ՄԻ՛ ԽՄԵՐ

4

ԱԼՔՈՀՈԼԻՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՂԵՂԻՆ ՎՐԱՅ

Մեր խելքը, բանականութիւնը, մեր ուժը, մեր զգացողութիւնները ուղեղին մէջն են։

Լուրջ (չխմած) մարդը լաւապէս կը հասկնայ իր լսածն ու տեսածը, կը զանազանէ լաւն ու բարին, կը կարենայ գնահատել իր ըրածներն ու ուրիշներուն ըրածները. ան իր կամքին տէրն է, զգոյշ է թէ՛ իր խօսքերուն եւ թէ՛ շարժումներուն մէջ եւ, երբ պէտք է, կը կարենայ ինքզինք զսպել։

Մարդուս աստուածատուր այս բոլոր ընդունակութիւնները գինիի եւ օղիի թունաւորման տակ կը կորսուին։

Հարբածին «գլուխը դատարկ է»։

Այլեւս ո՛չ մէկ արգելք կայ անոր լեզուին եւ շարժումներուն։ Ինչ որ կու գայ բերնին՝ կ՚ըսէ, բոլորին կը դպնայ, կը վիրաւորէ։ Խեղճ, «գառնուկ» մարդիկ առիւծ կը դառնան, եւ ընդհակառակը, շատ «աժդահաներ» կը խեղճանան, կը ցաւոտին եւ երեխայի նման կու լան։

Գինովցած մարդը այլեւս ուժ չունի ինքզինք զսպելու. ան իր սիրտը բոլորին դիմաց կը բանայ, իր գաղտնիքները բոլորին կը պատմէ։ Հին առածը կ՚ըսէ. «Ճշմարտութիւնը գինիին մէջն է»։ Երբեմն ինք կը զգայ, որ ըսած-խօսածը անտեղի է, յիմարութիւն է, սակայն այնքան ուժ չունի, որպէսզի ինքզինք պահէ։

Գինին եւ օղին կը թմրեցնեն, կը բթացնեն մարդուս զգացողութիւնները։

Այս հիմնական բանը պէտք է միշտ աչքի առաջ ունենալ։

Գինովցած մարդը այլեւս չի զգար իր ցաւերը, կը մոռնայ իր վիշտերը, կը մոռնայ անօթութիւնն ու ծարաւը, յոգնածութիւն չի զգար, անոր սիրտը կը դատարկուի, վիշտերէն կ՚ազատուի ու կը թեթեւնայ՝ անշուշտ ժամանակաւորապէս, որովհետեւ, երբ գինիին ազդեցութիւնը անցնի, անոր ցաւն ու վիշտը կը կրկնապատկուին։

Սպիրտը նոյնպէս անօթութեան սրութիւնը կը բթացնէ, այս պատճառով շատեր կը կարծեն, թէ արաղը «սիրտը տեղը կը դնէ»։ Չեն հասկնար սակայն, որ մարդ դարձեալ անօթի է, բայց սպիրտը բթացուցած է անոր բոլոր զգացողութիւնները եւ ատոր համար ալ ան իր անօթութիւնը չի զգար։

Բանուորները մեծ քանակութեամբ սպիրտ կը գործածեն, որպէսզի իրենց յոգնածութիւնը ցրեն եւ աւելի գործ չընեն, բայց չեն հասկնար, որ յոգնածութիւնը դարձեալ կը մնայ եւ միայն իրենք զիրենք կը խաբեն։

Ուրիշ ինքնախաբէութիւն մըն ալ։

Պաղած մարդը գաւաթ մը օղի կը խմէ՝ որպէսզի տաքնայ, եւ անոր կը թուի, թէ իրապէս կը տաքնայ։ Սակայն չի՛ հասկնար, որ անոր մարմինը ո՛չ միայն չի տաքնար, այլ ընդհակառակը, կը պաղի, միայն թէ սպիրտը ցուրտի զգացողութիւնը կորսնցնել կու տայ անոր։

Եւ, իրապէս, ներկայիս գիտնականները ապացուցած են, որ ալքոհոլը կը սառեցնէ մարդը։

Այս հիման վրայ է, որ բժիշկները տաքութեան դէմ հիւանդին գինի եւ զանազան ոգելից խմիչքներ կու տան։

