ Ճիշդ է, որ այսօր Հարաւային Կովկասի ողջ տարածքով առկայ է լարուած իրավիճակ, սակայն գաղտնիք մը բացայայտած չըլլալու կանոնով պէտք է անպայման հաշուի առնել այն տուեալը, որ շրջանին մէջ խաղին մասնակից հիմնական «խաղացող»ներէն ոչ մէկը օգտակար պիտի համարէ պատերազմի մը մէջ յայտնուիլ, բացի Հայաստանի «անմխիթար» մնացած վարչապետէն, որ դեռ մինչեւ երէկ ոչ միայն կը բաւարարուէր երկրի ողջ բնակչութիւնը մարտակոչի ենթարկելու, այլ նաեւ շատ մեծ փափաք ունէր, որ Արցախի պատերազմին մաս կազմեն եւրոպական երկիրները, նաեւ Հայաստանի դաշնակից Ռուսաստանը։

Փափաքները եւ իրականութիւնները սակայն բոլորովին տարբեր են։ Տարբեր են, որովհետեւ պետութիւնները սկսած են համոզուիլ, որ որեւէ պարագայի խաղաղ ճանապարհներով հարցերը լուծելու մօտեցումը շատ աւելի ձեռնտու եւ շահաւէտ է քան ինքը՝ հրէշաւոր պատերազմը։

Այս բոլորէն անդին սակայն, կարեւոր է անգամ մը եւս փաստագրել, որ Իրանի կողմէ կատարուած որոշ քայլերուն զուգահեռ՝ Թեհրան մեծ կասկածներով կը նայի Փաշինեանի ու անոր իշխանախումբի մօտեցումներուն։ Այդ կասկածները անշուշտ նոր չեն ծագած ու վերջին երեք տարիներուն Հայաստանի մէջ առկայ իրավիճակը մեծ հաշուով Իրանի ղեկավարներու սրտով չէ։

Ամէն պարագայի նախքան Կովկասի հատուածին մէջ արձանագրուող մեծ լարումներու փուլը (մէկ կողմէ Իրանի եւ միւս կողմէ Ատրպէյճանի միջեւ, որոնց ականատեսն ենք այս օրերուն), Իրան-Հայաստան յարաբերութիւններուն վերաբերեալ կարեւոր խօսակցութիւնները ընթացք կ՚առնէին մասնաւորապէս՝ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի իշխանութեան գալէն անմիջապէս ետք։ Ի դէպ, Հայաստան-Իրան յարաբերութիւններու օրակարգը միայն իրանեան «տեղական» մակարդակի խնդիր մը չէր, այլ աւելին։ Ու այդ «անգիր օրէնք»ին հետեւելով է, որ օրերս բաւական մեծ մակարդակի լարումներ կ՚արձանագրուին տարածքաշրջանին՝ Հարաւային Կովկասի մէջ։ Ի վերջոյ կարեւոր է դիտարկել, թէ Իրանի իշխանութիւնները ինչ ձեւաչափով կը մօտենան Հայաստանի հետ յարաբերութեանց օրակարգին, ո՛չ միայն իրերը իրենց անունով տալու առումով՝ այլ նաեւ «արժեւորելու» կամ աւելի ճիշդը «նիշը տալու» այն իշխանութիւններուն, որոնք կը ղեկավարեն այսօրուան Հայաստանը։

Իբր այդ, աւելի քան կենսական է լսել Թեհրանի հայկական ձայները ոչ միայն առկայ պատկեր ունենալու, այլ ապագայ որեւէ քայլի վերաբերեալ յստակ տեսակէտներ ունենալու համար։ Այս առումով իմ ընթերցողներուն պիտի առաջարկեմ հաշուի առնել Իրանի «Ալիք Օնլայն»ի խմբագիր Արամ Շահնազարեանի յայտարարած տեսակէտները, որոնք օրերս լոյս տեսան «168.ժամ» կայքին մէջ։

