ԴԱՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ԴԷՄ ՅԱՆԴԻՄԱՆ

Ֆրան­սա­հայ փաս­տա­բան­նե­րու եւ ի­րա­ւա­բան­նե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թեան կող­մէ վեր­ջերս կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ գի­տա­ժո­ղով մը՝ «20-րդ դա­րու ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րը ի­րենց դա­տա­ւոր­նե­րուն դէմ յան­դի­ման» խո­րագ­րով, որ կը վա­յե­լէր Փա­րի­զի Փաս­տա­բան­նե­րու կա­ճա­ռին նե­ցու­կը։ Փա­րի­զի Փաս­տա­բան­նե­րու տան լսա­րա­նին մէջ կա­յա­ցած գի­տա­ժո­ղո­վը քով քո­վի բե­րաւ ցե­ղաս­պա­նու­թեան մաս­նա­գէտ պատ­մա­բան­նե­րը, փաս­տա­բան­ներն ու ի­րա­ւա­բան­նե­րը, ո­րոնք 20-րդ դա­րու ըն­թաց­քին մարդ­կու­թեան դէմ գոր­ծուած զա­նա­զան ո­ճիր­նե­րու վե­րա­բե­րող դա­տա­վա­րու­թիւն­նե­րու լոյ­սին տակ նշե­ցին այն դժուա­րու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց կը բա­խի այդ ո­ճիր­նե­րու հե­ղի­նակ­նե­րը դա­տե­լու գոր­ծը, ինչ­պէս նաեւ զո­հե­րուն վե­րա­կեր­տու­մի կա­րե­լիու­թիւն ըն­ձե­ռե­լու տե­սան­կիւ­նէն՝ դա­տա­կան պա­տիժ սահմա­նե­լու ստի­պո­ղա­կան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։

«Նոր Յա­ռաջ» կը հա­ղոր­դէ, որ գի­տա­ժո­ղո­վը յատ­կա­պէս կը վե­րա­բե­րէր դա­տա­կան հա­մա­կար­գին։ Ինչ կը վե­րա­բե­րի Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան նիւ­թին, գի­տա­ժո­ղո­վը կու գար լրաց­նե­լու ի­րա­ւա­բա­նա­կան բաց մը, որ անշր­ջան­ցե­լի պա­տուար մը կը հան­դի­սա­նայ ճա­նաչ­ման եւ Թուր­քիոյ կող­մէ ժխտո­ղա­կա­նու­թեան դա­տա­պարտ­ման առ­ջեւ. այդ բա­ցը՝ դա­տա­կան մի­ջազ­գա­յին բարձ­րա­գոյն ա­տեա­նի մը կող­մէ ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը դա­տա­պար­տող դա­տավճ­ռի մը բա­ցա­կա­յու­թիւնն է։

Գի­տա­ժո­ղո­վի մի­ջո­ցով Ֆրան­սա­հայ փաս­տա­բան­նե­րու եւ ի­րա­ւա­բան­նե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թիւ­նը կու գար Ֆրան­սա­յի եւ մի­ջազ­գա­յին քա­ղա­քա­կան դա­սուն եւ հա­սա­րա­կա­կան կար­ծի­քին յայտ­նե­լու, որ հա­կա­ռակ ըն­կա­լեալ կար­ծի­քին, 1919-ին՝ պա­տե­րազ­մի ա­ւար­տին, դաշ­նա­կից ու­ժե­րու ճնշու­մին տակ օս­մա­նեան դա­տա­րան­նե­րու կող­մէ իսկ դա­տավ­ճիռ­ներ ար­ձա­կուած են Մեծ ե­ղեռ­նի գլխա­ւոր ծրագ­րող­նե­րուն դէմ։ Հե­տե­ւա­բար, մի­ջազ­գա­յին դա­տա­կան հա­մա­կար­գը այս տուեա­լը պէտք է նկա­տի առ­նէ պատ­մա­կան ճշմար­տու­թիւ­նը հաս­տա­տե­լու հա­մար։

Այս նիւ­թին քննար­կու­մը վստա­հուած էր պատ­մա­բան Թա­նէր Աք­չա­մի, որ Վա­հագն Տատ­րեա­նի գոր­ծակ­ցու­թեամբ հրա­տա­րա­կած է «Պոլ­սոյ դա­տա­վա­րու­թիւ­նը» հա­տո­րը, ո­րուն ֆրան­սե­րէ­նի թարգ­մա­նու­թեան իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րած է Ֆրան­սա­հայ փաս­տա­բան­նե­րու եւ ի­րա­ւա­բան­նե­րու միու­թիւ­նը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 10, 2015