ԱՐՓԻ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ՝ ԱՀՀ-Ի ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՏԱՐԱԾՔԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՆՈՐԱՀԱՍՏԱՏ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ
Ամերիկայի հայկական համագումարը (ԱՀՀ) Հայաստանի իր տարածքաշրջանային նորաստեղծ մասնաճիւղին համար տնօրէնուհի նշանակած է Արփի Վարդանեանը։ ԱՀՀ-ի աղբիւրներուն կողմէ կատարուած հաղորդումներով, 1994 թուականէն ի վեր Արփի Վանդանեան եղած է այս կառոյցի գործունէութեան աջակիցը։ Ան աշխատակցած է ԱՀՀ-ի թէ՛ Երեւանի եւ թէ Ուաշինկթընի մասնաճիւղերուն մօտ՝ զբաղեցնելով զանազան պատասխանատու պաշտօններ։
Հայաստանի տարածքաշրջանային գրասենեակը սերտօրէն պիտի աշխատի Ուաշինկթընի մէջ Համագումարի կեդրոնակայանի եւ Լոս Անճելըսի, Գալիֆորնիոյ եւ Պոսթընի մէջ տեղակայուած համագումարի միւս գրասենեակներուն հետ:
Համագումարը կը վերակառուցէ իր` հայերու ձայնը, Ուաշինկթընի մէջ առաւել արդիւնաւէտ բարձրաձայնելու կարողութիւնը:
Նշենք, որ Արփի Վարդանեան կը յաջորդէ Արմինա Դարբինեանին, որ աշխատած է իբրեւ Համագումարի երեւանեան գրասենեակի տարածքաշրջանային տնօրէն 2010-էն մինչ այս տարուան Ապրիլը: Վարդանեան 1993-էն ի վեր կ՝ապրի Հայաստան եւ իր մեծ փորձառութիւնը կը բերէ իր հետ, քանի որ բացի Համագումարին հետ աշխատելէ, ան աշխատած է Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) եւ Հայկական յուշարձաններու ճանաչման ծրագրի (AMAP), Մարդկային զարգացում ՀԿ-ի հետ:
Ամերիկայի հայկական համագումարի խորհուրդի համանախագահները՝ Էնթընի Պարսամեան եւ Վան Գրիգորեան նշած են, թէ՝ «Արփի Վարդանեանի տաղանդը եւ ձեռք բերած փորձը Ուաշինկթընի, Հայաստանի, եւ տարածքաշրջանի մէջ անգնահատելի է, քանի որ մենք կ՚ակնկալենք Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան, Միացեալ Նահանգներ-Լեռնային Ղարաբաղ յարաբերութիւններու հետագայ ամրապնդումը: Անոր աշխատանքին փորձը Համագումարի հետ օրինակելի է եւ ակներեւ»։