ՄԵՂԱՊԱՐՏԸ
Յաղթանդամ ոստիկան մը մտաւ գերեզմանատուն, մի քանի անստոյգ քայլ առաւ ճերմակ տապանաքարերուն շուրջ, ապա տատամսոտ կեցաւ պահ մը եւ գոչեց ձայնը երկարելով. «Օմար Խայեա՜մ...»: Ոչ ոք պատասխանեց: Ան գրպանէն ճերմակ, կեղտոտ թաշկինակ մը հանեց, խնջեց անոր ծալքերուն մէջ, ոլորեց զայն եւ վերադարձուց գրպանին մէջ, ապա խեղդուած ձայնով գոչեց.
-«Օմար Խայեա՜մ... Օմար Խայեա՜մ... պահանջուած ես դատավարութեան»:
Ոչ ոք պատասխանեց: Ոստիկանը հեռացաւ գերեզմանատունէն եւ վերադարձաւ ոստիկանատուն. հոն զեկոյց մը գրեց, ուր բացատրեց պատահածը՝ փաստելով, որ Օմար Խայեամը մերժեց ներկայ գտնուիլ դատարան եւ զեկոյցը ներկայացուց բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն, որոնց դէմքերը ապշած եւ ժխտողական արտայայտւթեամբ քծնողի տեսք ունէին եւ իսկոյն հրահանգներ արձակեցին:
Մի քանի ոստիկաններ անմիջապէս ուղղուեցան դէպի գերեզմանատուն, իրենց հետ վերցնելով բահեր եւ թիակներ: Անոնք փորփրեցին Օմար Խայեամի դամբարանը, հանեցին անոր փոշոտ, մաշած եւ փետտուած միսերով մարմինը հողին ընդերքէն, վերցուցին, տարին դատարան եւ ներկայացուցին դատաւորին:
Դատաւորը յարգալից եւ բարեկամական շեշտով ըսաւ.
-Դուն՝ Օմար Խայեամդ, մեղաւոր ես գինին գովերգող ոտանաւորներ գրելու եւ զայն խմելը քաջալերելու պատճառով, եւ քանի որ մեր երկիրը կը ձգտի տնտեսական ինքնավարութիւն ունենալ եւ անոր օրէնքները կ՚արգիլեն օտար ապրանք ներածել, եւ քանի որ մեր երկրին մէջ չկան գինի պատրաստող գործարաններ, ուստի բանաստեղծութիւնդ խթան կը հանդիսանայ օտար ապրանք ներածելու, որուն պատճառով օրէնքը անողոքաբար կը պատժէ: Կը խոստովանի՞ս մեղքդ: Ինչո՞ւ չես պատասխաներ: Խօսէ՛: Լռութիւնը վնասակար է...: Շատ լաւ: Լռութիւնդ կը փաստէ, որ մեղքդ կը մերժես: Ուրեմն պիտի փորձենք այժմ գիտնալ, թէ անմե՞ղ ես, կամ մեղաւոր: Արդարութիւնն է մեր նպատակը: Նախ... ոտանաւոր գրողը վստահաբար պէտք է գրել-կարդալ իմանայ: Ատա՞կ ես գրել-կարդալու: Կը ժխտե՞ս: Ուրեմն վկաներ պիտի հրաւիրենք:
Առաջին վկան (գրադարանատէր մը)- Մեղապարտը գրադարանէս բազմաթիւ գիրքեր կը գնէր:
Դատաւորը- Ինչպիսի՞ գիրքեր կը գնէր:
Առաջին վկան- Տարբեր գիրքեր կը գնէր, բայց կը նախընտրէր այն գիրքերը, որոնք սիրոյ մասին կը խօսին:
Դատաւորը- Հահա՜... Ուրեմն ան կը սիրէր մարմնական հաճոյք պատճառող գիրքե՞րը: Աստուծոյ ողորմութիւնը բարի բարքերուն վրայ է: Ըսէ՛ ինծի, ան քաղաքական գիրքեր չէ՞ր գներ:
Առաջին վկան- Քաղաքական գիրքե՞ր. կ՚երդնում, որ ձեռքս օր մը չէ հպած քաղաքական գիրքի մը, կրնայ ըլլալ որ ուրիշ գրադարանէ կը գնէր:
Դատաւորը- Ուրեմն գիրքե՞ր կը գնէր:
Առաջին վկան- Նաեւ ճերմակ թուղթեր եւ գրիչներ կը գնէր:
