ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԷՆ ՆՈՐ ԳԻՐՔ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայեց Ընդհանրական Եկեղեցւոյ հայրերէն Ս. Յովհան Ոսկեբերանի «Մեկնութիւն մարգարէութեանն Երեմիայ» խմբագիր մեկնութիւնը՝ աշխատասիրութեամբ Յակոբ Քէօսէեանի։
Գիրքը կը ներկայացնէ Ս. Յովհան Ոսկեբերանի՝ Երեմիայ Մարգարէութեան մեկնութեան հայերէն թարգմանութիւնը։ Յունարէն խմբագիր մեկնութիւններուն մէջ սոսկ հատուածաբար պահուած երկի ներկայ հայերէն թարգմանութիւնը ունի բազմաթիւ հատուածներ, որոնց յունարէն բնագիրը այսօր անյայտ է։ Սոյն մեկնութիւնը կ՚արտայայտէ Անտիոքեան դպրոցի մեկնողական առանձնայատկութիւնները, աւելի շատ ուշադրութիւն կը դարձնէ բնագրին ու անոր թարգմանական-իմաստային նրբերանգներուն՝ փորձելով Հին Կտակարանի մարգարէութիւններուն մէջ ոչ թէ այլաբանօրէն, այլ հոգեւոր ընթերցմամբ գըտ-նել մեսիական տեղիները։ Գիրքը տպագրուած է «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամի հովանաւորութեամբ։