«ԳԻՏԵՄՃԻ»ՆԵՐԸ

Յետպատերազմեան Հայաստանը բոլորովին նոր Հայաստան մը ըլլալու բոլոր միջոցները ունէր, սակայն ինչպէս այլ առիթներով, այս անգամ ալ ջուրին կու տայինք մեզի տրուած պատեհութիւնը։

Խնդիրը միայն ցաւին ամեհիութիւնը չէր, այլ կային խորքային մի քանի դրոյթներ, որոնք մեծ հաշուով խանգարեցին յառաջընթաց արձանագրելու բոլոր մակարդակի յոյսերը։

Ի բնէ հայը գիտէ, գիտէ ամէն ինչ… եւ միայն ինքն է, որ գիտէ այդ «ամէն ինչ»ը ու կ՚ապրի, կը շնչէ, կը գործէ եւ քիչ մը ալ իր շուրջինները կը վարակէ այդ ամենագիտութեամբ։

Ընկերական սեղմ մակարդակի վրայ այդ «գիտելիութիւն»ը կը նշանաւորուի դարձեալ ներքին օգտագործման համար «հնարուած» բառով մը՝ «գիտեմճիութեամբ»։

«Գիտեմճի»ն ամէն տեղ է. տան դիմացդ է կանգնած քեզ բարեւելու, հետդ է քեզ աշխատանքի տանող վարորդին կերպարանքով, աշխատանքի վայրիդ նախամուտի՝ սուրճի մեքենային մօտ կանգնած պահակին տեսքով, եւ նոյնիսկ դէպի ութերորդ յարկ քեզ բարձրացնող վերելակին մէջ, չես գիտեր ուրկէ ուր յայտնուած սեւ ակնոց եւ մուգ գոյնի գլխարկ դրած անծանօթ մարդու մը ձայնով։

Ասոնք բոլորն ալ «պարզ ու համեստ» «գիտեմճիներ»ու խումբին մաս կը կազմեն, կը հանդիպին, իրենց ադամանդները «շաղ» կու տան, կարծիքդ կը հարցնեն, հետդ խօսիլ կը փորձեն ու նոյնիսկ կ՚ընեն ամէն ինչ, որպէսզի դուն ալ մտնես իրենց պատրաստած «պատկեր»ին մէջ, ու հոն ծայրը մահակ մը առնես ու կենաս...։

Հաւանաբար այս խումբի «գիտեմճիներ»ը անվնաս մարդիկ են։

Կը հանդիպին, «խորհուրդներ» կը ցանեն, կը խօսին, յաճախ կը շատախօսեն, բայց ճամբու աւարտին ալ ժպիտ մը թողելով կը հեռանան։

Երեւի այդ ժպիտ թողելն ալ որոշակի մարտավարութեան մը արդիւնքն է, որպէսզի իրենց խօսակիցները կամ աւելի ճիշդ իրենց «թիրախ» հանդիսացող մարդիկը բարիով ու լաւով յիշեն զիրենք ու տեղ մըն ալ մտմտան՝ «բայց լաւ մարդ էր չէ՞»։

Ուշագրաւը այն է, որ այս տեսակի «գիտեմճիութեան» հերոսները գրեթէ ամէն տեղ են։ Իմ ծննդավայրիս մէջ ալ կային, Պոլիս ալ կան, Երեւան ալ կան, Հռոմի մէջ ալ տեսած եմ անոնցմէ ու երեւի երբ օր մը «Լոս Արմենոս» ալ այցելեմ, հոն ալ անոնց պիտի հանդիպիմ։

Թեթեւ ոգի մը ունին, հայու տարտով կը տառապի իրենց հոգին, աշխարհին խաղաղութիւն կը ցանկան ու ամէն ինչի մէջ հրեան ու Իսրայէլը կը նախատեն։

Բուռն հետեւող են դաւադրապաշտութեան ու իրենց համար պատուաստ ստանալը աշխարհի ամենավտանգաւոր փորձութիւնն է։

Բուռն հետեւող են կրօնական արարողութիւններուն եւ իրենց համար կիրակի օրերը եկեղեցի չերթալը համազօր է մեծ ու աններելի մեղքի։

Բուռն հաւատացող են հայ ժողովուրդի յաւիտենութեան ու իրենց համար այն, որ այդ սկզբունքով չ՚առաջնորդուիր, ըսել է ան դաւաճան է ու կրակը պէտք է նետուի։

Բուռն հաւատացողն են հայ ընտանեկան արժէքներուն, բայց եկուր-տես, որ իրենց մօտիկ մէկ ազգականը ամուսնացած ու ընտանիք «կազմած» է սեւամորթի հետ, «բայց բարի է» տիտղոսը վաստակած իրենց հարեւանին հետ։

Բուռն հաւատացողն է ընկերային արդարութեան, բայց եկուր-տես, որ իրենց ամբողջ կեանքը եղած է իրական պատկերն ու արգասիքը դասակարգային խոցելի զատողութեան։

Այս յատկանիշները անշուշտ միշտ չէ, որ նոյն տարողութեամբ գոյութիւն ունենան բոլոր առաջին դասակարգի «գիտեմճիներ»ուն մօտ, սակայն անոնց ընկալումները, խօսելու ձեւը, դիմացինին հետ մօտիկութիւն ցոյց տալու «ունակութիւն»ը ցոյց կու տայ, որ անոնք ի յառաջագունէ «կրող»ն են այդ գաղափարներուն։

Ամէն պարագայի տակ, ինչպէս վերն ալ նշեցի, այս տեսակին կամ խումբին պատկանող «գիտեմճիներ»ը վնասակար չեն, կ՚արժէ ատեն-ատեն անոնց ձայնը լսել, անոնց բողոքի պատճառը հասկնալ, բայց նաեւ զգոյշ ըլլալ, որպէսզի յանկարծ քեզի մտերիմներ չդառնան։

Մեծ կորուստը ժամանակի կորուստն է հարկաւ, եւ այս խումբի «գիտեմճիներ»ը բոլոր առումներով թշնամին են ժամանակին։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 23, 2021