ԿԱՐԾԻՔ ԹԵՀՐԱՆԷՆ

Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի Իրանի նորընտիր նախագահ Ռայիսիի ուղղած շնորհաւորական ուղերձը հիմնականին մէջ պէտք է դիտարկել դիւանագիտական ընդունուած արարողակարգերու տրամաբանութեան ծիրէն ներս եւ միեւնոյն ժամանակ պէտք չէ անտեսել որոշ կարեւոր հանգամանքներ:

Առաջին՝ Ռայիսիի գերխնդիրը երկրի անմխիթար տնտեսական իրավիճակի կարգաւորումն է, ինչ որ բազմաթիւ ընկերային-տնտեսական լուրջ մարտահրաւէրներու պատճառ դարձած է: Նորընտիր նախագահին առաջին հերթին անհրաժեշտ է սահմաններու կայունութիւն, բազմաթիւ ներքին մարտահրաւէրներու վրայ կեդրոնանալու համար: Երկրորդ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան գործող իշխանութիւնները դեռ չեն յաջողած մշակել առկայ իրողութեան համահունչ արտաքին քաղաքական ռազմավարութիւն, ինչ որ չի կրնար իր բացասական ազդեցութիւնը չունենալ Իրան-Հայաստան յարաբերութիւններու ընթացքին եւ անոնց հնարաւոր զարգացման վրայ, այն պարագային, երբ նախագահական ընտրութիւններուն տարած յաղթանակի առիթով Ռայիսիին ուղղուած շնորհաւորական ուղերձով Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւ բարձր գնահատած է երկու երկիրներու «ռազմավարական համագործակցութիւնը»՝ շեշտելով, որ Իրանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ «սահմաններու ամբողջական վերականգնումը» նոր հորիզոններ կը բանայ երկկողմանի եւ տարածքաշրջանային յարաբերութիւններու ընդլայնման ուղղութեամբ:

Թեհրանի մէջ կարգ մը փորձագիտական շրջանակներ այս մէկը մեկնաբանած են որպէս Իրանին ուղղուած հրաւէր՝ դառնալու գլխաւոր շահառուներէն մէկը՝ Հարաւային Կովկասի մէջ յետպատերազմեան շրջանին ձեւաւորուած նոր սթաթիւքոյի պայմաններուն մէջ: Երրորդ եւ թերեւս, ամենակարեւորը՝ Թեհրանի մէջ լուրջ կասկածներ կան առ այն, որ Նիկոլ Փաշինեան Ռուսաստանի եւ Իրանի օգնութեան միջոցով, թուրք-ատրպէյճանական դաշինքի ճնշումը դիմակայելու փոխարէն, փորձէ միակողմանի զիջումներով եւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրմամբ կարգաւորել յարաբերութիւնները Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ։ Թեհրանէն խիստ մտահոգութեամբ կը հետեւին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացներուն, մասնաւորապէս՝ Մեղրիի կամ Զանգեզուրի հնարաւոր միջանցքի հետ կապուած զարգացումներուն, զանոնք համարելով մարտահրաւէր եւ սպառնալիք՝ ուղղուած իրենց անվտանգային շահերուն:

Կասկածէ վեր է, որ եթէ Իրանը վերը նշուած գործընթացներն ու զարգացումները վերջնականապէս ընկալէ որպէս առաջին կարգի եւ նշանակութեան մարտահրաւէր՝ ուղղուած իր անվտանգային մթնոլորտին, ուրեմն անոր ամենաչնչին միջամտութիւնն իսկ կրնայ փոխել տարածքաշրջանի մէջ ընթացող աշխարհաքաղաքական գործընթացներու հաւասարումները: Չմոռնանք, որ Իրան կը համարէ, որ Թուրքիոյ դաշինքը Ատրպէյճանի հետ եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ անոր աճող յաւակնութիւնները կը հակասեն իր շահերուն, իսկ Թուրքիոյ ռազմական ներկայութեան ամրապնդումը տարածքաշրջանին մէջ կը մեծցնէ նաեւ Իրանի սահմաններու մօտ ՆԱԹՕ-ի ներկայութեան հնարաւորութիւնը: Թեհրանի մէկ այլ հիմնական մտահոգութիւններէն մէկը նաեւ երկրի հիւսիսային սահմաններուն արեւմը-տեան եւ իսրայէլեան յատուկ ծառայութիւններու ներկայութիւնն ու անոնց հակաիրանական հետախուզական գործունէութեան ընդլայնումն է:

