«ԼԸ ՄՈՆՏ» ՕՐԱԹԵՐԹԸ ԴՐՈՒԱՏԻՔԸ ՀԻՒՍԵՑ «ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ» ՀԻՄՆԱՐԿԻՆ
Ֆրանսայի «Լը Մոնտ» յայտնի օրաթերթը վերջերս դրուատալից յօդուած մը լոյս ընծայած է Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկին։ Հինգ էջերու վրայ տարածուած այս ծաւալուն յօդուածը մանրամասնօրէն ծանօթացուցած է «Կիւլպէնկեան» հիմնարկը, նաեւ անոր բարեյիշատակ հիմնադիրը՝ ազգային մեծանուն բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանը։
«Սեւ ոսկիէն՝ արուեստ» խորագրեալ յօդուածին մէջ մատնանշուած է, որ Լիզպոնի մէջ այս հիմնարկը անշրջանցելի է։ Անոր սեփականութիւնը կը հանդիսանայ շատ արժէքաւոր գործերու հարուստ հաւաքածոյ մը, որ գոյացած է իր ժամանակի քարիւղի հսկաներէն Գալուստ Կիւլպէնկեանի ջանքերով։ Թերթը շեշտած է նաեւ, թէ հիմնարկը յիսնամեայ ներկայութիւն մը ունի Փարիզի մէջ։
«Պարոն հինգ տոկոս» անունով համբաւ ձեռք բերած հռչակաւոր հայուն՝ Գալուստ Կիւլպէնկեանի կեանքին ու գործունէութեան զուգահեռ ֆրանսական թերթը ներկայացուցած է համանուն հիմնարկի լայնածիր նախագծերը՝ բազմակողմանի գործունէութեան երեսակները։ Այս ամբողջին մէջ առանձնապէս մատնանշուած են այն բազմաթիւ ցուցահանդէսները, մշակութային ու գեղարուեստական հանդիպումները, որոնք յիսնամեակի առթիւ սկսան անցեալ ամիս ու պիտի շարու-նակուին մինչեւ 2016-ի տարեվերջը։