Այս հիման վրայ է նոյնպէս, որ տաք վայերերու մէջ, օրինակ, Հնդկաստանի մէջ, ժողովուրդը զովանալու համար օղի կը խմէ։

Ո՞վ չի գիտեր, որ ձմեռը հարբած մարդիկ աւելի դիւրութեամբ կը պաղին-կը փետանան, եւ բազմաթիւ տեսակի հիւանդութիւններ կը ստանան (օր. թոքերու բորբոքում, բողոճներու (պլոճ) հիւանդութիւններ, եւ այլն)։

Աւելրոդ է այս մասին աւելի երկար խօսիլ։ Ըսածներէս պարզ է, որ խմիչքին յատկացուցած զօրութիւնները սխալ են։

Խմիչքը չի՛ տաքցներ մարդը.

Խմիչքը մեր ուժերը չ՚աւելցներ.

Խմիչքը մեզի սնունդ չի՛ տար։

Մարդիկ իրենք զիրենք է, որ կը խաբեն։

Ընդհակառակը՝

Խմիչքը մարդուն մարմինը կը սառեցնէ, ան մեր ուժերը կը պակսեցնէ, մեր առողջութիւնը կը քայքայէ, կը հիւանդացնէ ու կը սպաննէ մեզ։

Ան թոյն մըն է, որ կը բթացնէ, կը մեռցնէ մեր մէջ զգացողութիւնը. այս պատճառով ալ մենք ո՛չ անօթութիւն, ո՛չ յոգնութիւն եւ ո՛չ ալ ցուրտ կը զգանք։

5

ԱԼՔՈՀՈԼԱՄՈԼԹՈՒԵԱՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԸ ՄԵՐ ԽԵԼՔԻՆ ՈՒ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ

Սկիզբները խմողը անորոշ տխրութիւն եւ տաղտկութիւն մը կը զգայ, յետոյ կամաց-կամաց կը վշտաբեկուի։ Երեկոյեան, երբ կը պառկի քնանալու համար, անոր աչքին սարսափելի տեսիլքներ (ցնորք) կ՚երեւին։ Անոր գարշելի դէմքով զարհուրելի գազաններ եւ առարկաներ կը մօտենան։ Անոր կը թուի, թէ սարսափելի գիշատիչ գազաններ կը յարձակին իր վրայ, կը խածնեն, կը խեղդեն զինք, կամ ինք զարհուրելի մութ գուբերու մէջ կ՚իյնայ, կամ իբր թէ անոր ետեւէն ինկած են, հիմա պիտի հասնին իրեն, պիտի բռնեն, դանակը փորը պիտի խրեն, եւ այլն, եւ այլն։

Խեղճը լեղապատառ, սարսափահար եղած, աչքերը բուներէն դուրս թռած, շնչասպառ, ճակատը քրտինք կոխած կը փախչի երեւակայական թշնամիէն կամ կռիւի կը բռնուի անոր հետ։ Այն ատեն հարբեցողը կրնայ սպաննութիւն գործել, ամէն ինչ ջարդել, կոտրտել։

Այս դրութիւնը ցափռտանք կամ ալքոհոլական զառանցանք կը կոչուի (ռուսերէն. սպիտակ ջերմ

