ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ
ԳԼՈՒԽ ԺԳ.
«Պատառէն ետք, սատանան իր մէջ մտաւ» (Յհ 13.27)։
Ո՛չ թէ այդ ժամանակ սատանան նոր մտաւ անոր մէջ, որովհետեւ նախապէս ծախած էր Քրիստոսը հրեաներուն, այլ՝ այդ ժամանակ մտաւ առաւել իշխելով անոր վրայ:
Ասիկա չորս պատճառով. նախ՝ նորագոյն ապերախտութեան եւ արհամարհութեան համար զՔրիստոս: Երկրորդ՝ մատնողական կեղծաւորութեան նորագոյն աճման համար, որպէսզի ցուցնէ, թէ այդ պատառը առաւ յատուկ սիրելութեան համար: Երրորդ՝ նորագոյն հակառակութեան եւ խստասրտութեան համար, ինչպէս Պօղոս Հռոմայեցիներուն նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Ըստ անձիդ խստասրտութեան՝ անձիդ համար բարկութիւն կը գանձես» (տե՛ս Հռ 2.5): Չորրորդ՝ ցոյց տալու համար, թէ աստուածային պարգեւները անարժանապէս ընդունողներուն համար դատապարտութեան պատճառ է:
«Եւ ըսաւ անոնց.
-Գիտէ՞ք ինչ ըրի ձեզի» (տե՛ս Յհ 13.12)։
Նախ՝ այսպէս կ՚երեւի, թէ կարենաք իմանալ այս, որ ըրի, որովհետեւ խոնարհութեան օրինակ մը տուի ձեզի, որպէսզի դուք իրարու ընէք: Երկրորդ՝ կը խրատէ մեզ պատրաստ ըլլալ, որպէսզի մեղքերու մէջ չիյնանք, այլ եթէ իյնանք, դժուարութեամբ կ՚ազատինք:
«Եթէ ասիկա գիտէք, երանելի պիտի ըլլաք՝ եթէ գործադրէք զայն» (Յհ 13.17)։
Այսինքն՝ թէ խոնարհութիւնը գիտնալը միայն պատշաճ չէ՛, այլ՝ գործելը, քանի որ սկիզբը խոնարհութիւնը սորվեցնել սկսաւ լուալով, եւ աւարտին կը պատուիրէ խոնարհութիւնը, որովհետեւ Փրկիչին սովորութիւնն էր, երբ խօսքով կը վարդապետէր, ետքէն սքանչելիքներ կը գործէր, քանի որ այդպիսով վարդապետութիւնը հաւատարիմ կ՚ըլլար, իսկ երբ սքանչելիքներ կը գործէր, ետքէն խօսքով կ՚ուսուցանէր, որպէսզի սքանչելիքները հաւատարմագոյն ըլլային։
«Խօսքս բոլորիդ համար չէ, որովհետեւ Ես կը ճանչնամ ընտրածներս» (Յհ 13.18):
Այս խօսքը յառաջիկայ խօսքին համար կ՚ըսէ, որ պիտի ըսէր. «Ան որ Ինծի հետ հաց կ՚ուտէր՝ դաւաճանեց Ինծի» (Յհ 13.18)։ Կ՚ըսէ՝ բոլորդ ալ Ինծի հետ հաց պիտի ուտէք, իսկ անոնք որոնք խաբէութեան մէջ պիտի յարատեւեն, Ես գիտեմ անոնք, որոնք ընտրեցի, որովհետեւ երկու տեսակի էին ընտրած առաքեալները, առաջին՝ որ առաքելութեան համար ընտրեց, իսկ երկրորդ՝ անոնք որոնք անոնցմէ երանութեան արժանանան։
«Այս խօսքերը ըսելէ ետք՝ հոգեպէս խռովեցաւ» (Յհ 13.21):
Նախ՝ Յուդայի համար, որովհետեւ միւս առաքեալները այն պատուիրանին, զոր Քրիստոս տուաւ, պահեցողներ պիտի ըլլային եւ երանութեան հաղորդակիցներ, իսկ Յուդան պիտի զրկուէր։ Եւ երկրորդ՝ քանի որ մարմինին կրումները կը ցուցնէր, թէ իսկապէս մարմին զգեցած եմ, որովհետեւ չարչարանքներու ժամանակ կը խռովէր։
«Աշակերտները իրարու կը նայէին, շուարած» (Յհ 13.22):
Որովհետեւ թէեւ անոնց մէջ խղճմտութիւն չկար, սակայն գիտէին, թէ Վարդապետէն ըսուած բոլոր խօսքերը դատարկ չէին ըլլար, այլ՝ կը կատարուէին։ Իրենց միտքերուն մէջ կարծեցին, թէ թերեւս յետոյ կը պատահի՝ որ մենք այդ բանը ընենք, եւ այսպիսի աղէտ մը սուրբ գունդը պաշարած էր։
«Աշակերտներէն մէկը, զոր Յիսուս կը սիրէր, բազմած էր Յիսուսի կողքին» (Յհ 13.23):
Յովհաննէսի մասին կ՚ըսէ, որովհետեւ փափկասուն էր ասիկա եւ առաւել սիրեցեալ Քրիստոսի կողմէ։ Ինչո՞ւ համար ասոր աւելի կը սիրէր, քան միւսները։ Ոմանք կ՚ըսեն, քանի որ հասակով երիտասարդ էր եւ ըստ մարմինի անոր քրոջ որդին էր, այդ պատճառով կը սիրէր, իսկ ուրիշներ կ՚ըսեն, թէ որովհետեւ անոր միտքը առաւել պարզ ու մաքուր էր մարմնական բոլոր կիրքերէն եւ սիրոյ մէջ՝ առաւել ջերմ, այդ պատճառով նոյն չափով, որով ան պարզ ու մաքուր էր եւ Քրիստոսի հանդէպ սիրոյ մէջ ջերմ, նոյնով կը սիրէր զինք։ Ասիկա անկէ յայտնի է, որովհետեւ ասիկա իր Աւետարանին սկիզբէն մինչեւ աւարտը կ՚աստուածաբանէ, եւ կը վկայէ քեզի Կիւրեղը, որ Պարապմանց գիրքը գրած է, քանի որ միւս աւետարանիչներէն աւելի քիչ բան առած է իր աստուածաբանութեան համար, սակայն Յովհաննէսէն իր աստուածաբանութեան համար ամբողջը կ՚առնէ որպէս վկայ։
«Սիմոն Պետրոս նշան ըրաւ անոր» (Յհ 13.24):
Եւ թէ ինչո՞ւ անոր նշան կ՚ընէ եւ ինք չի հարցներ, որովհետեւ երբ Տէրը սաստեց զինք, երբ ըսաւ՝ «երբե՛ք Դուն իմ ոտքերս պիտի չլուաս», զարհուրեցաւ եւ ատկէ ետք չէր համարձակեր հարցնել։
«Այդ աշակերտը Յիսուսի լանջին իյնալով՝ հարցուց.
-Տէ՛ր, ո՞վ է» (Յհ 13.25):
Յովհաննէս Յիսուս բարձերուն վրայ նստած էր, երբ Պետրոս նշան ըրաւ անոր եւ գլուխը լանջին կողքէն վեր հանելով Քրիստոսի ականջին գաղտանպէս ըսաւ՝ Տէ՛ր, ո՞վ է, որ Քեզ պիտի մատնէ, եւ Տէրն ալ նոյնպէս գաղտնի կերպով ըսաւ անոր, թէ՝ որուն որ պատառը թաթխելով տամ, ան է։ Ոսկեբերանը ճշմարիտը այսպէս կը գրէ, թէ իր մարմինէն տուաւ, որովհետեւ երբ այդպիսի անարժանութեամբ եւ չզղջացած ըլլալով՝ նոյն չարիքին մէջ ճաշակէ Աստուծոյ Որդիին մարմինը, իրապէս կը դատապարտուի, ինչպէս Տէրը ըսաւ. «Երանի՛ անիկա ծնած չըլլար» (Մտ 26.24։ Մր 14.21)։
«Պատառը առնելէն ետք, սատանան իր մէջ մտաւ» (տե՛ս, Յհ 13.27):
Միթէ պատա՞ռը պատճառ եղաւ, ո՛չ, այլ՝ երբ պատառը առաւ, Տէրը Իր խնամքը արգիլեց անկէ եւ անմիջապէս սատանան մտաւ անոր մէջ, քանի որ այնքան ատեն որ Իր Տէրը Իր խնամքը անոր վրայ ունէր, թէեւ իր մէջ չարութեան սերմը կար, սակայն ուր որ լոյսն էր, խաւարը չէր կրնար մօտենալ։
Իսկ ի՞նչ էր խնամքը։
Այս էր, թէ առաքեալներուն կարգին կը համարէր եւ անոնց հետ անոր ոտքերն ալ լուաց եւ Իր մարմինին ու արիւնին հաղորդակից ըրաւ, որով թերեւս դարձի գար։
