ԻՐԱՆԵԱՆ ՈՒԺԵՐ ԴԱՄԱՍԿՈՍ ԿԸ ՀԱՍՆԻՆ. ԻՆՉՈ՞Ւ

Մէ­կէ ա­ւե­լի լրա­տուա­կան ծա­ռա­յու­թիւն­ներ տե­ղե­կու­թիւն­ներ կը փո­խան­ցեն իրա­նեան զի­նեալ­նե­րու Դա­մաս­կոս հաս­նե­լուն մա­սին: Ըստ տրուած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն, անց­նող ե­րեք օ­րե­րուն Դա­մաս­կոս հա­սած իրան­ցի եւ իրաք­ցի զի­նեալ­նե­րուն թի­ւը կը հաս­նի եօթ հազարի: Կը սպա­սուի նաեւ, որ յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն այդ ու­ժե­րուն թի­ւը հաս­նի տասներկու հազարի։ Թէեւ ա­ռա­ջին ան­գա­մը չէ, որ նման տե­ղե­կու­թիւն­ներ կը հրա­պա­րա­կուին, սա­կայն բա­ցո­րոշ է նաեւ, թէ այս հանգ­րուա­նին Ի­րա­նէն Սու­րիա զի­նուոր­ներ ա­ռա­քե­լը տրա­մա­բա­նա­կան է: Անց­նող 25 Ապ­րի­լէն ի վեր է­սա­տեան ու­ժե­րը ծանր կո­րուստ­ներ ու­նե­ցան: Ան­ցու­մա­յին կը հա­մա­րուէր յատ­կա­պէս «Ժըսր Ալ Շու­ղու­ր» շրջա­նին իս­լա­մա­կան ու­ժե­րու տի­րա­պե­տու­թեան տակ անց­նի­լը: Տաս օ­րեր ա­ռաջ նոյն է­սա­տեան ու­ժե­րը փոր­ձե­ցին գրաւ­ման տակ ե­ղող քա­ղա­քի գլխա­ւոր հի­ւա­նա­դա­նո­ցի դէմ ե­ղած պա­շա­րու­մը ճեղքել: Ա­նոնց փոր­ձե­րը ե­ղան ան­յա­ջող: Նախ­նա­կան տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով՝ հի­ւան­դա­նո­ցին մէջ կա­յին է­սա­տեան բա­նա­կի երկու հարիւր յիսուն զի­նուոր­ներ, ո­րոնց շարքին էին նաեւ բարձ­րաս­տի­ճան սպա­ներ: Պա­շար­ման փոր­ձը յաղթահարե­լու ձա­խող փոր­ձէն ետք ընդ­դի­մու­թեան տար­բեր աղ­բիւր­ներ լրատուութիւններ ըրին այն մա­սին, թէ Էսա­տի բա­նա­կը մեծ կո­րուստ­ներ ու­նե­ցաւ: Ա­ւե­լի ուշ թե­ման փա­կուե­ցաւ եւ սու­րիա­կան ա­րիւ­նոտ օ­րագ­րու­թիւ­նը շա­րու­նա­կեց իր հու­նը: Է­սա­տեան բա­նա­կը ծանր կրա­կէ օ­ղա­կի տակ ա­ռաւ ընդ­դի­մու­թեան ձեռ­քը ան­ցած Իտ­լի­պը, ո­րուն ար­դիւն­քով տաս­նեակ քա­ղա­քա­ցի­ներ սպան­նուե­ցան: Այս բո­լո­րին մա­սին խօ­սե­լէ զատ պէտք է շեշ­տադ­րել «Ժըսր Ալ Շու­ղու­ր» շրջա­նի