ԿԱՆԱՉ ԵՐԿԻՆՔ ՄԸ

Մոխրագոյն, փոքրիկ աղաւնի մը, թաքուն կերպով, մտաւ մանուկի մը գծագրութեան տետրին մէջ եւ քնացաւ անոր սպիտակ էջերէն մէկուն վրայ:

Առտու, երբ մանուկը գծագրութեան տետրը բացաւ, անակնկալի եկաւ տեսնելով՝ քնացած աղաւնեակ մը սպիտակ էջի մը վերջաւորութեան:

Փոքրիկը աղաւնեակին ժխտողական շեշտով ըսաւ, որ իր տետրը գծելու համար է, ո՛չ թէ զբօսաշրջիկներու պանդոկ մը:

Աղաւնեակը ամչկոտ եւ յանցաւորի շեշտով յայտնեց, թէ ինք ստիպուած էր քնանալ իր հաւ մայրը փնտռելու յոգնեցուցիչ որոնումներէն ետք: Մայրը կորսնցուց եւ երբեք չգտաւ:

Փոքրիկը զարմացած ժպիտով ըսաւ աղաւնեակին, թէ աղաւնի՛ է աղաւնիներուն մայրը:

Աղաւնեակը ապշած ըսաւ, որ փոքրիկին դպրոցը թերացած է, քանի չէ սորվեցուցած, թէ աղաւնին սպիտակ ձիուն մայրն է:

Փոքրիկը լռեց եւ ոչ մէկ բառով պատասխանեց: Ան խղճաց աղաւնեակին՝ կարծելով, թէ ձագուկը իր խելքն ալ կրնայ կորսնցնել, երբ մայրը կորսնցնէ:

Աղաւնեակը մանուկէն քիչ մը ջուր խնդրեց, քանի ծարաւ էր:

Մանուկը կապոյտ գետ մը նկարեց: Աղաւնեակը խմեց (գետին) ջուրէն, յագեցաւ եւ ըսաւ փոքրիկին, որ ինք, հիմա, պէտք ունի կապոյտ երկինքի մը, որպէսզի շարունակէ մայրը փնտռել:

Մանուկը յայտնեց աղաւնեակին, որ իր քովի կապոյտ գոյները վերջացած են:

(Մանուկը) նկարեց կանաչ երկինք մը, ուրկէ կ՚անցնին դեղին ամպեր, ապա խրատեց աղաւնեակին, որ աճապարէ եւ սաւառնի մայրը փնտռելու:

Աղաւնեակը խանդավառութեամբ թռաւ կանաչ երկնքին մէջ եւ երեւակայեց, որ պիտի գտնէ իր մայրն ու բոյնը եւ իր եղբայրներուն պիտի պատմէ, որ թռաւ կանաչ երկնքի մը մէջ, իսկ անոնք պիտի չհաւատան իր խօսքերուն:

Մինչ ինք պիտի ըլլայ առաջին աղաւնին, որ կը սաւառնի կանաչ երկնքի մէջ:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 24, 2021