ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ
ԳԼՈՒԽ ԺԳ.
Արդ, ի՞նչ է խորհուրդը անոնց ոտքերը լուալուն, ըսենք. նախ՝ որովհետեւ առաքեալները ամէն տեղ բոպիկ կը շրջէին, ու անոնց ոտքերը աղտով ներկուած էր, անոնց ոտքերը աղտէն կը լուայ, բայց լոկ աղտի լուացում չէր, այլեւ անոնց հոգիները մեղքերէն կը մաքրէր։ Երկրորդ՝ քանի որ զանոնք աշխարհով մէկ պիտի ղրկէր, ու ճանապարհի այդքան երկարութիւնը բազում աշխատութեամբ պիտի ընթանային, այդ պատճառով կը լուայ անոնց ոտքերը եւ կարողութեան զօրութիւն կը դնէ անոնց մէջ, որպէսզի ամէն տեղ առանց դժուարութեան եւ առանց նեղութիւն քաշելու երթան։ Երրորդ՝ որովհետեւ վճիռը, որ սկիզբէն սահմանեց բնութեան վրայ մարդուն մեղանչած ատեն, օձին իշխանութիւն տալով, թէ ան պիտի սպասէ քու գլուխիդ, իսկ դուն՝ անոր գարշապարին, ինչպէս ամէն բանը պիտի լուծէր, այդպէս ալ այս ալ վերցուց։ Չորրորդ՝ որպէսզի համարձակութիւն տայ աներկիւղ եւ անվեհեր կերպով յառաջանալ օձերու եւ կարիճներուն վրայով, եւ չվարանին, քանի որ ասկէ ետք անոր խայթոցը խորտակուեցաւ։
«Երբ եկաւ Սիմոն Պետրոսի մօտ, անիկա ըսաւ.
-Տէ՛ր, Դո՞ւն իմ ոտքերս պիտի լուաս» (Յհ 13․6)։
Այս միտքով ըսաւ, թէ զԻնք Աստուծոյ Որդի եւ Արարիչ կը դաւանէր, քանի կ՚ըսէր, թէ այդ ձեռքդ, որ բորոտը մաքրեց եւ մեռելները յարուցանեց, ի ծնէ կոյրին կաւէն աչք ստեղծեց, իմ ոտքե՞րս պիտի լուայ։ Պետրոս լաւ չըրաւ այսպէս, քանի որ այդ բանը սովորական լուացում կարծեց, չկրցաւ գիտնալ, թէ Անոր բոլոր խօսքերն ու գործերը օգտակար եւ խորհրդաբար էին, որովհետեւ իւրաքանչիւր ծառայ եւ կամ աշակերտ, որ Իր մեծաւորին կամքը չի՛ կատարեր, կամ սուտ կը կարծէ իր վարդապետը, կամ անգէտ խօսքին, ու այս պատճառով չի՛ գործադրեր իր վարդապետին ըսածները. բայց թէ ինչո՞ւ համար միայն Պետրոսը հակառակեցաւ, իսկ միւսները՝ ոչ։ Այս է, քանի որ երբ մատնիչինը լուաց, Պետրոսին մօտ եկաւ եւ ան չկամեցաւ, իսկ Տէրը ի՞նչ ըսաւ Պետրոսին.
«Եթէ ոտքերդ չլուամ՝ Ինծի հետ բաժին պիտի չունենաս» (Յհ 13.8)։
Աշակերտները այս լսելով, երկիւղի դողն ու սարսուռը պատեց զանոնք, եւ ոչ ոք համարձակեցաւ հակառակիլ, այլ՝ հնազանդեցան։
«Յիսուս պատասխանեց.
