ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԻՒՆ...

Խօսքս սփիւռքեան համբերութեան մասին է, որ այս օրերուն արդէն իսկ անոր բաժակը լեցուած է:  Անկեղծօրէն այս մասին գրելու շատ բան կայ: Նաեւ կ՚ուզեմ խօսիլ շատ մը այլ «բաներու» մասին: Չեմ գիտեր ուրկէ՞ սկսիմ, ի՞նչ բանի վրայ կեդրոնանամ: Արդէն կրկնութիւն պիտի սեպ-ւի: Կրկնութիւն մը, որուն արդէն երկար ատենէ ի վեր հաշտ սկսած ենք ապրիլ: Բայց այդ «բաները» յաճախ լռութեամբ ըսած եմ: Լռութիւնը արդեօք համաձայնութեա՞ն նշան է: Չեմ գիտեր: Ըսէ՛ք...որքա՜ն կարելի է լռելեայն նայիլ այսօրուան կամաց-կամաց նահանջող մեր հայրենիքի իրավիճակին եւ անոր անկախութեան:

Ներկայիս բացայայտ պայքար կայ մեր երկրին մէջ, մտքով եւ հոգեբանութեամբ, որ աւելի վտանգաւոր է, քան քորոնա համավարակը: Ինչո՞ւ...:  Որովհետեւ պատմութեան ծոյլ աշակերտները եղանք եւ չկրցանք մեր դասերը լաւ մը սերտել: Անոր համար՝ ձախողեցանք...: Անոր համար՝ պարտուեցանք...: Պարտուեցանք ծանր եւ ցաւալի:

Այնպէս կ՚երեւի, թէ հոն, հայրենիքի մէջ հիմա մեծ «մէկը» չկայ, որ ըսէ՛, ա՜լ կը բաւէ՛..., գիտակցեցէ՛ք..., ամօ՛թ է... մեզի վայել չէ՛...: Կամ թերեւս ալ մտահոգ կամ մտահոգներ կան... բայց զիրենք մտիկ ընողներ չկան:

Ու ամէն առիթով, նոյն եւ անմեղ հարցումը.- ե՞րբ կարելի պիտի ըլլայ անկեղծանալ, լրջանալ: Արդեօք չե՞նք տեսներ, որ ողբերգական աւարտ մը մեզի կը սպասէ: Տեսանելի է, անշուշտ, եթէ ուզենք տեսնել...: Բայց մենք չենք ուզեր..., որովհետեւ, մենք ամէն բան գիտենք: Դուրսէն, արտերկրէն յուշողներու պէտք չունինք...: Բայց, դժբախտաբար, չենք անդրադառնալ, որ սկսած ենք մէկ թեւով «թռչիլ»: Որովհետեւ, չենք տեսներ, որ արդէն թեւահատ ալ եղած ենք: Փառքի սիրոյն, մանրադրամ դարձած:

Պէտք է գիտնանք, որ ներկայ մեր իրականութեան դիմաց, բոլորս ալ, մեծ ու պզտիկ, մեղաւորներ ենք: Բոլորս ալ մեր մանր-մունր անձնական հաշիւները ունինք: Իշխանութիւն կամ ընդդիմութիւն եւ, անշուշտ, քաղաքացի: Բոլորս ալ բարի պտուղներ չենք: Այս մէկը միշտ կրկնած ենք: Անոր համար հայ մտահոգ «գրիչներ» միշտ գրիչ շարժած են, յիշեցուցած, քննադատած, ո՛չ միայն հայրենի ներկայ ղեկավարները, այլ աւելի անկեղծանալով՝ նաեւ մենք զմեզ:

