ԻՆՔՆԱՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԻՆՔՆԱՀԱՒԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՏԱՐԲԵՐ ԲԱՆԵՐ ԵՆ

Մեր օրերուն ի շարս բազմաթիւ այլ սխալ ըմբռնումներու եւ ընկալումներու, ինքնավստահութեան եւ ինքնահաւանութեան ըմբռնումներն ալ ո՛չ միայն սխալ կերպով սկսած են ըմբռնուիլ, այլ՝ այդ գիծն անցնելով, սկսած են նոյնացուիլ այս երկու իրարմէ ամբողջութեամբ տարբեր երեւոյթները:

Երբ բառարանները թերթատենք գտնելու համար ինքնավստահ եւ ինքանահավան ածականներուն իմաստները, այս բացատրութիւնները կը գտնենք.

Ինքնավստահ. ինքն իր վրայ ապահով, հաստատ (Բառգիրք հայերէն լեզուի։ Անդրանիկ Վրդ. Կռանեան, Պէյրութ, 1998։ Էջ 152):

Ինքնավստահ. անձնավստահ (Հայերէն բացատրական բառարան: Ստեփանոս Մալխասեանց, 1944: Էջ 165):

Անձնավստահ. ինքն իրեն վստահող, իր ոյժերուն վրայ վստահող, աներկիւղ, համարձակ (Հայերէն բացատրական բառարան: Ստեփանոս Մալխասեանց, 1944: Էջ 147):

Ինքնահաւան. ինքնահաճ, յաւակնոտ, պարծենկոտ (Բառգիրք հայերէն լեզուի։ Անդրանիկ Վրդ. Կռանեան, Պէյրութ, 1998։ Էջ 152):

Ինքնահաւան. ինքն իրեն հաւնող, ինքնահաճ, մեծամիտ, ամբարտաւան, մեծքիթ:

Ինքնահաւանութիւն. ինքնահաւան՝ ինքնահաճ ըլլալը, ամբարտաւանութիւն, մեծամտութիւն (Հայերէն բացատրական բառարան: Ստեփանոս Մալխասեանց, 1944: Էջ 163):

Ինքնահաւան. ինքն իրեն հաւնող, ինքն իր մասին մեծ կարծիք ունեցող, ինքնագոհ, մեծամիտ, ամբարտաւան (Արդի հայերէնի բացատրական բառարան: Էտւարտ Բագրատի Աղայեան, 1976: Էջ 496):

Բառարաններուն բացատրութիւնները կարդալով կը տեսնենք, որ ինքնահաւանութիւնն ու ինքնավստահութիւնը տարբեր բաներ են, նոյնիսկ իրար հակասող բաներ են:

Ինքնավստահ մարդը եթէ իր ինքնավստահութիւնը առողջ կերպով ընկալէ ու պահպանէ, դժուար թէ իյնայ ինքնահաւանութեան մէջ, մինչ ինքնահաւան մարդը դժուար թէ ինքնավստահ կարենայ դառնալ, որովհետեւ իր ընկալումով՝ ինք արդէն իսկ այդպիսին է, այն ինչ իրականութեան մէջ այդպիսին չէ, ինք ինքնավստահ չէ, այլ՝ ինքնահաւան:

Ինքնավստահ մարդը երբ գիտակից է իր քայլերուն, իր ընթացքին, կեանքի մէջ կրնայ բազմաթիւ յաջողութիւններու եւ ձեռքբերումներու հասնիլ, եւ այդպիսիին համար մէկ ձեռքբերումէն միւսը անցնիլը պարզապէս կամքի եւ աշխատանքի դրսեւորում կը դառնայ: Ինքնավստահ մարդը գիտէ իր ընելիքը, գիտակից է իր ըրած քայլերուն, իր միտքին մէջ յստակ է իր յառաջիկայ ընելիքներուն մարտավարութիւնը, եւ իր կարելին կ՚ընէ, որպէսզի իր որդեգրած մարտավարութեան միջոցով աստիճան առ աստիճան, հանգրուան առ հանգրուան դէպի յաջողութեան նաւահանգիստ հասնցէ:

