ՖՐԵՏԻՈՖ ՆԱՆՍԷՆ՝ ՀԱՅԱՍԷՐՆԵՐԷՆ ՄԷԿԸ
2021-ը Ֆրետիոֆ Նանսէնի (10 հոկտեմբեր 1861-13 մայիս 1930) ծննդեան 160-ամեակն է:
Միջին Արեւելք ապրող բազմահազար հայերէն շատեր թերեւս յիշեն կամ իրենց մեծերէն լսած են այս օտարազգի մեծ ու բարեսիրտ մարդուն անունը, որ մեր ժողովուրդը, առ ի երախտագիտութիւն, դասած է մեծ հայասէրներու շարքին: Նաեւ կրնան յիշել բոլոր անոնք, որոնք 1920 թուականներու վերջերուն, Մեծ եղեռնի եւ Համաշխարհային Ա. պատերազմի պատճառով, իբրեւ տարագիր կամ թափառական, այս մարդուն շնորհիւ ստացած էին յատուկ անցագիր՝ Նանսէնիէն անունով (Nansen passport) ու այս ձեւով կրցած էին տեղափոխուիլ զանազան երկիրներ:
Ֆրետիոֆ Նանսէն ծնած էր 10 հոկտեմբեր 1861-ին, Նորվեկիոյ Օսլօ մայրաքաղաքի մօտիկ գտնուող Սթոր Ֆրէօն գիւղաքաղաքին մէջ: Անոր հայրը եղած էր հանրածանօթ կրօնասէր, շատ յարգուած ու ճանչցուած իրաւաբան, իսկ մայրը՝ նշանաւոր ու հանրայայտ մարզիկուհի մը, որ ամէն առիթներով իր զաւակներուն քաջալեր հանդիսացած էր արտատնային մարզանքներ կատարելու եւ՝ այս ձեւով զիրենք չարքաշութեան վարժեցուցած:
Նանսէն Օսլոյի համալսարանին մէջ ուսանած էր անասնագիտութիւն: Եղած էր նաեւ մեծ գիտնական մը, որ իբրեւ բեւեռախոյզ՝ սիրած էր հետազօտութիւններ կատարել: Եղած էր ովկիանոսագէտ մը եւ այս ձեւով կտրած՝ ծովեր եւ ովկիանոսներ, նոյնպէս ցամաք, լեռ եւ, վերջապէս, բեւեռ ու յատկապէս՝ հիւսիսայինը: Բազմաթիւ անգամներ ծրագրած ու յաջողութեամբ իրագործած է արշաւներ դէպի Կրինլենտ սառցապատ հսկայ տարածքը:
Այս բոլորին մասին օրին գրած էր հետաքրքրական հատորներ, որոնք իբրեւ հետազօտական նորութիւն-գիտութիւն՝ մեծապէս օժանդակած էին իր շրջանի եւ յաջորդող գիտնականներուն ու աշխարհի մարդկութեան:
Հաւանաբար ընթերցողը քիչ մը տարբեր ակնոցով մօտենայ վերեւի տողերուն ու զարմանայ՝ ըսելով, թէ այս բոլորը ի՛նչ կապ ունէին Նանսէնը դասելու մեծ հայասէրներու շարքին:
Տողերս պարզեմ: 1905-ին, երբ Նորվեկիան Շուէտի տիրապետութենէն անկախանալով՝ առանձին ազատ եւ ինքնիշխան երկիր մը դարձաւ, կանգ առին այս մեծ հետազօտող գիտնականին աշխատանքներն ու գիտարշաւները, որովհետեւ ան նետուեցաւ քաղաքական ասպարէզ, դառնալով նախ՝ Անգլիոյ մէջ իր երկրի դեսպանը (1908-ին), ապա, Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք ան գլխաւորեց դէպի Ուաշինկթըն նորվեկիական այն պատուիրակութիւնը, որ պատերազմէն յաղթական դուրս եկող դաշնակիցներէն թոյլտուութիւն կը խնդրէր իրենց ձեռք ձգած երկիրներու ժողովուրդներուն մարդկային օժանդակութիւն եւ մանաւանդ ուտեստեղէն ուղարկելու: Ան 1919-ին նշանակուեցաւ Նորվեկիոյ գլխաւոր պատուիրակութեան ներկայացուցիչը՝ այդ օրերուն նորակազմ Ազգերու Լիկային մօտ եւ Փարիզի մէջ կայացած համաշխարհային «Խաղաղութեան խորհրդաժողով»ին:
Հոս է, որ շնորհիւ իր մեծ ճիգերուն՝ աւելի քան 450 հազար պատերազմի գերիներու փոխանակումները կատարուեցան զանազան երկիրներու միջեւ: Ու բազմազան մարդասիրական աշխատանքներու իրագործումներու կողքին, 1925-ին իր ստեղծած «Council of the League»ին եւ մանաւանդ իր անունով հիմնած՝ «Nansen International Office for Refugees»ին միջոցով, մինչեւ իր մահը (1930) ան կարողացաւ հազարաւոր հայեր հաստատել Երեւանի (10.000) եւ Սուրիոյ ու Լիբանանի մէջ (40.000):
Պէտք է յիշել նաեւ, որ իր այս մեծ բարիքներէն, հայերու կողքին, օգտուեցան նաեւ մեծ եւ յատկանշական թիւով յոյներ, թուրքեր, ռուսեր եւ ասորիներ: Իր կատարած այս աշխատանքներուն եւ նախաձեռնութիւններուն համար 1938-ին, յետմահու, ան արժանացաւ Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակին:
Այսօր աշխարհի վրայ աւելի քան յիսուն երկիրներ զինք յարգանքով կը յիշեն, իբրեւ մեծ գիտնական, բեւեռագէտ, բեւեռախոյզ, խաղաղասէր, մարդասէր ու իր անունով հաստատած են զինք յաւերժացնող կոթողներ եւ անուանած փողոցներ ու հրապարակներ:
Իսկ մենք, մէկը՝ այդ երախտապարտ ժողովուրդներէն, մեր կարգին մեր յարգանքի տուրքը կը մատուցենք եւ պէտք է մատուցենք իր սրտին մէջ հայ ժողովուրդին լայն տեղ տուած այս մեծ նորվեկիացիին:
Կեանքին մէջ երախտապարտութեան գիտակցութիւնը մարդը բնորոշող եւ անոր նկարագիրի ազնիւ տարրերէն մէկն է: Արժանիքները ճանչնալն ու արժանիները մեծարելը յատուկ բարենիշներ են մարդոց կեանքին մէջ:
Կը կարծեմ, թէ աշխարհի վրայ ոչ մէկ ժողովուրդ իր դարաւոր կեանքի ընթացքին մեզի չափ տեսած ու համտեսած է պատմութեան դառն ու լեղին եւ մանաւանդ իր շրջապատին անտարբերութիւնն ու արդարութեան անհաւատալի եւ աներեւակայելի բացակայութիւնը:
Բայց երախտապարտ ժողովուրդ ըլլալով՝ չենք կրնար մոռնալ Նանսէն անունը, որովհետեւ ան անքակտելիօրէն կապուած է մեր ժողովուրդի որոշ մէկ պատկառելի թիւին եւ քսաներորդ դարու պատմութեան: Մեզի համար Նանսէն, դուրս գալով մարդկայինէն, դառնալով համամարդկային՝ անսակարկօրէն կը ներկայացնէ մարդու իրաւ խիղճը, մանաւանդ՝ Ա. Համաշխարհային պատերազմին, երբ դաշնակիցներ կ՛ուրանային մեր ժողովուրդի իրաւունքն ու արդար դատը:
Ֆրետիոֆ Նանսէն համամարդկային դէմք մըն էր ու այդպէս ալ պիտի մնայ համայն աշխարհի մարդոց համար, բայց մանաւանդ՝ մեզի համար իր օրինակելի կարեկցութեան, գութին, սիրոյն, նուիրումին եւ զոհաբերութեան համար:
Վայրկեանի մը համար մտաբերեցէք, պատմական այդ ճգնաժամային օրերուն, այս մեծ սիրտ ունեցող մարդուն բացակայութիւնը: Ի՞նչ պիտի ըլլար մեր ժողովուրդի այդ շրջանի տարագիր հազարաւոր զաւակներու ճակատագիրը:
Նանսէն եկաւ իր բարի սիրտով մեզի եւ բազմաթիւ այլ ժողովուրդներու զաւակներուն նոր շունչ տալու, անոնց նոր ու պատուաւոր ճակատագիր մը տնօրինելու: Իմ կարգիս, այս համեստ տողերովս ուրախութիւնս կ՚ուզեմ վերածել գիտակից ու անխառն գնահատանքի եւ երախտագիտական զգացումի մը:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