Ինչո՞ւ սակայն այս բոլորը.- որովհետեւ մեր բոլորին համբերութեան բաժակները լեցուած են արդէն: Մենք, այլեւս Յոբի համբերութիւնը չունինք: Բնականաբար, այն կարծիքին չենք, թէ մեր մատնանշած թերութիւնները յատուկ են միմիայն մեր երկրին, կամ մեզի եւ մեր հասարակութեան: Ո՛չ: Երբեք: Նման «բաներ» առկայ են բոլոր երկիրներու ու անոնց ժողովուրդներուն մօտ: Բայց... օտարը մեր հոգը չէ: Էականը մենք ենք եւ ՄԵՐԸ: Ու այս բոլորը «շտկելու» համար, շատ հաւանաբար տակաւին ելք կամ ելքեր կան: Եթէ փնտռենք: Կամ, եթէ ուզենք փնտռել: Կարեւորը հարցերուն գիտակցօրէն մօտենալն է: Էականը անոնց լուծում մը գտնելու մեր կամեցողութիւնն է: Ու այս պարագային նախ իշխանութիւնը ի՛նք պէտք է առնէ նախաքայլը: Քաղաքացին իրեն պիտի հետեւի, անկասկած: Լաւ յիշեցէ՛ք, «աղտոտ ծովերուն մէջ, դրախտային ծաղիկներով կղզիներ չես կրնար գտնել», ըսած են շատ մը ժողովուրդներ: Եւ ճիշդ են:

Բացայայտ է,  թէ մեր ժողովուրդի հանդուրժողութիւնը, կամքն ու տրամաբանութիւնը հասկցող եւ չափող չկայ: Այնպէս կ՚երեւի, թէ նման «բաներ» մեր երկրէն ներս գոյութիւն չունին: Չէ մնացած: Մենք ուրիշ «բաներով» զբաղուած ենք: Յաճախ սարսափով կը մտածեմ, որ ներկայ հայրենի այս մթնոլորտին մէջ, ինչպէ՞ս քաղաքացին պիտի կարենայ իր կեանքը շարունակել, եւ թէ ինչպէ՞ս նոր սերունդ պիտի դաստիարակուի...: Մենք, որ զանազան յարգելի կամ ոչ պայմաններու եւ յատկապէս ճակատագրի բերումով, մեր հայրենիքը հեռուէն կը դիտենք, սակայն ամէն օր անոր մասին կը կարդանք: Անով մօտէն կը հետաքրքրուինք: Կը զգանք, կը պոռանք, կը խօսինք, կը մատնանշենք, կը տառապինք, կը սրդողինք, կը բողոքենք, եւ միեւնոյն ատեն ալ կ՚ապրինք անոր ուրախութիւնն ու յուսախաբութիւնը:

Բայց ...: Ա՜խ... ո՞վ է մեզ մտիկ ընողը:

Ուրեմն... ո՞ւր մնաց «Մէկ հայրենիք, մէկ մշակոյթ, մէկ եկեղեցի» լոզունգը: Վրաս գրէ:

Ամէն հայ կրնայ ըսել, թէ ինք հայրենիքը շատ կը սիրէ: Բայց հայրենիքը սիրել չի նշանակեր միայն հպարտանալ անոր նուաճումներով, կամ կենացներ խմելով, կամ երգեր երգելով եւ կամ տողեր, էջեր, գիրքեր նուիրելով անոր լեռներուն, բնութեան, գետերուն եւ գիրին ու գրականութեան: Սիրել հայրենիքը կը նշանակէ ամէն օր աշխատիլ անոր բարգաւաճման համար: Բոլորս ալ կը տենչանք մեր հայրենիքի վաղուան «լուսաւոր» նոր օրը տեսնել:

Այո՛, սակայն այնպէս կ՚երեւի, թէ հիմա այդ լուսաւոր օրը, դժբախտաբար մշուշի մէջ է: Նոր յոյսերով լեցուն օրը հիմա անտեսանելի է: Ցաւալի իրողութիւն: Ձեւով մը խաբկանք կայ: Ականատեսներ ենք, թէ ինչպէ՞ս ամէն օր եւ ամէն առիթով հայրենի երկնակամարին տակ, մէկը միւսի ետեւէն նոր հիմնախնդիրներ կը ծագին: Ու ամենէն վտանգաւորը, տակաւին մենք պարզ քաղաքացի կամ ղեկավար, չենք տեսներ անոնց արմատական լուծման քայլերը:

