ՄՏԵՐՄՈՒԹԻ՞ՒՆ, ԹԷ՞ ՇԱՀԱԽՆԴՐՈՒԹԻՒՆ

«Ինչե՞ր չ՚ըներ անկեղծ ընկերը։ Ի՞նչ հաճոյքներ չի պատճառեր ան.
ինչպիսի՜ օգուտներ. ի՜նչ ապահովութիւն։ Հազարաւոր գանձեր ալ ցոյց տաս,
միեւնոյնն է, ոչ մէկ բան համեմատելի է իսկական ընկերոջ հետ»

(Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան)

Այսօրուան նիւթականացած աշխարհին մէջ ամէն ինչ սկսած է հասկցուիլ եւ ըմբռնուիլ իր իմաստէն հեռու, յաճախ նոյնիսկ իմաստին հակառակ, եւ շա՜տ յաճախ ըստ հաճոյքի, կամ աւելի ճիշդ՝ ըստ այդ հասկացողութենէն եկած շահին, օգուտին:

Այսօրուան մարդը այդքան ալ չեն հետաքրքրեր բառերուն իմաստները եւ անոնց ունեցած նշանակութիւնները, ինչքան իրենց գրպանին շահը, իրենց ականջին փափուկ կերպով շոյանքն ու ԵՍին բաւարարումը եւ գոհացում ստանալը:

Այսօրուան մարդուն համար կարծէք ազնուութիւն, անկեղծութիւն, առաքինութիւն, նկարագիր եւ այլ արժէքներ այնքան ալ անհրաժեշտ չեն. այսօրուան մարդուն համար կարեւորը իր եսն է, իր շահը, իր հանգիստը, իր լաւութիւնը, եթէ այս բոլորը իրենց տեղն են, նոր միայն մարդը կը սկսի «մտածել» կամ «ուշադրութիւն» դարձնել իր կողքիններուն:

Մարդուն այս եսականութեան տիրապետութեան գլխաւոր պատճառներէն մէկը՝ մարդուն ինքն իր մէջ ամփոփուիլն է, այսինքն՝ աշխարհին նայիլ իր ակնոցով, իր տրամադրութեան համաձայն, իր ուզածին պէս: Եթէ անցեալին մարդիկ իրարու հետ կը շփուէին, իրարու հետ կը քննարկէին, կը խորհրդակցէին, այսօր պատկերը կամաց-կամաց սկսած է փոխուիլ, եւ մարդու հետ քննարկելու, խորհրդակցելու եւ զրուցելու փոխարէն մարդը սկսած է ինքն իր հետ խորհրդակցիլ, զրուցել… Բնականաբար այս երեւոյթին կամ ախտին հիմնական պատճառներէն մէկը կեանքին ընձեռած այսօրուան դիւրութիւններն են, որով մարդուն համար այլեւս աշխարհը անհասնելի կամ հեռաւոր նուաճում մը չէ, այլ աշխարհն ամբողջ մարդուն ձեռքին, ափին մէջ է:

Առ այդ, այսօրուան մարդը կը մտածէ ինչո՞ւ համար ուրիշին դիմեմ, ինչո՞ւ համար ասոր անոր հարցնեմ, ահաւասիկ ամէն ինչ ձեռքերուս մէջ է, մէկ կոճակի սեղմումով բոլոր հարցումներուս «պատասխան»ները կը ստանամ, եւ այդպիսով մարդը օր օրի աւելի կը մեկուսնայ, աւելի եսակեդրոն կը դառնայ: Իսկ իր հարցումներուն համար գտած «պատասխան»ները ո՛չ թէ ճշմարիտ պատասխաններ են, այլ՝ այնպիսի պատասխաններ, որոնք հաճելի են իրեն, կը համապատասխանեն իր հոգեվիճակին ու տրամադրութեան:

Այս բոլորին լոյսին տակ այսօրուան մեր կեանքին մէջ յստակ կեպով սկսած է նշմարուիլ մտերմութեան՝ սերտ բարեկամութեան պակասը: Մարդը եսակեդրոն դառնալով, կամայ կամ ակամայ կամաց-կամաց կը սկսի իր շուրջինները վանել իրմէ՝ իր վարք ու բարքին աստիճանական փոփոխութեան պատճառով, որով օր օրի կը սկսի օտարանալ, հեռանալ իր շրջանակէն, իր մտերիմներէն, իր ընկերներէն:

Մտերմութեան բացակայութեան պարագային եսը ա՛լ աւելի գլուխ կը բարձրացնէ եւ կը սկսի կազմաքանդել մտերմութեան ամէն տեակի արմատ, հիմք կամ կապ, որ կրնայ մարդը օրին մէկը վերականգնել իր մտերմութեան մէջ: Այսպիսով, մարդը անուշադիր եւ անտարբեր դառնալով իր շուրջիններուն նկատմամբ, կը սկսի անպայմանօրէն պահանջել իր նմաններէն, որպէսզի իրմով հետաքրքրուին, իրեն ուշադրութիւն դարձնեն, պատրուակելով, թէ ինք բազմազբաղ է, կամ իր առօրեան այնքան խճողուած է, որ շատ յաճախ կտոր մը հաց ուտելու անգամ առիթ չ՚ունենար, եւ նման բազմաթիւ պատճառաբանութիւններ: Սակայն, այդ մարդիկ հակառակ իրենց «բազմազբաղութեան» միշտ ազատ ժամանակ կը գտնեն այն մարդոց, որոնք կը շոյեն իրենց եսը, կը փայփայեն իրենց սովածութիւնը՝ ուշադրութեան կեդրոնը ըլլալու, զիրենք աստուածացնելու, կամ զիրենք մեծարելու:

Բայց չէ՞ որ բարեկամութիւնը, մտերմութիւնը անհաւասարութիւն չի սիրեր: Չէ՞ որ բարեկամութեան, մտերմութեան բառարանին մէջ անհաւասարութիւն բառը գոյութիւն չունի: Կոնչարով այս մասին կը գրէ. «Ո՛չ ստրուկին, ո՛չ ալ տիրակալին բարեկամութիւն պէտք է: Բարեկամութիւնը հաւասարութիւն կը սիրէ»:

Եսասէրները, անոնք որոնք բարեկամութիւնն ու մտերմութիւնը կ՚օգտագործեն իրենց շահախնդրութեան յագեցում տալու համար, բնականաբար մտերմութիւնը կը հասկնան, կ՚ըմբռնեն եւ կը բացատրեն իրենց դիտանկիւնէն: Արդարեւ, այդ խումբին պատկանող մարդոց համար «մտերմութիւն» ըսուածը պարագայական է, այլ խօսքով հանգամանքային, որով այդ մարդիկ «մտերմութիւն»ը՝ շահախնդրութիւնը կ՚օգտագործեն իրենց եսին համար, իրենց օգուտին համար, կարծես այդ մտերմութիւնը թաշկինակ մը ըլլայ, որ օրուայ ընթացքին անգամ մը կը գործածես եւ աղբաման կը նետես…, բայց չէ՞ որ մարդը թաշկինակ չէ, որ անգամ մը, երկու օգտագործես եւ յետոյ մէկ կողմ նետես, որովհետեւ այլեւս կարիքը չունիս, կամ այլեւս իր ներկայութիւնը քեզի համար անհրաժեշտ չէ, կամ աւելի ճիշդ գտած ես զինք փոխարինողներ, որոնք կը հասնին քու եսամոլութեան բոլոր նկրտումներուն…

Բայց չէ՞ որ մտերմութիւնը շահախնդրութեան թշնամին է: Չէ՞ որ ուր որ շահախնդրութիւն կայ, այնտեղ մտերմութիւն չի՛ կրնար գոյութիւն ունենալ: Չէ՞ որ շահախնդրութիւնը հիմնուած է կեղծիքի վրայ, իսկ մտերմութիւնը՝ անկեղծութեան եւ ազնուութեան: Չէ՞ որ շահախնդրութիւնը միայն վնաս կը պատճառէ մեր դիմացինին, մինչ մտերմութիւնը՝ օգուտ եւ սփոփանք:

Հոն ուր շահախնդրութիւն կայ, այնտեղ մտերմութիւն չկայ:

Հոն ուր պայմանականութիւններ կան, այնտեղ մտերմութիւն կարելի չէ գտնել:

Հոն ուր հաշիւներ կան, այնտեղ մտերմութիւնը չի՛ կրնար արմատներ նետել:

Հոն ուր ըսի-ըսաւներու վրայ հիմնուած առնուած որոշումներ կան, այնտեղ մտերմութիւն չի՛ կրնար գտնել:

 

Մտերմութիւնը, արդարեւ հաստատուած կ՚ըլլայ փոխադարձ յարգանքի, հասկացողութեան, անկեղծութեան, ազնուութեան, իրերօգնութեան եւ սիրոյ վրայ: Ցանկացած մտերմական կապի մէջ ուր անկեղծութիւն եւ փոխադարձ յարգանք չկայ, այդ աւելի շահախնդրութիւն է, քան՝ մտերմութիւն, բարեկամութիւն:

Եոհան Վոլֆանկ վան Կէօթէ կ՚ըսէ. «Իսկական ազնիւ բարեկամութիւնը փոխադարձ աջակցութեան մէջ է». ահաւասիկ փաստ մը եւս, որ շահախնդրական որեւէ դրսեւորում ո՛չ մէկ առընչութիւն կրնայ ունենալ մտերմութեան հետ:

Աւարտելով, ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնեմ Անթուան տէ Սենթ Էքզիւփերիի «Բարեկամը ան է, ով» գրութիւնը.

