ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆԻ ԹԻՖԼԻԶԻ ԲՆԱԿԱՐԱՆԸ ՓՈԽԱՆՑՈՒԵՑԱՒ ՎԻՐԱՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻՆ
Վրաստանի մայրաքաղաքը՝ Թիֆլիզ ժամանեցին Հայաստանի Գրողներու միութենէն պատուիրակութիւն մը՝ գլխաւորութեամբ նախագահ Եդուարդ Միլիտոնեանի։ Այցի նպատակը Յովհաննէս Թումանեանի թիֆլիզեան բնակարանը ամբողջական տեսքով Վիրահայոց Թեմին փոխանցելն էր: Անոնք «Հայարտուն» կեդրոնին մէջ Կոմիտասի նուիրուած ցուցահանդէսը շրջելէ ետք, այցելեցին Խոջիվանքի հայ գրողներու եւ հասարակական գործիչներու պանթէոն` ծաղիկներ թողուցին Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի եւ հայազազգի միւս մեծերու շիրիմներուն: Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահը եւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Վիրահայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Վազգէն Եպսկ. Միրզախանեան, թիֆլիզահայ մտաւորականութեան ներկայացուցիչներու եւ առաջնորդարանի պաշտօնէութեան հետ միասին ուղեւորուեցան դէպի Յովհաննէս Թումանեանի թիֆլիզեան բնակարանը, ուր անոնց միացան Վրաստանի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան խորհրդական Կարէն Մելիքեան, Վրաստանի Գրողներու միութեան քարտուղար Մաղուալա Կոնաշվիլին, «Ցիսկարի» ամսագրի խմբագիր, գրող Փաղաթէր Արապուլի եւ այլք:
Յովհաննէս Թումանեանի տան մէկ մասը, գրադարանի վերածուած 150 քառակուսի մեթր տարածքը, 2012 թուականին, Հայաստանի Գրողներու միութեան հանգուցեալ նախագահ Լեւոն Անանեանի անդուլ ջանքերով ձեռք բերուած էր Կիւմրիի նախկին քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեանի հովանաւորութեամբ: Տան ամբողջական տեսքով ձեռքբերման հարցը կը գտնուէր Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի ուշադրութեան կեդրոնին եւ այդ ուղղութեամբ հետեւողական աշխատանք կը տանէր նաեւ Վրաստանի մօտ Հայաստանի դեսպանութիւնը: Եւ վերջերս` 2015 թուականին, Տ. Վազգէն Եպսկ. Միրզախանեանի դիմումով, «Սուրբ Գէորգ» եկեղեցւոյ հիմնադրամի միջոցներով գնուեցաւ նաեւ շէնքի ժառանգներուն մնացած մասը եւ նախօրօք ձեռք բերուած հատուածին հետ միասին ամբողջական տեսքով նուիրաբերուեցաւ թեմին` որպէս սեփականութիւն:
Երկու երկիրներու գրողներու միութիւններու նախագահներու հանդիպումը խորհրդանշականօրէն տեղի ունեցաւ յատկապէս այս տունին մէջ: Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Եդուարդ Միլիտոնեան հանդիսաւորապէս Վիրահայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Վազգէն Եպսկ. Միրզախանեանին յանձնեց տան բանալիները: Տունը այսուհետեւ պիտի կոչուի «Մշակոյթի եւ արուեստի Թումանեանական Վերնատուն» եւ անոր գործունէութիւնը նպատակաուղղուած պիտի ըլլայ երկու քրիստոնեայ ազգերու համագործակցութեան, բարեկամական յարաբերութիւններու, ստեղծագործական կապերու զարգացման եւ խորացման: Պիտի իրականացուին գիրքերու քննարկում-շնորհանդէսներ, հայ եւ վրաց ստեղծագործական, մշակութային տարբեր ձեռնարկներ: Շէնքին մէջ պիտի գործէ դահլիճ, քառալեզու գրադարան, Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) համացանցային համալսարանը, իսկ սենեակներէն մէկը պիտի կրէ Լեւոն Անանեանի անունը: Շնորհաւորանքի ելոյթներով հանդէս եկան Վրաստանի Գրողներու միութեան քարտուղար Մաղուալա Կոնաշվիլի, Վրաստանի Հայ գրողներու «Վերնատուն» միութեան նախագահ Գէորգ Սնխչեան, Վրաստանի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան խորհրդական Կարէն Մելիքեան, բանաստեղծ-թարգմանիչ Կիւի Շահնազար, գրող-թարգմանիչ Անահիտ Պոստանճեան:
Տ. Վազգէն Եպսկ. Միրզախանեան իր օրհնութեան եւ գնահատանքի խօսքին մէջ օրը անուանեց պատմական, քանզի Ամենայն հայոց բանաստեղծի բնակարանը շուտով պիտի վերադառնայ իր նպատակային ծառայութեան եւ Թեմի անունով ստանձնեց անհրաժեշտ վերանորոգման աշխատանքներու իրականացման, անհրաժեշտ գոյքով եւ կահաւորանքով ապահովման պարտականութիւնը: Այնուհետեւ Եդուարդ Միլիտոնեան եւ Մաղուալա Կոնաշուիլի ստորագրեցին համագործակցութեան մասին յուշագիր, որուն միացան Վրաստանի Հայ գրողներու «Վերնատուն» միութիւնը, «Հայարտուն» կեդրոնը, Հայ-վրացական մշակութեային կապերու «Կամուրջ» հասարակական կազմակերպութիւնը:
Հայ մեծ գրող Յովհաննէս Թումանեանի Թիֆլիզիի տունը կը գտնուի Ամաղլեբայ (նախկին` Դաւիթաշվիլի) փողոցի թիւ 18 հասցէին վրայ, ուր ապրած է Թումանեան 1909-1923 թուականներու միջեւ, իսկ 1952-ին տան իրերը տեղափոխուած են Երեւան: Վեց սենեակներէն չորսը վերածուած էին գրադարանի, իսկ միւս երկուքը` մնացած էին գրողի ժառանգներուն: Անկախացումէն ետք Թիֆլիզի քաղաքապետարանը որոշ հանգամանքներու բերումով գրադարանային մասը փոխանցած էր Վրաստանի քաղաքացիի մը, որմէ հարկ եղաւ ձեռք բերել զայն: