ՄԻ՛ ԽՄԵՐ

6

ՄԱՐՍՈՂՈՒԹԵԱՆ ԽԱՆԳԱՐՈՒՄԸ

Շատեր կան, որոնց առանց թաս մը արաղի չեն կրնար հացի նստիլ։ Երբ բանը ուղղակի այդ մէկ թասով վերջանար, մենք ըսելու ոչինչ կ՚ունենայինք։ Տէ՛, ի՞նչ ընենք, սովորութիւն է, կ՚ըսէինք, թող խմէ՛, ախորժակը բացուի։

Բայց այդ մէկ բաժակով հօ՛ չեն բաւականանար։ Մէկը երկու կը դառնայ, ատոր վրայ կ՚աւելնայ քանի մը բաժակ գինի, եւ այլն։

Այն ատեն ստամոքսը կը հիւանդանայ։ Մէկ կում օղի վերցուցէք եւ քանի մը վայրկեան ձեր բերանին մէջ պահեցէք, տեսէ՛ք, թէ ի՛նչ կ՚ըլլայ ձեր բերանը։

Հապա ստամոքսը ինչքա՞ն պիտի վնասուի, ուր այդ օղին երկար ժամանակ կը մնայ ու անդադար կը գրգռայ անոր թաղանթը (թաղանթը այն բարակ կաշին է, որ ներսէն ստամոքսը կը ծածկէ), քանի որ այդ թաղանթը աւելի նուրբ եւ աւելի բարակ է, քան բերանինը։

Խմիչքները կը գրգռեն մեր ստամոքսը, եւ եթէ այդ գրգռումը օրէ օր կրկնուի երկար ամիսներ ու տարիներ, ստամոքսը կը հիւանդանայ։ Այն ատեն հիւանդը կը սկսի գանգատիլ, թէ կերածը լաւ չի մարսեր։

Հարց ու փորձ կ՚ընենք.

-Ախորժակդ ինչպէ՞ս է։

-Ախորժակ չունիմ, բժիշկ։

-Առաւօտեան երբ կ՚ելլես, ինչպէ՞ս կը զգաս քեզ։

-Սիրտս կը խառնէ, միայն ոտքս գետին դնեմ, մաղձ կը թափեմ։

-Ի՞նչ կ՚ուտես։

-Աւելի թթու, կծու, աղի, այսպէս- սուրբ բաներ։ Կերածս ալ չեմ մարսեր. սիրտս կը քացխի, կը զկռտամ, անդադար փորս կը զռզռայ, խայտառակ եղած եմ, մարդոց մէջ չեմ կրնար նստիլ։

-Ճաշէն ետք կը քնանա՞ս։

-Այո՛, բժիշկ, ի՛նչ ընեմ։ Գլուխս կը ծանրանայ, ոտքերս կը թուլնան, քունս ահաւոր կերպով կը տանի։ Ի սէր Աստուծոյ, լուծում մը տուէք. բանէս-գործէս ետ մնացած եմ։

Այդ հիւանդութիւնը ինչէ՞ն յառաջացած է։

Մենք ըսինք, որ ալքոհոլը ստամոքսին լորձային թաղանթը կը գրգռէ։ Հիմա երեւակայեցէք, որ այդ բանը ամէն օր կը կրկնուի, այսինքն՝ մարդ ամէն օր կը խմէ. ի՜նչ կը դառնայ անոր ստամոքսը. կը բորբոքի։

Մենք վերը ըսինք, թէ ստամոքսի թաղանթը հեղուկ մը կ՚ատադրէ, որ մեր կերած բաներուն մեծ մասը կը մարսեցնէ։

Երբ ալքոհոլի ազդեցութեան տակ, ստամոքսի այդ թաղանթը կը բորբոքի, այն ատեն ան այլեւս չի՛ կրնար կանոնաւոր մարսեցնող հեղուկ տալ, որովհետեւ գրգռուած լորձային թաղանթը կամ փոքր քանակութեամբ հեղուկ կ՚արտադրէ, կամ ասիկա պէտք եղած ուժը չունի։ Ասկէ կը յառաջանան այն բոլոր անմարսողութիւնները, որոնց համար կը գանգատէր մեր հիւանդը։ Մարսած կերակուրը երկար ժամանակ ստամոքսին մէջ կը մնայ, կը լայնցնէ զայն, վէրքեր կը գոյացնէ անոր թաղանթին վրայ, եւ այլն։