Բարեկամը ան է, որ չի դատեր, բարեկամը ան է, որ իր դուռը կը բանայ թափառականին, անոր յենակի եւ անկիւնին դրուած անոր ձեռնափայտին առջեւ, ու չի խնդրեր պարել, որ յետոյ դատէ անոր պարը։ Իսկ եթէ թափառականը կը պատմէ, որ հեռաւոր երկրի մէջ ճանապարհներուն գարունը կը ծաղկի, բարեկամը ան է, որ իր տունէն ներս թափառականին հետ միասին գարունն ալ կ՚ընդունի։

Եթէ հիւրը կը պատմէ այն գիւղին վրայ թափուած սովի սարսափներու մասին, ուրկէ ան ճանապարհ ելած է, բարեկամը անոր հետ միասին սովէն կը տանջուի։

Քանի որ այդ մասին ես արդէն քեզի ըսած եմ, բարեկամը մարդու մէջ այն մասն է, որ միշտ քու կողմէդ է, եւ բարեկամը քու առջեւդ կը բանայ այն դուռը, որ երբեք չէր բանար ուրիշի մը առջեւ։

Եթէ բարեկամդ իսկական է, ու այն ամէնը, ինչ ան կ՚ըսէ՝ ճշմարտութիւն է, ան քեզ կը սիրէ նոյնիսկ այն պարագային, երբ ուրիշ տան մէջ ան քեզ կ՚ատէ։

Եկեղեցւոյ մէջ բարեկամս ան է, որու հետ՝ Աստուծոյ ողորմածութեամբ ես կը հանդիպիմ, այդ ան է, որ դէպի ինձ այն դէմքը կ՚ուղղէ, ինչպիսին որ իմս է՝ նոյն Աստուծմով լուսաւորուած, այսպիսով մեր միութիւնը կայացած է, նոյնիսկ եթէ եկեղեցւոյ պատերէն այն կողմ ան վաճառական է, իսկ ես՝ նաւապետ, ան այգեգործ է, իսկ ես՝ ծովագնաց։ Չնայած մեզ բաժնող պատնէշներուն, ես գտած եմ զայն, եւ անոր բարեկամն եմ։ Անոր կողքին ես կրնամ լռել եւ ընդհանրապէս չվախնալ իմ ներքին այգիներուն, լեռներուն, ձորակներուն, անապատներուն համար, գիտեմ, որ երբեք ան չի տրորեր զանոնք։ Այն, որ բարեկամս ըլլալով, սիրոյ հետ միասին ինձմէ կը ստանայ, կարծես ներքին թագաւորութեան դեսպանը ըլլայ։ Եւ ես անոր քնքշօրէն կ՚ընդունիմ, կը նստեցնեմ ու կը լսեմ անոր խօսքը։ Եւ մենք միասին երջանիկ ենք։ Միթէ՞ դուն երբեւէ տեսած ես, որ ես, ընդունելով դեսպանները, անոնց վրայ ուշադրութիւն չդարձնեմ կամ որեւէ բանի մէջ մերժեմ միայն անոր համար, որ իմ տէրութենէս հազարաւոր օրեր տեւող ճանապարհի ծայրին գտնուող անոնց հեռաւոր թագաւորութեան խորքը մարդիկ կերակուրներով կը սնուին, որոնք ճաշակովս չեն, կամ ալ անոնց եւ իմ սովորոյթներս նման չեն իրարու։

Բարեկամութիւնը ոգիի հանգստութիւնն ու վեհ ճախրանքն է մանրուքներու ոչնչութեան վրայով։ Եւ ես չեմ կրնար նախատել սեղանիս շուրջը նստած մարդը։

Այնպէս որ, իմացի՛ր` հիւրընկալութիւնը, յարգալից վերաբերմունքն ու բարեկամութիւնը մարդու յայտնագործումն են մարդուն մէջ։ Ես ի՞նչ ունիմ Աստուծոյ տաճարին մէջ ընելու, եթէ Ան յանկարծ սկսի տնտղել իրեն հաւատացող ու խոնարհելու եկող մարդոց հասակի կամ ալ գիրութեան մանրամասները։ Ես ի՞նչ ունիմ ընելու բարեկամի տան մէջ, եթէ ան չցանկանալով հաշուի առնել յենակներս, յանկարծ ստիպէ ինծի պարել՝ դատելու համար, թէ ի՞նչ բանի ընդունակ եմ։

Աշխարհի մէջ դուն այդպիսի շա՜տ դատաւորներու կը հանդիպիս։ Եթէ խօսքը այն մասին է, որ դուն ուրիշ՝ աւելի կոպիտ մարդ դառնաս, թո՛ղ այդ գործը թշնամիներուն։ Անոնք մայրի խորտակող հողմի նման այդ մէկը հաճոյքով կը վերցնեն իրենց վրայ։ Բարեկամդ ստեղծուած է ընդունելու համար քեզ: Եւ եթէ եկեղեցի կու գաս Աստուծոյ մօտ, Ան չի՛ դատեր քեզ, Ան քեզ կ՚ընդունի։

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

25 հոկտեմբեր 2021, Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 3, 2021