Իբրեւ օրինակ, առաջ բերենք կնոջ մը զառանցանքը։ «Յանկարծ ան իր ազգականներուն ձայները կը լսէ, իր աղջկան լացն ու կոծը, իբրեւ թէ այդ աղջկան կը քաշքշեն, կը տանին. պատին վրայ անոր սարի ոստայն (սալանդոստ), թոքեր, սարդեր կ՚երեւին, որոնց ցանցին մէջ սեւ-սեւ գնդակներ կ՚երեւին։ Այս գունդերը կը փքուին ու կը սեղմուին, մուկեր, կատուներ կը դառնան, որոնք սարդի ծակերուն մէջէն կ՚անցնին, կը թռչին անկողինին վրայ եւ կ՚անհետանան։ Յետոյ անոր աչքին թռչուններ, այլանդակ ծռմռած դէմքեր, կապիկներ կ՚երեւին, որոնք կը վազվզեն, կը մօտենան եւ կ՚անհետանան պատին մէջ. յետոյ դուրս կու գան որպէս հաւու ճուտիկներ, եւ ինք կը փորձէ բռնել զանոնք, բայց անոնք կը փախչին։ Դրացիի տան տանիքին վրայ մարդիկ կ՚երեւին՝ հրացանները իրենց ձեռքերուն, պատերուն մէջէն դուրս կը ցցուին իրեն ուղղուած րեվօլվէրի ծայրեր, ամէն կողմէ հրդեհ, տուները կը փլին, ամէն ինչ կը կործանուի։ Ու այս սարսափներուն մէջ, ան կը տեսնէ, ինչպէս կը կտրատեն իր մարդը եւ երեխաները։ Ասոնք կը գոռան. «Հրդե՛հ, կը սպաննե՜ն» եւ օգնութիւն կը կանչեն։ Ան զաւակներու, երաժշտութեան, երգի ձայներ կը լսէ։ Ծառերը կարծես անոր դիմաց կը պարեն եւ այդ ծառերէն կախուած են գոյնզգոյն գնդակներ, որոնք անդադար կը փքուին ու կը կծկուին. երբեմն գոյնզգոյն կրակներ կը լուսաւորեն երկինքը»։

Առհասարակ ալքոհոլիքները շատ յաճախ խաբէական տեսիլքներ կը տեսնեն (տեսողական ցնորքներ), օր. ճանճեր, կայծակներ, փայլատակում, եւ այլն։ Ի վերջոյ, տեսողութիւնը կը նուազի եւ հիւանդը կը կուրնայ։

Լսողութիւնը նոյնպէս այլայլուած է։ Հարիւր տեսակի օտարոտի, անախորժ եւ սարսափելի ձայներ անոր ականջները կը լեցուին։ Խեղճերը երբեմն սոսկալի հրամաններ կը լսեն։ Մէկուն ձայն մը անդադար կը հրամայէ, որ երթայ ու իր զաւակը սպաննէ, եւ ան ստիպուած կ՚ըլլայ կատարել, ու կացինով իր մանուկը կը սպաննէ։

Ուղեղի այս հիւանդական դրութիւնը երթալով կը վատթարանայ, հարբեցողը կիսախել կը դառնայ, անձնասիրութիւնն ու պատուասիրութիւնը կը կորսնցնէ, անբարոյական, չարագործ, գազանաբարոյ կամ ողորմելի փալաս մը կը դառնայ, որ միայն զայրոյթ եւ զզուանք կը յարուցէ մեր մէջ։

Ալքոհոլիքը իր աշխուժութիւնը կը կորսնցնէ, ծոյլ, անբան, տխուր եւ մելամաղձոտ կը դառնայ, հասակութենէ կը փախչի, ամօթէն կը մեռնի։ Անոր կը թուայ, թէ բոլորը կը թքեն անոր վրայ, թէ ան խայտառակուած է, թէ ան յանցաւոր է, պիտի բռնեն զինք, կախեն։

Մի քանիներուն ալ կը ուի, թէ իրենք այլեւս մարդու կերպարանք չունին, կին, շուն կամ մուկ դարձած են, կամ թէ իրենց մարմինը փտտած է, քրքրուած, կը հոտի, եւ այլն։

Այսպիսով, ալքոհոլիքը կամաց-կամաց խելագարութեան կը հասնի։

Հաշուած է, որ 100 գիժերէն 20-ը (1/5) հարբեցողներ եղած են կամ հարբեցողներու զաւակներ։ Ֆրանսայի մէջ խելագարուողներուն թիւը տարեկան 1500-ի կը հասնի։ 1881-էն մինչեւ 1885-ը հիւանդանոցներու մէջ պատսպարուած եղած են 57.207 խելագարներ։ Եւ ինչքան ալքոհոլի գործածութիւնը կ՚աւելնայ երկրին մէջ, այդքան ալ գիժերուն թիւը կ՚աճի։ Բացի այդ, ալքոհոլիքի կեանքը յաճախ այնչափ անտանելի կը դառնայ, որ ան ինքնասպանութիւն կը գործէ։ Գիտնականի մը հաւաքած տեղեկութիւններուն նայելով, 4596 անձնասպաններէն 530-ը ալքոհոլիքներ են։

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 2

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2021