ՀՏՓ-ԷՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔԱՅԻՆ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄ

ՀՏՓ­-ի ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թեանց գծով փոխ-նա­խա­գահ եւ Վա­նի ե­րես­փո­խան Նազ­մի Կիւր հան­դէս ե­կաւ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով։ Ռու­սա­կան «Ռիա Նո­վոս­տի» գոր­ծա­կա­լու­թեան տուած իր հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ Կիւր յայ­տա­րա­րեց, որ իր կու­սակ­ցու­թիւ­նը կողմ է Հա­յաս­տա­նի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կար­գա­ւոր­ման եւ սահ­մա­նի բաց­ման։ Ան նաեւ նշեց, որ ՀՏՓ կը փա­փա­քի, որ ճանչ­ցուի Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը։

«Մենք կողմ ենք, որ­պէս­զի կեան­քի կո­չուին Հա­յաս­տա­նի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կար­գա­ւոր­ման ա­րա­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը եւ սահ­մա­նը բա­ցուի։ Հայ-թրքա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը պէտք է ղա­րա­բա­ղեան հիմ­նախնդ­րի լուծ­ման հետ կա­պուած ըլ­լայ։ Հա­յաս­տանն ու Ատր­պէյ­ճան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րով պէտք է լու­ծեն այդ հա­կա­մար­տու­թիւ­նը։ Մենք նաեւ կ՚ու­զենք, որ ճանչ­ցուի Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան շրջա­նին հա­յե­րու դէմ ի­րա­գոր­ծուած ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը», նշեց Կիւր։

Հինգշաբթի, Յունիս 11, 2015