ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ
ԳԼՈՒԽ ԺԳ.
«Աքաղաղը չկանչած՝ դուն երեք անգամ պիտի ուրանաս զիս» (Յհ 13.38):
Յովհաննէսը, Ղուկասն ու Մատթէոսը կ՚ըսեն, թէ՝ «դեռ աքաղաղը չկանչած, դուն երեք անգամ պիտի ուրանաս զիս» (տե՛ս, Մտ 26.34: Ղկ 22.34), իսկ Մարկոս կ՚ըսէ, թէ՝ «Աքաղաղը երեք անգամ չկանչած, մինչ դուն երկու անգամ պիտի ուրանաս զիս» (տե՛ս Մր 14.30): Կը թուի, թէ աւետարանիչները իրարու հակառակ կ՚ըսեն, սակայն հակառակ չեն, այլ՝ շատ ալ իրարու համաձայն, քանի որ աւետարանիչները ամէն տեղ ճշմարտութեան մասին հոգ կը տանին, որպէսզի բոլոր դրժելի կարծիքներուն եւ երկբայութիւններուն աւետարանական վարդապետութիւնները ըլլան, որովհետեւ հաւերու տեսակներ կան, ոմանք փութկոտ են եւ կանխասաց, որ խօսելուն [կանչելուն] ժամանակը չէ, սակայն նախ կը խօսին, եւ երբ հասարակաց հաւախօս ըլլայ, դարձեալ անոնց հետ ալ կը խօսին [կանչեն], որ երկու անգամ կ՚ըլլայ: Մարկոսը այսպիսի հաւերու, իսկ Յովհաննէսը, Ղուկասն ու Մատթէոսը հասարակց հաւախօսերու մասին [կ՚ըսեն]:
Աւետարանիչներուն համար սովորութիւն է, թէ այն բանը, որ մէկը չէ յիշած, միւսը կը յիշէ, եւ թէեւ մէկը կը յիշէ, սակայն երեքը՝ ոչ, բոլորովին ալ նոյնն է:
Դարձեալ՝ այլ գեղեցիկ միտք մը, որ Եկեղեցւոյ վարդապետները ըսած են. «Դեռ աքաղաղքը չխօսած», այն կ՚ըսէ, թէ նախքան հաւախօսը ուրացութեան այդպիսի երկիւղ, սերմ եւ արմատ տնկուեցաւ անոր սիրտին մէջ, եւ երբ այսպէս իմանանք, ասիկա ալ այլ պայծառ տեսութիւն մըն է:
Դարձեալ գիտելի է, թէ Քրիստոս եօթ պատճառով արտօնեց, որպէսզի Պետրոսը ուրանայ զԻնք.
Նախ՝ խոնարհեցնելու համար անոր եւ մեր յանդգնութիւնն ու հպարտութիւնը, որպէսզի ոչ ոք ինքն իրեն վստահելով պարծենայ իր զօրութեամբ:
Երկրորդ. նորոգման եւ մեղաւորներու թողութեան յոյս տալու, թէեւ ծանրագոյն կերպով մեղանչած ըլլայ, եւ թէեւ վեհագոյններէն եւ պատուուաւորներէն ըլլայ, եւ որոնք բարձր աստիճաններու վրայ են:
Երրորդ. որովհետեւ Պետրոս, որ Քրիստոսի կողմէ բոլորին հովիւ կարգուած էր, որպէս թէ պարտադրուած, բոլորին խնամքի ողորմութիւնն ու գութը կը ցուցնէ, թէեւ շատ չար ըլլան, երբ զղջան:
Չորրորդ. քանի որ նոյն Պետրոսը, որ հովիւ պիտի ըլլար, որպէս թէ պարտադրուած ինքզինք փոքր համարէ քան բոլորը եւ խոնարհ, ու այսպիսով Եկեղեցւոյ իշխանութիւնը զինք չէր գոռոզացներ:
Հինգերորդ. խորհրդաբար ցուցնելու համար, որպէսզի մենք իմանանք եւ այնպէս վարուինք անոնց հետ, որոնք զՔրիստոս պիտի ուրանան:
Վեցերորդ. որպէսզի տանջանքներու ընթացքին մարտիրոսներուն հաստատութիւնն ու ժուժկալութիւնը ո՛չ ոք կարծէ թէ, բնական զօրութեամբ է, այլ՝ առաւելաբար Սուրբ Հոգիին զօրութենէն: Եւ այս պատճառով է, որ Քրիստոս արտօնեց այլ աշակերտներու եւս գայթակղելու եւ փախչելու, որպէսզի ետքէն յայտնի ըլլայ, թէ անոնք որոնք նախապէս զՔրիստոս ուրացան եւ ձգեցին զԻնք, երբ ետքէն զղջացին, չէին կամենար այդպիսի մեծագոյն տանջանքներ եւ դառն մահ տանիլ, եթէ ճշմարտապէս չգիտնային զՔրիստոս եւ հաւատքը, որ Անոր հանդէպ է:
ԳԼՈՒԽ ԺԴ.
