ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱՐԱՆԸ ԱՄԱՆՈՐԻ ԱՌԹԻՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ Է ՀԱՄԵՐԳ ՄԸ

Պէշիկթաշի քաղաքապետութիւնը վաղը գիշեր համերգ մը կազմակերպած է Ամանորի առթիւ։ 2022 թուականը դիմաւորելու նպատակով, քաղաքապետարանի նախաձեռնութեամբ վաղը երեկոյեան Պարպարոս հրապարակին վրայ հանդէս պիտի գան երկու յայտնի մենակատարներ՝ Էտիս եւ Օզան Տողուլու։ Պէշիկթաշի քաղաքապետ Ռըզա Աքփոլատ յայտնած է, որ քաղաքի բոլոր բնակիչները հրաւիրուած են մասնակցելու այս համերգին։ Սա պիտի ըլլայ համախմբումը այն քաղաքացիներուն, որոնք նոր յոյսերով դիմաւորել կը պատրաստուին Նոր տարին։

Վաղը, ժամը 18.00-ի դրութեամբ պիտի սկսի Ամանորի խրախճանքին ծրագիրը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ կէսգիշեր։ Մուտքը պիտի ըլլայ ազատ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2021