ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Ի­րա­նի Հո­գե­ւոր Ա­ռաջ­նորդ Ա­յէ­թուլ­լահ Հա­մա­նէ­յի ուխ­տագ­նա­ցու­թիւն­նե­րու հար­ցե­րով ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Սէիտ Ա­լի Կա­զի Աս­քա­րը, որ վեր­ջին օ­րե­րուն այ­ցե­լեց Հա­յաս­տան։ Ի­րեն կ՚ու­ղեկ­ցէր Ե­րե­ւա­նի մօտ Ի­րա­նի դես­պան Մու­հա­մմէտ Րէի­սի։ Ող­ջու­նե­լով հիւ­րը՝ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը գնա­հա­տան­քով խօ­սե­ցաւ մշա­կու­թա­յին եւ հո­գե­ւոր-կրթա­կան ծրագ­րե­րու ի­րա­կա­նաց­ման ուղ­ղու­թեամբ Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան եւ Ի­րա­նի Իս­լա­մա­կան Հան­րա­պե­տու­թեան մի­ջեւ ձե­ւա­ւո­րուած սերտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մա­սին։

Զրոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան մտա­հո­գու­թեամբ անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ առ­կայ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն՝ հա­մաշ­խար­հայ­նաց­ման ըն­թաց­քին, հո­գե­ւոր-բա­րո­յա­կան ար­ժէք­նե­րու անկ­ման, ըն­տա­նիք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան հար­ցին, աշ­խար­հի մէջ սկիզբ ա­ռած ծայ­րա­յե­ղա­կան շար­ժում­նե­րուն, ո­րոնք ի­րենց կոր­ծա­նա­րար ազ­դե­ցու­թիւ­նը կը թո­ղուն ամ­բողջ մարդ­կու­թեան կեան­քին վրայ։ Զրու­ցա­կից­նե­րը ընդգ­ծե­ցին, որ ա­ռան­ձին եր­կիր­ներ եւ հո­գե­ւոր-կրօ­նա­կան հաս­տա­տու­թիւն­ներ ի վի­ճա­կի չեն միայ­նակ դի­մագ­րա­ւե­լու մարդ­կա­յին կեան­քը յու­զող այդ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն։ Ա­նոնք կա­րե­ւո­րե­ցին հա­մա­տեղ ջան­քե­րու գոր­ծադ­րու­մը՝ ի նպաստ զա­նա­զան ազ­գե­րու եւ կրօն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու խա­ղաղ ու հա­մե­րաշխ հա­մա­կե­ցու­թեան, ինչ­պէս նաեւ հան­դուր­ժո­ղու­թեան եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ո­գիի զօ­րաց­ման։

Շաբաթ, Յունիս 6, 2015