ԱՂԱՆԴՆԵՐՈՒ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐ

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Հա­յե­ցա­կար­գա­յին գրա­սե­նեա­կի ղե­կա­վար Տ. Բագ­րատ Եպսկ. Գալս­տա­նեան յայ­տա­րա­րեց, որ խօս­քի ա­զա­տու­թեան ի­րա­ւուն­քը որ­պէս պա-տ­ըրւակ կը ծա­ռա­յե­ցուի հո­գեոր­սու­թեան հա­մար։ Ան հա­մո­զուած է, թէ խօս­քի ա­զա­տու­թեան եւ հո­գեոր­սու­թեան ըն­կա­լում­նե­րուն մէջ գո­յու­թիւն ու­նի բա­խում մը։ Ար­դա­րեւ, խօս­քի ա­զա­տու­թեան ի­րա­ւուն­քին ներ­քեւ շատ յա­ճախ կը կա­տա­րուի հո­գե­որ­սու­թիւն եւ այս պատ­ճա­ռով անհ­րա­ժեշտ է յստա­կօ­րէն սահ­մա­նել հո­գե­որ­սու­թիւ­նը։

Ե­րե­ւա­նի մէջ նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցաւ «Հո­գե­ւոր անվտան­գու­թիւն. մար­տահ­րա­ւէր­ներ, խնդիր­ներ» նիւ­թին ձօ­նուած կլոր սե­ղա­նի ձե­ւա­չա­փով քննար­կում մը։ Հայ յե­ղա­փո­խա­կան դաշ­նակ­ցու­թեան Հա­յաս­տա­նի գե­րա­գոյն մարմ­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած էր այս հա­ւա­քոյ­թը, ո­րու ըն­թաց­քին Տ. Բագ­րատ Եպսկ. Գալս­տա­նեան յայտ­նեց, որ կրօ­նա­կան շար­ժում­նե­րու այս կամ այն եր­կիր ներ­թա­փան­ցու­մը մե­ծա­մաս­նու­թեամբ ուղ­ղուած է հա­մա­կար­գե­րը խարխ­լե­լու, ինչ որ տե­սա­նե­լի է նաեւ պատ­մու­թեան փոր­ձա­ռու­թեամբ։ «Վա­ղուց՝ նա­խա­մար­դու հետ ե­կած ըն­կա­լում կայ, թէ տի­րա­պե­տու­թեան հա­մար պէտք են ո՛չ միայն քա­ղա­քա­կան հա­մա­կար­գերն ու զէն­քե­րը, այլ մար­դիկ կրնան գե­րե­վարուիլ այլ հո­գե­ւոր տար­բեր հա­մա­կար­գե­րու ա­նոնց մէջ ներդ­րու­մով», ը­սաւ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը եւ ա­ւել­ցուց, թէ Հա­յաս­տա­նի մէջ կրօ­նա­կան շար­ժում­նե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը ուղ­ղուած է հա­մա­կար­գե­րու խարխլ­ման։ Իր կար­ծի­քով, Հա­յաս­տա­նի կրօ­նա­կան շար­ժում­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան դաշ­տը կա­րիք ու­նի կա­նո­նա­կարգ­ման։ Կրօ­նա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը օ­րէն­քի մէջ նոյն հար­թու­թեան վրայ են՝ ան­կախ հա­սա­րա­կա­կան կեան­քի մէջ ի­րենց ու­նե­ցած ներդ­րու­մէն՝ պատ­մա­կան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նէն, գոր­ծու­նէու­թեան վա­ղե­մու­թեան շրջա­նէն։ «Դաշ­տը կար­գա­ւո­րուած չէ, այս պատ­ճա­ռով ալ կը յա­ռա­ջա­նան խըն-դիր­ներ։ Պատ­շաճ դրու­թիւն­ներ չկան, ժա­մա­նա­կին, կը յի­շեմ, հնչե­ցին կո­չեր կրօ­նա­կան ոս­տի­կա­նու­թիւն ստեղ­ծե­լու վե­րա­բե­րեալ, մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րը ե­ղան տար­բեր։ Կը կար­ծեմ, որ սա կը նշա­նա­կէր ոս­տի­կա­նա­կան հա­մա­կար­գի մէջ գո­յու­թիւ­նը այն­պի­սի բաժ­նի մը, որ ո­րոշ չա­փով կար­գա­ւո­րիչ ու վե­րահս­կող դեր պի­տի ու­նե­նար կրօ­նա­կան շար­ժում­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան ա­ռու­մով», շա­րու­նա­կեց ան եւ ընդգ­ծեց, որ նախ­կին խորհր­դա­յին եր­կիր­նե­րէն ներս կրօ­նա­կան շար­ժում­նե­րու հար­ցը կը մնայ ան­լոյծ, նե­րա­ռեալ Հա­յաս­տա­նը։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ան դի­տել տուաւ, որ Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին չի գոր­ծեր ընդ­դէմ կրօ­նա­կան շարժ­ման, այլ կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ հո­գե­ւոր քա­րոզ­չու­թեան ընդ­լայն­ման գոր­ծու­նէու­թիւն։

Նոյն հա­ւա­քոյ­թին ըն­թաց­քին Տ. Բագ­րատ Եպսկ. Գալս­տա­նեան ա­պա­ցու­ցա­նեց, թէ մար­դիկ որ­քան որ կ՚ան­դա­մակ­ցին զա­նա­զան կրօ­նա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու, կը մաս­նակ­ցին ա­ղան­դա­ւո­րա­կան շար­ժում­նե­րու, նոյն­քա­նով դուրս կու գան ա­նոնց­մէ։ «Ին­չո՞ւ կը մտնեն՝ բազ­մա­թիւ պատ­ճառ­նե­րով՝ տնտե­սա­կան, քա­ղա­քա­կան ու բնա­կա­նա­բար նաեւ հո­գե­ւոր պատ­ճառ­նե­րով», դի­տել տուաւ Սրբա­զա­նը եւ ա­ւել­ցուց, թէ Հայ Ե­կե­ղե­ցին բազ­մա­շերկ յար­ձակում­նե­րու են­թա­կայ է, ինչ որ բո­լոր հա­սա­րա­կու­թիւն­նե­րուն բնո­րոշ ե­րե­ւոյթ մըն է։ «Հա­սա­րա­կու­թիւն­նե­րու մէջ հո­գե­ւոր ամ­րո­ցը ու­նի կա­րե­ւոր դե­րա­կա­տա­րու­թիւն եւ այս պատ­ճա­ռով ալ մեծ չա­փով կ՚ի­րա­կա­նա­ցուի այդ ամ­րո­ցին խարխ­լու­մը», ընդգ­ծեց Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը կլոր սե­ղա­նի ըն­թաց­քին։

Նոյն հա­ւա­քոյ­թի միւս ա­տե­նա­խօս­ներն ալ դի­տել տուին, թէ Հա­յաս­տա­նի մէջ ու­ղի­ներ կը փնտռուին հո­գե­ւոր ան-վըտան­գու­թեան խնդիր­նե­րու լուծ­ման հա­մար։ 

Ուրբաթ, Յունիս 5, 2015