«ԻՄ ՊԱՏԳԱՄԸ՝ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆՆ Է»

Կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան նորընտիր կաթողիկոս-պատրիարքին հետ ծանօթութիւնս նոր չէ։ Ծանօթութիւն, որ իր մէջ կը պարունակէ ոչ միայն որդիական զգացումներ, այլ նաեւ ամուր բարեկամութեան շեշտեր։

Կաթողիկոս-պատրիարքը մամուլին ու մասնաւորապէս՝ հայալեզու մամուլին հանդէպ յատուկ սէր ունի, սակայն մեծ հաշուով յաճա՛խ խօսելու եւ յաճախ ըսելիք ունենալու դերէն կը խորշի։ Եթէ հաշուի առնենք այս նուիրական յատկանիշը, պէտք է անպայման ընկալենք, նաեւ յարգանքով մօտենանք անոր գործելաոճին նկատմամբ։ Վերջին տարիներուն զանազան առիթներով մօտեցած եմ իրեն՝ խօսք մը, տեսակէտ մը, մեկնաբանութիւն մը ստանալու համար, բայց եւ այնպէս, հանդիպած եմ ինծի ծանօթ իր տեսակէտին։ Այդ տեսակէտը լռելեայն ձեւով կը յայտնուի եւ կ՚ուրուագծուի ըսելով՝ «Թող գործը խօսի»։ Անշուշտ, համաքրիստոնէական մեծ պրիսմակէն դիտուած՝ բարի գործին ու առաքելութեան վկան ու ձեռնարկողը դառնալու իրականութիւնը աւելի օգտակար է, քան քարոզախօսութիւնը, յորդորներ տալը, կամ բարի խօսքին տարածումը ինքնին։ Այո՛, Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքը այդ քրիստոնէական գործին զինուորեալն է ու այդ հաւատքին շնորհիւ է, որ իր մանկութենէն ընթացք առած առաքելադրոշտ ճանապարհը զինք հասցուց պատրիարքական աթոռին։

Ամէն պարագայի, այս բոլորը նշելէ ետք հարկ կը համարեմ յիշեցնել, որ իր պատրիարք ընտրութենէն շաբաթներ անց առիթը ունեցայ դարձեալ հանդիպելու Հոգեւոր Տիրոջ, նաեւ կարճ ու մտերմիկ զրոյց մը ունենալու իրեն հետ։ Ինչ մեղքս պահեմ, ներկայ փուլին տեղին չհամարեցի հարցազրոյցի մը առաջարկը ընել, բայց եւ այնպէս, օգտուելով անոր «France 24» կայանին արաբերէնով տրուած հարցազրոյցի պատեհութենէն, իր խօսքերը թարգմանեցի հայերէնի եւ զրոյցը ամբողջութեամբ կը ներկայացնենք ստորեւ։

*

-Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պատրիարք ընտրուելէ ետք, ի՞նչ են այսօր ձեր առաջնահերթութիւնները։

-Անձնական առաջնահերթութիւններ չունիմ, ես պիտի շարունակեմ իմ քահայանական առաքելութիւնը, որուն համար կոչուած եմ իմ մանկութենէս ի վեր:

-Անդրադառնալով ձեր տուած այցելութեան Ֆրանսա, ուր պիտի հանդիպիք պաշտօնական անձնաւորութիւններու, ինչպէս նաեւ հայ համայնքին հետ, ի՞նչ նամակ ունիք տանելու ձեր հետ ֆրանսացի պատասխանատուներուն ընդհանրապէս եւ հայ համայնքին մասնաւորապէս:

-Բոլորին համար յայտնի է այն իրավիճակը, որ կ՚ապրինք թէ՛ Լիբանանի եւ թէ Հայաստանի մէջ: Իմ պատգամս խաղաղութիւնն է, նաեւ պիտի աշխատիմ ուշադրութիւն հրաւիրել այն իրադարձութիւններուն վրայ, որոնց մէջէն կ՚անցնինք: Մաղթանքս է, որ մեր ժողովուրդը զոհ չերթայ անձնական շահերու կամ միջազգային քաղաքական նախաձեռնութիւններու:

-Լիբանանի տնտեսական եւ քաղաքական տագնապի ֆոնին, գործնականօրէն ի՞նչ պիտի խնդրէք այդ երկրին համար:

-Ո՛չ միայն տագնապը քաղաքական է, այլ նաեւ ընկերային գետնի վրայ տագնապ կայ: Ժողովուրդը ծայրայեղ տառապանք կ՚ապրի, մենք պէտք է, որ պահպանենք այս ժողովուրդի էութիւնը, առանց որեւէ խտրականութիւն դնելու համայնքներուն, յարանուանութիւններուն միջեւ: Կարեւոր է, որ կատարենք մեր սուրբ պարտականութիւնը՝ հոգատարութիւն եւ հետաքրքրութիւն ցուցաբերելով մեր ժողովուրդին նկատմամբ, մանաւանդ որպէս եկեղեցական եւ առաջնորդ՝ պէտք է ծառայենք մեր ժողովուրդին։ Անշուշտ, կարեւոր է նաեւ համախմբուած ըլլալու հարցը, որուն շնորհիւ ալ պիտի կարողանանք հասնիլ խաղաղութեան նաւահանգիստը:

-Մարոնիներու Ալ Ռայի Պատրիարքը կոչ ուղղեց Լիբանանի չէզոքութեան համար: Դուք արդեօք կ՚աջակցի՞ք նման կոչի մը, մանաւանդ, որ կապի մէջ էք Ալ Ռայի Պատրիարքին հետ:

-Իմ կարծիքով, չէզոք մնալ չի նշանակեր մեկուսացման մէջ մնալ, այլ կը նշանակէ, որ չդառնանք զոհ քաղաքական միջազգային խաղերուն՝ մանաւանդ խաղաղ ժողովուրդի մը հողերուն վրայ։ Ժողովուրդ մը, որ կ՚ընդունի բոլոր ազգերն ու կրօնները համահաւասար եւ եղբայրական հոգիով: Կարելի է ըսել, որ աշխարհի մէջ միակն է Լիբանանը, ուր կան պատկանելիութիւններ տարբեր եկեղեցիներու, տարբեր կրօններու, բայց եւ այնպէս, դարերու ընթացքին բոլորն ալ կ՚ապրին համատեղութեամբ: Այսօր մեղք ունի ոչնչացնել գոյութիւն ունեցող այս եղբայրական կապերը, ինչպէս Հռոմի Պապը կ՚ըսէ «Բոլորս եղբայրներ ենք», իսկ մենք այս եղբայրութիւնը իրապէս ապրած ենք եւ կ՚ուզենք, որ աշխարհ տեսնէ մեր այս օրինակը, այս եղբայրութեան պատկերը: Մեր պարտքն է փոխանցել աշխարհին այս պատգամը ու քաջալերել աշխարհը, ազգերը, տէրութիւնները եւ հոսանքները, որպէսզի կարենան որդեգրել եղբայրութիւնը ու տարածել այդ գաղափարը:

-Դուք վերջերս հանդիպեցաք Հռոմի Ֆրանսիսքոս Ա. Պապին, որ խոստացաւ ացելել Լիբանան: Արդեօք յստակ թուականներ կա՞ն այդ այցելութեան համար:

-Տակաւին չկան յստակ թուականներ, բայց կարելիութիւնը կայ եւ կամեցողութիւնը ներկայ է: Պապը կը սիրէ արեւելեան եկեղեցին, կը սիրէ արեւելցիները, կը կարեկցի Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի ժողովուրդներուն, կը կարծեմ, որ հնարաւորութիւն մը անպայման կը ստեղծուի այսպիսի այցելութիւն մը իրականցնելու համար:

-Սրբազան Պապը վերջերս այցելեց Իրաք. ի՞նչ փոփոխութիւն բերաւ այդ այցելութիւնը՝ մանաւանդ որ այնտեղ հայեր կան:

-Պապը տուաւ խաղաղութեան ազդանշանը, ինչպէս նաեւ եղբայրութեան: Մենք ականատես եղանք այն սիրոյն եւ մտերմութեան, որ իրարու մերձեցուց Իրաքի ամենատարբեր խաւերը։

-Փաստօրէն քրիստոնեաներու թիւը հետզհետէ կը նուազի Իրաքի մէջ, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանէն ներս: Արդեօք վիճակագրութիւն մը կա՞յ քիստոնեաներու թիւերու: Ի՞նչ կ՚ըսէք այդ առընչութեամբ:

-Այո՛, ճիշդ է որ որոշ առումով արտագաղթ տեղի կ՚ունենայ, բայց պէտք չէ չափազանցել եւ ներկայացնել այնպէս, որ բոլորը կը հեռանան ու կը լքեն երկիրը վերջնականապէս: Տոկոսային համեմատութեամբ կարելի է ըսել, որ ընդհանուր քրիստոնեաներուն 30-40 տոկոսը կը գաղթէ Միջին Արեւելքէն ժամանակաւորապէս։ Ես ուրախ եմ, որ գաղթողներուն մեծամասնութիւնը՝ ըլլայ Սուրիայէն, Լիբանանէն կամ Իրաքէն, այնքան ալ չհեռացան տարածաշրջանէն, գացին մօտիկ Եւրոպա, այսինքն երեք ժամէն կարող են ետ վերադառնալ: Օրինակ՝ Հայաստան գաղթեցին լիբանանահայ համայնքի անդամեր, որոնք մէկ ժամէն կրնայ վերադառնալ իրենց տունը: Տեղեկութիւններ ունիմ, որ այս օրերուն Հայաստան մեկնած լիբանանահայերուն 40 տոկոսը Լիբանան կը վերադառնայ։ Կան ալ հայրենակիցներ, որոնք նոր ասպարէզներ ստեղծած են Սուրիոյ եւ Հայաստանի միջեւ:

-Ինչ կը վերաբերի Երուսաղէմի ուղղափառ պատրիարքութեան, այսօր վէճեր կան այն առումով, որ պատրիարքութիւնը Աւստրալիայէն իսրայէլացի գործարարի մը վարձակալութեան տուած է տարածք մը։ Որպէս եկեղեցի ի՞նչ է ձեր կեցուածքը, որ պատրիարքութեան պատկան տարածքներ վարձակալութեան տրուին իսրայէլացիներու: Եւ դուք որպէս կաթողիկէ եկեղեցի, այդպիսի քայլի մը երբեւիցէ կ՚երթաք:

-Կը կարծեմ, որ տարակարծութիւն մը կայ այս հարցին շուրջ։ Ես բաւարար տեղեկութիւններ ու տուեալներ չունիմ եւ կը կասկածիմ, որ Երուսաղէմի պատրիարքը հայապատկան որեւէ հողատարածք երկար տարիներու համար վարձակալութեան տայ։ Իսկ ինչ կը վերաբերի մեր եկեղեցւոյ, մենք Երուսաղէմի մէջ տարածքներ չունինք, որ մտածենք վարձակալութեան տալու մասին: Անշուշտ, մենք որպէս միջինարեւելքցիներ որոշակի զգայնութիւններ ունինք Իսրայէլի եւ անոր վարած քաղաքականութեան նկատմամբ:

-Դուք՝ որպէս հայ, նաեւ զգայնութիւն ունիք Թուրքիոյ նկատմամբ: Արդեօք մտահոգութիւններ ունի՞ք Թուրքիոյ դիւանագիտութեան շուրջ այս տարածաշրջանին եւ մանաւանդ՝ Լիբանանի հետ առընչուած:

-Մտահոգութիւնները շատ են՝ մանաւանդ, որ իրականութիւնը դեռ այնքան ալ ցոյց չի տար զայն: Բայց վտանգը կայ, հետեւաբար իւրաքանչիւրս պատրաստ պէտք է ըլլանք այդ վտանգին, որ կրնայ մեր դէմ յայտնուիլ ապագային: Եւ մենք՝ հայերս, միշտ պատրաստ ենք պաշտպանելու մեր գոյութիւնը, մեր հողերը, մեր արժանապատուութիւնը, մարդկային պատիւը, նաեւ պաշտպանելու մեր իրաւունքները ազատ անկախ ապրելու մեր հողերուն վրայ:

-Խօսակցութիւն կար, որ Լիբանանէն եւ շրջանէն հայ երիտասարդներ գացած էին Ղարաբաղ այդ հողերը պաշտպանելու: Ի՞նչ է ձեր կարծիքը այս մասին:

-Ինքնապաշտպանութիւնը մեղք չի համարուիր, երբ վտանգի առջեւ ես։ Ճիշդ է, որ որպէս լիբանանցիներ մենք կապուած ենք Լիբանանին, սակայն չենք կրնար հերքել մեր ինքնութիւնը, այդ մեր ինքնութիւնն է, լիբանանցի հայ կամ հայ լիբանանցի, երկու կողմին ալ մենք պարտաւոր ենք ձեռք մեկնելու, օգնելու մեր եղբայրներուն, նաեւ օգնելու մէկզմէկու: Իսկ ռազմական գետնի վրայ, մեր պարագային գործողութիւնը յարձակողական չէր, այլ պաշտպանողական էր, եւ ինքնապաշտպանութիւնը պարտաւորութիւն է:

-Ձեր կարծիքով՝ հայկական ինքնութեան վտանգ կը սպառնա՞յ:

-Հայկական ինքնութիւնը միշտ սպառնալիքի տակ եղած է: Մենք անցեալ դարու սկիզբին տեսած ենք ցեղասպանութիւն, եւ կոտորածները շարունակուեցան նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ. ունեցանք բազմաթիւ զոհեր եւ աւելի քան 300 հազար հոգի տարհանուեցան՝ միայն որովհետեւ հայ էին: Կը կարծեմ, որ եղածը ոչ միայն քաղաքական հակամարտութիւն է, այլ գոյութեան, կրօնական եւ ամէն առումներու վերաբերեալ հակամարտութիւն է դժբախտաբար: Երանի միայն քաղաքական ըլլար, որովհետեւ քաղաքականութեան մէջ լուծումներ կան, բայց գոյութեան ու ինքնութեան պարագային, որուն մենք կը պատկանինք, դժուար թէ գտնենք քաղաքական գործիչ մը, որ կարողանայ լուծել մեր հարցը բացի ինքնապաշտպանութեամբ, նաեւ խնդրելով միջազգային գերտէրութիւններէն, որպէսզի ապահովեն մեր ազատ ապրելու իրաւունքը հայապատկան հողերուն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան հողերուն վրայ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 4, 2021