Ինչո՞ւ նման յոռետես տողեր.- որովհետեւ մտահոգ եմ եւ ինծի հետ միլիոնաւոր հայրենակիցներս: Կ՚ուզեմ խօսիլ շատ մը բաներու մասին: Երբեմն չեմ ուզեր շարունակել երթն ու շարանը այն բոլոր «բաներուն», որոնք մեզի վայել չեն: Բայց... ա՛լ համբերութիւն չունիմ եւ չունինք: Ի՞նչն է վտանգաւորը, ըսեմ.- այս ընթացքով մեր երկիրը պիտի դառնայ երրորդ եւ աղքատ ու տկար երկիրներու շարքին, եւ ամենէն սոսկալին՝ ուրիշին «խոհանոցներուն» առջեւ անվերջ թափառող մուրացիկ: Մեղայ...: Ահա, այն խոր տրտմութիւնը, որ չի թեթեւնար:

Իր անկախութենէն ի վեր, այսինքն երեսուն տարի, տեսած ենք Արցախեան երկու պատերազմ: Տեսած եւ կերտած ենք առաջինին յաղթանակը, իսկ երկրորդին՝ ծանր պարտութիւնը: Տեսած ենք քառօրեայ պատերազմն ալ: Տակաւին ասոնցմէ շատ-շատ տարիներ առաջ՝ «համտեսած» նաեւ Սպիտակի երկրաշարժի աւերը եւ ինչու չէ նաեւ անմոռանալի եւ ամօթալի Հոկտեմբեր 27-ն ու Մարտ 1-ը: Այսօր ալ ամէն ինչ խառնակ է: Թէ՛ հետաքրքիր եւ թէ՛ վախազդու: Անոր համար շուարած եմ ըսի: Ու մտահոգ հայու մը համար, լուրջ վախի ստուեր մըն է այս մէկը, որ կարծես սկսած է նշմարելի դառնալ ամէն տեղ: Հայկական ինքնախաբէութիւնն է, մեզ ապրեցնողը: Բոլորս ալ զինաթափ կեցած ենք կեանքի անակնկալներուն առջեւ: Շշմած: Ըսէ՛ք, կը խնդրեմ, վերջապէս ե՞րբ բոլորս ալ իջնելու ենք իրական աշխարհ, ազատուած այս «ուրուականներէն», մեր եսասիրութիւններէն եւ մեր անձնասիրութիւններէն անջատուած, լայն ու գիտակից ուշադրութեամբ եւ հանգիստ ու դրական սրտով ու մօտեցումով:

Չեմ փորձեր գրիչս կրկին անգամ լալկան վազքի մը մէջ նետել, թէեւ ունինք անգոյն եւ գունաւոր յոյսերու քայքայում: Ժամանակի թելադրանքով, իրականութիւնը չտեսնողներ կան եւ կան՝ հրաշք փնտռողներ...: Միշտ յիշեցուցած ենք, թէ հայրենիքը կարելի է նաեւ հեռուէն ալ սիրել: Բայց մեզմէ իւրաքանչիւրին պարտականութիւն եւ պարտաւորութիւնն է, մեր սիրած ու պաշտած այս հայրենիքը երկիր դարձնել: Երկիր, ուր ամէն մարդ կրնայ տեսնել վաղուայ յոյսով եւ լոյսով լեցուն օրը եւ մեր նոր սերունդին ապագան: Այս եւ նման բոլոր մտահոգիչ հարցերու շուրջ կարելի է անվերջ խօսիլ: Բայց, մեզի համար այս բոլորը «ծանր» խօսակցութիւն պիտի ըլլայ: 

Արդ, քաղաքական վերլուծումներ կատարող մը չեմ: Բայց, ի սէր մեր երկրի փայլուն ապագային, փորձե՛նք գոնէ ոչ միայն մեջբերել պատմութեան տողերը, այլեւ անոր էջերը թղթատելով, անոնցմէ խելացի դասեր քաղել: Մէկ խօսքով, ազգային մտածողութեամբ եւ հարցերը քննարկելու իւրայատուկ եղանակով՝ դաստիարակուիլ:

Յիշեցնեմ: Մեր երկիրը աշխարհէն մեկուսացած չէ: Ունինք հսկայ սփիւռք մը, հարուստ իր նիւթականով եւ իր մարդուժով, իր գիտելիքներով եւ նորութիւններով եւ մանաւանդ՝ աշխարհի փորձառութիւնը ապրած պերճախօս եւ ուսանելի մարդուժով: Փորձենք լայն բանալ մեր մտածողութեան կարկինները ու ներառնել այս ուժերը:

Այսօր Հայաստանը պարտաւոր է սփիւռքահայուն համար ստեղծել ենթահողը, որպէսզի ան կարենայ համարձակ եւ դրական ու նոյնքան ալ վստահելի մթնոլորտի մէջ, իր ներդրումը կատարել: Ուրեմն՝ հայրենիքէն առաւել կ՚ակնկալենք: Մեզի՝ արտերկրի հայութեան մօտենալ է պէտք: Անշահախնդիր եւ արդար: Սերտանալ: Գնահատել: Արժեւորել: Տեղ տալ անոր մտածողութեան, անոր գաղափարներուն: Լսել զինք: Յարգել անոր կարծիքը: Մասնակից դարձնել հայրենի կեանքի ներքին եւ արտաքին բոլոր ոլորտներուն: Վերջապէս չէ որ բոլորս ալ նոյն նպատակին կը ծառայենք: Ներկայիս այն տպաւորութիւնը ձգած ենք, թէ կարծես կ՚ապրինք տարբեր մոլորակներու վրայ։ Պատահական կապը նոյնիսկ հիմնուած է պարագայական առիթներու վրայ եւ մենք զիրար տակաւին չենք ճանչնար։ Մինչդեռ, արագ հաղորդակցութեան այս դարուն, երբ համակարգիչի մէկ կոճակին սեղմումով աշխարհը կը խուժէ գրասենեակէդ ներս, կրնաս հասնիլ բոլորին: Ահա սփիւռքի եւ Հայաստանի կապի ամրապնդման լաւագոյն ձեւն ու միջոցը: Ճիշդ է, որ մեր հայրենիքը շատ մը «բաներու» կարիքը ունի: Լաւատեղեակ ենք: Անոր համար իշխանութիւններէն կ՚ակնկալուի ունենալ պատասխանատու մօտեցում եւ խորաթափանց ու արդար գնահատում։ Մանաւանդ՝ գործնական քայլեր առնելու քաջութիւն եւ յստակ ռազմավարութիւն: Ու այս բոլորը, որքան հնարաւոր է արագ:

Կաճ խօսքով՝ կազմել ազգային համաձայնութեան նոր կառավարութիւն մը եւ բոլոր մտահոգ մտքերուն դիմաց եւ համախոհութեամբ բանալ երկխօսութեան ազնիւ եւ արդար ու մանաւանդ անհաշիւ դռները: Որովհետեւ, հաւատացէ՛ք, հոն անպայման պիտի գտնուին լուծումներ, մեր ինքնութեամբ մտահոգ մարդոց շնորհիւ: Փորձեցէ՛ք, պիտի համոզուիք եւ մեծապէս պիտի գնահատուիք: Ուշանալը անիմաստ է: Այս բոլոր քայլերը, այսօր իսկ պէտք է առնուին: Ալ ժամանակն է, որ խօսքէն անցնինք գործի: Վաղը, արդէն ուշ է: Մեր երկրի սահմանները սկսած են կծկուիլ մեր սրտերուն նման: Այսչափ անհոգութիւն եւ անտարբերութիւն, քիչ մը շատ է:

Չէ՛ք նշմարեր, որ սփիւռքի համբերութեան բաժակն ալ արդէն լեցուած է, իր յուսախաբութեան կողքին: Ժամանակի հրամայականն է, որ լրջօրէն մտածենք անկախ մեզի առաւել տոկուն դարձնող այնպիսի պետութիւն մը կառուցելու մասին, որ բոլորիս համար Հայաստանը դառնայ մեր գիտցած ու տենչած դրախտավայրը:

Ու այս մէկը անկարելի չէ, եթէ կայ ու գոյութիւն ունի երկրի ղեկավարներուն բարի կամեցողութիւնը:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

bedig43@aol.com

Շաբաթ, Նոյեմբեր 6, 2021