Ինքնահաւան մարդուն մասին սակայն չենք կրնար նոյնը ըսել, որովհետեւ ինքնահաւան, մեծամիտ ու պարծենկոտ բնաւորութեան տէր ըլլալով, ակամայից այդ մեծամտութիւնն ու պարծենկոտութիւնը կ՚ուրուագծուին իր գրեթէ բոլոր արարքներուն մէջ, որով եթէ որեւէ մէկ աշխատանք կամ ծրագիր սխալ կերպով սկսի եւ կամ աշխատանքը սկսելէն որոշ հանգրուան ետք սկսի սխալներ գործել, չ՚անդրադառնար այդ սխալներուն, նոյնիսկ եթէ իր կողքինները փորձեն զգուշացնել, թելադրութիւններով օգտակար դառնալ, կը մերժէ լսել ոեւէ մէկուն եւ կը շարունակէ իր գիտցածով ընթանալ, ինչո՞ւ, որովհետեւ ինքնահաւան է, իսկ ինքնահաւանութիւնը մարդուն աչքերուն դիմաց սեւ վարագոյրի նման կախուած կ՚ըլլայ, եւ ուր երթայ այդ սեւ վարագոյրները կ՚ընկերակցին իրեն:

Լեւ Թոլսթոյ հետաքրքրական արտայայտութիւն մը ունի մեծամտութեան (ինքնահաւանութեան) մասին. «Մեծամտութիւնը հասկացողութեան հետ անհամատեղելի է»: Սա վառ օրինակ մըն է, որ ինքնահաւան մարդը միշտ խնդիրներու կը բախուի, որովհետեւ ինքնահաւանին համար կողքէն եկած ցանկացած թելադրութիւն, մատնանշում, զգուշացում, եւ այլն իմաստ չեն ունենար: Թերեւս Թոլսթոյի ըսածը ոմանց ծանր թուի, բայց չէ՞ որ ճշմարտութիւնը այդ է: Չէ՞ որ ինքնահաւան մարդուն բան հասկցնելը եթէ անկարելի չէ, գրեթէ հնարաւոր չէ, որով կու գանք Թոլսթոյի ըսածին վաւերականութիւնը փաստելու, թէ իրօք մեծամտութիւնը [մեծամիտ (ինքնահաւան) մարդը] հասկացողութեան հետ անհամեմատելի է:

19-րդ դարուն ապրող եւ գործող ամերիկացի փաստբան եւ գրող Ռոպերթ Կրին Ինկերսոլ կը գրէ. «Մարդ ինչքան շատ բան գիտէ, այնքան աւելի պատրաստ է սորվելու: Մարդ ինչքան քիչ գիտէ, այնքան աւելի դրականօրէն համոզուած է, որ ամէն ինչ գիտէ...»: Մարդուն ձախողութեան ամենէն գլխաւոր թշնամին, արդարեւ՝ «ես գիտեմ» արտայայտութիւնն է: Մարդ միայն մեծամտութեամբ կամ ընդհանրապէս յաճախակի կերպով սկսի կրկնել այս արտայայտութիւնը, ատով կը յայտնէ իր ինքնակործանումին մասին, որովհետեւ «ես գիտեմ» ամենէն զօրաւոր փաստն է «ոչի՛նչ գիտնալու» եւ կամ գիտցածը կամաց-կամաց շոգիացնելու:

Ինքնավստահ մարդը երբեք չ՚ըսեր, թէ՝ «ես գիտեմ», ընդհակառակը ինչքան շատ բան գիտնայ, ինչպէս կ՚ըսէ Ինկերսոլը՝ կ՚աշխատի ա՛լ աւելի սորվելու, ա՛լ աւելի գիտելիքներ ձեռքբերելու, վստահ ըլլալով, որ ինչքան գիտելիք ձեռքբերէ, իր օգուտին համար կ՚ըլլայ, եւ իր այդ ձեռք բերած գիտելիքներով կրնայ նորանոր ձեռքբերումներու հասնիլ, միւս կողմէ ալ լաւագոյնս կրնայ օգտակար դառնալ իր ընտանիքին, շրջապատին եւ ընկերութեան՝ որու մէջ որ կ՚ապրի:

Արժանթինցի գրող, հրապարակագիր, թարգմանիչ Ալպերթօ Մանկուէլ կը գրէ. «Իրական իմաստութիւնը այն չէ, ինչ որ ձեր աշակերտներուն կ՚առաջարկէք, այլ միայն ատոր կերպարանքը, որովհետեւ անոնց շատ բաներու մասին խօսելով՝ առանց անոնց որեւէ մէկ բան սորվեցնելու, անոնց կարծել պիտի տաք, որ իրենք շատ բան գիտեն, մինչդեռ ընդհանրապէս անոնք ոչինչ գիտեն: Եւ ինչպէս մարդիկ՝ որոնք ո՛չ թէ իմաստութեամբ լեցուած են, այլ՝ իմաստութեան մեծամտութեամբ, անոնք [ձեր աշակերտները] իրենց հետեւողներուն համար [ծանր] բեռ պիտի ըլլան»: Արդարեւ, մարդ պէտք է զգոյշ ըլլայ իր կատարած որոշումներուն եւ որդեգրած քայլերուն մէջ, որպէսզի իմաստութեան մեծամտութեամբ միայն լեցուած չըլլայ, այլ՝ իմաստութեան կրող ըլլայ եւ այդ իմաստութեամբ ապրող:

Մանկուէլի վերոնշեալ հատուածը, որ առնուած է իր՝ «Ընթերցանութեան պատմութիւն»ը գիրքէն, այսօրուան ուսուցիչներուն եւ համալսարանի դասախօսներուն համար զօրաւոր եւ գործող մեթոտ մը պէտք է ըլլայ, գիտակից եւ զարգացած սերունդ մը պատրաստելու համար, որ ո՛չ թէ կ՚աճի միայն իրենց տրուածով, այլ՝ հասակ կ՚առնէ իրենց ցոյց տրուած ճիշդ ճանապարհին մէջ քայլելով, եւ քայելու ընթացքին՝ ընդհնրապէս ինքնուրոյն եւ երբեմն ալ ուսուցիչ-դասախօսներու օգնութեամբ հարթելով իր դիմաց յայտնուած դժուարութիւններն ու արգելքները: Ուսուցիչներն ու դասախօսները իրենց ուսանողներուն պէտք է սորվեցնեն ինքնավստահ ըլլալու նուրբ արուեստը, որ կը բնութագրուի ուսումի եւ գիտելիքի նկատմամբ սէր ունենալով եւ դժուարութիւններու դիմաց զօրաւոր կեցուածք ցուցաբերելով: Այսօրուան դաստիարակները ա՛յս է, որ պիտի սերմանեն իրենց խնամքին յանձնուած վաղուան սերունդին եւ ո՛չ թէ ինքնահաւան դարձնեն զանոնք, անոնց իրենց արժէքէն աւելի տալով, փքացնելով եւ հպարտ դարձնելով, որովհետեւ այդ երեխաները վաղ թէ ուշ պիտի բախուին դառն ճշմարտութեան հետ, սակայն այդ ժամանակ կրնայ շատ ուշ ըլլալ եւ ետդարձի կամուրջ իսկ մնացած չըլլար, այդ պատաճառով աւելի ճիշդ պէտք է ըլլայ մանկավարժական մօտեցումներով փոքր տարիքէն ճիշդ ուղիի վրայ դնել ուսանողները, պէտք եղած ժամանակ յանդիմանելով, սաստելով, երբեմն-երբեմն նոյնիսկ ցաւցնելով, որպէսզի ինքնավստահութիւն ձեռք բերեն իրենց իսկ ունեցած փորձառութեամբ, եւ ո՛չ թէ կեղծ ինքնահաւանութեամբ փքուին, որով չարիք ու նախատինք դառնան իրենց ընտանիքին, հարազատներուն ու ապրած ընկերութեան:

Ի վերջոյ, ինքնահաւան մարդը հակառակ իրեն թուացող ճոխութիւններուն, պատիւին, ուշադրութեան, բայց իրականութեան մէջ կեղծիքի մէջ կ՚ապրի, որովհետեւ ո՛չ ոք լուրջ վերաբերմունք կրնայ ունենալ ինքնահաւան մարդուն նկատմամբ, կրնան երեսանց ծիծաղիլ, ժպտալ, գովել, նոյնիսկ մեծարել, բայց ի բացակայութեան ամէն տեսակի նուաստացուցիչ արտայայտութիւններ կ՚ունենան անոր նկատմամբ: Մինչ ինքնավստահ մարդը միշտ իր շրջապատին յարգանքը կը վայելէ եւ բոլորը կը փորձեն անկէ սորվիլ, որովհետեւ առողջ ինքնավստահութեան տէր մարդը իրականութեան մէջ խոնարհ ու պարզ մարդն է, որ ո՛չ միայն ինքն իր համար կ՚ապրի, այլ՝ իր նմաններուն համար:

Առողջ ինքնավստահութիւն ձեռք ձգենք, որպէսզի այդ ինքնավստահութեամբ կարենանք յաջողութեամբ նաւարկել այս ժամանակաւոր կեանքի փոթորկալից հանգրուաններուն մէջէն՝ հասնելու համար խաղաղ եւ ապահով նաւահանգիստ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

10 դեկտեմբեր 2021, Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2021