ԵՐԵՒԱՆԷՆ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ վերջին օրերուն մահացած է նախկին ծերակուտական Ռապըրթ Տոլ, ինչ որ լայն արձագանգ գտած է՝ մանաւանդ սփիւռքի շրջանակներէն ներս։ Միացեալ Նահանգներու օրէնսդիր մարմինէն ներս ան եղած էր իր պաշտօնավարած շրջանի յայտնի դէմքերէն մին։ ԱՄՆ-ի Քոնկրէսէն ներս ծերակուտական Տոլ հայութեան վերաբերեալ խնդիրներու շուրջ ունեցած էր բաւական հայանպաստ դիրքորոշում։ Ամերիկայի Հայկական համագումարը մասնաւոր յայտարարութիւնով մը արձագանգած է անոր կորուստին։

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանն ալ ցաւակցական մը հրապարակած է Ռապըրթ Տոլի մահուան կապակցութեամբ։ Ծերակուտականի կողակցին՝ Էլիզապէթ Տոլի ուղարկած ցաւակցականին մէջ Արմէն Սարգսեան նշած է հետեւեալը. «1988 թուականի աւերիչ երկրաշարժէն վերջ Ռապըրթ Տոլ այցելեց Հայաստան եւ անուրանալի դեր խաղաց մեր երկրին ԱՄՆ-ի կողմէ ցուցաբերուած մարդասիրական օգնութեան կազմակերպման գործին մէջ։ Անգնահատելի են նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղեալ իր քայլերը»։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2021