ՊՈԼՍԱԿԱՆ ԵՐԳԵՐՈՒ ՀԱՄԵՐԳ

Գեր­մա­նիոյ Քէօլն քա­ղա­քին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ հա­մերգ մը, ո­րու ըն­թաց­քին հնչե­ցին Պոլ­սոյ մէջ բնա­կած հայ, հրեայ եւ յոյն յօ­րի­նող­նե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը։ Եոր­կոս Մա­րի­նա­քի­սի խմբա­վա­րու­թեամբ, Վան­կե­լիս Քա­րի­փի­սէ, Նե­տիմ Նալ­պան­տօղ­լուէ եւ Մերտ Տէ­միր­ճիօղ­լուէ կազ­մուած «Կա­լա­թա» հա­մոյ­թը ե­լոյթ ու­նե­ցաւ Պել­ժիոյ տան մէջ։ Այս առ­թիւ հնչե­ցին Թամ­պու­րի Մու­սիէ, Փեր­թա­քիէ, Տի­միթ­րի Քան­թե­մի­րէ, Թամ­պու­րի Իս­հա­քէ, Լաֆ­թա­ճը Ան­թո­նէ, Քե­մեն­չե­ճի Վա­սիլ Է­ֆէն­տիէ եւ Քե­մա­նի Թա­դէո­սէ ու հռչա­կա­ւոր այլ յօ­րի­նող­նե­րէ գոր­ծեր։ Այս ձեռ­նար­կը Քէօլ­նի «Եու­նուս Էմ­րէ» հիմ­նար­կին կող­մէ ձօ­նուած էր ժո­ղո­վուրդ­նե­րու հա­մա­կե­ցու­թեան։

Ձեռ­նար­կի մաս­նա­կից­նե­րու կար­գին էին Քէօլ­նի քա­ղա­քա­պետ Էլ­ֆի Շօ-Անտ­վեր­պէս, Հիւ­սի­սա­յին Ռեն-Ֆեսթ­ֆա­լիաի նա­հան­գի խորհր­դա­րա­նի ե­րես­փո­խան Ա­րիֆ Իւ­նալ, ինչ­պէս նաեւ քրիս­տո­նեայ հա­մայնք­նե­րու կրօ­նա­պետ­ներ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 10, 2015