«Թող չխռովին ձեր սիրտերը» (Յհ 14.1):
Նախ Ինքզինք գաղտնիքներու եւ խորհուրդներու գիտցող կը ցուցնէ, որովհետեւ իմացաւ, թէ աշակերտները խռոված էին: Երկրորդ. քանի որ երբ Պետրոսին ըսաւ՝ «դեռ աքաղաղը չկանչած, դուն երեք անգամ պիտի ուրանաս զիս» (Յհ 13.38), աշակերտները տրտմեցան, թէ ասիկա [Պետրոս], որ այնքան ջերմ է Անոր սիրելուն մէջ եւ մեր գլուխն է, ասիկա պիտի ուրանայ, ապա մեզի ի՞նչ պիտի հասնի, որ մենք ալ ուրանանք: Երկրորդ. որովհետեւ աշակերտները իրենց միտքերուն մէջ կ՚ըսէին, թէ այնքան դառն եւ անտանելի չարչարանք պիտի հասնցնեն Պետրոսին, որպէսզի ուրանայ, սակայն այն եւս մեզի համար պահուած է:
«Հաւատացէ՛ք Աստուծոյ, հաւատացէ՛ք նաեւ Ինծի» (Յհ 14.1):
Կը քաջալերէ զանոնք չերկնչելու, այլ՝ Աստուծոյ հաւատալու, թէ կրնայ զանոնք զերծ պահել ուրացութենէ եւ չարչարանքներէ: Այլեւ հիմա, գիտցի՛ր, թէ Տէրը ի՞նչ կ՚ըսէ. «Հաւատացէ՛ք Աստուծոյ, հաւատացէ՛ք նաեւ Ինծի», նոյն չափով կ՚ըսէ, ինչքանով Աստուծոյ հաւատաք, նոյնքանով հաւատացէ՛ք նաեւ Ինծի, որովհետեւ եթէ Հօր հաւասար չէր, ինչպէ՞ս կ՚ըսէր՝ «հաւատացէ՛ք նաեւ Ինծի»:
«Հօրս տան մէջ շատ օթեւաններ կան» (Յհ 14.2):
Երբ Պետրոսին ըսաւ, թէ՝ «հիմա չես կրնար, բայց յետոյ պիտի գաս» (Յհ 13.36), աշակերտները կարծեցին, թէ անոր մեծագոյն պարգեւ մը պիտի տար, իսկ իրենց՝ ոչ, այդ պատճառով Ինք ծածկագէտ ըլլալով անոնցմէ տարակուսանքը կը վերցնէ՝ ըսելով, թէ՝ «Հօրս տան մէջ շատ օթեւաններ կան»: Բայց այս խօսքը շատերուն տարակուսանքի մէջ կը ձգէ, թէ տասներկու աշակերտները Քրիստոսի հետ հաւասար էին, եւ զանոնք բոլորը ընտրեց եւ առաքելութեան շնորհը բոլորին միապէս տուաւ, հանդերձեալին մէջ հաւասարապէս պատիւ պիտի տա՞յ անոնց, թէ՞ առաւել կամ նուազ: Անոնք բոլորն ալ ըստ իւրաքանչիւրի կամքին առաւել կամ նուազ ունէին սէր եւ ջերմութիւն Վարդապետին նկատմամբ, այդ պատճառով ըստ զանազան կամքերու եւ հաւատքի կը զանազանէ անոնց ե՛ւ պատիւը, ե՛ւ փառքը. քեզի յայտնի օրինակ մը, որ մարտիրոսի մը կամ առաքեալի մը կերպարանքը մէկը մէկուն նման չէ, նոյնպէս ալ իւրաքանչիւր մարդ, ստեղծումէն մինչեւ կատարածը մարդ [այլ] մարդու չի նմանիր, կամ անասունը՝ անասունի, որովհետեւ թէեւ մէկ բանով կամ երկուքով կը նմանին, սակայն բազումով՝ ո՛չ:
«Եթէ այդպէս չըլլար՝ չէի ըսեր ձեզի, թէ կ՚երթամ եւ ձեզի համար տեղ կը պատրաստեմ» (Յհ 14.2):
Ըստ ճառին այսպէս կ՚երեւի, թէ չէի՞ ըսած ձեզի, թէ պիտի երթամ եւ ձեզի համար տեղ պատրաստեմ, պէտք էր որ խռովէիք, քանի որ այլեւս պիտի չտեսնէք զիս, այլ՝ գերագոյն իմացումը եւ խօսքին պայծառ տեսութիւնը այս է, որովհետեւ, այն որ կ՚ըսէ՝ «եթէ այդպէս չըլլար՝ չէի ըսեր ձեզի, թէ կ՚երթամ եւ ձեզի համար տեղ կը պատրաստեմ», եւ ապա պիտի գամ ու առնեմ ձեզ, այլ՝ քանի որ այդ տեղը ձեզի համար սկիզբէն պատրաստուած էր Հօր կողմէ: Այս մասին Մատթէոսը կը վկայէ իր Աւետարանին մէջ. «Եկէ՛ք, Հօրս կողմէ օրհնեալներ, եւ ժառանգեցէք այն արքայութիւնը, որ ձեզի համար աշխարհի սկիզբէն պատրաստուած է» (Մտ 25.34):
«Դարձեալ պիտի գամ եւ ձեզ քովս առնեմ» (Յհ 14.3):
Նախ այս կը պատուիրէ, թէ այդ գերագոյն տեղերուն համար արժանի գործեր եւ հաւատք պէտք է ունենաք, որպէսզի արժանի ըլլաք այդ տեղերուն: Երկրորդ. որովհետեւ ինչպէս դուք կը կարծէք, կ՚ըսէ, թէ երբ մեռնիմ, այլեւս պիտի չյառնեմ, այդպէս չէ, այլ՝ դարձեալ մեռելներէն յարութիւն պիտի առնեմ եւ ձեր մօտ պիտի գամ, որպէսզի յայտնապէս տեսնէք: Երրորդ. քանի որ կ՚ըսէ, թէ Իմ յարութենէս ետք Հոգին պիտի ղրկեմ ձեզի, որպէսզի գայ եւ ձեզի համար առաքինութեան ճանապարհ պատրաստէ, որպէսզի կատարէք, եւ բազմաթիւ առաքինութեամբ ճգնելով դէպի Ինծի վերափոխուիք: Բայց ոմանք կ՚ըսեն. «Դարձեալ պիտի գամ եւ ձեզ քովս առնեմ», հանդերձեալ դատաստանին մասին կ՚ըսէ:
«Միայն Ինձմով կարելի է Հօրս երթալ» (Յհ 14.6):
Այսինքն՝ թէ ինչպէս արեգակին ճառագայթներուն միջոցով անոր կլորութիւնը կը ճանչնանք, եւ խօսքին միջոցով, որ արտաբերուած է, ներքին տրամդրութիւնը կ՚իմանանք, ինչպէս Արիստոտէլը կ՚ըսէ, թէ ներքին ձայները ներքին անձերու ախտերուն նշանակ են, այդպէս ալ ոչ ոք կրնայ Հայրը տեսնել, առանց Որդիին:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 133
Վաղարշապատ