-Ինչ որ կ՚ընեմ՝ դուն հիմա չես հասկնար, բայց յետոյ պիտի հասկնաս» (Յհ 13.8)։
Այսինքն՝ Իմ գործիս օգուտն ու շահը հիմա չես գիտեր, որովհետեւ տակաւին անկատար էին, բայց ապա պիտի գիտնաս, երբ տնօրէնութեան խորհուրդը ամբողջութեամբ կատարեմ եւ Հօր մօտ երթամ ու Հոգին ուղարկեմ, որպէսզի գայ եւ ձեր միտքերուն շամանդաղը սրբէ եւ մարմնական բոլոր կարծիքներէն ազատէ ձեզ, այն ատեն կատարելապէս կրնաք գիտնալ, թէ ձեզի ի՛նչ հրաշք գործեցի: Այս բանին մասին կը գրէ Կղեմէս, եօթանասուններէն մէկը՝ Պետրոս առաքեալին աշակերտը, եւ անկէ ետք անոր յաջորդը եղող՝ Հռոմի քաղաքի աթոռին վրայ, թէ Պետրոս առաքեալ Վերնատան մէջ Սուրբ Հոգին ընդունելէն ետք, ատկէ ետք անոր աչքերը արցունքոտելէ չդադրեցան եւ կամ անոր դէմքին կերպարանքը տրտմութեան դեղնութենէն կը շառագունէր, եւ երբ հարցնէինք, թէ ինչո՞ւ համար այդպէս միշտ կու լաս տրտմութենէդ եւ չես մխիթարուիր, այս պատասխանը կու տար, թէ երբ կը մտաբերեմ Քրիստոսի գութն ու սէրը, որ մեր նկատմամբ ցոյց կու տար երբ Անոր հետ կը շրջէինք, սիրտս կը գալարի եւ կսկիծէն կու լամ:
«Տէ՛ր,- ըսաւ Սիմոն Պետրոս,- ուրեմն ո՛չ միայն ոտքերս լուայ, այլ նաեւ ձեռքերս եւ գլուխս» (Յհ 13.9):
Այստեղ երեք կարգեր կը դնէ, որովհետեւ ամէն բան երեք է. սկիզբը, մէջտեղը եւ կատարումը, այդպէս ալ սա՛ կ՚ըսէ, թէ ո՛չ միայն ոտքերս, այլ ամբողջ [մարմինս] ալ: Դարձեալ՝ քանի որ ոտքեր կ՚ըսէ այն բանին, որ երեւակայութեամբ կը մեղանչէ, որոնք փոքրագոյն մեղքերն են, եւ այն, որոնք գործով կը կատարեն, անոնց՝ ձեռքեր կ՚ըսէ, իսկ անոնք, որոնք մեղքերուն մէջ բանտարկուած կը մնան, անոնց՝ գլուխ կ՚ըսեն վարդապետները, այդ պատճառով Պետրոս կ՚ըսէ. «Տէ՛րը, ո՛չ միայն փոշետեակ թեթեւագոյն մեղքերէն կը մաքրէր, այլեւ կատարելագոյն մեղքերէն»:
«Յիսուս պատասխանեց.
-Ան որ լուացուած է՝ մաքուր կ՚ըլլայ» (Յհ 13.10):
Ոմանք կ՚ըսեն, թէ ասոնք նախապէս Քրիստոսէ մկրտուած են, այդ պատճառով Տէրը կ՚ըսէ. «Ան որ լուացուած է՝ մաքուր կ՚ըլլայ, հետեւաբար միայն ոտքերը լուալ պէտք է» (Յհ 13.10): Կ՚ըսեն, թէ մեծամեծ մեղքերը մաքրուած են, իսկ այժմ զայն կ՚ըսէ լուալ, որ ներելի յանցանքն է ձեր մէջ, որ ոտք կ՚անուանէ, ու ասիկա կը դնեն իրենց նիւթը, թէ Քրիստոս Հոգիին կարօտութիւն չունէր, քանի որ միշտ Իր հետ էր, եւ Ան Պետրոսն ու Յովհաննէսը մկրտեց, իսկ անոնք՝ միւսները: Հետեւաբար, առաքեալները նախապէս կատարեալ մկրտութիւն ունէին, մինչեւ Հոգիին գալուստը, իսկ Հոգիին էջքը որպէս դրոշմ էր. բայց Յովհան Ոսկեբերանը այսպէս կը գրէ. «Զանոնք հրէական չարութենէն լուաց, իսկ կատարեալ մկրտութիւնը առաքեալները Հոգիին գալուստին ընդունեցին», որովհետեւ խօսքին համար, որ կը խօսի, զանոնք սուրբեր կ՚անուանէ, որ սովորութիւն է Գիրքին խօսքով մաքրել, կ՚ըսէ, ինչպէս այն, թէ՝ «լուացուեցէք, ձեր անձերէն չարիքը նետեցէք»:
