ՎԱՐԴԱՊԵՏԱՐԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ի՞նչ պատճառով Հայոց անկախութիւնը չորս անգամ կորսուեցաւ:

Պատասխան. Հայերուն անկախութիւնը չորս անգամ կորսուելուն պատճառները միեւնոյնն էին. նախ՝ Հայաստանի հողը 3-400 մեծամեծներու (նախարարներու) կը պատկանէր եւ ոչ թէ իր միլիոնաւոր ժողովուրդին, եւ երկրորդ՝ հայերուն խելքը չկտրեց ազգային դրական օրէնքներ յօրինելու: Հայոց ազգը ո՛չ սեփական հող եւ ո՛չ ալ օրէնք ունէր: Անոր դրացի տէրութիւններուն շատ դիւրին էր ընկճել ազգ մը, որ զրկուած էր ե՛ւ իրաւունքէ, ե՛ւ սեփականութենէ, իսկ հայ ազգին համար օտարներուն լուծը ոչինչով աւելի ծանր ու դառն չէր, քան թէ համազգի նախարարներուն լուծը:

Հ. Ի՞նչ բանը հայերէն աւելի արեան եւ դրամի զոհ կը պահանջէ.- թշնամիին հետ պատերա՞զմը, թէ՞ ներկայիս խաղաղ ստրկական վիճակը:

Պ. Այն ստոր, արտասուելի, անգոսնելի վիճակը, որու մէջ են հայերը ներկայիս, աւելի արեան եւ դրամի (նիւթական) զոհ կը պահանջէ հայերէն, քան թէ դէմ առ դէմ պատերազմը սինլքոր թաթարներուն, քիւրտերուն եւ չէրքեզներուն հետ, տարի ու տարեկան հազարաւոր հայեր կը մորթուին եւ միլիոններու դրամ եւ ապրանք կը կողոպտուին, կը յափշտակուին, կը գողցուին, կը փճացուին՝ անպաշտպան, փոքրոգի հայերէն:

Հ. Ազատութեան դրօշակը եւ սուրը ո՞վ պիտի բարձրացնէ:

Պ. Դրօշակը հայ վարդապետը պիտի բարձրացնէ, իսկ սուրը՝ ամբողջ հայ պատանեկութիւնը, երիտասարդութիւնը եւ տղամարդիկ, 16 տարեկանէն բռնած մինչեւ 45 տարեկանը:

Հ. Ի՞նչ դրամով ձեռք պիտի բերուին զէնք, պարէն, զգեստ եւ այլ ռազմամթերք:

Պ. Կանխիկ վաճառուած Հայաստանի մէջի բոլոր անշարժ կալուածքի գինին դրամով, որ հիմա ապօրինի կերպով բարբարոս օտարազգիները տիրապետած են: Իսկ ով կը հրաժարի կանխիկ վճարելու Հայաստանի գինը, ան առ միշտ զրկուած կ՚ըլլայ հայաստանցի-հայ (այսինքն՝ ազատ հայ) կոչումէն:

Հ. Հայաստանի կառավարիչ ո՞վ պիտի ընտրուի:

Պ. Հայաստանի կառավարիչը ան կ՚ընտրուի, որուն զինուորեալ հայ գունդը ամենէն խոհեմը, ամենէն քաջը եւ ամենէն ազնիւը կը ճանչնայ:

Հ. Ի՞նչ կը նշանակէ յաղթել, եւ ի՞նչ՝ յաղթուիլ:

Պ. Յաղթել կը նշանակէ թշնամիին դէմ յանդիման անվախ երթալ եւ ոչ ոքէ վախնալ: Յաղթուիլ կը նշանակէ պատերազմի դաշտին մէջ սիրտին մէջ երկիւղ տածել: Անվախը (քաջը) վախկոտին միշտ կը յաղթէ:

Հ. Հայուն ազգային յատկանիշները որո՞նք պէտք է ըլլան:

Պ. Հայուն ազգային յատկանիշները պէտք է ըլլան՝ հայոց լեզուն եւ Հայաստանը ազատուած տեսնելու փափաքը:

Հ. Ո՞րն է հայուն կրօնքը:

Պ. Հայուն ազգային կրօնքը հաստատուն հաւատքն է, որ Հայաստանը օտարի լուծէն պիտի ազատուի: Ով որ այս բանին կը հաւատայ, ա՛ն է ուղղափառ հայադաւանը:

Հ. Ուրեմն ի՞նչ կը նշանակեն լուսաւորչադաւան, պապական կամ կաթոլիկ ու լիւթերական կոչումները:

Պ. Ատոնք մարդկային կիրքերու եւ կոշտ տգիտութեան ստեղծած եւ ներկայիս հինցած գաղափարներ են, որոնք մեծապէս վնասեցին եւ հիմա ալ կը վնասեն հայ ազգին:

Հ. Ճշմարի՞տ է, որ կ՚ըսեն, թէ ազգը ստրկութենէն ազատելու համար մեծամեծ վտանգներու պէտք է ենթարկուիլ եւ ահագին դրամ պէտք է վատնել:

Պ. Այո՛, շատ ճիշդ է: Եթէ ազատողները երկու-երեք հոգի ըլլան՝ վտանգը շատ մեծ է, կորուստը անխուսափելի, զոհերն ալ մարդկային ուժէն վեր, բայց եթէ ամբողջ ազգը մասնակցի, այն ատեն վտանգն ու զոհողութիւնը այն աստիճանի կը թեթեւնան, որ իւրաքանչիւր անհատին գրեթէ անզգալի կ՚երեւին:

Հ. Ո՞վ պիտի միաւորէ հայերը այդ մեծ գործին համար:

Պ. Ընդհանուր վտանգը մօտալուտ կորուստին: Ատոր համար իւրաքանչիւր հայու վրայ սուրբ պարտք կայ իրարու պատմելու, հասկցնելու, որ եթէ անոնք նախօրօք չազատեն Հայաստանը, օտար ազգերը բնաջինջ կ՚ընեն հայոց լեզուն եւ հայկական եկեղեցին, ու այնուհետեւ հայը ինքն ըստ ինքեան աշխարհիս երեսէն կ՚անհետանայ: Այդ ատեն իւրաքանչիւր հայ գերդաստան կ՚իմանայ, որ լաւ է իր մէկ որդին ծառայէ ազգին, քան թէ իր ամբողջ ընտանիքը ոչնչանայ, եւ լաւ է իր հարստութեան մէկ փոքրիկ մասը իր ազգի օգուտին ընծայուի, քան թէ իր ամբողջ գանձը օտարին սեփականութիւնը դառնայ:

Հ. Ի՞նչ կը նշանակեն այն գեղեցիկ արտօնութիւնները, որոնք օտար պետութիւնները ատեն-ատեն առատ ձեռքով հայոց ազգին կը շնորհեն:

Պ. Այդ արտօնութիւնները, որոնք օտար պետութիւնները հայերուն կը շնորհեն, նման են թակարդի մէջ դրուած այն համով կերին, որով երեխաները միամիտ թռչուններուն կը բռնեն: Հայաստանը այդպիսի արտօնութիւններով ամայացաւ իր բնիկ ժողովուրդէն եւ պարզամիտ հայերը այս օրուան ցաւալի թշուառ վիճակին հասան:

Հ. Հայերուն բռնութեան դէմ ոտքի ելլելը իրաւացի՞ գործ է, թէ՞ ապօրինի:

Պ. Հայերուն Հայաստանի ազատութեան համար ոտքի ելլելը իրաւացի գործ է, թէ՛ քրիստոնէական եւ թէ՛ քաղաքական օրէնքներուն կողմէ, որ աշխարհիս երեսին իւրաքանչիւր լուսաւորեալ եւ ազնիւ մարդոց գովասանքը կը շարժէ:

Հ. Ուրեմն, հայերը զէնքի զօրութիւնով իրենց Հայրենիքը ազատելու իրաւունք ունի՞ն:

Պ. Հայերը Հայաստանը զէնքի զօրութիւնով ազատելու համար ոչ միայն իրաւունք ունին, այլ՝ իւրաքանչիւր հայու վրայ սուրբ պարտք կայ այդ սխրալի գործը կատարելու, ինչպէս որ իւրաքանչիւր հարազատ որդի լիակատար իրաւունք ունի իր հօր եւ նախնիներուն ժառանգութիւնը ստանալու, եւ մեծ յանցանք է իր որդիներուն եւ յետնորդներուն առջեւ, եթէ ան այդ ժառանգութենէն հրաժարի, կամ իր կամքով, կամ յիմարութեամբ եւ կամ ալ փոքրոգիութեամբ:

Հ. Ո՞ւր կ՚երթան այն մարդոց հոգիները, որոնք ճակատի [պատերազմի դաշտ] մէջ կը մեռնին:

Պ. Աւետարանին խօսքերուն հիման վրայ, ճակատի (ազգային պատերազմի) մէջ մեռնողին հոգին, ի շարս ուրիշներու, անշուշտ Երկինքի Արքայութիւն կ՚երթայ, որովհետեւ այդպիսին կեանքէն զրկուած է ի սէր եւ ի պաշտպանութիւն իր նեղեալ մերձաւորներուն: Անոր անունը նահատակ կ՚ըլլայ եւ Սուրբ Եկեղեցին անոր յիշատակը կը տօնէ մինչեւ աշխարհի վախճանը:

Հ. Հրացանի ամէն գնդակը կը դպնա՞յ եւ ամէն խոցուածը կը մեռնի՞:

Պ. Վիճակագրական ամենէն ճիշդ հաշիւներէն կ՚երեւի, որ հրացանի տասը հազար գնդակէն մէկը միայն կը դպնայ մարդուն եւ 38 խոցուածներէն մէկը միայն կը մեռնի:

Հ. Պատերազմի դաշտին մէջ խոցուած հոգեվարքի մէջ եղողը չի՞ տանջուիր:

Պ. Ամենէն փորձառու բժիշկները կը հաստատեն, որ կակուղ անկողինին մէջ մեռնիլը հազարապատիկ աւելի դժուար է, քան թէ պատերազմի դաշտին մէջ, իսկ զէնքին պատճառած մահը մահերուն մէջ ամենէն թեթեւն է:

Հ. Միջոց կա՞յ պատերազմի դաշտին մէջ մահէն ազատելու:

Պ. Այո՛, կայ, ու ատիկա մէկ հատիկ միջոց է: Եթէ չես ուզեր որ թշնամին քեզ սպաննէ՝ դո՛ւն շտապէ սպաննել զայն: Ուր վտանգը շատ մեծ է եւ անխուսափելի, համարձակ վազէ անոր դիմաց, եւ վստահ եղիր, որ վտանգը ինք քեզմէ կը փախչի: Ասիկա փորձուած երեւոյթ է: Թշնամիին առջեւ փախչիլը երկու վատ հետեւանք ունի.

Մէկ. որ փախչողը անպայման կը սպաննուի:

Երկրորդ. ատիկա ակնբախ կերպով կորուստի կը մատնէ իր հաւատարիմ զինակից ընկերը:

Հ. Հայերը ե՞րբ ոտքի պիտի բարձրանան:

Պ. Երբ որ մեծամեծ ազգերուն մէջ կեանքի ու մահուան պատերազմը սկսի:

Հ. Իսկ մինչեւ այն ատեն հայերը ի՞նչ պիտի ընեն:

Պ. Այս Վարդապետարանը իմաստասիրեն եւ անոր բովանդակութիւնը սրբութեամբ կատարեն:

Հ. Հայուն օտար աշխարհի մէջ կալուածական հարստութիւնը ի՞նչ է:

Պ. Օտար աշխարհին մէջ հայուն կալուածական հարստութիւնը ստրուկի աներեւոյթ, բայց ամենէն պինդ շղթան է, որով անոր ձեռքերն ու ոտքերը կաշկանդուած են:

Հ. Ի՞նչ են այն պատուանունները, տիտղոսները, աստիճանները, պատուանշաններն ու վկայաթուղթերը, որոնք հայերը օտար պետութիւններու մէջ ունին:

Պ. Այն պատուանունները, տիտղոսները, աստիճանները, պատուանշաններն ու վկայաթուղթերը, որոնք հայերը օտար պետութիւններէ ստացած են, ստրկութեան գլխագիրներ են՝ որպէս հատուցում իրենց կորսնցուցած ազատութեան եւ Հայրենիքէն ուրացութեան:

Հ. Օտարազգիները ե՞րբ կը դադրին, ինչպէս հիմա, արհամարհել, ատել եւ հալածել հայերուն, ու ե՞րբ կը սկսին, հակառակ ատոր, յարգել զանոնք:

Պ. Երբ հայերը օտարի լուծէն ազատեն իրենք զիրենք, բայց ատիկա չեղած անոնք մինչեւ իրենց բնաջինջ ըլլալը, արհամարհուած, ատուած, անուանարկ, հալածուած եւ գարշելի արարածներ կը մնան օտարի աչքին, աւելի ստոր, քան թէ ջհուդները, ցիգանները, փարիաները:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 2 եւ վերջ

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2021