Եթէ կեանքի կոչուէր Իրանը Հայաստանի հետ կապող երկաթուղագիծի ծրագիրը, ուրեմն այսօր կ՚ունենայինք տրամագծօրէն այլ պատկեր: Այսինքն, տարածքաշրջանին մէջ հաղորդակցական ուղիներու ապաշրջափակման գործընթացը կը զարգանար բոլորովին այլ տրամաբանութեամբ:

Նշենք, որ 2020-ի նոյեմբեր 13-ին Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած էր՝ «մենք կ՚ուզենք, որ Հայաստան-Իրան երկաթուղագիծը աշխատի՝ Նախիջեւանով»:

Հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը, բնականաբար, որոշակիօրէն կը հետաքրքրէ նաեւ Իրանը, որ պիտի փորձէ առաւելագոյնը ստանալ այդ գործընթացէն՝ վերականգնելով իր խաթարուած դիրքերը Հարաւային Կովկասի մէջ: Սակայն կարելի է նշել, որ ապաշրջափակման գործընթացը իր այսօրուայ տրամաբանութեամբ այնքան ալ չի կրնար բխիլ Իրանի անմիջական շահերէն, քանի որ Թեհրան Հայաստանով անցնող հիւսիս-հարաւ միջանցքը կը համարէր եւ կը համարէ որպէս այլընտրանք, որ կրնայ լրջօրէն սահմանափակել թուրք-ատրպէյճանական դաշինքի ազդեցութիւնը եւ խուսանաւութեան հնարաւորութիւնը տարածքաշրջանին մէջ: Այս բոլորը, անշուշտ, պէտք է դիտարկել յատկապէս Իրան-Չինաստան ռազմավարական նշանակութեան 25-ամեայ համագործակցութեան պայմանագրի ֆոնին, որուն լիարժէք իրականացումը մեծապէս կախեալ պիտի ըլլայ Պարսից ծոցէն դէպի Սեւ ծով, իսկ այնտեղէն՝ դէպի Եւրոպա եւ Ռուսաստան երկարող անվտանգ հաղորդակցութիւններու առկայութեամբ: Այնպէս որ՝ Հայաստան չի կորսնցներ իր նշանակութիւնը Իրանի համար: Սակայն պէտք չէ մոռնանք այն հանգամանքը, որ երկկողմանի յարաբերութիւններու որակն ու մակարդակը, բնականաբար, Հայաստանի դերն ու նշանակութիւնը Իրանի տարածքաշրջանային քաղաքականութեան մէջ մեծապէս կախեալ պիտի ըլլան այն հանգամանքէն, թէ Հայաստանի գործող իշխանութիւնները ինչպէ՛ս կը պատկերացնեն այդ բոլորը եւ ի՛նչ նշանակութիւն կու տան Իրանի հետ յետագայ յարաբերութիւններուն:

Իրանին սպառնացող անվտանգութեան բնոյթի հիմնական մարտահրաւէրներէն մէկը երկրի հիւսիս-արեւելեան նահանգներուն մէջ գործող անջատողական շարժումներն են, իսկ Արցախի Հանրապետութեան շնորհիւ Իրան-Ատրպէյճան սահմանը կրճատուած էր մօտաւորապէս 130 քիլօմեթրով:

44-օրեայ պատերազմին հայկական կողմի կրած պարտութեան հետեւանքով ոչ միայն վերականգնուեցաւ այդ սահմանը, այլ նաեւ դաւաճանաբար հակառակորդին յանձնուած հայոց բերդաքաղաք Շուշին հռչակուեցաւ որպէս թրքական աշխարհի մշակութային մայրաքաղաք: Կը կարծեմ, որ մեծ երեւակայութիւն պէտք չէ պատկերացնելու համար, թէ ոչ-հեռու ապագային ինչ գաղափարներ պիտի բանին այնտեղ եւ, առաջինը՝ որ շրջանները պիտի ըլլան այդ գաղափարներու հիմնական թիրախները:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2021