Դարձեալ՝ անոնք որոնք մկրտուած են, կ՚ըսէ, զանոնք լուալ պէտք չէ, սակայն եթէ մկրտութենէն ետք մեղքերու մէջ ինկած ըլլայ, խոստովանութեամբ լուայ: Արդ, այդտեղ տարակուսանք կայ, թէ Տէրը Յուդային Իր մարմինը տուա՞ւ, թէ՝ ոչ: Ոմանք կ՚ըսեն, թէ՝ ոչ, ու կը յայտնեն՝ ըսելով, թէ կերակուրէն ետք ըսաւ Տէրը. «Այլեւս այս գինիէն պիտի չխմեմ մինչեւ այն օրը, երբ ձեզի հետ պիտի խմեմ նոր գինին՝ Իմ Հօրս արքայութեան մէջ» (Մտ 26.29): Արդ, եթէ Յուդան ալ առած ըլլար զայն, ուրեմն չէր ուրանար, քանի որ Քրիստոսի խօսքը անհրաժեշտութեամբ կատարել արժան է: Արդարեւ, ասոր պատասխանը դիւրին է, որովհետեւ ըսելը՝ ձեզի հետ, պէտք չէ բոլորին համար իմանալ, այլ՝ շատերու համար, որովհետեւ Գիրքին սովորութիւնն է բոլորը մէկ մասին համար գրել:
Իսկ Ոսկիբանն ու բոլոր վարդապետները կ՚ըսեն, թէ՝ տուաւ, եւ յայտնի է երկու բանէ. նախ՝ քանի որ այս գլուխին մէջ կը պատմէ, թէ ընթրիքէն ետք աշակերտներուն ոտքերը լուաց, ու ըսաւ. «Ձեզմէ մէկը պիտի մատնէ զիս» (Յհ 13.21: Մտ 26.21), եւ Յովհաննէսին հարցնելուն, պատառը թաթխեց եւ Յուդային տուաւ, որ առնելով դուրս ելաւ, ուրկէ յայտնի է, թէ Յուդան այնտեղ էր, երբ Իր մարմինը բաշխեց: Ղուկաս երկուքը յայտնապէս կը ցուցնէ, քանի որ երբ կը պատմէ, թէ Տէրը ինչպէս տուաւ Իր մարմինը, ապա կ՚ըսէ. «Ահաւասիկ մատնիչիս ձեռքը Ինծի հետ սեղանին է» (տե՛ս Ղկ 22.21), ուրկէ յայտնի է, թէ այնտեղ էր:
Իսկ Տէրը Իր մարմինը վայելչաբար տուաւ Յուդային չորս պատճառով. նախ՝ ցոյց տալու Քրիստոսի զարմանալի բարութիւնն ու խոնարհութիւնը ամբարիշտներուն նկատմամբ: Երկրորդ՝ որպէսզի սորվեցնէ մեզի, մեր թշնամիներն ու ատելիները կատարելապէս սիրենք: Երրորդ՝ ցոյց տալու համար, թէ պէտք չէ ո՛չ ուրանալ եւ ո՛չ ալ չտալ, երբ մեղաւորները, որոնք ծածուկ կերպով յանցանքներ ունին, եւ ուրիշներուն հետ հաղորդութիւն ստանալու կու գան, այլ՝ պէտք է հաղորդել: Չորրորդ՝ ցոյց տալու համար, թէ ո՛չ բոլորը, որոնք Սուրբ Խորհուրդը մարմնաւորապէս, թէ հոգեւորապէս ընդունած ըլլայ, տարբեր է երբեմն, որովհետեւ իր անձին դատապարտութեան համար կ՚ընդունի, ըստ Պօղոսին:
«Պատառը թաթխելով որո՛ւն որ տամ՝ ան է» (Յհ 13.26):
Այս պատասխանը Քրիստոս լռելեայն Յովհաննէսին ըսաւ՝ վեց պատճառով. նախ՝ եթէ յայտնապէս ըսուած ըլլար, Պետրոս չէր կրնար հանդուրժել, այլ՝ այդ ատեն իսկ կը սպաննէր զինք: Երկրորդ՝ որովհետեւ եթէ յայտնապէս ըսուած ըլլար պատառին նշանը, Յուդան պատառը չէր առներ: Երրորդ՝ քանի որ անոր մեղքը ծածուկ էր, պէտք չէր յայտնել: Չորրորդ՝ որպէսզի սորվեցնէ մեզի ուրիշներուն մեղքերը չխայտառակել: Հինգերորդ՝ որովհետեւ եթէ յայտնապէս ըսէր, Յուդային խռովութեան պատճառ կու տար: Վեցերորդ՝ որովհետեւ հարցուածը ծածկաբար էր, պատասխանն ալ պէտք է ծածկաբար ըլլայ:
Եւ քանի որ ծածկաբար ըսաւ, կրկնակի վկայութեամբ յայտնի էր. նախ՝ որովհետեւ պատառը որպէս նշան տուաւ, քանի որ եթէ յայտնապէս ըսէր, պէտք էր անունը ըսէր, եւ ո՛չ թէ նշաններով ծանուցել: Երկրորդ՝ որովհետեւ Աւետարանիչը կ՚ըսէ, թէ Տէրը Յուդային ըսաւ. «Ինչ որ պիտի ընես՝ շուտով ըրէ» (Յհ 13.27), եւ ոչ ոք իմացաւ, թէ ինչ բանի համար ըսաւ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 130
Վաղարշապատ