ԼԻԲԱՆԱՆԸ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻ «ՊԱՇԱՐՈՒՄ»Ը

Այն ինչ որ կը կատարուի Լիբանանի մէջ, վերջին տարիներու դէպքերուն վերջին «աքորտ»ն է։ Ուրեմն, ընթերցողներուս յիշեցնեմ, որ նախքան Թայունէ շրջանի զինեալ բախումները՝ հարցերը դրուած էին քաղաքական հարթակին վրայ։

«Հիզպուլլահ» նշանակուած դատախազը կը համարէր ամերիկացիներու «գործիք», հետեւաբար նախ կ՚առաջարկէր, յետոյ բաց ի բաց խորհուրդ կու տար, որ դատախազ Թարէք ալ Պիթար լքէ իր պաշտօնը։ Անշուշտ նոյն «Հիզպուլլահ»ի առաջնորդութեամբ՝ մանաւանդ իր հոգեւոր առաջնորդին՝ Սէյիտ Հասան Նասրալլայով հետամուտ էր (յաճախ տանտէրի իրաւունքով), որ հարցերը դուրս չգան քաղաքական պայքարի հարթակէն ու չտարուին այլ տեղ, նաեւ մեզ չկանգնեցնեն պատերազմի սեւ ուրուականներուն ու աւերակներու յիշողութեանց վրայ։ Սակայն նպատակը «Հիզպուլլահ»ի համբերութիւնը փորձելը չէր, այլ կար աւելին, թէ ինչքա՛ն զինուժ կայ գետինը, ինչպէ՛ս կրնայ ընդամէնը ժամերու մէջ Պէյրութը դառնալ նոր ռազմերու «մէյտան», նաեւ հասկնալու, թէ ո՛վ ինչպէս պիտի մասնակցի խաղին։

Նոյն այդ հարուածներուն տակ էր, որ շիի կողմը կու տար վեց նահատակներ, որոնց արիւնը, ինչպէս Պէյրութի պայթումի զոհերուն արիւնը, մինչեւ այս պահը գետինն է։ Բացի այդ, յստակ էր նաեւ, որ շիի կողմը մասնաւորապէս՝ նաեւ երկրի քրիստոնեայ միւս պլոքը (նախագահ Աունի կողմնակիցները) լաւ կը հասկնային տրուած «պատգամներ»ը ու ճիշդ կ՚ընկալէին՝ նոյն այդ օրը Վիքթորիա Նուլանտին Պէյրութ ժամանելը։

Գուցէ ուզուածը աւելին էր. աւելի՛ մահ, աւելի աւեր, աւելի մեծ կորուստ եւ ի սկզմաբնէ արդիւնքը վճռուած պատերազմ։ Այդ բոլոր ախորժակները կային անշուշտ այն արեւմուտքին կողմէ, որ Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն կեանքը վերածած էր սեւ դժոխքի։

Դարձեալ համբերութիւն եւ դարձեալ զոհեր… սակայն այս անգամ «խաղ»ը ամբողջութեամբ բացուած էր ու քանի վերահսկելի կը դառնար ապահովական գետնի ընդհանուր պատկերը եւ բանակը կը շարունակէր մնալ ամուր ու միակամ, խաղը այս անգամ կը տարուէր դատաիրաւական հարթակ։ Դատական հայց «Լիբանանեան ուժեր» կուսակցութեան նախագահին դէմ, փոխարէնը քրիստոնէական «Այն ալ ռըմանէ» շրջանի բնակիչներուն կողմէ դատ՝ Սէյիտ Հասան Նասրալլայի դէմ։ Քանի քրիստոնեայ ղեկավարը ունէր դատաիրաւական դառն փորձառութիւն, այս անգամ «զինանոց»էն դուրս կը հանուէր մարոնիներու Ռահի Պատրիարքը, որ կը միջնորդէր իրավիճակը խաղաղեցնելու համար։ Արդիւնքը զերոյի վրայ մնացած Ամերիկայի սիրելիները տասն հարուած ստանալով «հանգիստ» շունչ մը կը քաշէին ու կը զեկուցէին նաեւ, որ «այս անգամ ալ տեղի տուինք»։

Այս փուլէն ետք եւ աւելի խեղճացնելու համար Լիբանանը խաղահրապարակ կը բերուէր տեղեկատուութեան նախարար քրիստոնեայ Ժորժ Քըրտահիի (որ իմ իմացած ամենալուրջ լիբանանցի լրագրողներէն է, ոչ միայն լուրջ, այլ արդար եւ մարդկային) մէկ տեսագրութիւն-վկայութիւնը, որու ընթացքին կը խօսէր Եմէնի արիւնալի պատերազմի անտեղիութեան եւ անարդարութեան մասին։ Քըրտահի ոչ թէ կը պաշտպանէր «Հուսին» (իմ նման օրինակ), այլ կ՚ըսէր, որ սէուտցիներու կողմէ մղուած այս պատերազմը տեղ մը պիտի չհասցնէ...

Նախքան նախարարաց խորհուրդի կազմուելուն այդ հարցազրոյցի սփռումէն ժամեր անց փոթորիկ կը փրթէր ու հարցը կը հասցուէր հոն, թէ՝ «Դուք՝ լիբանանցիներ կը վիրաւորէք մեզ ու առկայ սեղմ օղակը աւելիով պիտի սեղմենք, մինչեւ որ մեռնիք...»։ Անկէ ետք Ռիատ կը վտարէր Լիբանանի դեսպանը, նաեւ տուն կը կանչէր իր դեսպանը՝ բոլոր մակարդակի տնտեսական գործակցութեան առջեւ փակելով պատուհանները…

Այսքանը որպէս եղելութիւն կը ներկայացուցի եւ կը յուսամ, որ յառաջիկային ալ իմ կարճ վերլուծականս կը կցեմ այս տողերուն վրայ։

Կռիւը՝ որ տեղի կ՚ունենայ «Հիզպուլլահ»ին դէմ ուղղուած է, անշուշտ անոր ազդեցութիւնը թուլացնելու ԱՄՆ-Իրան սեղանին վրայ։ Տխուրն այն է, որ արեւմուտքը շատ լաւ «կարդացած» է շիի տարրին «ղայիմ» եւ հաստատակամ ըլլալը, իսկ իմ արաբ եղբայրներս տակաւին չեն գիտեր այդ մասին։

Մղուածը անհաւասար պատերազմ է, իսկ ամենամեծ զոհը անտէրութեան մատնուած լիբանանցիներն են։ Ցաւօք։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Նոյեմբեր 13, 2021