Դատաւորը- Աստուա՛ծ իմ, կեղծիքը տապալեցաւ եւ ճշմարտութիւնը յաղթեց: Մեղապարտը եթէ գրել-կարդար չգիտնար, իր դրամը չէր վատներ գիրքեր, թուղթեր եւ գրիչներ գնելով:
Երկրորդ վկան (ծերունի կին մը)- Ինչ որ գիտեմ այն է, որ մեղապարտը բառերէն բացին չէր սիրեր: Զայն սիրող կին մը տեղեկացուց, որ խոստովանած է իրեն, թէ բառերուն հանդէպ իր սէրը կը գերազանցէ աշխարհի ամենագեղեցիկ կինը սիրելէն:
Դատաւորը- Բառե՞րը կը սիրէ, ինչպիսի՛ շեղում: Արդար քաղաքացին կը սիրէ իր մայրն ու կառավարութիւնը:
Երրորդ վկան (լրագրող մը)- Մեղապարտին ոտանաւրներուն նայեցայ եւ նկատեցի, որ անոնց մէջ կը բացակային կառավարութեան գովաբանումը:
Դատաւորը- Ասիկա կտրական փաստ մըն է, որ մեղապարտը ժողովուրդը չի սիրեր:
Չորրորդ վկան (երկար մօրուքով մարդ մը)- Կ՚երդնում Աստուծոյ անունով, որ մեռնելէս վերջ որդերուն կեր դառնալիք ականջներովս լսեցի, երբ մեղապարտը կ՚ըսէր, թէ գինին կը յաղթէ տխրութեան:
Դատաւորը- Այս խօսքը կրնայ վտանգաւոր ըլլալ դատարանին համար, (փաստ մը) թէ տխրութիւնը տարածուած է մարդոց մէջ:
Հինգերորդ վկան (ոստիկանապետ մը)- Բազմաթիւ զեկոյցներ հասան մեզի «տխրութիւն» կոչուածին աւերիչ գործունէութեան մասին, բայց առ այսօր զայն չկրցանք ձերբակալել եւ անոր փնտռտուքը կը շարունակուի:
Վեցերորդ վկան (բանտարկեալ մը)- Տխրութիւնն էր, որ զիս գայթակղեց, որպէսզի պահանջեմ ազատ ապրիլ:
Եօթներորդ վկան (բանտարկեալ մը)- Տխրութիւնը ստիպեց ինծի, որ հայհոյեմ կառավարութեան:
Ութերորդ վկան (բանտարկեալ մը)- Տխրութիւնն էր, որ զիս հրահրեց ցոյցերու մասնակցելու:
Իններորդ վկան (բանտարկեալ մը)- Տխրութիւնն էր, որ զիս դրդեց բանտէն փախչելու:
Տասներորդ վկան (բանտարկեալ մը)- Տխրութեան պատճառով միայն ատեցի ոստիկանները:
Դատաւորը- Վկաներուն խօսքերը փաստեցին, որ Օմար Խայեամի բանաստեղծութիւնները գինիի անեղծ ծանուցումներ են եւ բացայայտ հրաւէրներ օտար ապրանք ներածելու: Գործադրելով կասկածելի ծրագիրներ, որոնց թիրախն է խռովութիւն յառաջացնել, ինչպէս նաեւ վկաներուն խօսքերը փաստեցին Օմար Խայեամի գործակցութիւնը տխրութեան, որ յստակօրէն հինգերորդ կարգի լրտես մըն է, զոր կ՚օգտագործեն մեր թշնամիները անվտանգութիւնը խախտելու եւ խառնաշփոթ սփռելու:
Դատաւորը լռեց պահ մը, հանգիստ ու երանաւէտ հառաչանք մը (արձակեց), ապա շարունակեց խօսքը եւ վճռեց կտրականապէս արգիլել Օմար Խայեամին գրելը:
Ոստիկանները ստանձնեցին Օմար Խայեամը տանիլ գերեզմանատուն եւ զայն տեղաւորել իր փոսին մէջ, հողը թափել վրան, իր բոլոր ունեցած թուղթերը եւ գրիչները ոչնչացնել:
Մինչ տխրութիւնը ազատ մնաց եւ շարունակեց իր աւերիչ գործունէութիւնը:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Երեւան