Դարձեալ՝ այս ալ գիտելի է, թէ երբ կ՚ուզէր Իր մարմինը աշակերտներուն տալ, նախ Ինք կերաւ ու խմեց անկէ եւ ապա տուաւ աշակերտներուն, որպէսզի չըսեն, թէ ինչպէ՞ս կրնանք մարմին եւ արիւն ուտել եւ խմել։
Բայց այն, որ կ՚ըսէ. «Իր ձեռքը մխրճեց ամանին մէջ», ի՞նչ է, մարմինին եւ արիւնի՞ն էր, թէ հասարակաց հացին։
Հասարակաց հացի ամանին էր եւ աշակերտներուն սահմանն էր, որովհետեւ երբ Վարդապետը Իր ձեռքը ամանին կը տանէր, անոնք իրենց ձեռքերը Անոր հետ չէին տաներ, ասիկա որպէս մեծարանք կը համարէին Վարդապետին, իսկ Յուդան լրբութեամբ Քրիստոսի հետ մխրճեց իր ձեռքը ամանին մէջ, եւ Քրիստոս այն, որ Իր ձեռքին մէջ ունէր, տուաւ անոր ու ըսաւ. «Ինչ որ պիտի ընես՝ շուտով ըրէ», իսկ այս պատառը հասարակաց հացէն էր, քանի որ երբ Իր մարմինը տուաւ, դարձեալ հացկերոյթ ըրին, այնտեղ էր։
Դարձեալ գիտելի է, թէ Տիրոջ մարմինի հացէն չէր, որովհետեւ մարմինը, որ տուաւ, այնտեղ չմնաց, այլ՝ ճաշակեցին, իսկ այն հացի սեղանէն էր, որ յետոյ ընթրիքի ժամանակ կ՚ուտէին։
«Ինչ որ պիտի ընես՝ շուտով ըրէ» (Յհ 13.27):
Այսինքն՝ եթէ պիտի մատնես, թէ Իմ մասիս պիտի չարախօսես հրեաներուն մօտ, ըրէ՛։
«Սեղանին շուրջ նստողներէն ո՛չ ոք հասկցաւ» (Յհ 13.28):
Ինչպէ՞ս չհասկցան։ Որովհետեւ եթէ աշակերտները գիտցած ըլլային մատնիչը, անմիջապէս սրախողխող կ՚ընէին, եւ յայտնի է Պետրոսէն, քանի որ երբ քահանայապետները եկան Տէրը ձերբակալելու, Պետրոս երբ գիտցաւ, թէ կ՚ուզեն Անոր չարութիւն ընել, այնչափ ջերմ էր իր սէրը Անոր նկատմամբ, որ սուրը հանելով կ՚ուզէր անոնցմէ մէկը զարնել վիզէն ու սպաննել, բայց Տէրը այնպէս տնօրինեց, որ ականջը կտրեց եւ Ինք մօտենալով բժշկեց եւ Պետրոսին թոյլ չտուաւ, որ իր սուրը հանէ։
«Յուդա պատառը առնելէ ետք՝ անմիջապէս դուրս ելաւ։ Եւ գիշեր էր» (Յհ 13.30):
Այսինքն՝ կերաւ ու ելաւ, իսկ գիշեր ըսելը Յուդային յօժարութիւնը կը ցուցնէ, որովհետեւ նոյնիսկ մութ ըլլալու հանգամանքէն իսկ չհրաժարեցաւ իր չարութենէն։ Երկրորդ՝ քանի որ մութը չարութեան ժամանակ է, ինչպէս Տէրը կ՚ըսէ. «Ով որ չար գործ կը կատարէ, կ՚ատէ լոյսը» (Յհ 3.20): Երրորդ՝ որովհետեւ ինչպէս գիշերը լոյսի պակասութենէն կ՚ըլլայ, այդպէս ալ Քրիստոսի իմանալի լոյսը՝ խնամքը անկէ պակսեցաւ։ Չորրորդ՝ քանի որ մեղքերու գիշերը պատած էր զինք, որ երբեք զղջալու կամք չունէր, որովհետեւ ի՞նչ չարագոյն խաւար, քան որ մարդ անդարձ կը մնայ մեղքերէն, իսկ եթէ մէկը անզեղջ ու անապաշխար գտնուի, ինչպէս Յուդան, անոր հետ պիտի դասուի, ինչ բանէն փրկէ մեզ Քրիստոս Աստուած։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 131
Վաղարշապատ