ԱՆՆԱԽԱԴԷՊ ՀԱՄԵՐԳ՝ Ս. ՈՐԴՒՈՑ ՈՐՈՏՄԱՆԻ ՄԷՋ

Ջու­թա­կա­հար Քիմ Քաշ­քա­շեան եւ դաշ­նա­կա­հար Փի­թըր Նա­կի, ի ներ­կա­յու­թեան եր­գա­հան Տիգ­րան Ման­սու­րեա­նի, այս ի­րի­կուն հա­մերգ մը պի­տի սար­քեն Գում­գա­բուի Ս. Որդ­ւոց Ո­րոտ­ման ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ Իս­թան­պու­լի 43-րդ ե­րաժշ­տա­կան փա­ռա­տօ­նի շրջագ­ծով կա­յա­նա­լի հա­մեր­գի ըն­թաց­քին ա­րուես­տա­սէր­նե­րը հնա­րա­ւո­րու­թիւն պի­տի ու­նե­նան ունկնդ­րե­լու Եո­հան Սե­պաս­թիան Պա­խէ, Կո­մի­տաս Վար­դա­պե­տէ, Պե­լա Պար­թո­քէ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ, ինչ­պէս նաեւ փա­ռա­տօ­նին կող­մէ յատ­կա­պէս պա­տուի­րուած ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն մը՝ Տիգ­րան Ման­սու­րեա­նի յօ­րին­մամբ։

Նախ­քան հա­մեր­գը, Տիգ­րան Ման­սու­րեա­նի հետ զրոյց մը պի­տի ի­րա­կա­նա­նայ, զոր պի­տի վա­րէ Յա­կոբ Մա­մի­կո­նեան։

Հա­մեր­գին ըն­դա­ռաջ Քիմ Քաշ­քա­շեան եւ Փի­թըր Նա­կի ե­րէկ փորձ մը ի­րա­կա­նա­ցու­ցին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։

 

Չորեքշաբթի, Յունիս 10, 2015