Այսպէս փճացած ստամոքսը, անշուշտ, չի՛ կրնար լաւ մարսել. հիւանդը անբաւարար սնունդ կը ստանայ, կը նիհարնայ, կմախք կը դառնայ։

Ժողովուրդին մէջ այն կարծիքը կայ, թէ խմիչքը մարդը կը գիրցնէ, մանաւանդ գարեջուրը։

Այդ ճշմարիտ է. բայց առաջին՝ այդ գիրութիւնը կեղծ գիրութիւն է. մարդ կը փքուի, երկրորդ՝ եթէ խմող մարդը քիչ մըն ալ կը լեցուի, այդ ժամանակաւոր կ՚ըլլայ, քանի դեռ ստամոքսը չէ հիւանդացած եւ դեռ կրնայ կերածը մարսել։

7

ԼԵԱՐԴԻ ԵՒ ՊԼՈՃԻԿՆԵՐՈՒ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Յաճախ մեր ընդունարանը նիհար մարդիկ կը մտնեն, որոնց աչքերուն սպիտակուցը դեղնած է։ Իսկոյն կ՚երեւի, որ ատոր լեարդը հիւանդ է։ Հագուստը հանել կու տանք եւ ի՞նչ կը տեսնենք. փորը սաստիկ ուռած-փքուած է, վրայի կաշին ձգուած, այն ինչ՝ կուրծքը, թեւերն ու ոտքերը նիհարցած, կմախք դարձած, ամբողջ մարմինին կաշին դեղնաւոյն գոյն ստացած։

-Ինչքա՞ն ժամանակ է, որ այդպէս էք,- կը հարցնենք։

-Երկար ժամանակ է, պր. բժիշկ, փորս կամաց-կամաց ուռեցաւ։ Սկիզբը ականջ չէի կախեր, բայց հիմա շունչս կը կտրուի. ո՛չ մէկ բան կրնամ ուտել, ախորժակս ամբողջութեամբ կորսուած է. ինչ ալ ուտեմ, չեմ մարսեր- կամ դուրս կու տամ, կամ ամբողջ օրը բքած կը մնամ։

-Ցաւեր ունի՞ք։

-Օ՜, սաստիկ…, ամբողջ փորս կը ցաւի, մանաւանդ այս կողքի ծակոցը հոգիս կը հանէ։ Ի սէր Աստուծոյ, ըսէ՛ք տեսնեմ, ի՞նչ կայ փորիս մէջ, որ այսպէս ուռած է։

-Ջուր լեցուած է։

-Ջո՜ւր…, զարմացած կը բացագանչէ հիւանդը,- ջուրը ուրկէ՞։

Տէ՛ բժիշկը հօ ամէն բան չի կրնար բացատրել։

-Խմելէն է։ Գինի, արաղ շա՞տ կը գործածէք,- կը հարցնենք։

-Այո՛, քեզմէ պահեմ, Աստուծմէ՞ ինչ պահեմ։ Տէ՛, ես ալ շիրաճի [գինեվաճառ] եմ, արհեստս ալ այդ է. իւրաքանչիւր յաճախորդի հետ թաս մը պէտք է խմեմ, որպէսզի ծախեմ։

-Եւ օրական քանի՞ շիշ գինի կը խմես։

-Շատ ալ չէ, պր. բժիշկ, խմածս հազիւ երկու-երեք շիշ ըլլայ. է՛հ, երկու թաս ալ օղի ճաշէ ճաշ, այդ է։

Այդքանը շատ չի թուիր մեր գինեվաճառին, երբ արդէն սպիրտը փճացուցած է անոր ներսը։

Եւ, իրապէս, անոր լերդը ուռած է, հիւանդ, փայծաղը փքուած, փորը ջուր իջած։

Խեղճը իր ձեռքով կամաց-կամաց ինքն իրեն համար գերեզման փորած է, եւ բնաւ ալ չի՛ կասկածիր, թէ խմելէն է։

Նման դէպքերուն, առհասարակ, պլոճիկներն ալ հիւանդ են։

Կը հարցնենք.

