ԿԱՆԱՉԸ

Կինը կեցաւ այգիին մէջ։

Վերերէն իրեն կը նայէր դեղին քարով կազմուած լուսին մը։

Հողին հպող ոտքերը մերկ էին։

Ունկին հասաւ հեռաւոր, կարծր մեղեդի մը եւ ան գլուխը, կոտրելու աստիճան, թեքեց։

Այն պահուն, վախը՝ ճերմակ, գլխատուած թռչուն մըն էր։

Կնոջ մարմինը սարսռաց, աչքերը արցունքով լեցուեցան։

Մարմինը հետզհետէ սկսաւ պրկուիլ, ոտքերուն յատակէն սկսան արմատներ աճիլ եւ չոր հողը ճեղքելով մխրճուիլ անոր մէջ։

Մինչ կինը կը շարունակէր գլխահակ լալ։

Յանկարծ կնոջմէ լսուեցաւ ցած, սոսկումով լի գոռոց մը եւ ան վեր բարձրացուց բազուկները փորձելով ազատիլ հողէն, սակայն բազուկները ցամքեցան եւ մնացին բարձր։

Ապա մարմինը աջ ու ձախ տատանեցաւ, աչքերուն արցունքները կամաց-կամաց սպառեցան եւ միսը՝ ճեղքերով ծածկուած փայտի վերածուեցաւ։

Ձմեռը եկաւ եւ անձրեւը լուաց հողին մէջ ամրացած կինը։

Գարունը ժամանեց եւ սկսան կանաչ, մանր տերեւներ աճիլ կնոջ բազուկներուն եւ մազերուն վրայ եւ առատ ծաղիկներ պայթեցան։

Ամրան արեւը ծագեցաւ այգիին վրայ։

Այդ պահուն եկաւ այգիին տէրը, որ տարեց մըն էր։

Ան նկատեց այգիին բոյսերով ծանրաբեռն խնձորենիները, բացի մէկէն, որուն ծաղիկները խնձորներու չէին վերածուած։

Ան դժգոհեցաւ անկէ եւ աճապարանքով կացինը բերաւ եւ սկսաւ հարուածել ծառին բունին։ 

Իրերայաջորդ հարուածները շարունակուեցան մինչեւ որ ծառը ինկաւ գետին՝ մահացած։

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 5, 2021