ռազ­մա­վա­րա­կան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը: Հիմ­նա­կան բա­նա­լին կը հա­մա­րուի այդ շրջա­նը, ուրկէ կա­րե­լի կ­՚ըլ­լայ կապ հաստատել Սու­րիոյ ծո­վե­զե­րեայ շրջան­նե­րուն (Լա­թա­քիա), ինչ­պէս նաեւ երկ­րի կեդ­րո­նը գտնուող Հոմս քա­ղա­քին հետ: Ընդ­դի­մու­թեան հա­մար շատ «թան­կ» ռազ­մա­վա­րա­կան կէտ հա­մա­րուող այդ հա­տուա­ծը «կա­րե­ւոր պա­տա­ռ» է, ո­րով­հե­տեւ «Ժայշ Ալ Ֆաթ­հ»ի հո­վա­նիին տակ ե­ղող բո­լոր ջո­կատ­նե­րը (Ալ Նըս­րա, Ալ Ժապ­հաթ, Ալ Շա­մի­յաաթ եւ այլ խմբա­ւո­րում­ներ) այ­սօր կը հե­տապնդ­նեն դէ­պի ծո­վե­զերք «ա­րա­շա­ւե­լու» նպա­տա­կը: Լա­թա­քիան կա­րե­ւոր վայր մըն է ընդ­դի­մու­թեան հա­մար, ո՛չ միայն ռա­զա­մա­կա­վա­րա­կան գետ­նի վրայ, այլ նաեւ ա­նոր մօտ կը գտնուի Քըր­տա­հա ա­ւա­նը, որ Է­սատ ըն­տա­նի­քի ծննդա­վայրն է: Մինչ ընդ­դի­մու­թեան հա­մար ներ­կայ պա­հու դրու­թեամբ Դա­մաս­կո­սի կեդ­րո­նը գրա­ւե­լու բո­լոր ծրա­գիր­նե­րը կը մնան սա­ռե­ցուած, ան­դին Լա­թա­քիա­յի ճա­նա­պար­հը կը թուի ըլ­լալ ա­ւե­լի հեշտ: Այս­տեղ պէտք է նոյն­պէս մատ­նան­շել, որ Է­սա­տի հո­վա­նա­ւո­րու­թեան տակ ե­ղող բա­նա­կը սկսած է բո­լոր ճա­կատ­նե­րուն վրայ յոգ­նու­թեան նշան­ներ ցոյց տալ: Ա­սոր կա­րե­ւոր ա­պա­ցոյ­ցը Փալ­մի­րա պատ­մա­կան քա­ղա­քի «յանձ­նու­մ»ն էր, երբ վար­չա­կար­գա­յին ու­ժեր գրե­թէ ա­ռանց կա­պար մ­ը իսկ կրա­կե­լու հե­ռա­ցան շրջա­նէն: Ու նոր չէ այն տե­սու­թիւ­նը, որ էսա­տեան վար­չա­կար­գը միշտ ալ կը խու­սա­փի «Իրաք-Շամի իսլամական Պետութիւն»ի ( (ԻՇԻՊ) դէմ ճա­կա­տե­լէ: Սա եր­բեք չի նշա­նա­կեր, որ վար­չա­կար­գին ձեռ­նա­սունն է, բայց նման վար­կած յա­ռաջ քա­շող­նե­րը կը վստա­հեց­նեն, թէ ե­թէ նոյ­նիսկ ԻՇԻՊ է­սա­տեան վարչա-կարգի հիմ­նադ­րա­ծը չէ, ա­պա նաեւ ե­րե­ւե­լի է, որ կա­ռա­վա­րա­կան բա­նա­կի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը կ­՚օ­ժան­դա­կեն ա­հա­բեկ­չա­կան այդ խմբա­ւոր­ման ա­ճին:

Քա­ղա­քա­կան գետ­նի վրայ Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մի այս փու­լը կը յատ­կան­շուի ռու­սա­կան ե­րե­ւե­լի լռու­թեամբ: Մինչ Լավ­րով կը յայ­տա­րա­րէ, թէ Ռու­սաստան եւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ գրե­թէ մօ­տե­ցած են Սու­րիոյ տագ­նա­պին յար­մար քա­ղա­քա­կան լու­ծում մը գտնելու ա­ռու­մով, ան­դին սէուտ­ցի դի­ւա­նա­գի­տու­թեան պե­տը ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար՝ Ա­տէլ Ալ Ժու­պայր կ­՚ը­սէ, թէ ի­րենք ա­մէն ճիգ պի­տի գործադրեն, որ­պէս­զի Սու­րիոյ տագ­նա­պը քա­ղա­քա­կան լու­ծում ու­նե­նայ եւ կը շեշ­տադ­րէ, որ Նա­խա­գահ Պեշար Է­սատ ոչ մէկ դեր պի­տի ու­նե­նայ Սու­րիոյ ա­պա­գա­յին մէջ:

Պա­րա­նաձ­գու­թիւ­նը հա­սած է իր գա­գաթ­նա­կէ­տին: Գետ­նի վրայ զի­նուո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը ա­ւե­լիով կրնան թէ­ժա­նալ մին­չեւ յա­ռա­ջի­կայ 30 Յու­նի­սը, երբ Ի­րան եւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ Ժը­նե­ւի մէջ սեղանի գլուխ նստե­լով պի­տի շրջեն կո­րի­զա­յին բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու վեր­ջին է­ջը: Այս ա­ռու­մով հա­մա­ձայ­նու­թեան կա­յաց­ման եւ ստո­րագրման յոյ­սե­րը հա­մա­հա­ւա­սար են: Իսկ ե­թէ ար­դիւնք­նե­րը ժխտա­կան ըլ­լան, ի­րան­ցի բա­նակ­ցոր­դը կ­՚ան­սայ Ա­մե­րի­կա­յի «ա­ղեր­ս»ին եւ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը դար­ձեալ կը յե­տաձ­գուին: Այս ըն­թաց­քին է, որ սիւն­նի-շիի առ­ճա­կատ­ման թի­րախ­նե­րը նոր հուն պի­տի ստա­նան: Այս­պէս, եօթ հա­զար ի­րան­ցի զի­նեալ­նե­րը պի­տի փոր­ձեն գետ­նի վրայ կա­րե­ւոր փո­փո­խու­թիւն­ներ ի­րա­կա­նաց­նել: Ա­նոնք պի­տի անց­նին հա­կա­յար­ձա­կու­մի, զօ­րաց­նե­լու հա­մար Ի­րա­նի խա­ղա­քար­տե­րը: Այս մա­սին խօ­սած է ի­րա­նեան բա­նա­կի «Ալ Քուտ­ս» ջո­կա­տի հրա­մա­նա­տար զօրավար Քա­սէմ Սու­լայ­մա­նի եւ ը­սած՝ «Աշ­խար­հը թող քիչ մը սպա­սէ: Մենք ան­պայ­ման ան­կան­կալ­ներ պի­տի մա­տու­ցեն­ք»:

Այս բո­լո­րէն զատ Լի­բա­նան-Սու­րիա սահ­մա­նա­յին Ալ Քա­լա­մուն շրջա­նին մէջ «Հիզպուլլահ» կը պահ­պա­նէ «ի­րա­նեան թի­կուն­ք»ը: Մինչ լի­բա­նա­նեան եւ ա­րա­բա­կան սիւն­նի աշ­խար­հի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ կը հա­ւաս­տիաց­նեն, որ «Հիզպուլլահ» մտած է խոր եւ ա­ւարտ չու­նե­ցող տիղ­մի մը մէջ, ան­դին՝ «Հիզպուլլահ» վստահ է իր գրան­ցե­լիք յաղ­թա­նա­կէն: Հա­կա­ռակ իր տուած մեծ թի­ւով զո­հե­րուն, «Հիզպուլլահ»ի ա­ռաջ­նորդ՝ Սէ­յիտ Հա­սան Նաս­րալ­լա շա­բա­թը գրե­թէ ե­րեք ան­գամ պատ­կե­րասփռուած ե­լոյթ կ­՚ու­նե­նայ եւ կը շա­րու­նա­կէ իր հա­մա­կիր­նե­րը «պատ­րաս­տե­լ» մեծ պա­տեր­զա­մին:

Ան­կախ այս բո­լո­րէն Սու­րիան ձե­ւով մը դադ­րած է ա­րա­բա­կա­նու­թեան հա­մար պայ­քա­րող եր­կիր ըլ­լա­լէ: Ի­րա­նի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը հա­մայն­քա­յին դրու­թիւն մը ստեղ­ծած են երկ­րին մէջ: Բնա­կա­նա­բար շիի-սիւն­նի հա­կա­մար­տու­թեան մէջ եւս Սու­րիոյ այս ի­րա­վի­ճա­կը (ե­թէ նոյ­նիսկ Ի­րան «յաղ­թէ» այս պա­տե­րազ­մին) նե­րե­լի եւ տա­նե­լի պի­տի չըլ­լայ սիւն­նի աշ­խար­հին հա­մար:

Հայ­կա­կան գետ­նի վրայ վեր­ջին օ­րե­րու փո­փո­խու­թիւն­նե­րու լոյ­սին տակ սու­րիա­հա­յու­թեան ղե­կա­վար մար­մին­նե­րու մօտ նոր կե­ցուածք­ներ ե­րե­ւե­լի կը դառ­նան: Այս ա­ռու­մով ա­մենէն ցայ­տուն օ­րի­նա­կը Հա­լէ­պի Ազ­գա­յին ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի բան­բեր Ժի­րայր Ռէի­սեա­նի ը­րած յայ­տա­րա­րու­թիւն է: Հա­լէ­պա­հայ պա­տաս­խա­նա­տուն, որու ինքնութիւնը տակաւին չէ պարզուած, քաղաքի ի­րա­վի­ճա­կը նկա­րագ­րե­լու հա­մար կ՚օգ­տա­գոր­ծէ նոր բառ մը եւ խօ­սե­լով Հայաստանի «168 Ժա­մ»ին՝ կը­սէ, թէ Հա­լէ­պը կ՚ա­մա­յա­նայ: Բնա­կա­նա­բար ա­մա­յու­թիւ­նը կը վե­րագ­րուի վար­չա­կար­գի տի­րա­պե­տու­թեան տակ ե­ղող հայ­կա­կան շրջան­նե­րուն: Ռէի­սեան յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն շատ հա­ւա­բար վե­րախմ­բագ­րէ իր խօս­քը, սա­կայն այ­նուա­մե­նայ­նիւ յստակ է, որ Հա­լէ­պի ի­րա­վի­ճա­կը կ­՚ըն­թա­նայ դէ­պի յա­ւե­լեալ վատ­թա­րա­ցում:

Տխուր փաստ է, որ Սփիւռ­քի տար­բեր կա­ռոյց­ներ ցարդ կը շար­ժին «գա­ղու­թը պահ­պա­նե­լ»ու ոչ-ի­րա­պաշտ մօ­տե­ցում­նե­րով: Տխուր է նաեւ, որ Հա­լէ­պը պի­տի չու­նե­նայ իր ան­ցեա­լի փայ­լը: Այս հանգ­րուա­նին կա­րե­ւո­րա­գոյ­նը աղ­մուկ չբարձ­րաց­նե­լը կամ խու­ճա­պի մա­սին չխօ­սի­լը չէ, այլ հիմ­նա­րա­րը Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րին եւ Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի պատ­գա­մա­ւոր­նե­րուն Դա­մաս­կոս տուած այ­ցե­լու­թե­նէն դրա­կան պտուղ­ներ քա­ղելն է: Այդ մէ­կը հասկ­նա­լի է, որ պէտք է ըլ­լայ լոյ­սե­րէ հե­ռու եւ ա­ռանց պոռչ­տու­քի:

Ինչ­պէս ե­րէկ, այ­սօր եւս հա­լէ­պա­հա­յու­թեան անվ­տան­գու­թիւ­նը կը մնայ ա­ռաջ­նա­յին ու ե­րա­նի թէ եօթ հազար կամ տասներկու հա­զար ի­րան­ցի զի­նուոր­նե­րը Սու­րիա հաս­նէին պաշտ­պա­նե­լու համար՝ հայ­կա­կան Հա­լէ­պը:

Բայց այդ­պէս չէ: Ի­րա­նի կող­մէ ա­ռաքուած զի­նեա­նե­րը Դա­մաս­կոս կու­ գան պաշ­պա­նե­լու համար ոչ միայն վի­րա­ւոր եւ թու­լա­ցած վար­չա­կար­գին «սիր­տ»ը, այլ նպա­տակ ու­նին ի­րենց ձեռ­քե­րուն մէջ պա­հել Ի­րան-Միացեալ Նահանգներ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու հիմ­նա­կան խա­ղաքարտը:

Երեւան

Շաբաթ, Յունիս 6, 2015