-Ոտքերը չե՞ն ուռիր։

-Երբ երկար ժամանակ ոտքի վրայ ըլլամ, երեկոյեան կողմը կը զգամ, որ կօշիկներս կը սկսին սեղմուիլ։ Կը հանեմ եւ կը տեսնեմ, որ ոտքերուս երեսը ուռած է, մատով սեղմած ատեն, փոս կ՚ըլլայ։

Ա՛յդ է. խեղճին պլոճիկներն ալ բռնուած են։

Ոտքին այդ ուռիլը հիւանդութեան սկիզբները գիշերը մինչեւ առաւօտ կը քաշուի, բայց շուտով գիշերն ալ չի քաշուիր, ընդհակառակը, ինչքան երթայ՝ կ՚աւելնայ, կը բարձրանայ մինչեւ ծունկերը, յետոյ մինչեւ ազդրերը, յետոյ փորը, ու խեղճը ուռուցւոր կը դառնայ, կը մեռնի։

8

ՍԻՐՏԻ ԵՒ ԵՐԱԿՆԵՐՈՒ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Գիտենք, որ ալքոհոլը մարսողական գործարանէն (ստամոքսէն եւ աղիքներէն) կամաց-կամաց արեան մէջ կը ծծուի եւ, արիւնին հետ խառնուելով, արագութեամբ շնչերակներուն եւ երակներուն մէջով կը շրջի1։

Ալքոհոլիկները, ընդհանրապէս, սիրտի բաբախումէն եւ շնչարգելութենէն կը տանջուին։

Մեզի յաճախ վիճակուած կ՚ըլլայ այսպիսի հիւանդներ խնամել, որոնց սիրտը անկանոն կը գործէ, արիւնը անկանոն կերպով կը հոսի երակներուն մէջ, շնչառութիւնը կցկտուր է. ծանր գործ մը ըրած ժամանակ, կամ ուղղակի արագ քայլելու եւ աստիճաններ բարձրանալու ատեն, անոնց սիրտը թռչունի նման կը թրթռայ կուրծքին մէջ եւ շունչը կը կտրուի։

-Պր. բժիշկ,- կը պատմեն ասոնք,- քանի մը տարի է, ինչ այսպէս «թանգանաֆաս» եմ. ծանր բան չեմ կրնար վերցնել՝ այստեղէն այնտեղ տանելու։ Բանի պէտք չեմ. քանի մը անգամ ալ ուշաթափած ու գետին ինկած եմ։

Կը քննենք եւ ի՜նչ կը տեսնենք.

Սիրտը լայնացած է, մեծցած, հիւանդ, անկանոն կը խփէ, շնչառութիւնը ծանր, երակները կոշտացած, կարծրացած, կարծես պարաններ ըլլան։

Շուտով այս թշուառ ալքոհոլիկի գլուխին մէջի երակներէն մէկը կը պատռուի, արիւնը ուղեղին մէջ կը լեցուի եւ կը սպաննէ զինք, կամ եթէ չսպաննէ ալ, անդամալոյծ կը դարձնէ։

Իսկ եթէ այդպէս չմեռաւ, ուրիշ պատճառով կը մեռնի: Սիրտը կը թուլնայ, արիւնը երակներուն մէջ կը կանգնի, ոտքերը կ՚ուռին, իր մարմինը կ՚ուռի, կամ ալ օր մը սիրտը կը յոգնի, կը կանգնի եւ ամէն ինչ կը վերջանայ:

Երկու խօսքով այն ալ ըսենք, որ արբեցողը ի վերջոյ անընդունակ կը դառնայ սեռական յարաբերութիւններ ունենալու, եւ ամուսնացած տղամարդը անկարող կը դառնայ իր ամուսնական պարտքը կատարելու: Սրամիտ գիտնական մը ըսած է. «Աստղիկը (սիրոյ չաստուածուհին) ու Բաքոսը (արբեցութեան չաստուածը) իրարու հետ հաշտ չեն»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 3

Վաղարշապատ


1Արիւնը սիրտին եւ արիւնատար անօթներուն մէջ կը պարունակուի։ Այս վերջինները երկու տեսակի կը բաժնուին. 1. Շնչերակներ, որոնց մէջ ալ արիւնը (մաքուր) կը շրջի, որ սիրտէն դէպի մարմինին բոլոր անկիւնները կը հոսի եւ իր հետ սնունդ կը տանի մեր ամբողջ կազմուածքին համար։ Եւ, 2. Երակներ, որոնց մէջէն մեր մարմինին բոլոր մասերէն փճացած  սեւ արիւնը սիրտին մէջ կը լեցուի։ Սիրտէն այս սեւ արիւնը թոքերուն մէջ կը լեցուի, ուր ան կը մաքրուի եւ կարմին արիւն կը դառնայ ու դարձեալ սիրտ կը վերադառնայ։ (Սիրտին մէջ այս երկու տեսակ արիւնները չեն խառնուիր, որովհետեւ առանձին խոռոչներու մէջ կը հոսին)։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 9, 2021