ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀՐԿԻԶՄԱՆ ՓՈՐՁ

Գա­տը­գիւղ, Պա­հա­րիէ պո­ղո­տա­յին վրայ գտնուող յոյն ուղ­ղա­փառ Ս. Եր­րոր­դու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ վրայ ե­րէկ ի­րի­կուն կա­տա­րուե­ցաւ յար­ձա­կում մը։ «Մես­ճի­տի Աք­սա­յի վրէ­ժը պի­տի լու­ծուի» ա­ղա­ղա­կող անձ մը փոր­ձեց հրկի­զել ե­կե­ղեց­ւոյ դու­ռը։ Յար­ձակ­ման հե­տե­ւան­քով յա­ռա­ջա­ցած հրդե­հը ան­մի­ջա­պէս մա­րուե­ցաւ, ա­ռանց ըն­դար­ձա­կուե­լու, սա­կայն վնա­սուե­ցաւ ե­կե­ղեց­ւոյ դու­ռը։ Յար­ձա­կում գոր­ծած ան­ձը ան­մի­ջա­պէս ձեր­բա­կա­լուե­ցաւ ա­պա­հո­վու­թեան ու­ժե­րուն կող­մէ։ Այս առ­թիւ յայ­տա­րա­րու­թիւն մը կա­տա­րեց Գա­տը­գիւ­ղի քա­ղա­քա­պետ Այ­քութ Նու­հօղ­լու։ Ան դա­տա­պար­տեց կա­տա­րուած յար­ձա­կու­մը ու նշեց, թէ Գա­տը­գիւղ պի­տի շա­րու­նա­կէ ըլ­լալ լայ­նա­խո­հու­թեան եւ բազ­մամ­շա­կու­թա­յին ապ­րե­լա­կեր­պի մայ­րա­քա­ղաք։

Չորեքշաբթի, Յունիս 10, 2015