ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՆԿԱՐԻՉ ՀՐԱԶԴԱՆ ԹՈՔՄԱՃԵԱՆԻ՝ ԱՅՆԹԱՊԻ ԱՍՏԵՂՆԱԳՆՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ՁՕՆՈՒԱԾ ԳՐՔԻՆ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԸ
Երեւանի մէջ վերջերս ծանօթացուեցաւ յայտնի նկարիչ եւ ուսուցիչ Հրազդան Թոքմաճեանի «Այնթապի ասեղնագործութիւնը» գիրքը։ Մատենադարանի երդիքին տակ այս գիրքին համար կազմակերպուած շնորհանդէսին ներկայ գտնուեցաւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան։ Հրազդան Թոքմաճեան Հայաստանի Կիւմրի քաղաքէն նկարիչ մըն է, որ Սուրիա մեկնելով հաստատուած է Հալէպ։ Ան ուսուցչագործած է Հալէպի «Մարտիրոս Սարեան» ակադեմիոյ երդիքին տակ։ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) կողմէ հովանաւորուած այս ակադեմիոյ մէջ երկար տարիներ ուսուցչագործելէ, երախտաշատ գործունէութիւն ծաւալելէ վերջ, Հրազդան Թոքմաճեան արդէն սկսած է տալ նաեւ ստեղծագործական այլ բնոյթով պտուղներ։ Այս շրջագծին մէջ եզակի կը համարուի «Այնթապի ասեղնագործութիւնը» գիրքը, որու շնորհանդէսը կազմակերպուեցաւ Հայաստանի Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեանի բարձր հովանաւորութեան ներքեւ։ Գինեձօնին ներկայ էր նաեւ հեղինակը՝ Հրազդան Թոքմաճեան, Դամասկոսի մօտ Հայաստանի դեսպան Լեւոն Սարգսեան, «Փիւնիկ» հիմնարկի նախագահ Գաբրիէլ Չէմպէրճեան, Տ. Մարկոս Եպսկ. Ժամկոչեան եւ այլ բազմաթիւ հիւրեր։ Շնորհանդէսին մասնակիցները թէ՛ ունկնդրեցին ելոյթներուն եւ թէ շրջեցան զուգահեռաբար կազմակերպուած ցուցահանդէսը։ Հրազդան Թոքմաճեանն ալ հանդէս եկաւ սրտի խօսքով մը, մինչ բոլոր ներկաները ջերմ վերաբերմունքով ողջունեցին իր նուիրեալ աշխատանքը։