ՏՕՆ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ

Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին նշեց Կա­թո­ղի­կէ Ս. Էջ­միած­նի տօ­նը։ Օ­րուան ա­ռի­թով Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ Ս. Պա­տա­րագ մա­տոյց Քրիս­տո­նէա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան կեդ­րո­նի տնօ­րէն Տ. Վար­դան Եպսկ. Նա­ւա­սար­դեան։ Անդ­րա­դառ­նա­լով Կաթողիկէ Ս. Էջմիածնի տօ­նի խոր­հուր­դին, Սրբա­զան Հայ­րը իր քա­րո­զին մէջ նշեց, որ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը հա­ւա­քուած են տօ­նախմ­բե­լու Մայր Տա­ճա­րի հաս­տատ­ման տօ­նը։ Սրբա­զա­նը նշեց, որ հայ ժո­ղո­վուր­դը աշ­խար­հի ո՛ր ան­կիւնն ալ որ ապ­րի իր միտքն ու սիր­տը մշտա­պէս կը յա­ռէ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­մի­ած­նին։

Ս. Պա­տա­րա­գին մաս­նա­կից էին նաեւ Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու հա­մաշ­խար­հա­յին խոր­հուր­դի գոր­ծա­դիր վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րը, բա­րե­րար­ներ եւ հա­ւա­տա­ցեալ­ներ։

Յա­ւարտ Ս. Պա­տա­րա­գի Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի նա­խա­գա­հու­թեամբ կա­տա­րուե­ցաւ նաեւ Սուրբ Էջ­միած­նի մաղ­թանք։

Միւս կող­մէ, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի օրհ­նու­թեամբ Սուրբ Էջ­միած­նի Մայր Տա­ճա­րին մէջ հա­մերգ մը սար­քեց Մոս­կուա­յի Սի­նո­տալ երգ­չա­խում­բը՝ ղե­կա­վա­րու­թեամբ Ա­լեք­սէյ Փու­զա­քո­վի։

Տէ­րու­նա­կան ա­ղօթ­քով սկսաւ յայ­տա­գի­րը, ո­րու ըն­թաց­քին ող­ջոյ­նի խօս­քով հան­դէս ե­կաւ Մայր Ա­թո­ռի Ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թեանց եւ ա­րա­րո­ղա­կար­գի բաժ­նի տնօ­րէն Տ. Նա­թան Արք. Յով­հան­նի­սեան։ Ան ը­սաւ, թէ Կա­թո­ղի­կէ Ս. Էջ­միած­նի տօ­նի նա­խօ­րէին տա­ղան­դա­ւոր եւ բազ­մա­վաս­տակ երգ­չա­խումբ մը իր ա­ղօթ­քով եւ ա­րուես­տով ան­ձե­ռա­կերտ ըն­ծայ մը կը մա­տու­ցէ Հայ Ե­կե­ղե­ցիին։

Հա­մեր­գի ըն­թաց­քին նշա­նա­ւոր երգ­չա­խում­բը հա­յե­րէն եւ ռու­սե­րէն լե­զու­նե­րով կա­տա­րեց հո­գե­ւոր եր­գեր։

Երեքշաբթի, Յունիս 9, 2015